ԲԵՂՄՆԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ՃԳՆԱԺԱՄ
Աշխարհի բնակչութեան թիւը պիտի աւելնա՞յ, թէ՞ նուազի: Ենթադրութիւնները տարաբնոյթ են եւ ամէն գլուխէ ձայն մը կ՚ելլէ: Նաեւ պարզ է, որ կան ընդհանրական մտահոգութիւններ, որոնց մասին կը գրեն մասնագէտներ: Բրիտանական «Կարտիըն» թերթի կայքէջը այս հարցին անդրադարձող յօդուած մը հրապարակած է վերջերս:
*
ԱՒԵԼԻ ՆՈՒԱԶ ԹԻՒՈՎ ԵՐԵԽԱՆԵՐ ԼԱ՞Ւ ԵՆ, ԹԷ՞ ՎԱՏ. ՄԱՍՆԱԳԷՏՆԵՐԸ ՏԱՐԱԿԱՐԾԻՔ ԵՆ
Բրիտանիոյ ծնելիութեան մակարդակը կը գտնուի բոլոր ժամանակներու ամենէն ցած դիրքի վրայ եւ բազմաթիւ այլ երկիրներ կը բախին նման անկումներու՝ ստեղծելով ծերացող բնակչութիւն:
Բայց կրնա՞ն աւելի քիչ մարդոց կենսոլորտային օգուտները գերազանցել ստեղծուած հասարակական խնդիրները:
Ըստ այս ոլորտի յառաջատար մասնագէտի մը, վերջերս ամենէն հետեւողական յայտարարութիւնը, որ կը վերաբերէր ապագայ հարկային եկամուտներու պահանջներուն, պիւտճէին մէջ չէր գտնուեր:
Փոխարէնը՝ այդ վիճակագրութիւն մըն էր, որ հրապարակած էր Ազգային վիճակագրութեան գրասենեակը. ծնելիութեան միջին մակարդակը այժմ կնոջ մը համար կը կազմէ 1,44 երեխայ, իսկ այս ամենէն ցած արձանագրուած ցուցանիշն է սկսելէն ի վեր:
«Ոչ ոք մնացած է. ինչո՞ւ աշխարհին աւելի շատ երեխաներ պէտք են» գիրքի հեղինակ Փոլ Մորլանտի համար այդ երկարատեւ եւ մտահոգիչ միտումի վերջին փուլն է:
«Արդէն յիսուն տարիէ ի վեր մենք ունինք վերարտադրողական մակարդակէն ցած ծնելիութեան տուեալներ։ Մենք այժմ ունինք աւելի շատ մահեր, քան՝ ծնունդներ եւ մենք առանձին չենք», կ՚ըսէ ան:
Աշխարհի երկիրներու մեծամասնութեան մէջ փոխարինող բեղմնաւորութիւնը ցած է:
Բրիտանիոյ մէջ այդ կը կազմէ մէկ երեխայ՝ կնոջ մը համար եւ քիչ մը աւելի բարձր՝ այն երկիրներու մէջ, ուր մանուկներու մահերու դէպքերը աւելի մեծ վտանգ կը ներկայացնեն:
Բացառութիւն է Սահարայէն հարաւ գտնուող Ափրիկէն, ուր ծնելիութեան բարձր ցուցանիշները տակաւին տարածուած են, թէեւ կը նուազին:
Պատճառը այն է, որ հասարակութիւնները կը հարստանան եւ աւելի աշխարհիկ կը դառնան, իսկ կիները ձեռք կը բերեն աւելի մեծ ազատութիւն, ծնելիութեան մակարդակը կը նուազի:
Մորլանտ կը խորհի, որ աշխարհը կը գտնուի բնակչութեան փլուզման եզրին:
Բայց անոնց համար, որոնք մտահոգ են գերբնակեցումով, մարդոց սպառումի աճով եւ կլիմայի փոփոխութեամբ, ծննդաբերութեան թիւի բարձրացումին կողմնակից ըլլալը տագնապալի է եւ անտարբեր է մոլորակի վրայ անընդհատ ընդլայնուող մարդկութեան ձգած ազդեցութեան նկատմամբ:
«Վայրի բնութեան համաշխարհային հիմնադրամը կ՚ըսէ, որ մենք կորսնցուցած ենք մեր վայրի բնութեան բնակչութեան 73 առ հարիւրը վերջին յիսուն տարուան մէջ», կը յայտնէ Բնակչութեան հարցեր կազմակերպութեան գործադիր տնօրէն Էմի Եանկեւիչ, որ կը զօրակցի կայուն մարդկային բնակչութեան:
«Բեղմնաւորութեան մակարդակի անկումը ուրախանալու առիթ է», կ՚ըսէ ան: Ինչպէս ան կը նշէ, Բրիտանիոյ ներկայի բնակչութիւնը կը կազմէ 69 միլիոն, կ՚ակնկալուի, որ մինչեւ 2050 թուականը կը հասնի 78 միլիոնի:
«Այդ կայուն չէ», կը գրէ Էմի Եանկեւիչ:
Բայց այդ վերնագիրներու ետին այլ պատկեր մը ի յայտ կու գայ.
Բրիտանիոյ եւ մնացեալ Եւրոպայի ժողովրդագրական կազմը, նկատի չառնելով հիւսիսային Ամերիկայի եւ Ասիոյ մեծ մասը, արմատապէս կը փոխուի:
Եւ ճիշդ այս գործօնը կը գտնուի պիւտճէի եկամուտներու եւ պետական ծախսերու հարցերու կեդրոնին:
Ճգնաժամ է ո՛չ միայն բեղմնաւորութեան մակարդակի նուազումը, այլեւ՝ երկարակեցութիւնը:
Մենք կը ծերանանք՝ որպէս ազգ եւ համաշխարհային հասարակութիւն:
Այս ծերացումը յայտնի է՝ որպէս ծերութեան կախուածութեան յարաբերակցութիւն (OADR), որ կենսաթոշակային տարիքի մարդոց թիւն է աշխատունակ տարիքի մարդոց թիւին համեմատ:
Կամ այլ խօսքով՝ հարկ վճարողներուն թիւը ընդդէմ կենսաթոշակային աջակցութիւն ստացողներու թիւին, ինչպէս նաեւ՝ խնամքի ծառայութիւններու անհամաչափ քանակի:
Բրիտանիոյ մէջ OADR-ը 20 առ հարիւրէն ցած էր 1950-ականներուն. իւրաքանչիւր թոշակառուի հաշուով կար աւելի քան հինգ աշխատող, մինչ այսօր այդ աւելի քան 30 առ հարիւր է (կամ միայն երեք աշխատող՝ իւրաքանչիւր թոշակառուի համար):
Մորլանտ կը նշէ, որ դարավերջին այդ կը մօտենայ 60 առ հարիւրի, որ կը կազմէ 1,7 աշխատող՝ իւրաքանչիւր թոշակառուի համար: Այդ նոյնպէս, շատ հաւանաբար անկայուն կ՚ըլլայ:
Պարզապէս նայեցէ՛ք NHS-ին (Ազգային առողջապահութեան ծառայութեան): Երբ այն ստեղծուեցաւ, կը գրէ Մորլանտ, Բրիտանիոյ մէջ կար շուրջ քառորդ միլիոն մարդ՝ 90 եւ աւելի բարձր տարիքի:
Այս խումբի անդամները կը պահանջեն վեցէն եօթ անգամ աւելի շատ առողջապահական ծախսեր, քան՝ իրենց կեանքի ծաղկումի շրջանին մէջ գտնուողները:
Այսօր, ըստ անոր, այդ տարիքային խումբին մէջ կայ աւելի քան 1,5 միլիոն, իսկ դարավերջին կը կանխատեսուի, որ այդ թիւը կը կազմէ գրեթէ 6 միլիոն:
Ահաւասիկ՝ վիճակագրութիւն մը եւս. Իտալիոյ մէջ 1950 թուականին 80 տարեկանէն բարձր իւրաքանչիւր անձին դէմ մինչեւ 10 տարեկան 17 երեխայ կար:
«Այսօր երկու խումբերը կը համընկնին մօտաւորապէս մէկ-մէկ: Պատահական չէ, որ առաւել ծերացող բնակչութիւն ունեցող երկիրները, ինչպիսիք են՝ Յունաստանը, Իտալիան եւ Ճաբոնը, ունին պետական պարտքի ամենէն վատ մակարդակը», կը գրէ Մորլանտ:
Աշխատուժի այս աճող պակասին համար Եւրոպայի լուծումը գաղթն է:
Բրիտանիոյ բնակչութիւնը այժմ կը նուազէր, եթէ չըլլար գաղթականներու զանգուածային թիւը: Անոնք կը պահպանեն սպասարկման, առողջապահութեան եւ խնամքի ոլորտները:
Մորլանտ կը պնդէ, որ այս քաղաքականութիւնը պահպանելու համար Բրիտանիոյ բնակչութեան գրեթէ կէսը պէտք է 21-րդ դարու վերջաւորութեան ծնած ըլլայ օտար երկրի մը մէջ:
Եանկեւիչ կը հակադարձէ, որ գաղթականներու լաւ բանը այն է, որ անոնք չեն աւելցներ աշխարհի բնակչութիւնը, այլ պարզապէս կը փոխեն անոր բաշխումը:
Լայնածաւալ գաղթը, սակայն, կը նշուի Եւրոպայի մէջ աջակողմեան կուսակցութիւններու աճի, Բրիտանիոյ BREXIT-ի եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի ժողովրդականութեան համար:
Աւելի՛ն, կ՚ըսէ Մորլանտ, բարգաւաճ աշխարհը միշտ կը զրկէ բարգաւաճող աշխարհը իր գործուն մարդոցմէ, բան մը, որ կը նշանակէ յետգաղութային յարձակում այդ տնտեսութիւններուն վրայ:
Ամէն պարագայի, շատ ժամանակ չ՚անցնիր, երբ Ափրիկէն, ինչպէս՝ Հնդկաստանը եւ Չինաստանը, անցնի նոյնքան ցած ծնելիութեան մակարդակի, կ՚աւելցնէ Մորլանտ:
Այսպիսով, ո՞րն է պատասխանը: Կասկած չկայ եւ հիմնաւոր է, որ աշխարհի բնակչութիւնը չի կրնար անվերջ աճիլ:
Սակայն, ի տարբերութիւն տնտեսութեան գրեթէ բոլոր միւս կենսական երեւոյթներու, ժողովրդավարական պետութիւնները գրեթէ ոչ մէկ մասնակցութիւն ունին ծնելիութեան մակարդակի վրայ, անոր բարձրացման կամ նուազումին մէջ:
Երեխայ ունենալու որոշումը իրաւամբ սեփական որոշում մըն է, որ սովորաբար կը կայանայ երկու հոգիի միջեւ: Չափազանց կասկածելի է, որ ոեւէ զոյգ երբեւէ փորձած է երեխայ ունենալ՝ ապագայ աշխատուժի պակասը լուծելու համար:
Այսպիսով, ծնողական որոշման վրայ ազդելու պետական որեւէ փորձ կրնայ միջամտութիւն թուիլ, ինչ որ այդ մէկը անցեալին դաժան եղած է:
Կիներ Բրիտանիոյ եւ ԱՄՆ-ի մէջ ունին մօտ երեք քառորդով աւելի քիչ երեխայ, քան անոնք կ՚ըսեն, որ կը ցանկան:
Չինաստան յայտնի է, որ 1979-2015 թուականներուն իրականացուց մէկ երեխայի քաղաքականութիւնը՝ առաջքը առնելու երկրի բնակչութեան աճին: Այդ իր քաղաքացիներու մարդկային իրաւունքներու բացայայտ կրճատումն էր:
Երբ բեղմնաւորութեան մակարդակը կը նուազի, ծնած աղջիկներուն թիւը ակներեւօրէն կը նուազի (նոյնիսկ աւելի շատ՝ Չինաստանի նման երկիրներու մէջ, ուր իգական սեռի բեղմնաւորութիւնը աւելի յաճախ կ՚ընդհատուի, քան՝ արականինը):
Այդ կը նշանակէ, որ վերարտադրողական տարիքի կիներ կ՚ըլլան աւելի քիչ, որ իր կարգին կը նշանակէ, թէ բնակչութեան պահպանման համար անհրաժեշտ ծնելիութեան մակարդակը ա՛լ աւելի բարձրանայ:
Բնակչութեան արագ անկումը անխուսափելի հետեւանք է…
Եանկեւիչի համար այս միայն լաւ բան կրնայ ըլլալ: «Որքան քիչ մարդ, այնքան լաւ մենք մեզ կը պաշտպանենք», կ՚ըսէ ան:
Նոյնիսկ Մորլանտ կ՚ընդունի, որ մարդկութիւնը պէտք է ունենայ բնակչութեան սահմանափակում: Բայց ան կը պնդէ, որ անոր անկումը պէտք է աւելի լաւ կառավարուի եւ պէտք է յետաձգուի, մինչեւ արհեստական բանանակութիւնը եւ մարդամեքենաները փոխարինեն աշխատաւորները:
Ան կոչ կ՚ընէ «մշակութային յեղափոխութեան», ուր աւելի մեծ ընտանիքներ ունենալու գաղափարը կը դիտուի որպէս ցանկալի:
Ի վերջոյ, կը նշէ ան, «Բրիտանիոյ եւ ԱՄՆ-ի մէջ կիներ մօտ երեք քառորդով աւելի քիչ երեխայ ունին, քան անոնք կ՚ըսեն, որ կը ցանկան»:
Ան կ՚ընդգծէ, որ մշակութային որեւէ փոփոխութիւն պէտք է ենթադրէ ծնողներու միջեւ երեխաներու խնամքի պարտականութիւններու հաւասար բաժանում:
Բայց թէեւ բազմազաւակ տղամարդը կրնայ դիտուիլ՝ որպէս հայր, ընտանիքի հզօր կերպար կամ մէկը, ինչպիսին Էլըն Մասքն է, շատ պատրաստակամ զուգընկերներով, կան բազմաթիւ օրինակներ կիներու համար. վեց երեխաներու մայր ներդրումային գործարար Նիքոլա Հորլիքն իր դայեակներուն հետ, կամ թերեւս Եորքշայրի հոգեւոր հովիւ Ամանտա Օուէն՝ իր ինն երեխաներուն հետ:
Անոնք հանրածանօթ են, քանի որ անոնք ապշեցուցիչ բացառութիւններ են:
Բեղմնաւորութեան տարօրինակութիւնը այն է, որ այդ ամենէն բարձրն է աղքատ երկիրներու մէջ, սակայն բարգաւաճ երկիրներու մէջ մարդիկ կը նշեն բարձր ծախսերը՝ որպէս երեխաներ սահմանափակելու կամ չունենալու հիմնական պատճառներէն մէկը:
Կարգ մը պետութիւններ փորձած են մեղմել խնդիրը՝ հովանաւորելով երեխաներու խնամքը, առաջարկելով երկարաձգուած ծնողական արձակուրդ եւ տարբեր հարկային արտօնութիւններ ընտանիքներու համար:
Բայց եւ այնպէս, թէեւ կան նշաններ, որ նման միջոցները կրնան փոքր ազդեցութիւն ունենալ, սակայն անոնք այնպիսին չեն, որոնք կը փոխեն ընթացիկ միտումները:
Այս խնդրին դիւրին պատասխաններ չկան եւ նոյնիսկ հարցերը բարդ են:
Բայց հանրային բանավէճ մը կը պահանջուի, քանի որ բնակչութեան նուազումին (կամ իսկապէս աճի) հետեւանքները չափազանց մեծ են, որպէսզի պատահականութեան ձգուին:
Բրիտանական կառավարութիւնը իրաւացի է, ան կը խուսափի քաղաքացիներուն իրենց սերունդի ընտրութեան վերաբերեալ խորհուրդ տալէ:
Բայց պէտք է հասկնալի ըլլայ, թէ ի՛նչ հետեւանքներ կը սպասուին յաջորդ սերունդներուն:
ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
«Ազդակ», Լիբանան