ՀԱՒԱՏՔՈՎ ԱՂՕԹԵԼ
Երբ սիրտը խօսիլ սկսի՝ լեզուն այլեւս կը լռէ։
Ուստի յարատեւ աղօթելով մարդ աղօթքի ոգիով կը լեցուի եւ իր մէջէն չարի գաղափարը կ՚անհետանայ։ Կը զօրանայ բարոյական ուժով եւ կորովով եւ քաջաբար կը դիմադրէ չարին յարձակումներուն։
Աղօթքը, արդարեւ, սրտին ձայնն է, որ կը հնչէ եւ ո՛չ թէ լեզուին։ Ան կը բխի սրտէն եւ այն ատեն է, որ «աղօթք» կ՚ըլլայ։ Այս կերպով՝ աղօթող հոգին կը նմանի ասպետի մը՝ ազնուականի մը, նախ ոտքը կը կտրուի չարի գետինէն եւ ապա ազնուական սիրտով իր վահանը դէմ կը դնէ չարի սլաքներուն եւ յարձակումներուն։
Աղօթքին եւ անոր պատասխանին համար ամենէն կենսական բանը հաւատքն է, ինչ որ կու գայ սրտէն։ Առանց հաւատքի աղօթքը ընդունայն է։ Ուստի, հաւատքով աղօթել կը նշանակէ՝ սիրտէն խօսիլ, սրտի ձայնը հնչեցնել։ Աստուծոյ լսողութիւնը՝ որ սրտի ձայնին կը պատասխանէ, յաւիտենական իրաւունքը եւ վարձատրութիւնն է քրիստոնավել կեանքի։
Ուրեմն, սրտէն բխած անկեղծ հաւատքը պայմանական ահրաժեշտութիւն մըն է, որովհետեւ ան քրիստոսաւանդ գործունէութի՛ւնն իսկ է։ Անով մենք կը մօտենանք եւ կը միանանք Քրիստոսի, մարմին եւ անդամներ կը դառնանք։ Մարմինը աւելի մեծ է քան անդամները եւ զանոնք իրեն կը քաշէ եւ իրեն հետ կը յառաջացնէ։ Ահաւասիկ, այս պարագային աղօթքն ալ անդամները մարմնին միացնող շաղախն է։
Տէր Յիսուս Քրիստոս ուշագրաւ յայտնութիւն մը ըրաւ, երբ խօսեցաւ Իր երկրորդ գալստեան մասին։ Արդարեւ, Աստուածաշունչ մատեանը կը վկայէ, թէ Ան երբ գայ՝ պիտի չհետաքրքրուի աշխարհի նիւթական հարստութիւնններով, ինչպէս չըրաւ առաջին անգամ գալստեան։ Ան պիտի քննէ մարդոց սիրտերը՝ «ներքին մարդ»ը։
Եւ «դատ»ը պիտի շահին արդարութեան՝ ճշմարտութեան կողմէ եղողները՝ որոնք աղօթաւոր մաքուր բերաններ ունին, որոնք անձանձրոյթ յարատեւ կ՚աղօթեն եւ հոգեպէս ի վերուստ կը ներշնչուին։
Այս ճշմարտութեան հաստատումը դարձեալ կու գայ Իրմէ երբ կ՚ըսէ. «Աստուծոյ վրայ հաւատք ունեցէք. քանզի ճշմարիտ կ՚ըսեմ ձեզի.- Ով որ այս լերան ըսէ.- Ելի՛ր եւ ծովը ինկի՛ր, եւ իր սրտին մէջ չերկմտի, հապա հաւատայ թէ ի՛նչ որ ըսէ՝ կ՚ըլլայ, պիտի ըլլայ անոր ինչ որ ըսէ։ Ասոր համար կ՚ըսեմ ձեզի.- Ի՛նչ բան որ աղօթքով կը խնդրէք, հաւատացէք թէ պիտի առնէք եւ պիտի ըլլայ ձեզի». (ՄԱՐԿ. ԺԱ 22-24)։
Այս իրողութեան որպէս փաստ, կարելի է յիշատակել գիտութեան յառաջացումը եւ մեծամեծ նուաճումները. մարդիկ «հաւատք» ունեցան անոր վրայ եւ յաջողեցա՛ն։
Արդարեւ, ի՛նչ որ իրականութիւն է ֆիզիքական աշխարհին համար, նո՛յնն է նաեւ հոգեկան աշխարհի համար, քանի որ մարդկային կեանքի գոյապահպանման եւ գոյատեւման համար անհրաժեշտ են թէ՛ մարմինը, թէ՛ հոգին, որոնք անբաժան են այնքան ատեն, որ մարդ կ՚ապրի այս աշխարհի վրայ։ Արդէն երբ բաժնուին անոնք, ահաւասիկ, ատիկա է մա՛հը…
Ուստի, կարեւորը եւ էականը միշտ պատնէշին վրայ կանգուն մնալն է։
Սուրբ Յովհան Դամասկացի կ՚ըսէ. «Աղօթքը վերացումն է հոգիին առ Աստուած կամ վայել բարիքներու խնդրանքն է Աստուծմէ»։ Խոնարհութիւնը նախահիմն է աղօթքին։ Ուստի Պօղոս առաքեալ կ՚ըսէ. «Մենք չենք գիտեր աղօթել ինչպէս որ պէտք է». (ՀՌՈՎՄ. Ը 26)։ Խոնարհութիւնը պահանջուած տրամադրութիւնն է աղօթքին պարգեւը ձրիաբար ընդունելու համար. մարդը Աստուծոյ մէկ «մուրացիկ»ն է։
«Ինծի համար՝ աղօթքը սլացք մըն է սրտին, պարզ ակնարկ մը՝ արձակուած դէպի երկինք, երախտագիտութեան եւ սիրոյ աղաղակ մը՝ փորձութեան ինչպէս նաեւ ուրախութեան ծոցին մէջ». (Ս. Թերեզա Յիսուս Մանկան. Manuscrits autobiographiques, Paris 1992)։
Աղօթքը, գիտնանք կամ ոչ, հանդիպումն է Աստուծոյ ծարաւին եւ մեր ծարաւին միջեւ։ Աստուած մեր ծարաւնալուն ծարաւն ունի. (Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոս)։
Աղօթքին լեզուն ամբողջական մա՛րդն է որ կ՚աղօթէ…
Մասամբ օգտուեցանք. Բաբգէն Ա. Քհնյ. Մագսուտեանի «Յիսուսի Քրիստոսի առակները» 1991, Նիւ Եորք, գիրքէն։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Նոյեմբեր 25, 2024, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/27/2024
- 11/27/2024