Մտո­րում­ներ՝ Դպրո­ցա­կան Վե­րա­մու­տի Առ­թիւ

Ի­րո­ղու­թիւն է, որ ու­սում, կրթու­թիւն եւ կամ գի­տու­թիւն ստա­նա­լը է՛ եւ կը մնայ մեր կեան­քը ի­մաս­տա­ւո­րող գլխա­ւոր բա­ղադ­րիչ­նե­րէն կա­րե­ւո­րա­գոյ­նը: Ուս­տի, ի՛նչ ալ ըլ­լան իբ­րեւ գլխա­ւոր բա­ղադ­րիչ մեր կեան­քը հու­նա­ւո­րող միւս ար­ժէք­նե­րը, որ­քան որ ա­նոնք բար­դա­նան, ար­դիա­կա­նա­նան եւ այժ­մէա­կա­նա­նան. վե­րեւ նշուած­նե­րը էա­կան են եւ կը մնան մեր բո­լո­րի կեան­քի ու­շադ­րու­թեան կի­զա­կէ­տե­րը:

Ին­չո՞ւ  սա­կայն նման մտած­ման ար­ծար­ծում մը՝ իբ­րեւ նա­խա­բան: Շա՛տ պարզ է եւ յստակ,  ո­րով­հե­տեւ ու­սում­նա­կան նոր տա­րեշր­ջա­նի մը սկիզ­բին է, որ կը գտնուինք՝ հայ­րե­նիք եւ սփիւռք հա­ւա­սա­րա­պէս:

Այլ խօս­քով, դպրո­ցա­կան վե­րա­մուտ է ա­մէն տեղ եւ ա­մէն երկն­քի տակ:

Այս­պէս, ամ­րան համ­րուած ա­միս­նե­րու վրայ եր­կա­րող ար­ձա­կուր­դէն ետք, բո­լոր վար­ժա­րան­նե­րը Օ­գոս­տո­սի կի­սուն եւ կամ Սեպ­տեմ­բե­րի սկիզ­բին կրկին ան­գամ կը բա­նան ի­րենց դռնե­րը՝ հին ու նոր ա­շա­կերտ­նե­րու դի­մաց: Ու ծնողք, ա­շա­կերտ, ու­սու­ցիչ ինք­նա­բե­րա­բար մուտք կը գոր­ծեն տար­բեր տա­րեշր­ջա­նի մը հու­նին մէջ:

Ը­սի, չէ՞, վե­րա­մուտ է. ար­դէն յայտ­նի է, զայն կը տես­նենք, կը զգանք՝ ըլ­լանք ա­շա­կերտ, ու­սա­նող կամ ալ ծնողք: Խոր­քին մէջ դպրո­ցա­կան նոր շրջան մը, նոր ա­ռիթ մը, նոր պա­տե­հու­թիւն մըն ալ կը հրամց­նէ մեզ­մէ իւ­րա­քան­չիւ­րին:

Ու այս նոր ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նը ինք­նա­բե­րա­բար իր մէջ կը մարմ­նա­ւո­րէ նաեւ զա­նա­զան ու բազ­մա­զան տար­բեր հո­գեր, մտա­հո­գու­թիւն­ներ եւ ի­րա­վի­ճակ­ներ:

Ու մեր ապ­րած երկ­րին մէջ դպրո­ցա­կան վե­րա­մուտ է ոչ միայն պե­տա­կան, այ­լեւ հայ­կա­կան ա­մէ­նօ­րեայ կամ միօ­րեայ վար­ժա­րան­նե­րու հա­մար ալ:

Հաս­տատ ի­րո­ղու­թիւն է, որ հայ վար­ժա­րա­նը հայ ա­շա­կեր­տին երկ­րորդ տունն է, ուր ան հոն ո՛չ միայն մայ­րե­նին կը սոր­վի, այ­լեւ գի­տու­թիւն ամ­բա­րե­լու կող­քին, նաեւ կը ծա­նօ­թա­նայ մեր լե­զուին ու զայն ստեղ­ծող ժո­ղո­վուր­դի գաղտ­նիք­նե­րուն, մշա­կոյ­թին՝ դա­րա­ւոր պատ­մու­թեան ծալ­քե­րուն հետ միա­տեղ, ու ան­կաս­կած նաեւ կը ներշն­չուի ա­նոնց­մով ու, վեր­ջա­պէս, կը ջեր­մաց­նէ եւ ջերմ կը պա­հէ իր հա­յու հո­գին:

