ՍԻՐՏԵՐ ԹՈՂ ՉՀԵՌԱՆԱ՜Ն…

Մար­դոց ի­րա­րու հետ վի­ճա­բա­նի­լը բնա­կան է, քա­նի որ տա­րա­կար­ծու­թիւն­ներ միշտ կը պա­տա­հին, մար­դիկ կրնան տար­բեր խոր­հիլ, տար­բեր գա­ղա­փար­ներ ու­նե­նալ, քա­նի որ մարդ բա­նա­ւոր էակ մըն է, եւ մտա­ծում­նե­րու, գա­ղա­փար­նե­րու եւ կար­ծիք­նե­րու զա­նա­զա­նու­թիւ­նը իր բա­նա­կա­նու­թեան հե­տե­ւանքն է։ Եւ դար­ձեալ, յայտ­նի ի­րո­ղու­թիւն է, թէ՝ ճշմար­տու­թիւ­նը ի վեր­ջոյ կը յայտ­նուի տար­բեր գա­ղա­փար­նե­րու ընդ­հա­րու­մէն՝ բա­խու­մէն։

Բայց այդ ընդ­հա­րում­նե­րը պէտք չէ եր­բե՛ք պատ­ճառ ըլ­լան թշնա­մու­թիւն­նե­րու, պէտք չէ՛ բա­րե­կա­մու­թիւն­ներ վնա­սուին գա­ղա­փար­նե­րու տար­բե­րու­թեան պատ­ճա­ռով։ Բա­րե­կամ­ու­թիւ­նը մնա­յուն է, իսկ վէ­ճե­րը ժա­մա­նա­կա­ւոր՝ պէտք է անց­նին ու եր­թան ա­նոնք…։

Ար­դա­րեւ վէ­ճե­րը պէտք չէ հե­ռաց­նէ ի­րար­մէ սիր­տե­րը՝ ո­րոնք սի­րով լե­ցուն են՝ եղ­բա­յրա­սի­րու­թեամբ, մար­դա­սի­րու­թեամբ, եւ պէտք չէ թո­ղուլ, որ գա­ղա­փա­րի տար­բե­րու­թիւն­նե­րը խա­փա­նեն այդ մա­քուր, սուրբ սէ­րը, որ դրուած է սրտին մէջ՝ մար­դուն ա­րար­չու­թեան օ­րէն ի վեր։ Ուս­տի մարդ ան­մեղ է, մա­քուր եւ սի­րով լե­ցուն սիրտ մը ու­նի, բայց մի­ջա­վայ­րը հետզ­հե­տէ կը խա­փա­նէ զայն եւ յա­ճախ կը ծած­կուի, կը քօ­ղարկուի այդ սէ­րը։ Սէ­րը կը նմա­նի լոյ­սի՝ որ­քան որ խա­փա­նուի, որ­քան որ խա­ւա­րի, ան­պայ­ման կը յայտ­նուի, քա­նի որ ան միշտ կա՛յ, մշտնջե­նա­ւոր է եւ ա­նայ­լայ­լե­լի՛։ Կա­րե­ւո­րը զայն կա­րե­նալ յայտ­նե՛լն է՝ ա­զա­տել ու ա­զա­տուիլ ա­մէն ար­գել­քէ՝ որ կը խա­փա­նեն զայն։ Էա­կա­նը սէ­րը եւ լո՛յսն է, իսկ ա­տե­լու­թիւ­նը եւ մու­թը՝ ժա­մա­նա­կա­ւոր եւ փո­փո­խա­կա՛ն։

Կը պատ­մուի, թէ դա­սա­րա­նի ա­շա­կերտ­նե­րուն՝ ու­սու­ցի­չը հար­ցում մը կ՚ուղ­ղէ.

«Երբ մար­դիկ կը վի­ճա­բա­նին, ին­չո՞ւ ա­նոնք կը զայ­րա­նան, կը սրտմտին եւ կը բոր­բո­քին, մին­չեւ իսկ ի­րա­րու սիրտ կոտ­րե­լու աս­տի­ճա­նին կը հաս­նին, եւ կը սկսին զի­րար ա­տե՛լ»։

«Կը բար­կա­նան, քա­նի որ ա­նոնք կը կորսնց­նեն ի­րենց ներ­քին խա­ղա­ղու­թիւ­նը», կ՚ը­սէ ա­շա­կերտ­նե­րէն մին։ Ա­սոր վրայ ու­սու­ցի­չը դար­ձեալ հար­ցուց.

«Բայց ին­չո՞ւ պէտք է բոր­բո­քիլ եւ բար­կա­նալ, ե­թէ դի­մա­ցի­նը ան­մի­ջա­պէս քու մօտդ է», եւ շա­րու­նա­կեց. «Կա­րե­լի չէ՞ ա­նոր հետ հան­գիստ խօ­սիլ։ Ին­չո՞ւ պար­տադրուիլ բար­կա­նա­լու»։­

Ա­շա­կերտ­ներ զա­նա­զան պա­տաս­խան­ներ եւ ա­ռա­ջարկ­ներ ներ­կա­յա­ցու­ցին, բայց ա­նոնց­մէ ո՛չ մէ­կը գո­հա­ցուց ու­սու­ցի­չը։ Վեր­ջա­պէս ի՛նք բա­ցատ­րեց.

