ԳՈՐԾԵ՛Լ, ՈՉ ԹԷ ԽՕՍԻԼ…
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Գեղարքունեաց թեմը ներկայիս կը զբաղեցնէ պատմական Սիւնեաց եւ Հաղբատի եպիսկոպոսութիւններու տարածքի, համապատասխանաբար՝ հիւսիս-արեւմտեան եւ արեւելեան մասերը։
15-րդ դարուն տարածքը ժամանակաւորապէս ենթարկուած է Գանձասարի կաթողիկոսութեան, սակայն 1513 թուականին Գեղարքունիքի մելիքներն ու տանուտէրերը Տաթեւի վանք գացած, ծանօթացած են Գեղարքունիքի՝ Սիւնեաց աթոռին ենթակայ ըլլալու մասին փաստաթուղթերուն եւ ստորագրութեամբ վերահաստատած թեմի աւանդական վիճակը։
Թեմի տարածքին կը գտնուին պատմական բազմաթիւ վանքեր. ինչպէս՝ Սեւանավանքը (4-9-րդ դարեր), Շողակավանքը (9-րդ դար), Հայրավանքը (9-13-րդ դարեր) եւ այլն:
Թեմին մէջ կան բազմաթիւ եկեղեցիներ, իսկ թեմը կազմաւորուած է Ամենայն Հայոց Գարեգին Ա. Կաթողիկոսի 1996 թուականի մայիսի 30-ի կոնդակով։ Առաջնորդանիստը Գաւառի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին է, ուր օրերս կատարուեցաւ Հրաշափառի արարողութիւն՝ դիմաւորելու համար Գեղարքունեաց թեմի առաջնորդ Տ. Պարթեւ Եպսկ. Բարսեղեանը, որ նոյեմբերի 3-ին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ օծուած վեց եպիսկոպոսներէն մին է:
Արարողութեան ներկայ էին Գեղարքունեաց թեմի հոգեւորականաց դասը, մարզային իշխանութեան ներկայացուցիչներ, բազմաթիւ հաւատացեալներ:
Ինչպէս ծանօթ է՝ նոյեմբերի 3-ին կատարուած եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւնը Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարի վերաօծման յաջորդած առաջին եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւնն էր, այդ հանգամանքը իւրայատուկ խորհուրդ հաղորդած է այս տարուայ նուիրական աստիճանի տուչութեան:
Տ. Պարթեւ Եպսկ. Բարսեղեան ծնած է 1982 թուականին՝ Արմաւիրի մարզի Վաղարշապատ քաղաքին մէջ: Նախնական կրթութիւնը ստացած է քաղաքի Մաքսիմ Կորքի դպրոցէն ներս:
1999-2005 թուականներուն ուսանած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանին մէջ:
2007 թուականին ձեռնադրուած է աբեղայ՝ ընդունելով կուսակրօնութիւն։
Նոյն տարին աշխատանքային գործունէութեան սկսած է Մայր Աթոռի Քրիստոնէական դաստիարակութեան կեդրոնին մէջ, իսկ 2008 թուականին՝ Մայր Աթոռի Տեղեկատուական համակարգէն ներս: Դասախօսած է Սեւանի Վազգէնեան հոգեւոր դպրանոցին մէջ։
Աւելի վերջ նշանակուած է դիւանատան ժողովական գրասենեակի տնօրէն։
2011-2013 թուականներուն ան Փարիզի մէջ ստանձնած է հայկական համայնքի հոգեւոր սպասաւորութիւնը։
2013-2019 թուականներուն Մայր Աթոռի մէջ զբաղեցուցած է փոխ-դիւանապետի պաշտօնը։
2019 թուականի յուլիսի 15-ին նշանակուած է Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Գեղարքունեաց թեմի առաջնորդական տեղապահ:
