ՊԻՏԻ ԴԱՒԱՃԱՆԵ՛Մ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻՍ (ԶԱՌԱՆՑԱՆՔ ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՎԱԽԻ ՄԱՍԻՆ)

ՀՐԵՇՏԱԿՆԵՐԸ

Իրա՞ւ է որ դիմադրութեան խմբաւորումներուն բաժանումը, եւ սկսիլ՝ ռումբերով, ցամաքամասերը անդրանցնող հրթիռներով երիտասարդներուն, կիներուն, փոքրիկներուն եւ իրարու տուներ հարուածելուն պատճառը պարզապէս, միտքերու անհամաձայնութիւնն էր, իրենց շարքերէն ներս որոշ նշանակումներու եւ պաշտօններու բարձրացումներուն վերաբերեալ:

Եւ թէ Արաֆաթի Թրիփոլիէն մեկնիլը ծովուն մէջէն, Գահիրէի մէջ կանգ առնելն ու Եգիպտոսի նախագահին հանդիպելուն պատճառը, պարզապէս կարօտն էր եւ անոր բարեւ մը տալը:

Եւ թէ սեւ սեպտեմբերին իրադարձութիւններուն պատճառը պարզապէս ընդդիմութեան որոշ անդամներուն կարգ ու կանոնին եւ հիւասիրութեան սովորութիւնները չյարգելուն մէջ էր:

Եւ Լիբանանի Հարաւին մէջ լիբանանեան եւ արաբական ոգեւորութեամբ իսրայէլեան թնդանօթներու բերանին դիմաց զանոնք հիւրընկալելու պատճառը այլ բան չէր, քան այն, որ թուացեալ արաբական ցամաքամասին վրայ ուրիշ վայր մը չկար:

Եւ թէ Լիբանանի պատերազմը, որ կործանեց զինք որպէս հող, ժողովուրդ եւ ինքնիշխանութիւն, եւ որու զոհ գացին հարիւր հազարաւոր մեռեալներ, վիրաւորներ, գաղթականներ եւ տեղահանուածներ, եւ որու միջամտեցին արաբական, իսլամական եւ ափրիկեան բոլոր երկիրները, ինչպէս նաեւ չէզոք երկիրները, Եւրոպայի ժողովուրդներուն երկիրները, Վատիկանը, Ամերիկան, Ռուսաստանը, Հնդկաստանը, Փաքիստանը եւ Չինաստանը…, պարզապէս այն պատճառով էր, որ 1975-ին ընդդիմութեան հանրակառքը Այն ալ-Ռըմանէյէն (Լիբանանի մէջ շրջան մը) անցած ատեն, այդտեղի շէնքերէն մէկուն տանիքէն փամփուշտներ արձակուած էին:

Տակաւին, ալ-Սատաթը պիտի չյաջորդէր Ապը ալ-Նասէրին, ինչպէս նաեւ պիտի չստորագրէր Քեմփ Տէյվիտի համաձայնագիրը եւ վերջ տար Իսրայէլի հետ պատերազմին, անոր հետ դեսպաններ փոխանակէր, եթէ ան պատահականութեան բերումով հանրապետութեան նախագահին առաջին փոխանորդը չըլլար՝ անոր մահուան ժամանակ:

Տակաւին, մինչեւ հիմա արաբներուն կրածը՝ իրարանցում, ցեղասպանութիւններ, բաժանումներ, հակառակութիւններ, ճակատներ, պատճառը յունիսի պատերազմին իրենց կրած պարտութիւնն է, եւ թէ յունիսի պատերազմին իրենց կրած պարտութեան պատճառը պարզապէս այն է, որ մենք զանոնք Արեւելքէն կը սպասէինք, բայց անոնք Արեւմուտքէն եկան:

Աւելին, իրա՞ւ է, որ Իսրայէլը ձախողեցաւ դէպի Լիբանան իր վերջին ներխուժումի ընթացքին եւ թէ իր միակ հոգը այն է, կարելի եղածին չափ քիչ վնասներով դուրս գալն է այնտեղէն:

Եւ թէ Ամերիկան եւս ձախողեցաւ լիբանանեան եւ արաբական դաշտերուն վրայ, եւ դուրս եկաւ իր ետեւէն քաշելով յուսահատութեան եւ նուաստացումի պոչերը: Եւ թէ Ռուսաստանը յաջողեցաւ իր քաղաքականութեան մէջ եւ պարտադրաբար վերադարձաւ Լիբանան ու տարածաշրջան:

