ԿԱՊՈՅՏԸ
Եւ յանկարծ, կէս գիշերին, ֆէյսպուքի էջերուն վրայ Տիրամօր՝ Մարիամ Աստուածածինի գեղեցիկ նկարներ սկսան յայտնուիլ...
Գիտէք արդէն, մեր կեանքին հայելին է մեր «անկեղծ» տետրը. տեղ մը գացիր՝ կրնաս «չէք ին» ընել, որ մարդիկ քեզի «ինճոյ» ըսեն, ուրախ ես, հպարտ ես, կրնաս մարդոց յայտնել, տխրիս, հիւանդանաս՝ աննկարագրելիօրէն բարի, այլասէր միջավայր մըն է հոն՝ ցաւդ կրնաս կիսել, մարդիկ կը կարեկցին, նոյնիսկ եթէ ջղայնանաս «ֆիլինկ էնկրի» մը կը դնես, մարդիկ, ազատ անկախ ընելիք բան մը չունեցող մարդիկ քեզի «ի՞նչ կայ» կը հարցնեն, դուն կը պատասխանես, անոնք ալ քեզի կը պատասխանեն եւ այսպէս... իրական աշխարհին վրայ պատահածներուն զուգահեռ՝ «կեանք» մը կ՚ընթանայ հոն։
Ուրիշ «ֆիլինկ» ունին անշուշտ տաղաւարները. Զատիկ-հատիկ, Կաղանդ-Ծնունդ իրենց յատուկ «փրոֆայլ»ները ունին, որպէսզի չգիտցողը գիտնայ, չյիշողը յիշէ, այդ «մուտ»ը առաջ գայ եւ մեր երեւակայած եւ այսպէս թէ՛ այնպէս չգտած աշխարհը կարենանք գո՛նէ հոն՝ այդ կապոյտին մէջ իրականացնել....
Այո՛, կապոյտ «մեթավերսը», մեր սարքովի աշխարհը...
Հիմա, բոլորովին ա՛յլ կապոյտ մըն է քանի մը օր առաջ, մայիս ամսուան մուտքը աւետող Տիրամօր նկարներուն կապոյտը։ Ի՛նչ ըսեմ, երեւի զիս ամենաքիչը վրդովեցնող ժամանակաւոր «փրոֆայլ»ն է ասիկա, որ յաճախ եւ ո՛չ միշտ կանայք կը դնեն։ Անոնք՝ դնողները անպայման գիտեն, որ Տիրամօրն է մայիսը՝ ամիսներուն թագուհին։
Կամայ թէ՛ ակամայ, նուրբ ու բարի այդ նկարներուն հետ վայրկեաններու մէջ փոխադրուեցայ Հալէպ. ճշդեմ՝ իմ ապրած ու գիտցած Հալէպը, որ կարծեմ արդէն կատարելապէս շրջուած էջ ու լիիրաւ յուշ մըն է զայն ճանչցող ու ապրածներուն համար։
Հարեւանցի ոչինչ կրնար անցնիլ այդ քաղաքին մէջ։ Առաւելապէս իսլամ քաղաք մը ըլլալով հանդերձ, երբ մայիս ըլլար, մեր շուրջը կապոյտի կը ներկուէր։ Նշանակութիւն չունէր ուղղուածութիւնն ու պատկանելիութիւնը, բո՜լոր, բոլոր եկեղեցիները այս ամսուն Աստուածածնայ ջերմեռանդութեան աղօթքներ կ՚ընէին։ Հայ թէ արաբ, բոլոր քրիստոնեաները ամէն երեկոյ աղօթելու կ՚երթային, եկեղեցիները կը խճողուէին. կանայք, աղջիկներ, մանուկներ, շա՜տ մանուկներ, եկեղեցւոյ բակը կեցող երիտասադուհիներ, խաղալիք ու կարկանդակ ծախող վաճառականներ՝ անոնց ալ կապոյտ «սեզոն»ն էր ասիկա...
Պատկերը այլ չէ՛ր հայկական շրջանակին մէջ. անվիճելի է, որ միանգամայն կաթողիկէ եկեղեցւոյ հաստատուն աւանդոյթներէն է մայիսեան այս ջերմեռանդութիւնը, ամէն երեկոյ Վարդարան «քաշել»ն ու Աստուածամօր նուիրուած երգեր երգելը եւ հակառակ աս բոլորին, եկէք տեսէք, որ հոգեւոր այս աւանդոյթին սիրոյն կաթողիկէ եկեղեցիներ յաճախող կանանց համար հայկական առաքելական եկեղեցիներն ա՛լ ամէն երեկոյ իրենց դռները բանալով հոծ բազմութիւններ կը դիմաւորէին...
Մօրս եւ մօրաքրոջս հետ ես ալ կ՚երթայի այս արարողութիւններուն եւ փառք Տիրոջ, որ մինչեւ այսօր դեռ կը յիշեմ անոնց բոլոր մանրամասնութիւնները.
Անգիր կ՚արտասանէին կանայք բոլոր աղօթքները. մօրս ինծի համար գնած գրքոյկէն կը կարդայի ես, ուլունքի պէս մանիշակագոյն մեծ քարերով պատրաստուած իր Վարդարանին վրայ, յիսուներեք անգամ «Ողջո՜յն քեզ, Մարիա՛մ» կը կրկնէի եւ գրաբարով գրուած դեռ անհասկնալի աղօթքներն ալ ինքնաբերաբար գոց կը սորվէի։ Մէջս են անոնք եւ այսօր ալ օրհնութիւն կամ օգնութիւն մը հայցած պահուս, շուտով սիրտէս բերան կը հասնին...
Ուրիշ մանրամասնութիւններ ալ ունէին մայիսեան այդ երեկոները. երկար, շա՜տ երկար, միջահասակ կապոյտ հագուստներ, լայն ու նեղ տաբատներ, ճինզեր, քոսթիւմներ, բաճկոններ, բաց կապոյտ, գոց կապոյտ, երկինքի, ծովու, թիւրքուազ, կապոյտին բոլոր երանգները կարելի էր գտնել իրենց մէջքերուն չուան կապած ուխտաւոր կանանց հագուստներուն մէջ...
Աչքիս առջեւ պարզ էր մօրս օրինակը. վիրաբուժական ծանր ու մանրակրկիտ գործողութիւն մը անցուցած էր ան եւ կը յիշեմ բոլորիս ներկայութեամբ Աստուածամօր ուխտած էր, որ, առաջ Աստուած, գործողութիւնը յաջող անցնելու պարագային, ցմահ մայիս ամիսներուն նո՛յն կապոյտ հագուստով եկեղեցի պիտի երթար։
Լա՛ւ, այդ տարիքիս համար բաւական համոզիչ էր զոհողութիւն ալ չըլլայ՝ մօրս ընտրած այս սիրայօժար պարտաւորուածութիւնը, բայց, օրնիբուն կապոյտ, այս պարագային՝ կապոյտներ, ձեւ, ոճ ու հագուստներ փոխող կանայք ի՞նչ կապ կրնային ունենալ զոհողութեան եւ ուխտի մը հետ. դիտելով կը խորհէի։
Լուսահոգի մօրս կը պարտիմ մինչեւ այսօր մէջս ծուարող բարեացակամ այն գիտակցութիւնը, որ ձեւ ու գոյնի այս խառն շփոթը միաւորող մէկ, միա՛յն մէկ բան էր՝ հաւատքը. իւրաքանչիւրը իր սրտին մէջ ցաւ մը, յոյսի կառչող անկարելի փափաք մը եւ իրագործում սպասող հրաշք մը ունէր, որուն համար Տիրամօր բարեխօսութիւնը կը հայցէր եւ վստահ էր չանտեսուելէն...
Եւ իրօք, եկեղեցւոյ պատերը դղրդացնող կանանց յուզառատ, միահունչ աղօթքները միանգամա՛յն բաւարար կ՚ըլլային բոլո՜ր տարբերութիւններն ու կապոյտները նոյնացնելու, իսկ ամսուան աւարտին, երբ ուսանողաց պրովէի եւ պաքալորիայի քննութիւնները կը մօտենային, եկեղեցւոյ երկա՜ր նստարաններն ալ անբաւարար կ՚ըլլային իրենց ծնողներուն համոզումով եկեղեցի եկող, սրտանց աղօթող, պայծառ յիշողութիւն ու յաջողութիւն խնդրող աշակերտներուն...
-Աղօթենք մեր զաւակներուն յաջողութեան եւ հիւանդներու բժշկութեան համար, կ՚ըսէր վարդապետը եւ... անփոփոխ մէկ թոնի վրայ մրմնջալով աղօթող մարդոց ահերը այնպիսի հաւատածին բարձրութեամբ կը հնչէին, որ ուզես-չուզես՝ քննուողը յաջողած, հիւանդն ալ առողջ կը պատկերացնէիր...
Հակառակը անկարելի էր։
Այդ օրերուն արդէն հասկցած էի, որ ասանկ բան մըն է յուսալը, բայց վստահելո՛վ յուսալը..
Եւ ահա՛, ա՛յս ամիս, մեր Տիրամօր բարեխօսութեան կը յանձնեմ իմ, ձեր ու բազմահազար մարդոց ցաւերը, մեզ շրջապատող բոլոր չարիքը։ Անծիր է գթութիւնն Անոր. կը հաւատամ, որ միայն Ի՛նք կրնայ մխիթարել սով, պատերազմ ու արհաւիրքի մէջ իրենց զաւակները կորսնցնող, գլուխը քարի մը վրայ դնելով քնացող, իրենց բոպիկ քալող, չկշտացող, չխաղցող զաւակները դիտող, խնդալը, երգելն ու օրօրելը շատո՜նց մոռցած մայրերը...
Հայելի արդարութեան,
Տապանակ ուխտի,
Աստղ առաւօտեան,
Աղօթեա՜ վասն մեր։
Առողջութիւն հիւանդաց,
Ապաստան մեղաւորաց,
Մխիթարիչ վշտացելոց,
Աղօթեա՜ վասն մեր...
ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ
Գահիրէ