ԽԻԶԱԽՈՒԹԵԱՆ ՕՐԻՆԱԿ
Երէկ, Ամենայն Հայոց Տ. Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ ընդունեց Հայկական զինեալ ուժերու հոգեւոր սպասաւորներէն Յովհաննէս Սարկաւագ Գալստեանը, որ Օգոստոսի 11-ին գլուխէն վիրաւորուած էր սահմանին վրայ՝ Ատրպէյճանի զօրքերուն կողմէ բացուած կրակին հետեւանքով։ Վեհափառ Հայրապետը երկնաւորին փառք տուաւ, որ Տիրոջ ողորմութեամբ կանխուած է անոր կեանքին սպառնացած վտանգը։ Նորին Սրբութիւնը բարձր գնահատեց երիտասարդ սարկաւագին խիզախութիւնը եւ ընդգծեց, թէ մեր եկեղեցւոյ հաւատացեալները հպարտ են իրմով։ Ան դրուատեց նաեւ սարկաւագին որոշումը՝ ծառայութիւնը շարունակելու ուղղութեամբ։
Նոյն առթիւ Վեհափառ Հայրապետը բարձր գնահատեց նաեւ բանակի հոգեւորականներուն առաքելութիւնը։
Հանդիպման ներկայ էր Հայոց բանակի առաջնորդ Տ. Վրթանէս Եպսկ. Աբրահամեան։
Եկեղեցական
- 11/25/2024
- 11/25/2024