ԳՆԱԼԸԻ ՄԷՋ ՏԱՐԵԴԱՐՁ
Գնալը կղզիի Ս․ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ Ներսէսեան Դպրաց Դասը երէկ տօնախմբեց իր հիմնադրութեան 158-րդ եւ վերակազմութեան 33-րդ կրկնակ տարեդարձները։ Այս առթիւ կայացած եկեղեցական ու աշխարհիկ հանդիսութեանց նախագահեց Կղզեաց Տեսուչ եւ դպրաց դասու նախագահ Տ․ Թաթուլ Ծ․ Վրդ․ Անուշեան։ Օրուան Ս․ Պատարագը մատոյց Տ․ Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, որ տուաւ նաեւ օրուան պատգամը։ Ս․ Սեղանին սպասարկեցին Սեդրակ Սրկ․ Տավութհան, Ռոպէր Սրկ․ Քիւչիւքաքպուլութ, դպրապետ Վաղարշակ Սրկ․ Սերովբեան, Սայաթ Սրկ․ Չընարեան եւ ուրարակիր դպիրներ։ Երգեցողութիւնները կատարեցին Ներսէսեան Դպրաց Դասուն երկսեռ անդամներն ու կղզեբնակ այլ դպիրներ՝ խմբավարութեամբ Հրանդ Չիզմէճեանի ու երգեհոնահարութեամբ Սիրուն Սիրունեանի։ Յաւարտ Ս․ Պատարագի կրկնակ տարեդարձներուն առթիւ հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ դպրաց դասը հովանաւորած հանգուցեալ հոգեւորականներու, նախագահներու, դպրապետ, երաժիշտ եւ անդամներու հոգիներու հանգստութեան համար։ Յիշատակուեցան նաեւ մշակոյթի ու գրականութեան ողբացեալ այն մշակները, որոնք կերպով մը առընչուած են Իշխանաց կղզիներուն։
Եկեղեցական արարողութեանց աւարտին եկեղեցւոյ սրահին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան մը, որուն նոյնպէս նախագահեց Տ․ Թաթուլ Ծ․ Վրդ․ Անուշեան։ Պատուոյ սեղանի հիւրերն էին Վաքըֆներու խորհուրդին մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչ Տոց․ Թորոս Ալճան, Տ․ Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, Տ․ Գրիգոր Ա․ Քհնյ․ Տամատեան, տեղւոյն Թաղային խորհուրդի ատենապետ Լեւոն Շատեան։ Հաւաքոյթի ընթացքին դպրաց դասու տարեկան տեղեկագիրը ընթերցեց Տնօրէն խորհուրդի ատենապետ Արթուն Սրկ․ Թեքիրօղլու։ Այնուհետեւ Սիրուն Սիրունեանի երգեհոնի նուագակցութեամբ տոհմիկ երգեր երգեցին Լոռի Պէրպէրօղլու եւ Մարալ Չաղլըչուպուքճու։ Դպրաց դասու անդամներն ալ համախումբ երգեցին։ Հուսկ բանքը արտասանեց Տ․ Թաթուլ Ծ․ Վրդ Անուշեան, որ յանուն դպրաց դասու գնահատագիր մըն ալ յանձնեց եկեղեցւոյ լուսարար Արեգ Թաշճեանին։
Եկեղեցական
- 11/25/2024
- 11/25/2024