ՊԻՏԻ ԴԱՒԱՃԱՆԵ՛Մ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻՍ (ԶԱՌԱՆՑԱՆՔ ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՎԱԽԻ ՄԱՍԻՆ)
ԽԵԼԱԳԱՐՈՒԹԻՒՆ
Արաբ քաղաքացի մը. բժիշկ, ձգէ ամէն ինչ ձեռքէդ եւ լսէ զիս:
Բժիշկը. իսկ այս հիւանդնե՞րը, որ քեզմէ առաջ եկած են:
Քաղաքացին. ես անոնց անունով կը խօսիմ, մեր բոլոր հիւանդութիւնները, երազները եւ յուսախաբութիւնները նոյնանման են:
Բժիշկը. հրամմէ, ի՞նչ բանէ կը նեղուիս:
Քաղաքացին. երբ այս հսկայ աշխարհի քարտէսին առջեւ կը նստիմ, ձեռքս այտիս կը դնեմ ու կը մտածեմ. այստեղ ու այնտեղ սփռուած այս հեռաւոր երկիրներուն եւ քաղաքներուն մէջ քանի՜ քանի կայուն վարչակարգեր, սրբացած օրէնքներ, իրական խորհրդարաններ, իրական ընդիմութիւն, ազատ թերթեր, ազատ ռատիոկայաններ, ազատ գործակալութիւններ (Syndicate), մեծարելի դատական իշխանութիւններ, պահպանուած իրաւունքներ, ուսումնասիրուած ուսումնական ծրագիրներ, ազատամիտ տաղանդներ, արտադրող ոյժեր, մէկը միւսին յաջորդող գիւտեր, մաքուր փողոցներ, հասանելի ապրանքներ, ճշդուած գիներ, անվտանգ վերելակներ, կարգաւորուած երթեւեկութիւն, կիրթ ոստիկանութիւն, մշակուած այգիներ, հաճելի երեկոներ, հոսող շատրուաններ, գիրկընդխառնուած արձաններ կան իւրաքանչիւր հրապարակի վրայ, ինչպէս նաեւ ամէն իրիկուն ուսերու վրայ հանգիստ ու ապահով աղաւնիներ, շարժանկարի սրահներ, թատրոններ, օփերաներ, պարասրահներ, սառոյցի վրայ սահելու սրահներ կան…
Ապա, երբ արաբական աշխարհի քարտէսին առջեւ կը նստիմ ու ոտքս այտիս կը դնեմ ու կը հաշուեմ մատներուս վրայ, թէ այստեղ ու այնտեղ սփռուած այս թշուառ երկիրներուն եւ քաղաքներուն մէջ քանի՜ քանի միջատներ կան ամրան, իսկ ձմրան՝ ցեխին վրայ սահանքներ. տակաւին անօթութիւն, արհամարհանք, բաց կողեր, ճաթռտած շրթունքներ, բոպիկ ոտքեր, հիւծուած ոսկորներ, մութ փողոցներ, թափառական շուներ, փտած ակռաներ, կտրուած ջուրեր, անջատուած հոսանքներ, պատուհաններէն աղբ թափելներ, պատերուն վրայ միզելներ, ժամադրութիւններ չյարգելներ, [ապրանքի] յանձնումի ձգձգումներ, կորսուած ապրանքներ, վաճառականներու ագահութիւն, ուղեւորներու իրարանցում, վարորդներու կոպիտութիւն, ոտքեր կոխել խճողումի ժամանակ, կիներու ճմկտել հանրակառքերուն մէջ, խանգարող հարսանիքներ, հեշտասէր շեփորներ, սրճարաններուն մէջ բամբասանք, փողոցներուն մէջ դատարկ տղամարդկութիւն, ճաշարաններէն ներս յաճախորդներու մորթազերծում, երթեւեկութեան խախտումներ, կառուցման խախտումներ, օրինազանցութիւններ, պաշտօնեաներու կոպտութիւն, քաղաքացիներու համակրանք, բանտեր, ձերբակալուածներ, փողոցներ փակել, տուներ ներխուժել, անհետացած անհատներ, բարձրացած ձեռքեր, նշան առած զէնքեր, արագ եւ անպատասխանատու կերպով ինքնաշարժ քշելներ, ստախօս թերթեր, աւելի ստախօս ռատիոկայաններ, անլուրջ եւ անպատրաստ խորհրդարաններ, գաղտնալսումներ, ձեւաչափուած զեկոյցներ, հաւաքներու խափանում, թեկանածութեան արգելում, երկրէն դուրս գալու արգելում, վերադառնալու արգելում, գիրքեր շալկելու արգելում, գիրքերու առգրաւում, սեփականութիւններու առգրաւում, ազատութիւններուն առգրաւում, աշխատանքէ եւ բանակէ կամայական ազատումներ, տաղանդներու սպաննում, ոչնչութիւններու ողջագուրում, կառավարական գրասենեակներու մէջ խոժոռ դէմքեր եւ ծամածռուած դէմքեր սահմանին:
Այս բոլորով հանդերձ, բաւարար է որ մեզմէ մէկը մէկ կամ երկու շաբաթ բացակայի անկէ, եւ կը քնանայ իր արցունքներով թրջած բարձին վրայ՝ իր քաղաքին կարօտէն: Ի՞նչ պէտք է ընեմ պարոն: Մէկ վայրկեան իսկ չեմ կրնար այնտեղ մնալ, միաժամանակ անկէ դուրս ալ մէկ վայրկեան իսկ չեմ կրնար ապրիլ: Ամբողջ կեանքս օդակայաններու (transit) սրահներուն մէ՞ջ անցընեմ: Ի՞նչ է այս վիճակին անունը: Մտաթուլութի՞ւն: Օգնէ՜ ինծի, պարո՛ն: Ես իսկապէս հիւանդ եմ:
Ուրիշ քաղաքացի մը. ես թէական հիւանդ եմ:
Ուրիշ քաղաքացի մը. ես պարագայական հիւանդ եմ:
Ուրիշ քաղաքացի մը. ես ուսիս վրայ ոսկրային կտուցներ ունիմ:
Ուրիշ քաղաքացի մը. ես գլուխիս մէջ լրատուական կտուցներ ունիմ:
Ուրիշ քաղաքացի մը. ես կռնակիս վրայ ողնաշարային ճողուածք ունիմ եւ կը վախնամ որ աշխարհագրական ճողուածքի վերածուի:
Ուրիշ քաղաքացի մը. ես քաղաքականապէս հիւանդ եմ:
Ուրիշ քաղաքացի մը. ես ընկերայինօրէն հիւանդ եմ:
Ուրիշ քաղաքացի մը. ես դիրքային հիւանդ եմ:
Ուրիշ քաղաքացի մը. ես վճռորոշ հիւանդ մըն եմ:
Ուրիշ քաղաքացի մը. ես մարտավարական հիւանդ եմ:
Ուրիշ քաղաքացի մը. ես ռազմավարական հիւանդ եմ:
Ուրիշ քաղաքացի մը. ես որպէս արաբ բռնադատուած եմ:
Ուրիշ քաղաքացի մը. ես պատմականօրէն ճնշուած եմ:
Բժիշկը. մասնագէտ բժիշկներու այցելա՞ծ էք:
Հիւանդները. այո՛. ո՛չ մէկ քիթի, ականջի, կոկորդի, աչքերու, ակռաներու, մարսողութեան, ճնշումի, ներքին գեղձերու կամ ջիղերու բժիշկ ձգեցինք: Նոյնիսկ ծնունդ ընդունող բժիշկներու ալ այցելեցինք, սակայն անարդիւնք:
Բժիշկը. ձեզի կը մնայ միայն բժիշկ Քիսընճըրին այցելել. ան տարածաշրջանէն ներս բազմաթիւ բուժարաններ ունի:
Հիւանդները. պարոն, անոր բուժարանն ալ գացինք, մերժեց ընդունիլ մեզ:
Բժիշկը. ինչո՞ւ:
Հիւանդները. ըսաւ, թէ իր մասնագիտութիւնը վարչակարգերը բուժելն է եւ ո՛չ թէ ժողովուրդները:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 41
Վաղարշապատ