«Տե­սէ՛ք տղաք», ը­սաւ եւ շա­րու­նա­կեց. «երբ մար­դիկ ի­րար­մէ դժգոհ են եւ կը սկսին վի­ճիլ, ա­նոնց սիր­տե­րը կը հե­ռա­նայ ի­րար­մէ։ Ա­նոր հա­մար ալ զի­րար լսե­լու կը դժուա­րա­նան եւ կը սկսին բարձ­րա­ձայն խօ­սիլ եւ այդ իսկ պատ­ճա­ռով կը բար­կա­նան, կը զայ­րա­նան եւ կը բոր­բո­քին։ Եւ ա­նոնք որ­քան բարձ­րա­ձայն խօ­սին՝ այն­քան շատ կը վի­րա­ւո­րեն զի­րար, եւ որ­քան վի­րա­ւո­րուին՝ այն­քան բարձ­րա­ձայն կը գո­ռան։ Եւ այս ըն­թաց­քը զա­նոնք հետզ­հե­տէ կը բոր­բո­քէ եւ բար­կու­թեամբ կը լեց­նէ…։

«Իսկ ի՞նչ կը պա­տա­հի երբ մար­դիկ զի­րար սի­րեն, սի­րով մօ­տե­նան ի­րա­րու։ Ա­նոնք չեն բար­կա­նար, չեն զայ­րա­նար, այլ ընդ­հա­կա­ռա­կը, հան­գիստ ու խա­ղաղ կեր­պով կը խօ­սին՝ մեղմ եւ քաղցր…։

«Ա­նոնք մեղմ կը խօ­սին, քա­նի որ ա­նոնց սիր­տե­րը ի­րա­րու շատ մօ­տիկ կը գտնուին եւ ա­նոնց սիր­տե­րու հե­ռա­ւո­րու­թիւ­նը շատ քիչ է, նոյ­նիսկ միա­ցա՛ծ։

«Եւ երբ ա՛լ ա­ւե­լի կը սի­րեն զի­րար, ի՞նչ կը պա­տա­հի։ Ա­նոնք չեն խօ­սիր, այլ պար­զա­պէս կը շնչեն, կ՚ապ­րին զի­րար եւ ի­րենց սէ­րը շա՜տ ա­ւե­լի կը մօ­տեց­նէ, կը նոյ­նաց­նէ ա­նոնց սիր­տե­րը։

«Յե­տոյ նոյ­նիսկ երբ ի­րա­րու հետ կը խօ­սին, պար­զա­պէս կը շշնջեն, ցած ձայ­նով, փսփսա­լով կ՚ը­սեն այն՝ ի՛նչ որ ը­սել կ՚ու­զեն ի­րա­րու եւ եր­բեք բարձ­րա­ձայն չեն խօ­սիր ի­րա­րու հետ։ Ա­նոնք կը խօ­սին՝ միա­սին շնչե­լու պէս շշնջիւ­նի նման՝ ա­ռանց աղ­մու­կի, ա­ռանց ի­րա­րան­ցու­մի եւ ա­ռանց պո­ռա­լու։

«Ա­նոնք չեն պո­ռար, քա­նի որ ի­րենց սիր­տե­րը հե­ռու չէ ի­րեր­մէ՝ մօտ է եւ նոյ­նիսկ միա­ցա՛ծ։

«Բար­կու­թիւն, զայ­րոյթ չեն գի­տեր ա­նոնք, քա­նի որ միա­սին կը շնչեն, միա­սին կ՚ապ­րին եւ ա­նոնք միաց­նող կա­պը՝ սէ՛րն է։

«Եւ ի­րա­րու ճշմա­րիտ ու ան­կեղծ սի­րով մօ­տե­ցող­ներ, ժա­մա­նակ մը վերջ, ո՛չ միայն խօ­սե­լու, այլ նոյ­նիսկ շշնջե­լու պէտք չեն զգար, քա­նի որ ա­նոնք պար­զա­պէս նա­յուած­քով մը կը հասկ­նան ա­մէն ինչ, քա­նի որ սրտէն բխած սի­րոյ լե­զուով կը խօ­սին լռե­լեայն՝ ա­ռանց ձայն հա­նե­լու՝ լուռ ու մո՛ւնջ։ Ուս­տի երբ կը վի­ճիք թոյլ մի՛ տաք, որ ձեր սիր­տը հե­ռա­նայ ձեզ հետ վի­ճող ան­ձին սիր­տէն։ Թող չհե­ռա­նան ձեր սիր­տե­րը եր­բեք։

«Եւ երբ կը վի­ճիք, մի՛ ը­սէք բա­ռեր, ո­րոնք ա­ւե­լի կը գրգռեն, ա­ւե­լի կը հրահ­րեն վէ­ճը եւ ա­ւե­լի կը մեծց­նեն ձեր մի­ջեւ հե­ռա­ւո­րու­թիւ­նը։

