ԲԱՐԵՄԱՂԹՈՒԹԻՒՆՆԵՐ՝ ՅՈԲԵԼԵԱՐ ՀՈԳԵՒՈՐԱԿԱՆԻՆ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ յետմիջօրէին մասնակցեցաւ Ասորի Կաթոլիկ հասարակութեան առաջնորդարանին մէջ սարքուած պաշտօնական ընդունելութեան, որ կազմակերպուած էր Պատրիարքական փոխանորդ Մոնս. Օրհան Չանլը քորեպիսկոպոսի քահանայական ձեռնադրութեան 10-ամեայ յոբելեանին առթիւ։ Այազփաշայի առաջնորդարանի պատմական շէնքին մէջ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ջերմօրէն շնորհաւորեց Մոնս. Օրհան Չանլըն, որուն յղեց բարեմաղթութիւններ։ Յոբելեար եկեղեցականն ալ շնորհակալութիւն յայտնեց Նորին Ամենապատուութեան մասնակցութեան համար։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր ընկերացան Պատրիարքարանի միջեկեղեցական յարաբերութիւններու գրասենեակի տեսուչ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, Տ. Կորիւն Աւ. Քհնյ. Ֆէնէրճեան եւ Կրօանական ժողովի ատենապետ Տ. Զաւէն Քհնյ. Պըչաքճեան եւ գաւազանակիր Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեան։

Ընդունելութեան մասնակիցներու շարքին էր նաեւ Կաթողիկէ Հայոց արքեպիսկոպոսարանի պատրիարքական կառավարիչ Հ. Վարդան Ծայրագոյն Վարդապետ Գազանճեան։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 29, 2024