ԱԿՆԱՐԿ - 88 - «ԱՂՕԹՔԸ ԴՊՐՈՑԷՆ ՆԵՐՍ»

Աղօթքը չէք գիտեր ինչու, շատերու համար տկարութեան եւ թուլութեան նշան է, այն ինչ, ճիշդ կերպով կատարուած աղօթքը զօրութեան աղբիւր է, չըսելու համար զօրութիւնն իսկ է:

Քրիստոնէական տարբեր երկիրներ տարբեր ժամանակներու տարբեր մօտեցում ունեցած են դպրոցներէ ներս աղօթելու կամ չաղօթելու երեւոյթին: Ժամանակ եղած է, որ որոշ երկիրներ արտօնած են, կամ արգելք մը չեն տեսած, որ իրենց դրոցներէն ներս, նախքան դասերուն սկսիլը, երեխաները աղօթեն եւ անցնին իրենց առօրեային: Յետոյ ժամանակ եկած է, երբ յանկարծ արգելքներ յառաջացած են եւ որոշում կայացուած է այլեւս չաղօթելու:

Լիլի Գօչ, թերթիս երկա՜ր տարիներու վեթերան գրողներէն, վերոգրեալ վերնագիրին տակ, «Արշաւ»ի 31 օգոստոս 1962 թուականի ուրբաթ օրուան թիւ 195-ի առաջին էջին մէջ, հետեւեալ յօդուածը գրած է, որ այստեղ կ՚արտատպենք ամբողջութեամբ: Լիլի Գօչ կը գրէ.

* ԺԱՄԱՆԱԿ-ի նախանցեալ թիւերէն միոյն մէջ վերոյիշեալ խորագրով եւ Մ. Ա. ստորագրութեամբ լոյս տեսած է յօդուած մը, որ մեծապէս կը շահագրգռէ հոգեւոր թէ աշխարհիկ դասը, իր յոյժ կենսական հանգամանքին ու կշռական տարողութեան համար:

Ամերիկայի Գերագոյն ատեանը որոշում տուեր է այսուհետեւ Նիւ Եորքի բոլոր վարժարաններուն մէջ արգիլել աշակերտաց ամէնօրեայ աղօթքը: Այս առթիւ տեղի ունեցած են ծանր վիճաբանութիւններ եւ կծու քննադատութիւններ Կաթոլիկ թէ Աւետարանական շրջանակներու մէջ, որոնք երկու տարբեր «թէզ»եր յառաջ կը քշեն, իւրաքանչիւրը յենլով իր տեսակէտին թէ սկզբունքներուն վրայ յաղթական դուրս գալու մարմաջով այս կրօնական պայքարէն, մինչ հրէական շրջանակներ համակրանքով կը նային նոր որոշումին եւ պատրաստ կը թուին որդեգրելու զայն իրենց ծոցին մէջ:

Տարակարծիք կողմերը որոնք ճակատ յարդարած են իրարու, հետեւեալ երկու տեսակէտով կը պաշտպանեն իրենց իրաւունքը. «Անիմաստ է բռնի կերպով տղաքը աղօթքի կեցնելը, ընդհակառակը, պէտք է զանոնք վարժեցնել ինքնաբուխ եւ ուզած պահուն աղօթելու սովորութեան»: Իսկ հակառակող կողմն ալ կը պատճառաբանէ. «Տղաքը անհրաժեշտ է պզտիկ տարիքէն աղօթելու վարժեցնել, որպէսզի աւանդութիւնը յարգուի եւ ապա՝ աղօթքը պահանջ մը դառնայ»:

Այս առթիւ Կաթոլիկ եկեղեցւոյ պետը՝ Սրէլմըն Արքեպիսկոպոս, իր խոր ցաւը եւ զարմանքը յայտնած է, ըսելով. «Նման որոշում մը կը խոցէ եկեղեցական աւանդութեանց սիրտը, որուն մէջ երկար ատենէ ի վեր դաստիարակուած են Ամերիկայի զաւակները»:

Ինչպէս կը հաւաստէ յօդուածագիրը, կրօնական շրջանակներէ դուրս քաղաքական դէմքեր ալ խառնուած են վէճին, հրապարակաւ ընելով իրենց խորհրդածութիւնները:

Այզընաուր ճառի մը մէջ յայտարածած է. «Ես միշտ այն կարծիքն ունեցած եմ, թէ մեր ժողովուրդը իր էութեամբ կրօնական ժողովուրդ մըն է»:

Նախկին նախագահ Հուվըր այս մասին հետեւեալ խօսքերով արտայայտուած է. «Առնուած որոշումը պիտի քայքայէ ամերիկեան ամենէն սրբազան ժառանգութիւններէն մին»: Յօդուածագիրը շարունակելով իր տեսութիւնը, հակառակորդ կողմին համար կ՚աւելցնէ. «Ուրիշ աւետարանական երեւելի մը, Պիլլի Կրէհըմ կը կարծէ որ այլեւս տրամաբանական պիտի չըլլայ որ Ամերիկայի նորընտիր նախագահը իր հաւատարմութեան երդումը Աստուածաշունչին վրայ ընէ», եւ այլն:

Ինչպէս կը տեսնուի մեծ իրարանցում յառաջ բերած է Ամերիկայի մէջ այն հարցը, որուն կենսունակութիւնը գիտէ ամէն քրիստոնեայ եւ որ այնքան կարեւոր դեր կը խաղայ մեր առօրեայ կեանքին մէջ: Ակներեւ է, որ յայտնուած կարծիքները կը տարբերին իւրաքանչիւր անհատի նկարագրին ու ըմբռնումին համաձայան, եւ սակայն կարելի չէ չզարմանալ Գերագոյն ատեանի այն անհեթեթ որոշումին, որով այսքան թեւթեւութեամբ կը նկրտի մօտենալ խնդրի մը, որ բնոյթ ունի քայքայելու, քանդելու, բնաջնջելու ու վերջապէս սպաննելու քրիստոնեային այն ամուր հաւատքը, որ դարերէ ի վեր արմատ բռներ, աճեր, ուռճացեր եւ հիմնաքարն է կազմեր անոր մարդկայնական գոյութեան: Այսքան բանիմաց մարդիկ ինչպէ՞ս կ՚անգիտանան այն ճշմարտութիւնը, թէ աղօթքի պակասը, հաւատքի պակաս կը նշանակէ, իսկ հաւատքի պակասը ոչ մէկ կասկած թէ չարիքի աղբիւր մըն է, որ ընտանեկան, հաւաքական սիրոյ եւ ընկերային կեանքի կապերը թուլցնելով անոնց կորստեան պատճառ կը հանդիսանայ օր մը՝ վաղ թէ անագան:

Մաղթելի է, որ փութով ետ առնուի նման դատապարտելի որոշում մը, որ քանդիչ է ամէն կերպով եւ կը ձգտի բնաջնջել հաւատքի անուշաբոյր ծաղիկներուն կենսատու սերմերը, խոտոր համեմատելով քրիստոնեայ ժողովուրդներու հոգեկան կեանքին բարձրաթռիչ սեւեռումներուն:

***

Ներկայիս այս հարցը գրեթէ վերացած է, որովհետեւ շա՜տ քիչ դպրոցներ միայն, իրենց օրը կը սկսին աղօթքով: Խնդիրը այստեղ աղօթքէն աւելի, մարդու ունայնացումն է, միտքի դատարկութիւնն ու մերկութիւնն է: Մեր համոզումով, խնդիրը ո՛չ թէ աղօթքն է ինքնին, այլ՝ մարդ արարածին քաղքենիութիւնն է, որու համար աղօթքը ժամանակվրէպ բան է, կամ ներկայ դարուս, ի՞նչ աղօթք, ի՞նչ բան… մարդիկ ո՜ւր հասած են: Աւելին, մարդու ազատութեան այս դարաշրջանին, ո՛չ ոք իրաւունք ունի բռնանալու ուրիշին կամքին, ո՜ւր մնաց աղօթք պարտադրել բոլոր երեխաներուն…:

Ընթերցողները կը ձգեմ եզրակացութիւններ կատարել, իսկ ես կ՚աւարտեմ, խնդրելով ընթերցողներէն, որ նախքան որեւէ մէկ եզրակացութիւն տան, նախ եւ առաջ ամփոփուած միտքով կարդան Գօչի վերը մէջբերուած գրութիւնը, եւ ի մասնաւորի այս տողերը. «…աղօթքի պակասը, հաւատքի պակաս կը նշանակէ, իսկ հաւատքի պակասը ոչ մէկ կասկած թէ չարիքի աղբիւր մըն է, որ ընտանեկան, հաւաքական սիրոյ եւ ընկերային կեանքի կապերը թուլցնելով անոնց կորստեան պատճառ կը հանդիսանայ օր մը՝ վաղ թէ անագան»:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

21 հոկտեմբեր 2024, Վաղարշապատ

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 24, 2024