«Քա­նի որ կու գայ օր մը, երբ հե­ռա­ւո­րու­թիւ­նը ա՜յն­քան մեծ կ՚ըլ­լայ, որ յե­տա­դարձ ո՛չ մէկ ճամ­բայ կրնաք գտնել՝ վեր­հաս­տա­տե­լու հա­մար ձեր բա­րե­կա­մու­թիւ­նը»։

­Սի­րե­լի՜ բա­րե­կամ­ներ, ա­մե­նա­ծանր եւ ան­դար­մա­նե­լի վէր­քը՝ լե­զուին պատ­ճա­ռած վէ՛րքն է։ Եւ ա­մե­նա­մեծ մեղ­քը՝ մար­դու սիրտ կոտ­րե՛լն է, եւ ո՛չ ոք ի­րա­ւունք ու­նի ու­րի­շի սիր­տը վի­րա­ւո­րե­լու, անձ­նա­կա­նու­թիւ­նը վնա­սե­լու։ Ը­սինք՝ քա­ղա­քա­վա­րա­կան սահ­ման­նե­րու մէջ վի­ճիլ բնա­կան է մար­դոց հա­մար, քա­նի որ կրնան մտա­ծում­ներ, կար­ծիք­ներ տար­բե­րիլ ի­րար­մէ, եւ սա­կայն ո՛չ մէկ գա­ղա­փար ա­ւե­լի ար­ժէ­քա­ւոր է քան մար­դը, մար­դուն ար­ժա­նա­պա­տուու­թիւ­նը, ի­րա­ւուն­քը եւ ա­զա­տու­թիւ­նը։ Գա­ղա­փար­նե­րու պէտք չէ՛ զո­հել մարդ­կա­յին ար­ժա­նա­ւո­րու­թիւ­նը եւ ար­ժա­նա­պա­տուու­թիւ­նը…։

Եւ մար­դուս հա­մար ա­ւե­լի մեծ գե­րու­թիւն չկայ, քան ա­նի­րաւ կեր­պով մէ­կէ մը մե­ղադրուիլ կամ ան­բաս­տա­նուիլ։ Մար­դուս ի ծնէ ա­զա­տու­թիւ­նը կա­րե­լի չէ զո­հել ո­րե­ւէ աշ­խար­հա­յին ժա­մա­նա­կա­ւոր ար­ժէ­քի։ Ար­դա­րեւ մար­դուս ա­զա­տու­թիւ­նը կը կա­յա­նայ հո­գիին բո­լոր զգա­ցում­նե­րուն կա­տա­րեալ հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թեան եւ ներ­դաշ­նա­կու­թեան մէջ, եւ այս հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թիւ­նը իր ծան­րու­թեան կեդ­րո­նը ու­նի Աս­տու­ծոյ սէ­րը, որ պէ՛տք է տի­րէ ու թա­գա­ւո­րէ սրտի բո­լոր շար­ժում­նե­րուն վրայ, որ կը կա­տա­րե­լա­գոր­ծէ ա­նոր խո­յանք­նե­րը եւ հա­կում­նե­րը ու կ՚ար­գի­լէ կա­պուե­լու ո­րե­ւէ բա­նի՝ որ այս հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թիւնն ու ներ­դաշ­նա­կու­թիւ­նը կրնայ խան­գա­րել։

Եւ երբ մար­դիկ, բնա­կա­նօ­րէն կը վի­ճին ո­րե­ւէ հար­ցի կամ գա­ղա­փա­րի շուրջ, պէտք չէ զանց առ­նուի այդ հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թիւ­նը։ Մա՛րդ մար­դու չի կրնար պար­տադ­րել գա­ղա­փար մը, կար­ծիք մը՝ որ ըն­դու­նե­լի չէ ի­րեն ըստ իր հա­ւա­տա­լիք­նե­րուն եւ հաս­տատ հա­մո­զում­նե­րուն։ Յա­ճախ կ՚ը­սենք՝ ճշմար­տու­թիւ­նը մէ՛կ է, եւ ո՛չ ոք կրնայ վստա­հեց­նել, թէ իր անձ­նա­կան հա­մո­զու­մը կը ներ­կա­յաց­նէ ճշմար­տու­թիւ­նը։ Եւ վի­ճե­լու միակ նպա­տակն ալ պէտք է ըլ­լայ գտնել ճշմար­տու­թիւ­նը։

Բայց կեան­քի փոր­ձա­ռու­թիւ­նը ցոյց կու տայ, թէ մար­դիկ ընդ­հան­րա­պէս կը վի­ճին ի­րենց տե­սա­կէ­տը պար­տադ­րե­լու հա­մար եւ ո՛չ թէ ճշմար­տու­թեան հաս­նե­լու հա­մար, եւ առ­հա­սա­րակ կը դի­մեն ա­տե­լու­թեան՝ փո­խա­նակ սի­րոյ…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Սեպ­տեմ­բեր 7, 2015, Իս­թան­պուլ

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 30, 2015