ԱՅՍ ՀԻՆԳՇԱԲԹԻ ԻՍԹԱՆՊՈ՞ՒԼ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ, Ֆրանսա, Անգլիա, Գերմանիա եւ Լեհաստան շաբաթավերջին հանդէս եկան համատեղ յայտարարութիւնով մը, որով Ռուսաստանին կոչ ուղղեցին, որպէսզի երեսուն օրուան հրադադար մը հաստատուի Ուքրայնայի մէջ։

Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն, Անգլիոյ վարչապետ Քիր Սթարմըր, Գերմանիոյ վարչապետ Ֆրիտրիխ Մերց եւ Լեհաստանի վարչապետ Տոնալտ Թուսք շաբաթավերջին այցելեցին Քիեւ, ուր հիւրընկալուեցան Ուքրայնայի նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքիի կողմէ։ Միջազգային աղբիւրները հաղորդեցին, որ ԱՄՆ-ի նախագահ Տանըլտ Թրամփն ալ հեռաձայնով մասնակցած է այս գագաթաժողովին։ Քիեւի ժամադրութիւնը յաջորդեց Մոսկուայի մէջ նախօրէին կազմակերպուած 9 մայիսի տողանցքին, որու շրջանակներէն ներս Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին հիւրընկալած էր Չինաստանի նախագահ Սի Ծինփինկն ու աշխարհի այլ 27 երկիրներէ ղեկավարներ։

Եւրոպայի առաջատար երկիրներու ղեկավարները Վոլոտիմիր Զելենսքիի հետ քննարկեցին Ռուսաստան-Ուքրայնա հակամարտութեան առկայ իրադրութիւնը։ Եւրոպացի ղեկավարներու յայտարարութեան մէջ մատնանշուեցաւ, որ արիւնահոսութեան դադրեցման ուղղութեամբ բոլորը յստակ են։

Էմմանիւէլ Մաքրոն նշեց, որ հրադադարի ապահովման պարագային հնարաւոր պիտի դառնան Ուքրայնայի եւ Ռուսաստանի միջեւ ուղղակի բանակցութիւնները։ Իր խօսքով՝ Ռուսաստան եթէ հրադադարը խախտէ, ապա դէմ յանդիման պիտի մնայ մեծ պատժամիջոցներու, որոնք Եւրոպայի եւ ԱՄՆ-ի կողմէ պիտի համակարգուին։ Մաքրոն դիտել տուաւ, որ հրադադարը առաջին հերթին ԱՄՆ-ի կողմէ պիտի հետապնդուի, ամբողջ Եւրոպան այդ մէկը պիտի խրախուսէ ու զէնքերու լռելը գետին պիտի պատրաստէ մշտական բանակցութիւններու համար։

Մոսկուա արդէն անմիջապէս արձագանգած է այս կոչին։ Քրեմլինի բանբեր Տիմիթրի Փեսքով դիտել տուաւ, որ առաջին հերթին Արեւմուտքը պէտք է դադրեցնէ զէնքի մատակարարումները։ Իր խօսքով՝ նախագահ Փութին երկարաժամկէտ հրադադարէ մը առաջ պէտք է տեսնէ ռազմադաշտի որոշ գործօնները։ Այսպէս թշնամութիւնները ընդհատելու համար Ուքրայնայի դաշնակիցները պէտք է կասեցնեն զէնքի մատակարարումները։

«Այլապէս Ուքրայնայի տեսակէտէ առաւելութիւն մը պիտի ստեղծուի։ Ուքրայնա նոր զօրքեր պիտի առաջնորդէ դէպի ռազմաճակատ։ Այս շրջանին ան նոր զօրքեր պիտի մարզէ եւ այժմու զօրքերը պիտի թարմացնէ։ Ինչո՞ւ այսպիսի առաւելութիւն մը տանք Ուքրայնային, որ պատրաստ չէ բանակցութիւններու», ըսաւ Փեսքով եւ աւելցուց, որ Փութին խաղաղ ու դիւանագիտական ճանապարհներով լուծման մը հասնելու կը ջանայ։ «Սակայն, մեր ձեռքը խաղաղ ճանապարհ մը չկայ եւ այս պատճառով ռազմական գործողութիւնը պէտք է շարունակենք», ըսաւ ան։

Այս իրադարձութիւններուն զուգահեռ՝ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ Փութինի եւ Մաքրոնի հետ։ Հաւանական է, որ այս հինգշաբթի՝ մայիսի 15-ին Իսթանպուլի մէջ տեղի ունենան բանակցութիւններ, որոնց մասնակցելու ուղղութեամբ հաւանութիւնը տուաւ Զելենսքին։ Համայն աշխարհ ուշադրութեամբ կը հետեւի իրադարձութիւններուն։

Երկուշաբթի, Մայիս 12, 2025