ԱՆՑԵԱԼԷՆ Ի՞ՆՉ ԿԸ ՑՈԼԱՆԱՅ ՆԵՐԿԱՅԻՆ ՎՐԱՅ. ՎԱՀԷ ՕՇԱԿԱՆԻ ՀԵՏՔԵՐՈՎ՝ ՍՓԻՒՌՔԸ ԵՒ ՎԵՐԱՍԱՀՄԱՆՈՒՄԻ ԽՆԴԻՐԸ - 1
Սփիւռքի իսկութիւն, ինքնութեան խնդիրներ, Հայաստանի հետ կապ եւ տարբերութիւն, մտաւորականի դեր եւ ընելիք եւ ի վերջոյ՝ դարու հայու կերպար ու հայու ճակատագիր-ճամբորդութիւն։ Թող ներուի ինծի, որ Վահէի յիշատակը լոյսին բերող այս սիւնակով իրեն հետ իմ ունեցած մտերմութիւնս անգամ մըն ալ թուղթին տամ ու զինք առանց տիտղոսներու կոչեմ, պարզ, իր սիրած ձեւով՝ Վահէ: Վահէն ամենէն աւելի սփիւռքի յառաջամարտիկն էր։ Սփիւռքցի մը՝ բառին ամբողջական իմաստով։ Ապրող, շնչող, իր շրջապատին շունչ տուող ու մանաւանդ՝ այդ երկաթեայ կամ քարեղէն շէնքերուն կամ լուսաւոր կառոյցներու կեանք եւ երազ տուող։ Կեանք տալու փաստը ամենէն աւելի կապուած է իմ սերունդի բնակիչներուն համար, որովհետեւ Վահէի միջոցաւ է, որ մենք մտանք գրականութեան կրակէ աւազանը։ Իբր այդ, ան պատառ մը կեանք, ափ մը կայծ եւ կտոր մը երազ դրաւ մեր հոգիներուն մէջ։ Ինչ կը վերաբերի երազ մը տալու տաղանդին, այո՛, Վահէին մօտ այդ հրաշանման յատկութիւնը եւս կար։ Ամէն անգամ, որ կը խօսէր մեզի, կու գար համոզելու, որ գրականութիւնը մաքուրներու աշխարհն է, որ պէտք է սիրենք այդ աշխարհին բնակիչը ըլլալ, պէտք է գրենք ու առաւելապէս պարտաւոր ենք չտարուիլ կեանքի թունոտ պատկերներով ու պարտաւոր ենք շարունակել մինչեւ վերջ։ Վահէն այդ երազին մասին պատմած էր մեզի։ Այդ երազով գոյացած էր մեզի համար, ու բնաւ հոգ չէ, որ այդ օրերու կազմ ու պատրաստ համարուած մեր սերունդը, այսօր արդէն տարտղնուած, իրարմէ օտարացած, զիրար չյարգող եւ նոյնիսկ զիրար ատող ընդհանուր պատկեր մը ունի։ Ընդհանուր օդերեւոյթ մը, որուն մասին յայտնի է շատ հինէն։ Խմբակներ, անուններ, կարծիքներ, ոճեր, մտնողներ եւ ելլողներ, լաւ լողացողներ, ապրողներ, ընկղմողներ, ատողներ, չկայացածներ, հարուածներ... ու տակաւին շատ աւելին։ Այդ բոլորը եղան, այդ բոլորը նստան գրականութեան մեծ սեղանին շուրջ, որ այսօր ցաւալիօրէն իր շուրջ մէկտեղող, իր շուրջ հաւաքող ու կանչող հայր մը չունի։ Վահէ Օշականը հայր էր ամէն բանէ առաջ ու իր այդ հայրութիւնը կը շարունակէ ապրիլ այնքան ատեն, որ իր հրաբորբ գիրը կը ճամբորդէ ու կը հասնի մինչեւ հեռուներ, նաեւ այնքան ատեն, որ մեր երակներուն մէջէն գրականութեան վառ սէրը կը սլանայ։
