ԽԻՂՃԸ…

Մարդ որքա՜ն խաղաղ ու հանգիստ է բնութեան մէջ։ Բնութեան հետ շփումն ու անոր հետ առանձնութեան պահերը անբացատրելի հանդարտութիւն մը կը պարգեւեն անոր էութեան, կարծես ներաշխարհը կը հանգի։

Եկուր-տե՛ս, սակայն, հակասութիւնը… Մարդիկ չեն յաջողիր իրենց յարաբերութիւնը կարգաւորել բնութեան հետ, որմէ ծնունդ առած են։ Մնաց որ, մարդիկ չեն յաջողիր նաեւ իրարու հետ յարաբերութիւնները կարգաւորել՝ հակառակ, որ բոլորն ալ բնութենէն ծնած են։

Մարդոց միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման ընդունուած չափանիշներէն մին է խիղճը՝ թէեւ յաճախ ընդամէնը լոզունգ կը մնայ։ Բնութեան հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման պարագային յստակ չափանիշ մըն ալ չկայ։ Աւելի ողբերգական է, որ բնութեան դէմ անխնայօրէն կը գործուին աւերներ, որոնք մարդոց կողմէ կը պատկերացուին հաւաքական, իրարու հանդէպ պատասխանատուութիւններու տիրոյթին մէջ։

«Տարօրինակ չէ՞, որ մարդ երբ զգայ, թէ վատ բան մը պիտի ընէ, ապա պատճառ մը կը գտնէ խիղճը լռեցնելու համար», կ՚ըսէ Ֆրոյտ։

Չորեքշաբթի, Մայիս 7, 2025