ԵՐԿՐԱՇԱՐԺԻ ԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆԸ ՄԱՐԴՈՑ ՀՈԳԵԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ՎՐԱՅ
Երկրաշարժը այնպիսի բնական աղէտ մըն է, որ կը ստեղծէ ուժգին եւ յանկարծակի փոփոխութիւններ. ինչպէս՝ տարածքներու կործանում, մարդկային կեանքի կորուստ եւ ընդհանրապէս՝ մարդոց ապահովութեան զգացման խանգարում։ Այս բոլոր իրադարձութիւնները կրնան խոր եւ երկարատեւ ազդեցութիւն ունենալ նաեւ մարդոց հոգեբանութեան վրայ։
Վերապրումի փորձառութիւնը նաեւ հիմք կրնայ ստեղծել հոգեբանական խանգարումներու։ Այդ փորձառութիւնները մեծ ազդեցութիւն կը թողեն անհատական հոգեկան առողջութեան, ինչպէս նաեւ՝ համայնքային կառուցուածքներու եւ ընկերային յարաբերութիւններու վերաձեւաւորման վրայ։
Երբ մարդ երկրաշարժի մը ականատես կ՚ըլլայ կամ անոր անմիջական հետեւանքները կը զգայ, ան կրնայ ընկրկիլ ուժգին վախի եւ տագնապի զգացումներով։ Ան յանկարծ կը զգայ, թէ կեանքը դուրս եկած է իր վերահսկողութենէն եւ ամէն ինչ կրնայ խորտակուիլ առանց նախազգուշացման։ Այս անորոշութեան ու անապահովութեան զգացումը հիմք կը ստեղծէ զանազան հոգեբանական խնդիրներու։
Երկրաշարժէն ետք շատերու հոգեվիճակը կը վատթարանայ ո՛չ միայն իրադարձութեան, այլեւ յետերկրաշարժային պայմաններու հետեւանքով։ Ժամանակաւոր կացութիւնները, ընտանիքի անդամներու կամ ընկերներու կորստեան ցաւը, աշխատանքը կորսնցնելը կամ ապագայի անորոշութիւնը այդ բոլորին վրայ կ՚աւելնան։
Ամենախոցելիներէն երեխաները կրնան չհասկնալ, թէ ինչ կը պատահի եւ իրենց զգացումները յայտնելը բարդ կրնայ ըլլալ։ Անոնք կրնան արտայայտուիլ լռութեամբ, ինքնամփոփ վարքով կամ հակառակը՝ մեծահասակներէն ուժգին կախուածութեամբ։ Տարեցները, իրենց կարգին, արդէն կրած են կորուստներ եւ նորը կրնայ խորացնել հոգեկան ճնշումը։
Բազմաթիւ գիտական ուսումնասիրութիւններու համաձայն, աղէտէ ետք հոգեկան խանգարումներու տարածումը կրնայ բարձրանալ՝ ընդհանուր բնակչութեան շուրջ 10-40 տոկոսի սահմաններուն մէջ՝ կախեալ ընկերատնտեսական դիրքէն, նախորդ հոգեկան առողջութեան վիճակէն եւ աջակցութեան քանակութենէն։
Ինչպէս նշած էինք, երկրաշարժը ո՛չ միայն ֆիզիքական տարածքի եւ ենթակառուցուածքներու խաթարում մըն է, այլեւ խոր յուզական եւ հոգեբանական խոցում, որ կրնայ յանգեցնել երկարաժամկէտ հետեւանքներու։ Այդ պատճառով՝ ո՛չ միայն շտապ օժանդակութիւնը, այլեւ կայուն եւ մասնագիտական հոգեբանական միջամտութիւնները անփոխարինելի են՝ անհատական եւ հանրային դիմակայութիւն ապահովելու տեսանկիւնէն։
Հոգեբանական աջակցութիւնը կարեւորագոյն նշանակութիւն ունի։ Խորհրդատուութիւն, մասնագէտի մը հետ խօսակցութիւն, համայնքի աջակցութիւնը եւ փոխըմբռնումը կրնան օգնել մարդոց վերականգնել իրենց հաւասարակշռութիւնը։ Ոմանց համար կը բաւէ ընկերային աջակցութիւնը, իսկ ուրիշներու համար անհրաժեշտ է հոգեբանական մասնագիտական միջամտութիւն։
Թէեւ յետերկրաշարժային հոգեբանական խանգարումները հակուած են ժամանակի ընթացքին նուազելու, սակայն որոշ անհատներու մօտ կրնայ ինքնուրոյն չանհետանալ առանց մասնագիտական միջամտութեան։ Շատ կարեւոր է հոգեբանական աջակցութիւնը, յատկապէս երբ ախտանիշները լրջօրէն կ՚ազդեն անհատի առօրեայ կեանքի, ընկերային յարաբերութիւններու կամ ֆիզիքական գործուէութեան վրայ։
Հոգեկան վերականգնումը կրնայ երկար ժամանակ տեւել։ Կարեւոր է հասկնալ, թէ իւրաքանչիւր անհատ տարբեր ձեւով կ՚արձագանգէ իրավիճակներուն։ Ոչ մէկ զգացում սխալ է եւ իւրաքանչիւր արձագանգ արժանի է ուշադրութեան ու յարգանքի։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