1994 թուականին Լոս Անճելըսի մէջ կատարուած հարցազրոյցը, այսօր աւելի քան երբեւէ կը շարունակէ պահել իր այժմէական տաք շունչը։ Ստորեւ կը ներկայացնենք Վահէ Օշականին հետ Հրայր Էօլմէսէքեանի կատարած հարցազրոյցը։
*
-Ձեր «Աւարայր 80» գործի «Ի՞նչ ըսել է հայ ըլլալ 451 թուականին» հատուածով եզրակացութիւնը այն է, որ օդէն կախուած, մշակոյթի հողէն կտրուած, անարմատ մէկը ըլլալ, ծովէն դուրս նետուած ձկան պէս եւ պատճառը ան էր, որ մենք մեր ամբողջ անցեալը թափած թէ՛ թարգմանելու եւ թէ ներածելու սկսած ենք։ Ձեր կարծիքով սփիւռքը այնտեղէն սկսա՞ւ:
-Չէ՛, այդ քիչ մը կանուխ է ժամանակի իմաստով, սփիւռքը կը սկսի 11-րդ դարէն անդին, երբ մեր երկիրը կը կորսնցնէ իր անկախութիւնը, կը ստիպուի իր մշակոյթը փոխադրել երկրէն դուրս, ուրիշ մշակոյթներու հետ շփման մէջ մտնելով: Կիլիկիայէն կը սկսի սփիւռքը եւ կը շարունակուի մինչեւ այսօր ու հասած տեղը պատմութիւն մը կը կերտէ: Սփիւռքը հազար տարուայ պատմութիւն ունի մտքիս մէջ։ Անկախ անկէ նաեւ, որ սփիւռքը մտքի վիճակ մըն է, աշխարհագրական վայր մը ըլլալէ աւելի, եւ այդ ուրիշ խնդիր է տակաւին:
-Բայց թարգմանելը այս պարագային «մտքի սփիւռքը» չէ՞, մտային սփիւռքը չէ:
Չէ՛, այդ ժամանակ թարգմանութիւնը իրենց համար ստեղծագործումի իմաստ ունէր, մենք երբ ըսենք մտածում կամ արուեստ՝ կը խորհինք, թէ մարդ պէտք է ինքը ստեղծէ ատիկա, այն ժամանակները սակայն թարգմանութիւնը ստեղծումի համարժէք գործ մըն էր եւ յաճախ չէին ստորագրեր որովհետեւ պէտք չէին զգար:
-Մանրանկարչութիւնը անկէ աւելի վե՞րջ է:
Այո՛, աւելի վերջ է, այդ հարցումը աւելի հետաքրքրական կ՚ըլլայ, եթէ այսօրուայ փոխադրես, այսինքն ի՞նչ կը նշանակէ հայ ըլլալ 2000 թուականին:
-Այո յաջորդ հարցումը այդ է, 2000 թուականի հայը ո՞վ է, 451-էն, Աւարայրէն Եղիշէի մտահոգութիւնը այն է, որ 2000 թուականի հայը ո՞վ է:
-Այո, այդ հասուն մտածումը ունի ինք, երկու հարթագիծի վրայ պիտի դնես հարցը եւ պատասխանը, ժողովուրդ եւ մտաւորականութիւն, կամ ղեկավարութիւն, ես հարցը միշտ այդպէս տեսած եմ, որ զանգուածը կայ եւ գլուխը կայ: Ժողովուրդին համար 21-րդ դարուն հայ ըլլալ կը նշանակէ պայքարիլ երկու ճակատի վրայ, առաջին՝ իր ինքնութիւնը պահելու, իսկ երկրորդ՝ իր նոր ինքնութեան յարմարելու, միջազգային ինքնութեան մը յարմարելու եւ այս երկուքը չկարենալ հաշտեցնել իրարու։ Ուստի, մենք ունինք հսկայական զանգուած մը, որ մեր հին ֆոլքլորը կը կրկնէ, որ անկարող է յարմարելու, իսկ միւս դասակարգը՝ որ ունինք արհեստավարժ մարդիկը, ամբողջ հայ բժիշկները, որոնք 21-րդ դարու մէջ կ՚ապրին եւ սակայն չեն կրցած զիրենք անցեալին յարմարցնել: Ուրեմն հայ ըլլալ կը նշանակէ՝ երկու ճակատներու վրայ կռուիլ:
-Էսքիզոֆրենիք չէ՞:
-Չէ, այդ կու գայ մտաւորականութեան պարագային. մտաւորականութիւնը ուրիշ տագնապներ ունի, մտաւորականին համար հայ ըլլալ 21-րդ դարուն, այսօրուայ տագնապներուն մէջ, կը նշանակէ միտքը բացարձակապէս անկախ պահել իր դատումներուն մէջ, աւանդութիւններէն եւ առասպելներէն, մենք եկած ենք պատմութեան այս հանգրուանին եւ առասպելներու հսկայ դէզ մը կախուած մեր վիզէն: Առասպելներ ըսել կ՚ուզեմ, նախապաշարումներ, սխալ պատմութեան մեկնաբանութիւններ եւ ահագին մտաւորական ըսի-ըսաւ: Այսօր մտաւորականը իր միտքը մաքուր կը պահէ, ճշմարտութիւնն է իր միակ չափանիշը, ճշմարտութեան կը ծառայէ մտաւորականը, ըլլայ Հայաստան, ըլլայ սփիւռք, հայ ըլլալ մտաւորականի համար կը նշանակէ աշխատիլ, ոպէսզի մեր ժողովուրդի երկու հատուածները, արեւելահայ եւ արեւմտահայ իրարու մօտենան: Մենք երկուքի բաժնուած ժողովուրդ ենք, երկտեղուած ենք, գրեթէ տարբեր ժողովուրդներ, բայց մէկ ազգ ենք, հայուն հիմնական բնազդները երկուքին մէջն ալ կան: Ուրեմն մտաւորականը ան է, որ կը փորձէ մօտեցնել այս երկուքը, կը փորձէ նաեւ մտաւորական ճամբով հայուն եւ իր դրացիներուն միջեւ համերաշխութեան եզր մը ստեղծել որովհետեւ ճակատագրուած ենք ապրիլ այդ ժողովուրդներուն հետ: Երրորդ հարթագիծի իմաստով, հայ մտաւորականը պիտի փորձէ մեր մշակոյթը ազատ պահել ժողովրդային մշակոյթի վարակումներէն, ֆոլքլորէն, որ կը սպառնայ մեր մշակոյթին: Մշակոյթը ընտրանիի գործ է:
-Ֆոլքլորը պարզապէս ամէնն ալ կը պարունակէ իր մէջ, կռիւն ալ ֆոլքլոր է, յարաբերութիւններն ալ ֆոլքլոր է. որոշ կեցուածքները հայկական կեցուածք են, քաղաքական պայմաններու մէջ ֆոլքլոր է:
-Մտքի աշխատանքը, արուեստի աշխատանքը մտաւորականին գործը, ժողովուրդի մտահոգութիւններէն, հետաքրքրութիւններէն աւելի տարբեր հարթակի վրայ կը դրուի եւ մտքի յստակութեան կը կարօտի, այդ մէկը վտանգուած է այսօր, եթէ մենք անտեսենք մեր զանգուածին հետաքրքրութիւնները՝ կրնանք պահել, բայց ստիպուած ենք զանգուածով զբաղելու, այդպիսով երկուքը կը խառնուին իրարու:
-Այսօրուայ մասին խօսեցանք, սակայն սփիւռքը իր ապրող պատմութիւնը ունեցած է եւ ամենամօտ պատմութիւնը՝ մեր սերունդի պատմութիւնը վերջին հարիւր տարին է, յեղափոխութիւն եւ արհաւիրք, որոնք վիճակներ ստեղծած են մեր մտքին մէջ, մէկը հերոսի, իսկ միւսը զոհի: Երգերով, նահատակ ազգի զաւակներ ըլլալով մեծցած ենք, հաւանաբար ասոր բուժումը երկար ժամանակի կը կարօտի, բայց ի՞նչ են բուժուելու ձեւերը:
-Ժամանակը ինքը պիտի բուժէ այդ յանցաւորի, մեղաւորի եւ վրիպածի զգացումը, Հայաստանի մշակոյթը՝ որ արեւելահայ, արեւմտահայ հարցը կ՚արծարծէ, պիտի լուծուի, սակայն որքան շուտ ատկէ ազատինք այդքան լաւ: Ատիկա մեր մէջ դրած են մեր երէցները, որովհետեւ ուրիշ բան չէին գիտեր, իրենք իրենց հերոսներու վերածած էին եւ մեզ լեցուցած էին իտէալիզմով: Իտէալիստը միշտ յանցանքի զգացումի մէջ է, չի հասնիր իտէալին եւ ինքզինք յանցաւոր կը գտնէ եւ մեղքի մէջ կ՚իյնայ, յանցանքը ուսին շալկած, երջանիկ, յանցանքին դէմ կը պայքարի: Մեր երէցները մեզ լեցուցած էին իտիալէզմով, եւ իտէալիզմի մէջ մազոխական բան մը կայ, ինքզինք չարչարելու զգացում մը, յանցաւոր զգալու, ուրեմն մենք սովորաբար, մեր զանգուածները սփիւռքի մէջ այս զգացումը ունինք, որ մենք յանցաւոր ենք պատմութեան դիմաց, յանցաւոր ենք Հայաստանի հայութեան դիմաց, որ Հայաստանի հողին վրայ կ՚ապրի: Այս ուղղութեամբ կրնայ մտաւորականութիւնը իր գործը տանիլ, բայց այդպէս չէ, սփիւռքի մէջ վերջին 70 տարիներուն ընթացքին ներկայանալի մշակոյթ ունեցած ենք:
-Աւելի դիւրին փորձած ենք տալ քան առնել, մեզի համար աւելի դիւրին եղած է մեր մշակոյթը բաժնել քան թէ առնել: Դուրսէն առնելը դժուար եղած է: Կ՚ենթադրեմ, որ որեւէ մէկ ձեւով որեւէ մէկ բան եթէ «առնենք», օտարամոլութիւն պիտի ըլլայ:
-Այդպէս եղած է, ինչ որ հայկական չէ, մեզի համար վտանգաւոր կը թուի, որ միեւնոյն ժամանակ մեզ կրնայ հեռացնել ինքնութեան հասկացողութենէն: Օտարը մեզի համար գէշ նկատուած է, ոչ թէ որովհետեւ օտար է, այլ որովհետեւ հայ չէ, միայն հայը լաւ է եւ օտարին յանցանքը պարզապէս իր հայ չըլլալն է: Այս իմաստով է, որ ես կը խորհիմ, թէ մեր պարտականութիւններէն մէկը պիտի ըլլայ զգացնել, թէ սփիւռքեան մշակոյթը վաւերական, արժէքաւոր իրագործում մըն է: Հայաստանի մէջ մարդիկ ասոր գիտակցութիւնը չունին եւ սփիւռքի մէջ ալ մարդիկ կը խորհին, թէ ինչ որ դուրսէն եկած է, վնասակար է, որովհետեւ հայութիւնը կ՚աղաւաղէ, կ՚աղտոտէ, գէշ ազդեցութիւններ կու գան դուրսէն եւ այս մտածողութիւնը պէտք է մտահոգութիւն դառնայ մեր մամուլին եւ մեր գրագէտներուն, որպէսզի մենք առողջ մտածելակերպով ժողովուրդ մը ունենանք վերջ ի վերջոյ:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
•շարունակելի
Երեւան