ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԵՒ ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ ԱՌԱՆՁՆԱԶՐՈՅՑ ՄԸ ՈՒՆԵՑԱՆ՝ ԳՀԽ-Ի ՆՍՏԱՇՐՋԱՆԻՆ ԸՆԴԱՌԱՋ
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանը, որ կ՚այցելէ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։ Մայր Տաճարին մէջ Հրաշափառի արարողութիւն տեղի ունեցաւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր ժամանման առթիւ։ Նորին Ամենապատուութիւնը Սուրբ Էջմիածնի միաբաններուն կողմէ առաջնորդուեցաւ Մայր Տաճար, ուր Իջման Ս. Սեղանին առջեւ կատարեց իր ուխտի աղօթքը։ Միաբանութեան անունով ողջոյնի խօսք մը արտասանեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի լուսարարապետի պաշտօնակատար Տ. Յարութիւն Վրդ. Կիրակոսեան։
Իր կարգին, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրն ալ միաբանութեան փոխանցեց իր օրհնութիւնն ու բարեմաղթանքները։ Ան ընդգծեց, որ հոգեւոր մխիթարութիւն է վերստին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ գտնուիլը։
Ապա Նորին Ամենապատուութիւնը առաջնորդուեցաւ վեհարան։ Այս փուլին Վեհափառ Հայրապետն ու Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ողջագուրուեցան ջերմօրէն եւ ունեցան առանձնազրոյց մը։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը այս օրերուն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ կը մասնակցի Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) ժողովին, որ կը գումարուի Վեհափառ Հայրապետի բարձր նախագահութեամբ։ ԳՀԽ-ի ընդլայնուած կազմով նստաշրջանին զուգահեռ՝ այս շաբաթավերջին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ նախատեսուած է եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւն, որ վերաօծեալ Մայր Տաճարին մէջ տեղի պիտի ունենայ Վեհափառ Հայրապետին ձեռամբ։
Մինչ այդ, այս բոլորը կը զուգադիպին Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի գահակալութեան 25-ամեակի յոբելենական շրջանին։
Եկեղեցական
- 11/26/2024