ՆԱԽԱԳԱՀ ԷՐՏՈՂԱՆԻ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐՈՒԹԵԱՄԲ ԱՆԳԱՐԱՅԻ ՄԷՋ ՀԱՒԱՔՈՅԹ՝ ՄԱՐԴՈՒ ԻՐԱՒԱՆՑ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ՕՐՈՒԱՆ ԱՌԹԻՒ
Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան երէկ մայրաքաղաք Անգարայի մէջ մասնակցեցաւ հաւաքոյթի մը, որ ձօնուած էր Մարդու իրաւանց համաշխարհային օրուան։ ԱՔ կուսակցութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած էր այս ձեռնարկը՝ հովանաւորութեամբ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի։ Կուսակցութեան կեդրոնատեղիին մէջ տեղի ունեցաւ՝ «Եղբայրութեան երեսը» խորագրեալ հաւաքոյթը, որուն հրաւիրուած էին նաեւ Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնութեանց հաւաքականութիւններու հոգեւոր առաջնորդները։ ԱՔ կուսակցութեան Մարդու իրաւանց բաժանմունքին կողմէ կազմակերպուած էր հաւաքոյթը, որ համախմբեց
հոծ թիւով ներկաներ։ Փոխ-կուսակցապետ ու մարդու իրաւանց բաժանմունքի պատասխանատու փրոֆ. Հասան Պասրի Եալչըն ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ հաւաքոյթի սկիզբին, երբ ցուցադրուեցան նաեւ երկու տեսերիզներ, որոնք կը ցոլացնէին երկրէն ներս մարդու իրաւանց պաշտպանութեան բնագառի պարագային արձանագրուած զարգացումները։
Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանն ալ ելոյթին մէջ կանգ առաւ աշխարհի զանազան դէպքերուն վրայ, որոնց պարագային մարդու իրաւանց խախտումներ խնդրոյ առարկայ են։ Էրտողան այս փուլին բարեմաղթութիւններ ըրաւ նաեւ Սուրիոյ համար ու մաղթեց, որ ժամ առաջ խաղաղութիւն ու եղբայրութիւն հաստատուի հարեւան երկրի սահմաններէն ներս ու նոր իշխանութիւնը միացնէ երկրի բոլոր տարրերը։
Անգարայի այս հաւաքոյթին մասնակցեցաւ նաեւ Կաթողիկէ հայոց արքեպիսկոպոսարանի պատրիարքական կառավարիչ Հ. Վարդան Ծայրագոյն Վարդապետ Գազանճեան։
Թրքահայ կեանք
- 12/12/2024