Նոր միտքերու համար առիթ

Լիզ­պո­նի «Գա­լուստ Կիւլ­պէն­կեան» հիմ­նար­կի Հայ­կա­կան հա­մայնք­նե­րու բա­ժան­մուն­քը նոր շունչ մը բե­րած է սփիւռ­քեան մեր ի­րա­կա­նու­թեան։ Քա­նի մը տա­րի ա­ռաջ փակման վտան­գի եզ­րին հա­սած այս բա­ժան­մուն­քը այ­սօր հան­դէս կու գայ ան­բաղ­դա­տե­լի ու նոյ­նիսկ դժուար հա­ւա­տա­լի կեն­սու­նա­կու­թեամբ։ Ա­ռանց վի­րա­ւո­րե­րու իր հա­մես­տու­թիւ­նը՝ որ­պէս ա­ռար­կա­յա­կան տուեալ պէտք է ար­ձա­նագ­րել, որ այդ բա­ժան­մուն­քին ճա­կա­տա­գի­րը փո­խուած է Տքթ. Ռազ­միկ Փա­նո­սեա­նի տնօ­րէն նշա­նա­կուե­լէն վերջ։ Բա­ժան­մուն­քը թօ­թա­փած է իր հո­գե­վար­քի վի­ճա­կը եւ շու­տով յա­ջո­ղած՝ աշ­խոյժ գոր­ծու­նէու­թեան անց­նիլ զա­նա­զան ուղ­ղու­թիւն­նե­րով։

Այս­տեղ հիմ­նա­կան գաղտ­նի­քը այն է, որ Ռազ­միկ Փա­նո­սեա­նի նշա­նա­կու­մով սկսած նոր հանգ­րուա­նին յա­մառ հա-­ւա­տար­մու­թիւն ցոյց կը տրուի՝ ծրագ­րա­ւո­րեալ աշ­խա­տանք տա­նե­լու սկզբուն­քին նկատ­մամբ։ Կրնայ ըլ­լալ, որ այդ մշա­կուած ծրա­գիր­նե­րուն ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւն­նե­րը չըն­կա­լուին միան­շա­նակ, սա­կայն վէ­ճէ դուրս է, որ ա­նոր գոր­ծու­նէու­թիւ­նը մտած է նպա­տա­կաս­լաց հու­նի մը մէջ։ Հայ ի­րա­կա­նու­թեան մօտ, մին­չեւ մօ­տա­ւոր ան­ցեա­լը, «Կիւլ­պէն­կեան» հիմ­նար­կի Հայ­կա­կան հա­մայնք­նե­րու բա­ժան­մուն­քին ա­նու­նը դժբախ­տա­բար նոյ­նա­ցած էր տխուր քմա­հա­ճու­թիւն­նե­րով, իսկ այ­սօր ե­տին մնա­ցած է լճա­ցու­մը եւ ար­դէն աս­տի­ճա­նա­բար կշիռ­քի վրայ կը դրուին ուղ­ղա­կիօ­րէն կա­տա­րուած գոր­ծե­րուն ար­դիւնք­նե­րը։ Քիչ բան չէ իս­կա­պէս, մա­նա­ւանդ որ ան­ցած է շատ կարճ ժա­մա­նակ։ Սա մեծ լաւատեսութիւն կը ներշնչէ սփիւռքեան կեանքին առջեւ նոր հորիզոններ ուրուագծելու տեսակէտէ, որովհետեւ որդեգրուած նպատակները ուղղակիօրէն կ՚առընչուին արդի աշխարհի պայմաններով մեր ժառանգութիւնը վերարժեւորելու։

«Կիւլ­պէն­կեան» հիմ­նար­կը այ­սօր հա­յոց զա­նա­զան ըն­կե­րամ­շա­կու­թա­յին եւ այլ բա­րեն­պա­տակ հաս­տա­տու­թիւն­նե­րուն հա­մար կը յատ­կաց­նէ մի­ջոց­ներ։ Ա­մե­նա­կա­րե­ւո­րը այն է նաեւ, որ այդ մի­ջոց­նե­րը կը խթա­նեն սփիւռ­քեան գրե­թէ կա­թուա­ծա­հար ի­րա­կա­նու­թեան մօտ նոր միտ­քե­րու շրջա­գա­յու­թեան մէջ մտնե­լուն։

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 3, 2015