Իրականութեան մէջ արաբ քաղաքացին իր ականջներուն չի՛ հաւատար լսելով այս լուրերը, որովհետեւ ան, իր ընտանիքը, իր զաւակները ուրիշ հոգ չունին բացի Ամերիկային այս տարածաշրջանէն դուրս ելլելը, որպէսզի այնտեղ վերադառնան Ռուսաստանը, կամ Ռուսաստանը դուրս ելլէ՝ որպէսզի Անգլիան վերադառնայ, կամ Անգլիան դուրս ելլէ՝ որպէսզի Ֆրանսան վերադառնայ: Եւ որպէսզի արաբական աշխարհը իր հողերուն վրայ թափուած արեան եւ արցունքներու ովկիանոսներէն ետք, վերածուի պասքեթպոլի համաշխարհային դաշտի մը: Խումբ մը, որ կ՚ուզէ գնդակը Արեւմուտքի կողովին մէջ նետել, մինչ միւսը՝ կ՚ուզէ զայն Արեւելքի կողովին մէջ նետել, մինչ բուն խնդիրը աղբի կողովին մէջ է:

Այո՛, աղբի կողովին մէջ, այլապէս ո՞ւր է պաղեստինեան խնդիրը հիմա եւ ինչո՞ւ աշխարհին երրորդ կամ չորրորդ աստիճանի մտահոգութիւններուն կարգին անցած է, ինչպէս երգ մը, որ շրջան մը կը շրջանառուի, ապա նոր երգ մը կու գայ ծածկելու զայն եւ գողնալու զայն լսողները:

Անշուշտ որ Քեմփ Տէյվիտի համաձայնութիւններն են եւ Եգիպտոսի դուրս գալն է արաբական պայքարի կամ արաբական մաքառումի հրապարակէն, կոչէ զայն ինչպէս կ՚ուզես…

Սակայն, այդ համաձայնութիւնները անվաւեր համարելը հիմա, պաղետինեան դիմադրութիւնը լիբանանեան հրապարակ պիտի վերադարձնէ՞:

Եւ Գահիրէի համաձայնութիւնները անվաւեր համարելը, զինք յորդանանեան հրապարակ պիտի վերադարձնէ՞:

Եւ Քեմփ Տէյվիտի եւ Գահիրէի համաձայնութիւնները, ինչպէս նաեւ Սինայի համաձայնութիւնը, զինադադարի համձայնութիւնները անվաւեր համարելը, եղելութիւններուն անիւը ետեւ պիտի վերադարձնէ՞:

Ահմէտ Սաաիտին իր ռատիոկայանը, Հէյքալին իր «Ահրամ»ը, Ապըտ ալ-Նասէրին իր պատշգամը պիտի վերադարձնէ՞: Նոյնիսկ եթէ Ահմէտ Սաաիտը վերադարձաւ իր ռատիոկայան, ան ի՞նչ պիտի ըսէ իր ունկնդիրներուն:

Իսկ եթէ Հէյքալը վերադարձաւ իր «Ահրամ»ին եւ իր «անկեղծութեան», ի՞նչ պիտի գրէ իր կարդացողներուն:

Իսկ եթէ Ապըտ ալ-Նասէրը վերադարձաւ իր նոյն պատշգամին, ի՞նչ բանով պիտի դիմէ իր համակիրներուն:

Թէ Իսրայէլը ստորագրութիւն չ՚ուզեր, այլ՝ իրականութիւն:

Իսկ իրականութիւնը՝ գերեզմաններու խորերէն, արհեստական անդամներու փոխադրակառքերէն, Լիբանանի մէջ փոքրերու դիակներուն եւ այրուող դպրոցական պայուսակներու վրայէն եկող յաղթանակի յուսահատ նշաններէն կ՚ըսէ, թէ աշխարհի վրայ միակ ապաստանարանը այս տխուր Արեւելքին մէջ բոլոր անոնց, որոնք ապրելու միջոց այլեւս չունին՝ ըսելու, գրելու եւ պայքարելու իր երկրին մէջ, վերջացած է:

Եւ թէ արաբական ահաբեկչութեան սկիզբէն՝ 1975-էն սկսեալ մինչեւ հիմա, միակ նպատակը եղած է վերջին կանաչ տերեւը: Նախաիսլամական յետմնաց որդերը վճռած էին ձերք բերել զայն, ոչնչացնել զայն ինչ ալ ըլլար ատոր գինը, որպէսզի արաբական երկիր մը ուրիշ արաբական երկրի մը վրայ առաւելութիւն չ՚ունենար, բացի զօրութեամբ եւ թնդանօթներով:

Այս իրականութիւնը բարձրաձայն կը գոչէ. ահաւասիկ արաբական աշխարհը իր չորս կողմերէն կ՚այրի. արդարեւ, Լիբանանի կռիւը զինք կուլ կու տայ Արեւմտուքէն, Ծոցի կռիւը՝ Արեւելքէն, Իսրայէլը կ՚արհամարհէ Հարաւէն իր կուլ տուածը։ Եւ ահաւասիկ իրականութիւնը կը փսփսայ արաբ քաղաքացիի ականջին, թէ իր առջեւ ուրիշ բան չկայ բացի ուտելէ, խմելէ, քնանալէ, գիշեր երկար նստելէ, գինովնալէ, հիւանդանալէ ու մահանալէ:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 47

Վաղարշապատ

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 27, 2024