ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ՅԱՅՏՆԵՑ ՀԱՅՑ. ԱՌԱՔԵԼԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդը (ԵՀԽ) զօրակցութիւն յայտնեց Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ։ Հայաստանէ ներս իշխանութիւններու կողմէ ձեռնարկուած հակաեկեղեցական արշաւին արձագանգեց համաքրիստոնէական այս կառոյցը, որու յայտարարութեան մէջ առանձնապէս խոշորացոյցի տակ առնուած են՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէ ներս իրաւապահ մարմիններու գործողութիւններն ու բարձրաստիճան հոգեւորականներու կալանաւորումը։
«Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին առանձնայատուկ եւ պաշտելի նշանակութիւն ունի հայ ժողովուրդի հոգեւոր, մշակութային եւ պատմական կեանքին մէջ։ Ան նաեւ համաշխարհային քրիստոնէական ընտանիքի էական եւ անփոխարինելի անդամն է ու մեծապէս կը նպաստէ էքիւմենիք շարժման եւ եկեղեցւոյ համատեղ վկայութեան ամբողջ աշխարհի մէջ», նշուած է յայտարարութեան մէջ։
Բաց աստի, շեշտուած է, որ սուրբ վայրերու դէմ ուժի կիրառման եւ հոգեւորականներու կալանաւորման մասին հաղորդումները լուրջ մտահոգութիւններ կը յառաջացնեն կրօնական ազատութեան պաշտպանութեան, պաշտամունքի սրբութեան եւ կրօնական հաստատութիւններու ինքնավարութեան տեսակէտէ։
«Մենք նաեւ կը գիտակցինք այն ազդեցութեան, զոր հանրային հռետորաբանութիւնը կրնայ գործել տարածաշրջանային լարուածութեան պահերուն։ Խօսքը, որ կ՚ընկալուի՝ որպէս թշնամական կամ նսեմացուցիչ կրօնական համայնքներու դէմ, վտանգ կը ստեղծէ հասարակական պառակտումները խորացնելու տեսակէտէ՝ այն ժամանակ, երբ առաւել քան երբեւէ անհրաժեշտ են միասնութիւնն ու փոխըմբռնումը», ընդգծուած է յայտարարութեան մէջ։
Այս համատեսքով ԵՀԽ Հայաստանի կառավարութեան յարգանքով ուղղած է հետեւեալ կոչը.
- Ապահովել բոլոր կրօնական առաջնորդներու եւ հաստատութիւններու պաշտպանութիւնը, արժանապատուութիւնն ու օրինական իրաւունքները։
- Զերծ մնալ այնպիսի գործողութիւններէ կամ յայտարարութիւններէ, որոնք կրնան մեկնաբանուիլ՝ որպէս կրօնական կառոյցներու թիրախաւորում կամ հանրային թշնամանքի հրահրում։
- Յարգել կրօնական ազատութեան, օրինական ընթացակարգերու եւ հաւատքի խաղաղ արտայայտման սկզբունքները։
- Խրախուսել պետական կառոյցներու եւ կրօնական համայնքներու միջեւ բաց եւ շինիչ երկխօսութիւնը։
Ի շարունակութիւն, ԵՀԽ զօրակցութիւն յայտնեց Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ, որու պատմական վկայութիւնն ու մշտական դերը երկար ժամանակ մեծապէս նպաստած են թէ՛ հայ ժողովուրդի եւ թէ համաշխարհային քրիստոնէական համայնքի հոգեւոր կեանքին ու զօրացման։
«Մենք կը շարունակենք աղօթել Հայաստանի առաջնորդներու իմաստութեան եւ խորաթափանցութեան համար, հոգեւորականութեան եւ հաւատացեալ ժողովուրդի բարեկեցութեան, ինչպէս նաեւ առկայ խնդիրներու՝ արդարութեան, խաղաղութեան եւ բոլորի նկատմամբ յարգանքի հիման վրայ կարգաւորման համար։ Այս կարեւոր պահուն մենք շահագրգիռ բոլոր կողմերուն կոչ կ՚ուղղենք, որպէսզի գործեն պատասխանատուութեամբ, նրբանկատութեամբ եւ հաւատարմութեամբ այն արժէքներուն նկատմամբ, որոնք կը նպաստեն արժանապատուութեան, երկխօսութեան եւ խաղաղ համակեցութեան», եզրափակուած է յայտարարութիւնը։