ՈՒԽՏԱՒՈՐՆԵՐՈՒ ՀՈՍՔ
Սեպտեմբերի 27-ին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունենալիք Միւռոնօրհնութեան ընդառաջ Հայաստանի հաւատացեալները կ՚ապրին հոգեւոր յուզումի շրջան մը։ Այս մթնոլորտին մէջ, վերջին օրերուն ապրուեցաւ յատկանշական իրադարձութիւն մը։ Ս. Մարիամ Աստուածածնի ծննդեան տօնին օրը՝ Սեպտեմբերի 8-ին, 1915-ի նահատակներուն սրբապատկերը առաջին անգամ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն տեղափոխուեցաւ Երեւանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր եկեղեցին։ Հաւատացեալները այս առթիւ զոհուած հայորդիներուն համար կ՚աղօթեն եւ իրենց խոնարհումը կը բերեն անոնց յիշատակին առջեւ։
Սուրբ Էջմիածնի Մայրավանքէն սրբապատկերը Երեւանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարը տարուեցաւ հանդիսաւոր արարողութիւնով մը։ Զանգակներու զուարթ ղօղանջին ներքեւ, սրբանկարը թափօրով տարուեցաւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր եկեղեցին ու զետեղուեցաւ անոր աւագ խորանին վրայ։ Արարողութեան հանդիսապետեց Տ. Անուշաւան Եպսկ. Ժամկոչեան, որ խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։ Ներկայ էր նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի լուսարարապետ Տ. Յովնան Եպսկ. Յակոբեան։
Արարողութեան ընթացքին Տ. Յակոբ Քհնյ. Խաչատրեան լրագրողներու հետ ունեցաւ զրոյց մը ու տեղեկացուց, թէ սրբանկարը Երեւանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ պիտի մնայ ամիս մը։ Ան զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներու ուշադրութեան յանձնեց, թէ աւելի վերջ սրբանկարը պիտի տեղափոխուի Արարատեան Հայրապետական Թեմի Ս. Սարգիս առաջնորդանիստ եկեղեցին։ Աւելի վերջ Հայաստանի այլ թեմերն ալ պիտի տարուի սրբանկարը։
Հարկ է նշել, որ այս սրբանկարը օծուած էր 23 Ապրիլ 2015 թուականին, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցած՝ Հայոց եղեռնի զոհերու սրբադասման ընթացքին։
Եկեղեցական
- 11/25/2024
- 11/25/2024