ԱՊՇԵՑՈՒՑԻՉ ԴԱՏ ՄԸ
Ծերուկ մետաքսավաճառ մը արժէքաւոր ապրանքներով կը ճամբորդէր։ Նպատակն էր վաճառել իր մետաքսները։ Ճամբորդութեան ընթացքին մութը վրայ հասաւ, երեկոյեան ժամերուն։ Ճամբուն վրայ ո՛չ գիւղ, ո՛չ պանդոկ կար։
Շուարած իր շուրջը կը նայէր խեղճ վաճառականը, երբ ճամբուն եզերքը տեսաւ մեծահարուստի մը գերեզմաննոցը։ Գերեզմաննոցի աջ եւ ձախ կողմերը արձաններ նկատեց՝ որոնք նախարարներ կամ գիտուններ կը ներկայացնէին։ Իսկ անոնց անմիջապէս քովը՝ երկու նժոյգ՝ արաբական ընտիր ձի էին կանգնած։ Ապահով զգաց ծերունի վաճառականը, եւ որոշեց հոն գիշերել։
Ուստի, վաճառականը իր բոլոր մետաքսի ծրարները իրար կապեց եւ գլխուն տակ դրաւ։ Օրուան երկար ճամբորդութեան պատճառով եւ տաք օդէն բաւական յոգնատանջ, ծերուկը՝ ուժասպառ, անմիջապէս քնացաւ։
Եւ երբ ան արթնցաւ առաւօտուն, գլխուն տակ դրած մետաքսի ծրարը հոն չէ՛ր, անոր փոխարէն մեծածաւալ ու անտաշ քարի կտոր մը կար։
Խե՜ղճ վաճառականը, սարսափահար ու խուճապի մատնուած՝ ոտքի կանգնեցաւ, իր տարիներու աշխատանքի պտուղները, որոնք իր եւ ընտանիքին ապրուստը եւ կռթնելիք ուժն էին՝ զորս մէկը խլեր ու առեւանգեր էր։
Խե՜ղճ ծերունին անմիջապէս, տեղնուտեղը փութաց դատաւորին, եւ անոր պատմեց իր դժբախտութեան մասին։
Դատաւորը յայտնի էր իր արդարութեամբ՝ աղքատներու եւ հալածուածներու նկատմամբ, իսկ չարագործներու հանդէպ անողոք էր ան։ Այդ պատճառով ժողովուրդը կը սիրէր զայն եւ կը փառաբանէր։ Դատաւորը՝ լսելով ծերունի վաճառականին, հարցուց, թէ՝ խնդրոյ առարկայ գերեզմաննոցի մօտակայքը տեսա՞ծ է ոեւէ մէկը։ «Ո՛չ մէկը տեսայ», կը պատասխանէ վաճառականը։ Եւ կը շարունակէ. «Ո՛չ մէկը տեսայ, բացի երկու մեծ քարարձաններէ՝ որ կանգնած էին գերեզմանաբլուրին երկու կողմերը»։ «Ուրեմն ո՛չ մէկ կենդանի էա՞կ», դարձեալ կը հարցէ դատաւորը։ Ծերուկ վաճառականը կը պատասխանէ. «Ո՛չ, իրապէս ոչ մէկը տեսայ այնտեղ»։
«Ապա ուրեմն, ստիպուած ենք այստեղ բերել այդ երկու քարարձանները», ըսաւ դատաւորը, եւ որոշեց բերել տալ զանոնք. «թող անոնք վկա՛յ ըլլան»։
Դատաւորին այդ որոշումով, բոլոր ներկաները եւ անշո՛ւշտ ծերունի վաճառականը շա՜տ զարմացած էին, թէ՝ ինչո՞ւ քարուքանդ ընել ու աւերել գերեզմաննոցը եւ բերել մունջ քարարձանները։
Բայց դատաւորը պի՛նդ կը մնար իր որոշումին մէջ։
Վճռական էր դատաւորը իր որոշումին նկատմամբ։
«Դատարանը եւ արդարութիւնը կը պահանջեն ասիկա», ըսաւ դատաւորը, եւ շարունակեց հանգամանօրէն եւ տիրաբար. «Գողութիւնը մեծ յանցանք մըն է՝ մեծ չարագործութիւն է, այն զզուելի է նոյնիսկ անկենդան ու անբառ էակներու համար»։
Ներկաները հետաքրքիր էին՝ թէ ի՛նչ պիտի ըլլայ հետեւանքը այս շահեկան դատավարութեան։ Եւ բոլորն ալ կ՚ուզէին ներկայ գտնուիլ այդ շահեկան ու զարմանալի դատավարութեան ու դատին։
Դատաւորը նախապէս անոնց թոյլ չտուաւ, որ մասնակցին եւ ներկայ գտնուին դատավարութեան։
Այսու ամենայնիւ, դատաւորը ի վերջոյ համաձայնեցաւ ու հաւանեցաւ, որպէսզի տեղաբնակներէն երեսուն հոգի ներկայ գտնուին այդ դատաքննութեան։
Եւ զարմանալի, հետաքրքրական դատը սկսա՛ւ։
Դատավարութիւնը նախապէս սկսաւ դատական ու օրինական գիրքերէ հատուածներ կարդալով։
Աւելի յետոյ կարդացուեցաւ մի քանի պարբերութիւն տեղային-շրջանային օրինագիրքէն։
Այս ընթերցումներէն ետք, դատաւորը բարձր, հեղինակաւոր եւ հանդիսաւոր ձայնով մը հարցուց քարարձանին՝ որ բերուած էր գերեզմաննոցէն դատարանի դահլիճ։ Դատաւորին հարցումը յստակ էր. «Դո՞ւն գողցար մետաքսի ծրարը»։
Եւ քարարձանը կը լռէ՜ր։
Հապա ի՜նչ կը սպասուէր…։
«Քանի որ քարարձանը չ՚ուզեր խօսիլ, ուրեմն գաւազանով, կամ մտրակով մը վաթսուն անգամ հարուածեցէ՛ք զայն», ըսաւ դատաւորը։ Դատարանի ծառայողները առին իրենց ծանր կաղնեփայտերը եւ սկսան հարուածել ու ծեծել քարը։
Մինչ ներկայ գտնուողներ չկարողացան զսպել իրենց ծիծաղը։ Տեսնելով այդ երեւոյթը՝ դատաւորը յանկարծ, անակնկալ կերպով սաստիկ զայրացաւ։
«Երբ ես իմ որոշումները կ՚իրագործեմ, ո՛չ մէկը ծիծաղելու իրաւունք ունի», բացագանչեց դատաւորը, եւ շարունակեց. «ատոր համար դուք բոլորդ պիտի պատժուիք»։ Դատաւորը դատապարտեց ներկաները՝ որոնք կը ծիծաղէին իր որոշումին իրագործութեան կերպին։
Եւ, սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներ, պատմուածքը հոս կը վերջանայ, եւ անշուշտ կարելի չ՚ըլլար, թէ դատաւորը ի՛նչ վճիռ արձակեց, դատաւորը՝ մո՛ւթ կը թողու այդ կէտը բոլորիս։ Աւելի ճիշդ՝ պատմուածքը այդ մասը կը թողու մեզի՝ ընթերցողներուս։ Արդէն «Ապշեցուցիչ դատ մը» վերնագիրը ցոյց կու տայ մեզի այս անակնկալ վերջաւորութիւնը։ Կիսաւարտ, անորոշ պարագայ մը ահաւասիկ, որ ընդհանրապէս կը դիմաւորուինք կեանքի ընթացքին, զանազան ձեւերով կամ դէպքերով։
Պատմուածքի մը մէջ բնական է այս, քանի որ անոնք «մտացածին», այսինքն՝ միտքէ, երեւակայութենէ ծնած՝ ինքնահնար երեւոյթներ են, եւ կը յենուն մտածումի, խորհուրդի եւ երեւակայութեան վրայ։ Բայց ամէն պատմուածք, ամէն մտացածին դէպք, որ կը ներկայացուի, ի վերջոյ մարդկային մտքի մէկ արտադրութիւնն է եւ կերպով մը իրական կեանքի հետ կապ մը ունի։ Եւ ամէն մտացածին ներկայացում, դիտողը, ընթերցողը կամ ունկնդրողը կ՚առաջնորդէ խորհելու, մտածելու այդ մասին, եւ առիթ կու տայ, որ ամէն մէկը իր գաղափարը, մտածումը աւելցնէ անոր վրայ։
Ամէն մարդու իրաւունքն է՝ արդար ու ազատ կա՛մքն է երեւակայել, միտքը գործածել, եւ նոր գաղափարներ յղանալ, միտք հնարել, անշուշտ որոշ սահմաններու մէջ՝ որոնք պիտի համաձայնին բնականոն կեանքին։
Ուրեմն իմ շա՜տ սիրելի ընթերցող բարեկամներ, խնդրեմ, անգամ մը փորձեցէք, ջանացէք ամբողջացնել պատմուածքը ձեր թանկագին մտածումներով՝ որմէ կը ծնի բարձր գաղափարներ։ Կարդալը որքան կարեւոր է՝ նո՛յնքան անհրաժեշտ է խորհիլ եւ խորհրդածել՝ գաղափար յղանալ…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Օգոստոս 22, 2015, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/23/2024