Թեմը կ՚ընդգրկէ Գեղարքունիքի մարզը, որ Հայաստանի մեծ մարզերէն մէկն է, ունի չորս համայնք՝ Գաւառ, Ճամբարակ, Մարտունի, Սեւան եւ Վարդենիս, որոնք իրենց կարգին կազմուած են քաղաքային եւ գիւղական մեծաթիւ բնակավայրերէ: Վերջին պատերազմէն ետք Գեղարքունիքի մարզը դարձած է սահմանամերձ, ընդունած է նաեւ բազմաթիւ արցախցիներ եւ աշխարհիկ իշխանութիւններուն հաւասար ծանր աշխատանքի կոչուած են նաեւ մարզի հոգեւորականները:
Իր ուխտի անդրանիկ պատարագը Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարին մէջ մատուցելէ ետք Տ. Պարթեւ Եպսկ. Բարսեղեան, ըստ կարգի, շնորհաւորութիւններ ընդունեց Մայր Աթոռի միաբաններէն, Գեղարքունիքի մարզէն ժամանած ուխտաւորներէն: Նորաօծ երիտասարդ առաջնորդը սրբազան դառնալէ վերջ իր առաջին հարցազրոյցը տուաւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին:
*
-Սրբազան Հայր, դուք ձեռնադրուեցաք ձեր հայրենի քաղաքին մէջ, այդ մէկը իւրայատուկ իմաստ մը ունի՞ ձեզի համար, ի՞նչ կը զգաք:
-Զգացումներս գոհունակութեան եւ անհուն մխիթարութեան զգացումներ են, որ Տէրը իր ողորմած կամքով արժանի դարձուց այդ շնորհին եւ անշուշտ ազգիս Վեհափառ Հայրապետի օրհնութեամբ եւ ձեռամբ, ստացայ եպիսկոպոսական օծման այս բարձր աստիճանը, որ առաւելաբար մեզ կը պարտաւորեցնէ աւելի բարձր պատասխանատուութեան՝ իրականացնելու այն նոյն առաքելութիւնը տիրախնամ մեր թեմի մէջ, որ մինչ այժմ կը կատարէինք: Մեր թեմը մարզի մը մէջ է, որ մեծ բնակչութիւն ունի՝ 270 հազար բնակչութիւն, 33 եկեղեցի եւ տակաւին երեք եկեղեցի ալ կը սպասէ օծումի: Համոզումը ունինք, որ պէտք է առաւել մեծ արդիւնաւէտութեամբ գործենք, յանուն մեր թեմի հաւատացելոց հոգեւոր կեանքի վերազարթօնքի, յանուն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի պայծառութեան եւ մեր պետականութեան զօրացման:
-Դուք ձեր քարոզին մէջ անդրադարձաք նաեւ հայրենազրկումին, որուն հետեւանքները զգաց ձեր մարզը, այդ առումով թեմը ի՞նչ ընելիքներ ունի:
-Մեր մարտահրաւէրները, եթէ ամփոփ կերպով նշելու ըլլանք, երկուքն են: Նախ՝ մեր մարզը դարձաւ սահմանամերձ, մասնաւորապէս՝ Վարդենիսի, Ճամբարակի շրջանները, ուր տակաւին անցեալ սեպտեմբերին պատերազմ կ՚ընթանար: Այս օրերուն, բարեբախտաբար, գրեթէ խաղաղ է սահմանը, բայց, անշուշտ, զգօնութիւնը միշտ կայ, սահմանամերձ շրջանին մէջ ապրող ժողովուրդը երբեք չի կորսնցներ իր զգօնութիւնը, ապաւինած է նաեւ իր եկեղեցիին, իր հաւատքին եւ այդ իմաստով սահմանամերձ բնակավայրերու մէջ մեր հոգեւոր առաքելութիւնը մեծ չափով կարեւորուած է: Հոգեւոր հովիւներուն հետ պարբերաբար կ՚այցելենք սահմանին մօտ գտնուող բնակավայրեր՝ ուժ եւ ոգեւորութիւն հաղորդելու մեր ժողովուրդին:
Եւ երկրորդ մարտահրաւէրը, անշուշտ, տեղահանումն է Արցախի հայորդիներուն, որոնք մեծ թիւով հաստատուած են նաեւ մեր թեմէն ներս. սկզբնական շրջանին անոնց թիւը աւելի քան 3 հազար էր, այդ թիւը անընդհատ կը փոխուի, անընդհատ տեղաշարժ կայ, բայց մենք առաջին իսկ օրուընէ, ազգիս Վեհափառ Հայրապետի օրհնութեամբ եւ աջակցութեամբ՝ ձեռք մեկնած ենք Արցախի մեր հայորդիներուն: Կը հոգանք անոնց թէ՛ նիւթական եւ թէ հոգեւոր կարիքները, պարբերաբար ներկայ ենք նաեւ անոնց օճախներուն մէջ, հոն ալ մխիթարութեան եւ սփոփանքի խօսքեր կը տանինք եւ ամէն ճիգ, ամէն ջանք ի գործ կը դնենք, որպէսզի անոնց կարիքները հոգանք: Այդ իմաստով, անշուշտ, կրնամ ըսել, որ հնարաւորութեան սահմաններուն մէջ այսօր արցախցի մեր քոյրերն ու եղբայրները հանգստութիւն կը զգան մեր թեմէն ներս, կը ստանան մխիթարութիւն եւ մենք պիտի շարունակենք մեր ուշադրութեան կեդրոնին պահել անոնց կարիքները: Կ՚աղօթենք, որ այլեւս նման պատուհասներ չըլլան մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ, որպէսզի ատոնք չպատահին, պէտք է այս փորձութիւններէն դուրս գանք աւելի իմաստուն:
-Նաեւ ձեր ուխտի պատարագի քարոզին ըսելիքը այդ էր: Ինչպէ՞ս կը մեկնաբանէք:
-Ըսելիքը այն էր, որ մենք յաճախ կը լսենք՝ մանաւանդ այս օրերուն, որ դժուար օրեր կը վերապրինք… Ամէն կողմէ կը լսենք այդ մէկը, թէ ինչ փորձութիւններ պատուհասեցին հայոց ազգին, բայց շատ յաճախ այդ մէկը ըսելով մենք ոչինչ կ՚ընենք, ոչինչ կը ձեռնարկենք եւ կը նմանինք մէկու մը, որ կը խօսի, բայց չի գործեր: Սակայն, Սուրբ Գիրքը մեզի յստակ կ՚ուսուցանէ, որ փորձութիւնը, դժուարութիւնը քրիստոնեայի համար են եւ Սուրբ Գիրքին մէջ գլխաւոր կերպարներէն որեւէ մէկը անմասն չմնաց այդ փորձութիւններէն: Փորձութեան միջոցով Աստուած նաեւ կը կոփէ, կը զօրացնէ մեր հաւատքը եւ փորձութենէն զատ Աստուած նաեւ մեզի կու տայ փորձութիւնը յաղթահարելու կարողութիւնը: Ուրեմն, կարեւորը այն, որ մենք չպարտուինք այդ փորձութեան եւ յաղթանակած դուրս գանք, չվհատինք եւ չյուսահատինք: Եթէ մենք նայինք Յիսուսի կեանքի օրինակին, ան այդ ամբողջ խաչի ճանապարհին չվհատեցաւ, չյուսահատեցաւ եւ այդպէ՛ս ուսուցանեց մեզի: Մենք պէտք է փորձութիւններու առջեւ կենալու ժամանակ ո՛չ թէ պարտուինք այդ փորձութիւններուն, այլ առաւել զօրացեալ հաւատքով դուրս գանք, որպէսզի մեր հաւատքը զօրանայ: Բայց, ցաւօք, թէ՛ անհատական կեանքի, թէ՛ ազգային կեանքի մէջ փորձութիւնը պատճառ կը դառնայ կործանման, փորձութիւնը պատճառ կը դառնայ վատատեսութեան, որ յատուկ չէ քրիստոնեային: Հետեւաբար, քարոզին մէջ անդրադարձայ այդ փորձութիւններուն, որոնք քրիստոնեայի համար փոթորկալի կեանքին մէջ պէտք է ըլլան իր ամենօրեայ դժուարութիւնները կիսելու ճանապարհ եւ ո՛չ թէ բողոքելու, ո՛չ թէ յոյսը դնելու մէկ ուրիշի վրայ, այլ յոյսը դնելու իր սեփական ուժի վրայ: Պատգամս մէկն էր, որ կարողանանանք յաղթահարել զանոնք՝ գործելով եւ ոչ թէ խօսելով: Լաւատես ենք այդ առումով եւ յուսառատ:
