ՊԷՅՔՈԶԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՏՕՆԱԽՄԲՈՒԹԻՒՆԸ

Պէյքոզի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ տարեկան անուան տօնախմբութիւն՝ նախագահութեամբ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Սահակ Ս. Արքեպիսկոպոս Մաշալեանի։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեան։ Ներկայ էին նաեւ Տ. Նաթան Քահանայ Արապեան, Տ. Ներսէս Քահանայ Այվազեան եւ Տ. Մելքոն Քահանայ Փընարճեան։ Արարողութեան ընթացքին Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։

Ս. Պատարագէն վերջ, ատենապետ Վարուժան Մաղաքեանի կողմէ գլխաւորուած թաղային խորհուրդը ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեց հոգեւոր հայրերն ու ուխտաւորները։ Սիրոյ սեղան մը սարքուեցաւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր գլխաւորութեամբ։ Բոլորը հոգեւոր ուրախութիւն ապրեցան՝ հերթական անգամ Պէյքոզի մէջ մէկտեղուած ըլլալու համար։ Ներկաները կրկնեցին իրենց մաղթանքը, որպէսզի Վոսփորի Ասիական ափի այս գողտրիկ եկեղեցւոյ կանթեղը վառ մնայ։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 25, 2024