ՏԷՐԸ ԻՄ ՀՈՎԻՒՍ Է
«Տէրը իմ հովիւս է…». (ՍԱՂՄ. ԻԳ)։ Եւ իրապէ՛ս Տէրը մեր հովիւն է. մեր բարի, մեզ սիրող եւ ամէն գնով հոգալու եւ խնամելու պատրաստ, այսինքն միշտ ներկա՛յ Հովիւն է։ Այս իմաստով «Աստուած» բառը կը նշանակէ այն՝ որ «աստ» է, այսինքն «հոս» է՝ ներկա՛յ։
Ան մեր ամենակարող, ամենաքաջ Հովիւն է։ Մեր Հովիւը մեզի համար պատրաստած է ամենաապահով փարախը։ Հովիւը, իր ոչխարները երբ յոգնած եւ ցաւով բեռնաւորուած ըլլան, կը կանչէ մեծ գութով եւ կ՚ըսէ.- Եկէ՛ք ինծի բոլոր յոգնած եւ բեռնաւորուած ոչխարներս եւ Ես ձեզ պիտի հանգչեցնեմ։
Քանի որ Աստուած միշտ «ա՛ստ» է, ապա ուրեմն մենք պէտք է վստահինք եւ ապաւինինք Իրեն։ Քանի այսպէս Հովիւ ունինք, որեւէ բանի մը կարօտութիւնը պիտի չունենանք։ Ան գիշեր-ցերեկ արթո՛ւն է, կը հսկէ մեր վրայ։
Շատ անգամ երբ ուժասպառ ըլլանք՝ մեզ կը գրկէ եւ փոսերէն կ՚անցընէ եւ կը հասցնէ խոտաւէտ արօտը եւ հոն հանգիստ եւ ապահով կը պառկեցնէ։ Ան հանդարտ ջուրերուն քով կ՚առաջնորդէ մեզ։ Սակայն «կենդանի ջուր»ի աղբիւրներ ալ կան՝ զուլալ եւ կենսատու եւ հանդարտ՝ ուր մեր Հովիւը կ՚առաջնորդէ մեզ։ Ան մեր հոգին կը նորոգէ։
Նախանձ, հպարտութիւն, ատելութիւն, յուսահատութիւն, անտարբերութիւն, անհոգութիւն՝ կը մաշեն հոգին։ Մեր բարի եւ հոգատար Հովիւը իր անհուն սիրովը, քաղցրութեամբ, համբերութեամբ եւ գութով՝ ներելով կը նորոգէ հոգին։
Մարմինը ունի իր ճամբաները՝ հակառակ հոգիին արդարութեան ճամբաներուն։ Երբ գիտակցաբար կամ ոչ՝ կը խոտորինք արդարութեան ճամբայէն, ուղղակի անարդարութեան ճամբան կ՚երթանք, ուր կը հանդիպինք դժուարութիւններու, արգելքներու՝ ցաւեր, հոգեր, վիշտ, կորուստ եւ արցունք կը պաշարեն մեզ։
Եւ անարդարութեան խաւար ճամբուն մէջ կ՚ըլլանք անարդար եւ կ՚արատաւորենք մեր Հովիւին անունը։ Արդարեւ, ան բարի է, որ արդա՛ր է, եւ ան բարի է, որ անձնական օգուտը չի՛ հետապնդեր այլ՝ հասարակաց օգուտը եւ բարիքը։
Արդարեւ, մարդ եթէ իր ցաւը զգայ, այդ կը նշանակէ, որ կեանքի մէջ է, կ՚ապրի, իսկ երբ կը զգայ ուրիշին ցաւը, այդ կը նշանակէ, որ «մա՛րդ» է։
Մահուան շուքի ձորին պատկերը սարսափելի ձոր մըն է. մութ, խաւար, անծայր. այս տեսակ սարսափելի տեսարանէ մը մեզ միայն բարի Հովիւը կրնայ փրկել։ Եւ մենք բոլորս այս ձորէն պիտի անցնինք եւ չարէն պիտի չվախնանք, քանի որ բարի Հովիւը մի՛շտ մեզի հետ է եւ պիտի ըլլայ, քանի որ Ան Աստուած է, այսինքն՝ միշտ «ա՛ստ»։
Աստուծոյ ցուպը եւ գաւազանը՝ անոնք մեզ պիտի մխիթարեն։ Բա՛ւ է, որ հաւատանք։
Սաղմոսերգուն կ՚ըսէ. «Քանի որ վշտացած չէի՝ կը սխալէի, բայց հիմա քու խօսքդ կը պահեմ… Աղէկ եղաւ ինծի որ վշտացայ, որպէսզի Քու կանոններդ սորվիմ… Գիտեմ թէ, ո՛վ Տէր, Քու դատաստաններդ արդար են եւ իրաւունքով զիս վշտացուցիր». (ՍԱՂՄ. ՃԺԹ 67, 71, 75)։ Այս տողերը ցոյց կու տան, թէ ցաւը եւ վիշտը մեզ կը մօտեցնէ, քանի որ մեր ցաւերուն եւ վիշտերուն մէջ կ՚անդրադառնանք, որ մեզ պահպանող, մեզ խնամող եւ մեզ հոգացող բարի, ամենակարող եւ սիրալի Հայր մը ունինք, որ միշտ մեզի հետ է։
Վիշտը, ցաւը՝ ըսինք, որ մեզ Աստուծոյ կը մօտեցնէ. ինչպէս վիրաբոյժ մը իր նշտարը անգութօրէն կը խրէ վէրքին, զայն կը պատռէ, որպէսզի զայն մաքրէ թարախ եւ մահացու մանրէներէն։ Վիրաւորը կը ցաւի, կ՚արիւնի, կը պոռայ, բայց կ՚ազատի ստոյգ վտանգէն։ Ահա ճիշդ այդպէս մեր Հովիւը մեզի միջամտեց՝ ցաւցուց, լացուց, բայց մեզ ազատեց կորուստէն։
Ասոր համար ո՛չ թէ գանգատինք, այլ փառք տանք Հովիւին՝ մեր երկնային Հօր։
«Կորսուածին առջեւէն Հպարտութիւն կ՚երթայ». (ԱՌԱԿ. ԺԶ 18)։ Ուստի, Հովիւը կը հասնի եւ Հպարտութեան առջեւը կը դնէ Խոնարհութեան եւ Հեզութեան սեղանը։ Ան սեղանը կը դնէ «ուրիշները»ը «ԵՍ»ին առջեւ. մտատանջութիւն եւ հոգեր մեր թշնամիներուն առջեւ խաղաղութեան եւ գոհունակութեան սեղանը։ Երկմտութեան առջեւ՝ մեր թշնամիին առջեւ դրաւ հաւատքի սեղանը։ Մեր յուսահատութեան վհատութեան առջեւ դրաւ յոյսի սեղանը։
Եւ վերջապէս այն ինչ որ մեր թշնամին է, անոր առջեւ դրաւ բարեկամութեան սեղանը։
Մեր բաժակները լեցուն են ուրախութեամբ, խաղաղութեամբ, փառք եւ փառաբանութեամբ։ Ան մեր Հովիւն է. մեզի համար ապահով փարախ կը պատրաստէ։ Ան իր փարախին ամէն մէկ ոչխարը իր անունովը կը ճանչնայ եւ անոնք ալ զԻնք կը ճանչնան։ Ան իր ոչխարները կը սիրէ եւ անոնց համար Իր կեանքը զոհելու պատրա՛ստ է, որպէսզի անոնք յաւիտեան Իրեն հետ ըլլան…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յուլիս 3, 2025, Իսթանպուլ