Ու պա­տիւ ի­րենց, մեր ծնող­ներն ալ գե­րա­գոյն զո­հո­ղու­թեամբ, մեկ­նե­լով մեր ազ­գին ա­պա­գա­յին նկատ­մամբ ու­նե­ցած ու որ­դեգ­րած ի­րենց բծախնդ­րու­թե­նէն, հա­ւատ­քէն եւ ե­րախ­տան­քէն՝ ի­րենց զա­ւակ­նե­րը կ՚ա­ռաջ­նոր­դեն հայ­կա­կան միօ­րեայ կամ ա­մէ­նօ­րեայ վար­ժա­րան­ներ:

Նո­րու­թիւն մը ը­սած պի­տի չըլ­լամ, երբ այս բո­լո­րին կող­քին ա­ւելց­նեմ նաեւ, թէ ներ­կա­յիս ազ­գո­վին կ՚ապ­րինք խառն ժա­մա­նակ­նե­րու մէջ, ո­րուն զա­նա­զան անդ­րա­դարձ­նե­րէն ան­մասն չենք կրնար մնալ բո­լորս ալ:

Ու մենք մե­զի վայր­կեա­նի մը հա­մար ե­թէ փոր­ձենք մտա­ծել, թէ հա­մաշ­խար­հայ­նաց­ման այս շրջա­նին մէջ իբ­րեւ սփիւռ­քա­հա­յեր կամ իբ­րեւ տա­րաս­փիւռ հա­յու­թեան մէկ կո­տո­րա­կը կամ նոյ­նիսկ իբ­րեւ պարզ հայ ան­հատ ինչ­պէ՞ս եւ մին­չեւ ե՞րբ ա­ռանց հայ դպրո­ցի պի­տի կա­րե­նանք մեր ազ­գա­յին եւ մշա­կու­թա­յին դա­րա­ւոր ինք­նու­թիւ­նը պա­հել ու պահ­պա­նել օ­տար եր­դիք­նե­րու տակ: Այլ խօս­քով, ի՞նչ պի­տի ըլ­լա­յինք ա­ռանց հայ դպրո­ցին, ո՞ւր պի­տի հաս­նէինք:

Կաս­կած չկայ, որ հա­յու ինք­նու­թիւ­նը կը սկսի հայ վար­ժա­րան­նե­րէն: Այս մէ­կը հա­զա­րա­ւոր ան­գամ­ներ շեշ­տած ենք: Միշտ շե­փո­րած ենք էա­կա­նու­թիւնն ու անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը հայ վար­ժա­րա­նին՝ մեր կեան­քին մէջ: Հա­ւա­տա­ցած ենք, որ մեր գո­յա­տեւ­ման մե­ծա­գոյն կռուան­նե­րէն մէկն է հայ դպրո­ցը իր պարզ կամ շքեղ ար­տա­քի­նով եւ սա­կայն՝ իր անկրկ­նե­լի խոր­քով եւ ներշն­չու­մով:

Ու այս օ­րե­րուն, վե­րա­մու­տի այս պա­հե­րուն, հայ մեր նոր սե­րուն­դի երկ­սեռ ներ-­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու հայ­կա­կան տաք ու ներշն­չող պա­տե­րէն ներս ի­րենց հոծ ներ­կայու­թիւ­նը բո­լո­րիս հա­մար հպար­տու­թեան կող­քին, սրտի գո­հու­նա­կու­թիւն եւ մեծ ու­րա­խու­թիւն ալ կը պատ­ճա­ռեն:

Միւս կող­մէ, սա­կայն, տխուր ի­րա­կա­նու­թիւն է տես­նել բազ­մա­հա­զար հայ երկ­սեռ նոր սե­րուն­դի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, այլ խօս­քով՝ հայ ա­շա­կերտ-ա­շա­կեր­տու­հի­ներ, ո­րոնք կա­մայ թէ ա­կա­մայ զրկուած են հայ­կա­կան վար­ժա­րան­նե­րու մէջ ա­շա­կեր­տե­լու շուն­չէն, հա­րա­զատ գուր­գու­րան­քէն, ու այս­պէս, օ­տար վար­ժա­րան­նե­րու մէջ ի­րենց ներ­կա­յու­թիւ­նը կը խար­խա­փեն:

Տա­կա­ւին, գա­ղութ­ներ կան, ո­րոնք բո­լո­րին զուրկ են հայ­կա­կան մեր կրթա­կան եւ մշա­կու­թա­յին կեան­քէն:

Ա­հա մեր ներ­կայ ժա­մա­նակ­նե­րու գե­րա­գոյն եր­կու ի­րա­կա­նու­թիւն­նե­րը: Կը տես­նենք, կը ցա­ւինք: Նաեւ կը յու­սանք:

Յստա­կօ­րէն ը­սեմ, որ ին­ծի հա­մար էա­կան է եւ ա­ռաջ­նա­հերթ, որ օ­տար եւ կամ ա­ւե­լի ճիշդ՝ ոչ հայ վար­ժա­րան յա­ճա­խող հայ տղան կամ հայ աղ­ջի­կը չու­նե­նայ այն տպա­ւո­րու­թիւ­նը, որ իր յա­ճա­խած օ­տար վար­ժա­րա­նը զինք կրնայ հե­ռաց­նել մեզ­մէ, մեր մի­ջա­վայ­րէն, մեր կեան­քէն:

Ուս­տի պէտք չէ, որ զի­րենք ան­տէր ձգենք: Մեր լե­զուն, մեր պատ­մու­թիւ­նը, մեր ինք­նու­թիւ­նը եւ ո­գին պատ­շա­ճօ­րէն եւ զա­նա­զան ձե­ւե­րով, ա­ռանց բար­դոյ­թի ի­րենց ալ փո­խան­ցենք: Ներգ­րա­ւենք զի­րենք: Նոր եւ հաս­կա­նա­լի ու ար­դիա­կան մի­ջոց­ներ ո­րո­նենք, որ­պէս­զի կա­րե­նանք պար­տու­թեան մատ­նել ա­նոնց ա­կա­մայ ձու­լու­մը:

Ա­հա եր­կար տա­րի­նե­րու վրայ «շնչող» մար­տահ­րա­ւէր մը, որ մին­չեւ օրս չենք կրցած յաղ­թա­հա­րել: Տա­կա­ւին, ա­ռաջ­նա­կարգ ու ա­ռաջ­նա­հերթ ալ է: Տա­կա­ւին, Հայ դատ ալ է եւ կամ ալ՝ ա­նոր մէկ ան­բա­ժան մաս­նի­կը:

Ա­սոր կող­քին, չմոռ­նանք սա­կայն, որ հայ վար­ժա­րա­նը, պա­տիւ ի­րեն, կը շա­րու­նա­կէ՛ ու­նե­նալ զինք քա­ջա­լե­րող ու իր ա­ռա­քե­լու­թեան հա­ւա­տա­ցող ու նե­ցուկ կանգ­նող ազ­գա­նուէր հա­յոր­դի­ներ, ո­րոնք ի­րենց նիւ­թա­բա­րո­յա­կան օ­ժան­դա­կու­թիւն­նե­րով կան­գուն ու բար­գա­ւաճ կը պա­հեն սփիւռ­քեան մեր այս մաշ­տո­ցա­կերտ ամ­րոց­նե­րը:

Եւ այս առ­թիւ իմ բա­րի մաղ­թանքս է, որ վե­րա­մու­տեան վե­րա­նո­րոգ այս խան­դա­վա­ռու­թիւ­նը սահ­մա­նա­փա­կում չու­նե­նայ ու փո­խա­դարձ վստա­հու­թեամբ, ան­կեղծ յա­րա­բե­րու­թեամբ, դրա­կան երկ­խօ­սու­թեամբ ու հա­մա­գործ ո­գիով շա­րու­նա­կուի հայ դպրո­ցին շուրջ ստեղ­ծուած ինք­նա­տիպ ու ա­ռողջ մթնո­լորտն ու գի­տա­կից մօ­տե­ցումն ու զայն բար­գա­ւաճ պա­հող շրջա­նա­կը՝ յա­նուն մեր փայ­լուն վա­ղուան յոյ­սե­րու ի­րա­կա­նաց­ման:

Միւս կող­մէ՝ ի­րենց երկ­րորդ տու­նը վե­րա­դար­ձող մեր բո­լոր ա­շա­կերտ­նե­րուն՝ ի սրտէ բա­րի վե­րա­մուտ:

ԳԷՈՐԳ ՊԵ­ՏԻ­ԿԵԱՆ

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 14, 2015