ՆԱՌԼԸԳԱԲՈՒԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՏԱՐԵԿԱՆ ՄԱՏԱՂՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆԸ ՓԱՅԼՈՒՆ ԱՆՑԱՒ
Երէկ, համայնքային շրջանակները ժամադրուած էին Նառլըգաբուի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ մէջ, ուր տեղի ունեցաւ տարեկան աւանդական մատաղօրհնութիւնը։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախագահեց մեր այս գողտրիկ սրբավայրի արարողութիւններուն՝ մինչ իսկապէս բարձր տրամադրութիւն ստեղծուած էր։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեան։ Ներկայ էր նաեւ հոգեւոր հովիւ Տ. Յուսիկ Քհնյ. Հերկելեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Սամաթիոյ եկեղեցւոյ Սահակեան դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Սեւան Ակօշեանի։ Ատենապետ Հերման Կիւրճեանի կողմէ գլխաւորուած թաղային խորհուրդի անդամները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին բոլոր հաւատացեալները, որոնք փութացած էին կատարել իրենց ուխտի աղօթքը։
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը օրուան պատգամը տուաւ Տէրունական աղօթքէն առաջ։ Քարոզին մէջ Նորին Ամենապատուութիւնը շեշտեց, որ պէտք է շարունակ խօսիլ ու խորհրդածել սիրոյ մասին։ «Մարդ ամենօրեայ կեանքի ընթացքին ամենէն շատ կը խօսի սիրոյ մասին, որովհետեւ սէրն է, որ կը պակսի իր առօրեայէն։ Սակայն, սա մեզ պէտք չէ յուսահատութիւն պատճառէ, որովհետեւ խօսիլն ալ մեզ այս նիւթերու մասին խորհրդածելու եւ աշխատելու կը մղէ», ըսաւ ան։ Հուսկ, ան բոլորին մաղթեց սիրելու ուժ եւ կարողութիւն։
Ս. Պատարագի աւարտին հոգեհանգստեան աղօթքով յիշատակուեցան Նառլըգաբուի եկեղեցւոյ հանգուցեալ բոլոր քարոզիչները, հոգեւոր հովիւները, սպասաւորները, ինչպէս նաեւ վարչայինները, սատարողները։ Այս ամբողջին մէջ մասնաւորաբար ոգեկոչուեցաւ բազմամեայ դպրապետ Յարութիւն Սրկ. Սարգիսեանը։ Հոգեհանգիստէն վերջ տեղի ունեցաւ նաեւ մատաղի օրհնութիւն։
Կրօնական արարողութիւններու աւարտին, Նառլըգաբուի եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը յարակից սրահին մէջ սարքեց սիրոյ սեղան մը։ Աշխարհիկ հանդիսութեան եւս հանդիսապետեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը։ Ներկայ էին համայնքային մարմիններու ներկայացուցիչներ, ծանօթ ազգայիններ եւ բազմաթիւ հիւրեր։ Սիրոյ սեղաններուն շուրջ ստեղծուեցաւ հաճելի զրոյցի մթնոլորտ։