-Այս եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւնը ինչո՞վ նշանաւորուեցաւ:
-Ուրախալի է, որ վերաօծեալ Մայր Տաճարին մէջ կատարուեցաւ: Միածնաէջ Սուրբ Էջմիածինը բացած է իր դռները եւ հաւատացեալները հոս կու գան՝ իրենց աղօթքը վերառաքելու:
Ուրախութիւնս մեծ էր նաեւ, որ Վեհափառ Հայրապետին, եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան ընթացքին, իբրեւ առընթերակայ էր նաեւ Պոլսոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան: Ես զինք ճանչցած եմ տակաւին Էջմիածնի մէջ ուսանելու, պաշտօնավարելու ընթացքին՝ ըլլալով Ճեմարանին մէջ ուսանող, նաեւ՝ յետագային որպէս դասախօս դասաւանդելով: Մեր յարաբերութիւնները շատ ջերմ եղած են, ուրախութիւնս մեծ էր, երբ տեղեկացայ, որ Պատրիարք Հայրը առընթերակայ պիտի ըլլայ ձեռնադրութեան ընթացքին, ինչ որ հազուադէպ երեւոյթ մըն է մեր եկեղեցական պատմութեան մէջ: Միշտ չի պատահիր, որ եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան ընթացքին պատրիարքը առընթերակայ ըլլալ Վեհափառ Հայրապետին: Եւ ընդհանուր առմամբ, Սրբազան Պատրիարքը շատ ամուր կը պահէ կապը Հայաստանի հետ, յաճախ կ՚այցելէ Սուրբ Էջմիածին եւ յաճախ առիթ կ՚ունենանք շփուելու: Մաղթանքս է, որ Աստուած կենաց արեւշատութիւն պարգեւէ պատրիարքին եւ մշտապէս այդ նոյն ջերմ յարաբերութիւնները, որոնք ձեւաւորուած են Մայր Աթոռի եւ Պոլսոյ Պատրիարքութեան միջեւ, ծառայեն նաեւ օրինակ, քաջալերեն շատերը եւ ծառայեն մեր ժողովուրդի հոգեւոր վերազարթօնքին:
-Ձեռնադրուողներուն մէջ էին նաեւ սփիւռքէն առաջնորդներ եւ դուք եւս ծառայած էք սփիւռքի մէջ, ինչպէ՞ս կը պատկերացնէք դուրսի թեմերուն աշխատանքի դժուարութիւնը:
-Մեր թեմերուն մէջ կարիքները բազում են, բայց՝ զանազան: Սփիւռքի մէջ կայ հայապահպանութեան խնդիր, ինչ որ Հայաստանի թեմերուն մէջ չկայ: Իմ փորձառութենէս գիտեմ, թէ որքան կարեւոր է հայապահպանութեան հարցը այնտեղ, ուր շատ են խառն ամուսնութիւնները, իբր այդ, իմ օծակից եղբայրներուս աշխատանքի ծանրութիւնն ալ լաւ կը պատկերացնեմ: Ուստի, կը մաղթեմ՝ մեծ աշխատանք իրականացնել, որովհետեւ մեր ազգը, սփիւռքի մէջ, առանց այն ալ ձուլման վտանգի առջեւ կանգնած է: Հոս ալ վերջին պատերազմական գործողութիւններու հետեւանքով շատ մեծ կորուստներ ունեցանք, հետեւաբար, պիտի չուզենք նաեւ խառն ամուսնութիւններու, ձուլման հետեւանքով մեր ազգի զաւակները առաւել նուազին: Սփիւռքի մէջ մեր օծակից եղբայրները, բացի այդ ալ կ՚իրականացնեն հոգեփրկչական առաքելութիւն, նաեւ կ՚իրականացնեն ազգապահպան առաքելութիւն: Անոնց բեռը առաւել ծանր է, հետեւաբար, իմ մաղթանքս է, որ անոնք իսկապէս մեծ արդիւնաւէտութեամբ իրականացնեն թէ՛ հոգեւոր, հոգեփրկչական առաքելութիւնը, թէ՛ ազգապահպանման առաքելութիւնը: Հայաստանի թեմերու իմ օծակից եղբայրներուս ալ մաղթանքս այն է՝ ինչ ինծի պիտի մաղթեմ՝ ամրօրէն զօրացնենք մեր թեմերէն ներս վարչակազմակերպական կառոյցները, որովհետեւ, ի տարբերութիւն սփիւռքի թեմերու, Հայաստանի թեմերէ ներս այդ աւանդութիւնները՝ թեմական, ծխական, երեսփոխանական ժողովներու, ձեւաւորուած չեն: Եւ իմ փափաքս է, որ մենք նաեւ ա՛յդ ուղղութեամբ մեծ աշխատանք իրականացնենք եւ եկեղեցական կառոյցներու այն աւանդութիւնները, որոնք կը գործեն սփիւռքի մեր թեմերէն ներս, նաեւ գործեն Հայաստանի թեմերուն մէջ, ուստի, այդ ուղղութեամբ ալ կարեւոր աշխատանք ունինք իրականացնելու: Ընդհանուր առմամբ մաղթանքս է նաեւ, որ Մայր Աթոռի վերաօծմամբ եւ Միւռոնօրհնութեան արարողութեամբ մեր ժողովուրդի սիրտերուն եւ հոգիներուն մէջ լաւատեսութիւնը գերիշխէ, մխիթարութիւն ապրին եւ կարողանան դարմանել այն դժուար, սպիացող վէրքերը, որոնք մնացին պատերազմի հետքերէն, յատկապէս որդեկորոյս ծնողքի համար, գիտենք, թէ որքա՜ն դժուար է, բայց մենք պէտք է կարողանանք դարմանել այդ վէրքերը եւ յառաջ նայիլ: Այդ իմաստով, ես կը կարծեմ, որ Հայ Եկեղեցին այժմ, այս ժամանակահատուածին յուսադրելու, լաւատեսութիւն ներշնչելու առումով ապագայի նկատմամբ մեծ առաքելութիւն ունի իրականացնելու, որովհետեւ ժողովուրդի զաւակները մեծաւ մասամբ իրենց մխիթարութիւնը կը փնտռեն նոյնինքն՝ եկեղեցւոյ կամարներէն ներս: Հետեւաբար, ո՞վ, եթէ ոչ եկեղեցին, պէտք է զանոնք համախմբէ, միասնական դարձնէ, լաւատեսութիւն ներշնչէ, որպէսզի մենք կարենանք նայիլ դէպի ապագայ. այն ապագան, որ մեզի կը սպասէ, մեր սերունդներուն կը սպասէ: Մենք պարտք ունինք սերունդներուն վերադարձնելու, որովհետեւ մեր կորուստները շատ մեծ են թէ՛ ժողովուրդի զաւակաց առումով, թէ՛ տարածքներու առումով: Մենք մեծ բեռի մը տակ ենք: Պիտի կարողանանք բեռը տանիլ եւ թօթափել: Եւ մենք այսօրուընէ պէտք է սկսինք ազգովին միաբանուիլ, միասնական դառնալ, հեռու վանել ամէն տեսակ պառակտում՝ քաղաքական, կուսակցական, որեւէ տեսակի… Էական չէ, թէ ինչ տարբեր ուղղութիւններով կը նային մարդիկ, կարեւորը բոլորի նպատակը մէկ ըլլայ՝ հայոց պետականութեան ամրապնդումը եւ մեր ապագայի կերտումը:
Համոզուած ենք, որ այդ առումով Հայ Եկեղեցին, ինչպէս դարերու ընթացքին, այսօր ալ, իր դերը կը խաղայ ժողովուրդի կեանքին մէջ:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան