ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ ԱՌԱԿԱՑ ԳԻՐՔԷՆ ԵՒ ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Հարցում. Ի՞նչ են գինովութեան մարդուն պատճառած վնասները կամ վէրքերը:

Պատասխան. Առակացի 23-րդ գլուխին մէջ իմաստունը վեց համրցումներ կը կատարէ, ուր կը յայտնէ, թէ ի՛նչ բաներու կը հանդիպի գինովը: Կը կարդանք. «Որո՞ւն է վայը. որո՞ւն է ցաւը. որո՞ւն են կռիւները. որո՞ւն են տրտունջները, որո՞ւն են առանց պատճառի վէրքերը. որո՞ւն է աչքառու կարմրութիւնը: Գինիին քով մնացողներուն, խառնուած գինին փնտռելու գացողներուն» (Առ 23.29-30): Ապա, իմաստունը կը բացայայտէ մեզի, թէ ի՛նչ կ՚ընէ գինովութիւնը եւ ի՛նչ աստիճանի կը հասցնէ մարդը: Կը կարդանք. «Մի նայիր գինիին կարմրութեանը, գաւաթին մէջ իր գոյնը ցուցնելուն ու շիտակ վազելուն: Անիկա ետքը օձի պէս կը խածնէ ու քարբի պէս կը խայթէ: Անկէ ետքը քու աչքդ օտար կիներու պիտի նայի եւ քու սիրտդ ծուռ բաներ պիտի խօսի եւ ծովու մէջ պառկողի պէս ու կայմի վրայ պառկողի պէս պիտի ըլլաս: Եւ պիտի ըսես. “Զիս ծեծեցին ու ես ցաւ մը չզգացի, ինծի զարկին ու ես բան մը չիմացայ. ե՞րբ պիտի արթննամ, որպէսզի զանիկա նորէն փնտռեմ”» (Առ 23.31-35):

Այս տողերը կարդալով կը հասկնանք, որ գինովութիւնը՝

ա. Մարդուն հիւանդութիւն կը պատճառէ, այն ալ մահացու հիւանդութիւն. օձէն խածնուիլ եւ քարբէն խայթուիլ: Բոլորս գիտենք, որ երբ օձերը խայթեն ու մարդ պէտք եղած միջամտութիւնը չկատարէ, կը մահանայ, կամ ալ իր առողջութիւնը ծանր կերպով կը վիրաւորուի: Նոյն է պարագան մեր հոգիին, երբ մեղքով գինովնայ եւ մեղքը գինիին նման քաղցր եւ անուշ թուի մարդուն, ինքզինք յանձնած կ՚ըլլայ օձերու խայթոցին, եւ որովհետեւ ինքնատիրապետութիւնը կորսնցուցած կ՚ըլլայ, չի՛ կրնար դարմանել իր ստացած վէրքերը, որով ինքզինք մահուան կը դատապարտէ՝ յաւիտենական տանջանքին ժառանգորդ ընելով ինքզինք:

բ. Մարդուն պոռնկութեան կը տանի. գինովութիւնը մարդս անզգայ կը դարձնէ եւ ան այնպիսի բաներ կ՚ընէ, որ եթէ զգաստ ըլլար՝ հաստատ պիտի չընէր: Գինովութեան աւերիչ հետեւանքներէն մէկն է նաեւ շնութիւնը, պոռնկութիւնը: Մարդ երբ խմիչքին պատճառով կը կորսնցնէ իր ինքնատիրապետումը, ինքզինք կը յանձնէ իր քմահաճոյքներուն, որով մոռնալով իր ընտանիքին մասին՝ իր կինը, զաւակները, կ՚երթայ եւ օտար կիներու գիրկը կ՚իյնայ՝ անոնց հետ զուարճանալով, որ հետեւանքով նախ եւ առաջ կը դրժէ իր տուած հաւատարմութեան ուխտը, միւս կողմէ հազար ու մէկ տեսակ հիւանդութիւններ ձեռք կը բերէ այդ ապօրին կենակցութիւններէն, ինչպէս նաեւ այն գումարը որ պէտք է յատկացնէր իր ընտանիքին՝ իր կնոջ եւ զաւակներուն, կը մսխէ պոռնիկ կիներու վրայ:

գ. Զիս ծեծեցին ու ես ցաւ մը չզգացի, ինծի զարկին ու ես բան մը չիմացայ. մարդս կատարելապէս անզգայ կը դարձնէ, որով ո՛չ միայն կը ծեծեն զինք, այլ շատ յաճախ կը յափշտակեն իր ունեցուածքը՝ գինով վիճակով իրեն ստորագրել տալով փաստաթուղթեր, աւելին, երբեմն որճրագործութիւններ կը կատարեն գինովին միոջոցով՝ իրենց սեւ գործը գինովին միջոցով կատարելով եւ զինք մեղաւոր հանելով, եւ նման այլ ապօրինութիւններ ու վատ արարքներ:

Գինին արդարեւ, սատանային սիրած միջոցն է՝ մարդուն սիրտէն ներս մտնելու համար: Վարք Հարանցին մէջ կը կարդանք. «Եղբայրները ծերունի վանականի մը հարցուցին. “Ի՞նչ ըսել կ՚ուզէ Անպա Շիշուան, թէ երրորդ գաւաթը սատանայէն է”: Ծերունին պատասխանեց. “Այն է, որ ան գիտէ, թէ չափազանցութիւնը բոլոր մեղքերուն պատճառն է. հայհոյանք, հարուած, շնութիւն, եւ մնացեալ ցաւերը: Այդ պատճառով պէտք է զգուշանանք գինի խմելէ՝ ո՛չ թէ ցաւերուն պատճառով միայն, այլ՝ այն բանին համար, թէ այն ի՜նչ ուրախութիւն կը բերէ մեր սիրտին, որով սատանաները առիթը կը գտնեն՝ մեզ դէպի մեղք քաշելու, մեզ զրկելով տխուրներուն տուած մեր Տիրոջ երանութենէն: Միայնակեացները առանձնացան, որպէսզի միշտ տնքան եւ յոգնին ամէն տեսակի աշխատանքի մէջ, որովհետեւ շատ տխրութեամբ կրնան իրենք զիրենք պահել՝ սատանաներու խաբեբայութենէն եւ բազմաթիւ պատերազմներէ. հետեւաբար ինչպէ՞ս շատ գինի խմեն՝ որ իրենց սիրտերը կ՚ուրախացնէ, կը քակէ իրենց կնիքները եւ աշխարհիկ գինովներու մեղքերուն մէջ կ՚իյնան”»:

Մարդ ինքզինք պէտք է հեռու պահէ գինովութենէն, միշտ իր միտքին մէջ ունենալով, որ չափէն աւելի խմիչքը առաջին հերթին մարդս կը տանի իր արժանապատուութիւնը կորսնցնելուն, աւելին, զայն կ՚առաջնորդէ մեղքին, իսկ մեղքը մարդս կը տանի մահուան: Մենք Քրիստոսով այլեւս մեղքի ծառայութենէն ազատած ենք եւ դարձած՝ արդարութեան ծառաներ, ինչպէս կը գրէ Ս. Պօղոս առաքեալը. «Ինչպէս որ ժամանակ մը ձեր մարմինները անօրէնութեան տուած՝ պղծութեան եւ անօրէնութեան կը ծառայէիք, այնպէս ալ հիմա սրբութեան տուէք ձեր մարմինները եւ արդարութեան ծառայեցէք: Երբ մեղքին ծառայ էիք, հեռու էիք արդարութենէն: Ի՞նչ շահեցաք այն ժամանակուան ձեր գործերէն, որոնցմէ կ՚ամչնաք հիմա. որովհետեւ անոնց հետեւանքը մահ է: Բայց հիմա մեղքին տիրապետութենէն ազատ էք եւ Աստուծոյ ծառաներն էք: Ձեր շահը սրբութեան նուիրուած կեանք մըն է, որուն արդիւնքը պիտի ըլլայ յաւիտենական կեանքը: Որովհետեւ մեղքին վարձատրութիւնը մահ է, մինչ Աստուած որպէս ձրի պարգեւ՝ յաւիտենական կեանք կու տայ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ» (Հռ 6.19-23):

Հետեւաբար, ո՛չ թէ մեղքին անձնատուր ըլլանք՝ մենք մեզ մահուան դատապարտելով, այլ՝ Աստուծոյ տուած ձրի պագեւին ձգտինք, որով յաւիտենական կեանքն ու յաւիտենական հանգիստը պիտի ժառանգենք:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 118

Վաղարշապատ

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 5, 2024