ՉՄՍԽԵԼ ՀՆԱՐԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ
Միջազգային հրատապ օրակարգի խնդիրներուն կապակցութեամբ այս օրերուն դարձեալ ի յայտ կու գայ Թուրքիոյ լուրջ ազդեցութիւնը։ Վաղը, երեք տարուան ընդհատումէ մը վերջ, Իսթանպուլի մէջ տեղի պիտի ունենան Ռուսաստան-Ուքրայնա բանակցութիւնները, որոնք արդէն մագնիսացուցած են միջազգային շրջանակներու ուշադրութիւնը։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի յատուկ բանագնացները՝ Սթիվ Ուիտքոֆն ու Քիտ Քելոկն ալ պիտի հետեւին Իսթանպուլի բանակցութիւններուն։ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան այս առթիւ պիտի հիւրընկալէ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինն ու Ուքրայնայի նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքին։ Տեղական մամուլի հաղորդումներով, Իսթանպուլի մէջ վաղը նախատեսուած Մոսկուա-Քիեւ բանակցութիւններուն պիտի մասնակցի նաեւ ԱՄՆ-ի պետական քարտուղար Մարքօ Ռուպիօ։ Այս բանակցութիւններուն ընդառաջ իսկապէս յարափոփոխ իրադարձութիւններ տեղի կ՚ունենան եւ տուեալները ամէն պահ կը փոխուին էապէս։ Արդարեւ, Ռուսաստանի կամ Ուքրայնայի ղեկավարներէն ոեւէ մէկուն վերջին պահուն բացակայելու հաւանականութիւնն ալ միշտ կը մնայ օրակարգի վրայ։ Ստեղծուած իրավիճակին մէջ կը հաղորդուի, որ եթէ Վլատիմիր Փութին ժամանակէ Իսթանպուլ, ապա ԱՄՆ-ի նախագահ Տանըլտ Թրամփն ալ կրնայ փութալ Թուրքիա՝ բանակցութիւններուն միանալու համար։ Յամենայնդէպս, Թուրքիա երկար ժամանակէ ի վեր պատրաստակամութիւն կը յայտնէր հիւրընկալելու համար Ռուսաստան-Ուքրայնա բանակցութիւնները եւ ներկայիս երկիրը բոլոր առումներով պատրաստ է տանտէր դառնալու համար այդ նոր քննարկումներուն։
Վաղուան այս կարեւոր ժամադրութեան ընդառաջ, Թուրքիա կը հիւրընկալէ ՆԱԹՕ-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն անպաշտօն հաւաքը, որ կազմակերպուած է Անթալիայի մէջ։ Ներկայ տարուան տեւողութեան, Լախէյի մէջ նախատեսուած է ՆԱԹՕ-ի անդամ երկիրներուն գագաթաժողովը, որու նախապատրաստութիւններու շրջանակներէն ներս վերջին բարձր մակարդակի հանդիպումը տեղի կ՚ունենայ Անթալիայի մէջ։ Նախարարներու հաւաքին ընդառաջ, երէկ, Անգարայի մէջ, Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան հիւրընկալեց ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղար Մարք Ռութէն։ Պեշթեփէի համալիրէն ներս տեղի ունեցաւ հանդիպումը, որու ընթացքին առաջնահերթօրէն օրակարգի վրայ եկան վաղուան Ռուսաստան-Ուքրայնա բանակցութիւնները։ Կողմերը համամիտ գտնուեցան, թէ խաղաղութեան հնարաւորութիւնը պէտք չէ մսխուի։ Հանդիպման ընթացքին նախագահ Էրտողանի կողքին էր արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան, որ օրուան տեւողութեան առանձին հանդիպում մըն ալ ունեցաւ ընդհանուր քարտուղար Ռութէի հետ։ Հանրապետութեան նախագահը ընդհանուր քարտուղարին հետ զրուցելու ընթացքին շեշտեց, որ Թուրքիա պիտի շարունակէ զօրակցիլ ՆԱԹՕ-ին։ Էրտողան համոզուած է, որ դաշինքն ալ պէտք է ընդգրկուի Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմին վերջ տալու ուղղեալ գործընթացին։
Ռուսաստան-Ուքրայնա վաղը նախատեսուած բանակցութիւններուն ընդառաջ Մերձաւոր Արեւելքի կտրուածքով ալ կ՚արձանագրուին կարեւոր իրադարձութիւններ։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ երէկ Ռիատի մէջ ընդունուեցաւ Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Մուհամմէտ պին Սելմանի կողմէ։ Այս առթիւ Տանըլտ Թրամփ նշեց, որ Ուաշինկթըն որոշած է դադրեցնել Դամասկոսի դէմ վերջին տարիներուն սահմանուած պատժամիջոցները՝ Անգարայի եւ Ռիատի ակնկալութիւնները հաշուի առնելով։ Տանըլտ Թրամփի այս մտադրութիւնը լայն արձագանգ ստեղծած է միջազգային բեմահարթակի վրայ։ Մինչ այդ, Թրամփ Ռիատի մէջ հանդիպում մըն ալ ունեցաւ Սուրիոյ անցումային շրջանի ղեկավար Ահմէտ էլ Շարայի հետ։ Այսպէսով, Միացեալ Նահանգներու եւ Սուրիոյ միջեւ վերջին քսանհինգ տարիներու կտրուածքով ամենաբարձր մակարդակի վրայ շփումը տեղի ունեցաւ։ Թրամփի, Սելմանի եւ էլ Շարայի այս հանդիպման առցանց մասնակցեցաւ նաեւ Էրտողան։