ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ «ՄԱՐԱԼ»Ի ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Էսաեան սանուց միութեան վարչութեան ատենապետուհի Մարիամ Տրամէրեանն ու յարակից «Մարալ» երգի-պարի համոյթի գեղարուեստական ղեկավար Կարպիս Չափքանն ու գլխաւոր պարուսոյց Իրիս Չափքանը։

Նկատի ունենալով, որ յառաջիկայ տարեմուտին համոյթի ելոյթը նախատեսուած է՝ հիւրերը երէկուան հանդիպման ընթացքին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր տեղեկութիւններ փոխանցեցին կազմակերպչական աշխատանքներուն շուրջ։ Անոնք Նորին Ամենապատուութեան ներկայացուցին նաեւ՝ ձեռնարկին ընդառաջ պատրաստուած որմնազդը։

Իր կարգին, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ուրախութիւն յայտնեց, որ նախապատրաստական աշխատանքները կ՚ընթանան դրական հունի մէջ։ Ան յղեց յաջողութեան մաղթանքներ կազմակերպչական աշխատանքներուն համար ու մաղթեց, որ մօտալուտ ձեռնարկը պսակուի յաջողութեամբ։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 12, 2024