ԲԱՐԵԿԱՄԻՆ ԱՊՏԱԿԸ

Ժո­ղովր­դա­կան յայտ­նի ա­ռա­ծը կ՚ը­սէ. «Ա­ւե­լի լա՛ւ է թշնա­միին ապ­տա­կը, քան կեղծ բա­րե­կա­մին ժպի­տը»։ Չեմ գի­տեր, կեան­քի մէջ ո՛ր­քան գոր­ծա­ծա­կան եւ ի­րա­կան է այս դի­տա­ւո­րու­թիւ­նը, բայց սա ստոյգ է, որ ա­մէն մար­դու կեղ­ծը եւ կեղ­ծա­ւո­րու­թիւ­նը վտան­գա­ւոր է եւ վնա­սա­րա՛ր։

Թշնա­միին ան­կեղծ ապ­տա­կը նա­խա­մե­ծար սե­պող այդ մտա­ծե­լա­կեր­պը պահ մը թո­ղունք եւ մենք մե­զի հարց­նենք, թէ՝ ի՞նչ ազ­դե­ցու­թիւն կը գոր­ծէ բա­րե­կա­մի մը ապ­տա­կը։ Ան­շուշտ այս պա­րա­գա­յին ալ ան­կեղ­ծու­թիւ­նը կա­րե­ւոր դեր կը խա­ղայ։ Ե­թէ բա­րե­կա­մը ան­կեղծ է, ա­պա ու­րեմն ա­նոր ապ­տակն ալ բա­նա­ւոր է եւ ան­կեղծ, եւ ու­րեմն ըն­դու­նե­լի։ Նոյ­նիսկ օգ­տա­կար է ան­կեղծ բա­րե­կա­մի մը ապ­տա­կը, որ կը զգու­շաց­նէ մեզ շատ մը չա­րիք­նե­րու դէմ։ Ան­կեղծ բա­րե­կա­մին ապ­տակն ալ ան­կե՛ղծ կ՚ըլ­լայ։ Ե­րա­նի՜ այդ­պի­սի բա­րե­կամ­նե­րուն…։

Բայց ե­թէ բա­րե­կա­մը ան­կեղծ չէ, կար­ծե­ցեալ «բա­րե­կամ» է, ա­նոր ապ­տակն ալ կեղծ է եւ վնա­սա­րար։ Զգո՜յշ՝ այդ­պի­սի կե՛ղծ բա­րե­կամ­նե­րու մա­սին…։

Կը պատ­մուի, թէ եր­կու բա­րե­կամ կը վի­ճին եւ վէ­ճը կը հրահ­րի հետզ­հե­տէ։ Վէ­ճը կը հաս­նի այն­պի­սի աս­տի­ճա­նի մը՝ որ բա­րե­կամ­նե­րէն մէ­կը կ՚ապ­տա­կէ միւ­սը։ Կեան­քի մէջ պա­տա­հա­կան է նման ա­րարք­ներ։

Ապ­տա­կուած բա­րե­կա­մը ո­րե­ւէ հա­կազ­դե­ցու­թիւն ցոյց չի տար, ցաւ կը զգայ ան­շուշտ, բայց ո՛­չինչ կ՚ը­սէ ապ­տա­կող բա­րե­կա­մին։ Սրտա­բեկ կ՚եր­թայ մօ­տը գտնուող պա­տի մը վրայ սա խօս­քե­րը կը գրէ. «Այ­սօր իմ ա­մե­նա­լաւ, սրտա­կից բա­րե­կամս զիս ապ­տա­կեց»։

­Յե­տոյ կու գայ իր բա­րե­կա­մին մօտ եւ միա­սին կը շա­րու­նա­կեն ի­րենց ճամ­բան։ Ճամ­բու ըն­թաց­քին կը տես­նեն լիճ մը եւ կ՚ո­րո­շեն լո­ղալ լի­ճին մէջ։

Լո­ղա­լու ա­տեն՝ ապ­տա­կուած բա­րե­կա­մը խեղ­դուե­լու վտանգ կ՚ան­ցը­նէ եւ ապ­տա­կո­ղը կը փրկէ զայն խեղ­դուե­լէ։ Երբ կը փրկը-ւի խեղ­դուե­լէ, ապ­տա­կուած բա­րե­կա­մը, լի­ճին ե­զեր­քը՝ քա­րե­րուն վրայ սա խօս­քե­րը կը գրէ. «Այ­սօր իմ ա­մե­նա­լաւ, սրտա­կից բա­րե­կամս իմ կեան­քը փրկեց»։­

Ա­պա ապ­տա­կող եւ խեղ­դուե­լէ փրկող բա­րե­կա­մը, նա­խա­պէս ապ­տա­կած բա­րե­կա­մին կը հարց­նէ. «Երբ քեզ ապ­տա­կե­ցի, դուն պա­տի վրայ գրե­ցիր, իսկ երբ փրկուե­ցար՝ հի­մա քա­րի՛ վրայ։ Ին­չո՞ւ։»

Բա­րե­կա­մը կը պա­տաս­խա­նէ. «Երբ մէ­կը մեզ կը նե­ղաց­նէ, վշտաց­նէ՝ ա­տի­կա պա­տի վրայ պէտք է գրենք, որ­պէս­զի օր մը երբ փլչի եւ քա­րու­քանդ գայ պա­տը, կա­րե­լի ըլ­լայ ջնջնել այդ խօս­քը եւ պա­տա­հա­ծը։ Իսկ երբ մե­զի բա­րիք ը­նող մը, օգ­տա­կա­րու­թիւն մը մա­տու­ցող ըլ­լայ՝ պէտք է քա­րի վրայ գրել զայն՝ որ­պէս­զի ո՛չ մէկ բան կա­րե­նայ ջնջել զայն»։­

Երբ յա­ճախ «բա­րե­կամ» կ՚ա­նուա­նենք մեր շուր­ջին­նե­րը՝ ու­շա­դիր եւ զգո՛յշ ըլ­լանք, թէ ա­նոնք ի­րա­պէս ար­ժա­նի՞ են «բա­րե­կամ» ա­նուա­նուե­լու, թէ պար­զա­պէս «կար­ծե­ցեալ-կե՛ղծ բա­րե­կամ­ներ» են…։

«Ո՞վ է ճշմա­րիտ բա­րե­կամս»։

­Հա­ւա­նա­բար, ա­սի­կա աշ­խար­հի վրայ՝ մարդ­կու­թեան ա­մե­նէն դժուար լու­ծե­լի հար­ցում­նե­րէն մի՛ն է։

Մարդ իր «բա­րե­կամ» կար­ծա­ծին նկատ­մամբ միշտ կրնայ յու­սա­խաբ ըլ­լալ, եւ քի­չեր, քիչ թի­ւով ե­րա­նե­լի­ներ են որ բախ­տը ու­նե­ցած են ու­նե­նա­լու ճշմա­րիտ բա­րե­կամ մը՝ ան­կեղծ ու սրտա­կի՛ց անձ մը։

Շա­տեր կրնան յո­ռե­տե­սու­թիւն տես­նել այս տո­ղե­րուն մէջ, կա­րե­լի է, բայց երբ դի­տենք կեան­քը՝ ա­նոր փոր­ձա­ռու­թիւ­նը մե­զի ցոյց կու տայ՝ թէ ա­սի­կա ո՛չ թէ յո­ռե­տե­սու­թիւն, այլ ի­րա­տե­սու­թիւն է։

Ե­թէ «բա­րե­կամ»ին ի­մաս­տը նա­խա­պէս սեղմ էր ան­ցեա­լին, այ­սօր ըն­դար­ձակ է քա­ղա­քակր­թու­թեան, յա­ռաջ­դի­մու­թեան, եր­թե­ւե­կու­թեան, հա­ղոր­դակ­ցու­թեան մի­ջոց­նե­րու բազ­մու­թեան եւ մա­նա­ւանդ ա­րա­գու­թեան շնոր­հիւ։ Մարդ­կա­յին փոխ­յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու բնոյ­թը եւ տե­սա­կը փո­խուած՝ ան­ցեա­լի նկատ­մամբ բո­լո­րո­վին տար­բեր հան­գա­մանք ստա­ցած է այ­սօր։ Այ­սու­հան­դերձ ո՛չ մէկ հո­գե­բա­նա­կան կամ ըն­կե­րա­բա­նա­կան տե­սու­թիւն կրցած է յստակ կեր­պով բա­ցա­յայ­տել բա­րե­կա­մու­թեան սահ­մա­նը եւ ստոյգ ի­մաստ մը տալ ա­նոր։ Ո՞վ է «բա­րե­կամ»ը ու­րեմն…։

Ա­ւե­տա­րա­նի «Բա­րի Սա­մա­րա­ցի»ի ա­ռա­կը գե­ղեց­կօ­րէն կը բա­ցատ­րէ, թէ՝ ո՛վ է ճշմա­րիտ բա­րե­կա­մը։

Նախ ա­ռա­կէն սա կ՚եզ­րա­կաց­նենք. բա­րե­կամ ըլ­լա­լու հա­մար նա­խա­պէս ծա­նօ­թա­ցած ըլ­լալ պայ­ման չէ, այլ բո­լո­րո­վին օ­տար մէկն ալ, իր պա­տա­հա­կան բա­րի ու ան­կեղծ ա­րար­քով կրնայ «բա­րե­կամ» ա­նուա­նուիլ։ Ար­դէն ա­մե­նէն ցա­ւա­լին՝ ծա­նօթ­նե­րու բազ­մու­թեան մէջ բա­րե­կամ մը իսկ չու­նե­նալն չէ՞։ Փաու­լօ Գուէ­լեօ կ՚ը­սէ, թէ՝ թշնա­մին դէ­մը դա­շոյ­նով կանգ­նա­ծը չէ՛, այլ, ան՝ որ բա­րե­կա­մի ե­րե­ւոյ­թով՝ դա­շոյ­նը ե­տին՝ գաղտ­նօ­րէն մօ­տե­ցողն է։ Սի­րե­լի­նե՜ր, ո՞րն է վտան­գա­ւո­րը՝ դա­շոյ­նը ցոյց տուո՞­ղը, թէ՝ ծած­կո­ղը։ Գա՞յ­լը ա­ւե­լի վտան­գա­ւոր է, քան գառ­նու­կի ե­րե­ւոյ­թով գա­զա­նը։

Յայտ­նի ա­մէն վտան­գի դէմ մարդ կրնայ մի­ջո­ցա­ռում­ներ ու­նե­նալ, պատ­րաստ ըլ­լալ ինք­զինք պաշտ­պա­նե­լու, հա­պա ծա­ծուկ վտան­գի դէ՞մ, ան­կա­րե­լի է պաշտ­պա­նուիլ, քա­նի որ ան անս­պա­սե­լի, ա­նակն­կալ վտանգ մըն է։ Ու­րեմն ի­րա­կան բա­րե­կա­մը այն է՝ որ իր նպա­տա­կը կը յայտ­նէ, ծա­ծուկ նպա­տակ­նե­րով չի մօ­տե­նար, շա­հախն­դիր չէ…։

Այ­սօր «բա­րե­կամ» բա­ռին ի­մաս­տը եւ տա­րո­ղու­թիւ­նը շա՜տ ըն­դար­ձա­կուած է, ը­սինք։ Մարդ եր­բեմն բո­լո­րո­վին «օ­տար» եւ «ան­ծա­նօթ» մէ­կու մը բա­րե­կա­մու­թիւ­նը կրնայ վա­յե­լել, իսկ ծա­նօ­թի մը, կամ ա­ւե­լի ցա­ւա­լին, «բա­րե­կամ» կար­ծած մէ­կուն թշնա­մու­թեան վիշ­տը կրել, ա­նակն­կալ ա­տե­լու­թեան մը են­թար­կուիլ։ Եւ ո՜ր­քան դժուար է ո­րո­շել «բա­րե­կամ»ը։ Շատ ան­գամ նոյ­նիսկ ան­կա­րե­լի՛…։

Բայց «բա­րե­կա­մու­թիւն»ը փո­խա­դարձ յա­րա­բե­րու­թեան, փո­խա­դարձ զգա­ցու­մի հարց մըն է. երբ մէ­կը բա­րե­կա­մու­թիւն կը սպա­սէ՝ պէ՛տք է որ ինքն ալ իս­կա­կան ի­մաս­տով բա­րե­կամ ըլ­լա՛յ։ Ար­դա­րեւ ոս­կի կա­նո­նը հոս ալ գոր­ծադ­րե­լի է, մարդ ի՛նչ­պէս որ կ՚ու­զէ՝ վա­րուին ի­րեն հետ, ի՛նքն ալ նոյն կեր­պով պէտք է վա­րուի ու­րիշ­նե­րու հետ։

Տե­ւա­պէս բա­րե­կա­մու­թիւն պա­հան­ջել ա­նի­րա­ւու­թիւն է մարդ­կու­թեան՝ երբ բա­րե­կա­մու­թիւն սպա­սո­ղը, ի՛նք բա­րե­կա­մա­կան զգա­ցում­նե­րով չի՛ մօ­տե­նար ու­րիշ­նե­րուն։ Բայց հոս, այս կէ­տին հարկ է մատ­նան­շել, թէ այս կեր­պով վա­րուիլ, չի՛ նշա­նա­կեր, որ բա­րե­կա­մու­թիւ­նը փո­խա­դար­ձու­թեան կա­նո­նի վրայ հաս­տա­տուած է, այլ ան այն­քան ճշմա­րիտ է՝ ո՛ր­քան ան­շա­հախն­դիր է, փո­խա­դար­ձին չի սպա­սեր։ Բա­րե­կա­մը այն է՝ որ ա­ռանց փո­խա­դարձ բա­րի­քի սպա­սե­լու բա­րիք կը գոր­ծէ մէ­կու մը՝ ըլ­լա՛յ ծա­նօթ, ըլ­լա՛յ ան­ծա­նօթ։

Բա­րե­կա­մու­թիւ­նը մարդ­կա­յին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու զե­նիթն է՝ գա­գաթ­նա­կէ՛­տը…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Սեպ­տեմ­բեր 8, 2015, Իս­թան­պուլ 

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 29, 2015