ԻՆՔՆՈՒԹԵԱՆ ՃԳՆԱԺԱՄ… ԵՒ ՊԱՏԱՆԻՆԵՐՆ ՈՒ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐԸ
Հայաստանեան իրականութիւնը այսօր ակնյայտ կերպով ճգնաժամի մը մէջ կը գտնուի։
Իշխանական կառոյցներուն եւ բարձրաստիճան հոգեւորականներուն միջեւ յառաջացած հակադրութիւնը ստեղծած է բաւական բարդ եւ բազմաշերտ իրավիճակ մը, զոր կարելի է համառօտ կերպով բնորոշել որպէս ինքնութեան եւ բարոյականութեան ճգնաժամ։
Այս հակադրութիւնը մէկ-երկու օրուան կամ մէկ-երկու տարուան հարց չէ։ Ան արմատաւորուած է վերջին հինգ տարիներու քաղաքական եւ հասարակական տատանումներուն, ինչպէս նաեւ ազգային ինքնագիտակցութեան խոր տագնապներուն ու օրհասական վիճակներուն մէջ։
Թէեւ կարելի է առանձին կերպով քննարկել, թէ հասուն մարդիկ ինչպէ՛ս կը վերաբերին այս զարգացումներուն եւ ի՛նչ ազդեցութիւն կը թողու անոնց վրայ, աւելի մտահոգիչ է՝ թէ ի՞նչ ազդեցութիւն կրնայ ունենալ այս ամբողջ իրավիճակը պատանիներու եւ երիտասարդներու ներաշխարհին վրայ։ Այդ ազդեցութիւնը կրնայ շատ լուրջ եւ երկարաժամկէտ հետեւանքներ ունենալ։
Երիտասարդները եւ պատանիները ակամայ, բայց, անխուսափելի կերպով կը հետեւին այս բախումներուն, որոնք առօրեայ քննարկման նիւթ են լրատուամիջոցներուն, ընկերային ցանցերուն եւ հասարակական շփումներուն մէջ։ Հակադրութիւնը մուտք գործած է մեր կեանք եւ մենք՝ կամայ թէ ակամայ, դարձած ենք անոր մասնակիցները։ Բայց, միշտ չէ, որ կրնանք տարբերել՝ ո՞րն է ճշմարտութիւնը եւ ո՞րը՝ կեղծիքը։
Երբ հասուն մարդիկ անգամ կը ձախողին ճշմարտութիւնը զատել կեղծիքներէն, կարելի է պատկերացնել, թէ պատանիներն ու երիտասարդները ինչպիսի՛ շփոթի մէջ կը յայտնուին։
Հայաստանեան իրականութեան մէջ, ուր եկեղեցին դարեր շարունակ ունեցած է կարեւոր եւ անփոխարինելի դեր, այսպիսի խճճուած իրավիճակ մը կրնայ պատանիներու մօտ շփոթութիւն ստեղծել՝ կրօնական արժէքներու եւ դիրքորոշումներու հարցով։
Երբ եկեղեցին ու իշխանութիւնը բացայայտ կերպով կը գտնուին գաղափարական կամ բարոյական հակասութեան մէջ, պատանիները կը դժուարանան որոշելու, թէ ի՛նչ արժէքներու հետեւին։ Այս հակասութիւնները կրնան անոնց մօտ յառաջացնել կրօնական անորոշութիւն կամ, աւելի վատ՝ հասցնել կրօնէն ամբողջական հեռացումի։ Անշուշտ, այս մէկը ներկայ իշխանութիւններու անպարկեշտ, անամօթ վարքագիծի արդիւնքն է։
Մասնագէտներ կը յայտարարեն, որ այս ամէնը մեծ հաւանականութեամբ կրնայ պատանիներու եւ երիտասարդներու մօտ յառաջացնել հոգեբանական ճնշումներ եւ հասարակական խնդիրներ։
Հոգեբանական ճնշումները յառաջ կու գան այն պատճառով, որ երիտասարդները ստիպուած կ՚ըլլան ընդունելու տարբեր տեսութիւններ եւ արժէքներ, որոնք յաճախ իրարու կը հակասեն։
Օրինակ, եթէ երիտասարդ մը ուզէ պահպանել հայկական աւանդական արժէքները եւ կրօնական սովորութիւնները, բայց տեսնէ, որ իշխանութեան քաղաքականութիւնը կը փորձէ նուազեցնել եկեղեցւոյ ազդեցութիւնը, այս մէկը կրնայ յանգեցնել խոր հոգեբանական պայքարի, ուր երիտասարդը կը փորձէ հասկնալ, թէ ո՛րն է իր տեղը այդ հակադրութեան մէջ եւ պատասխան չի գտներ։
Հայաստանի անկախութեան ընդունումէն ետք, բազմաթիւ երիտասարդներ սկսան աւելի սերտ շփուիլ միջազգային արժէքներուն եւ մտածողութեան հետ, ինչը արդէն իսկ բախումներ կը ստեղծէ ազգային ինքնութեան հետ։
Եկեղեցւոյ դերը, որպէս ազգային մշակոյթի կարեւոր մաս, այս հարցին մէջ կրնայ ունենալ մեծ նշանակութիւն, բայց, երբ իշխանութիւնը զայն մէկ կողմ կը դնէ կամ կը նուազեցնէ անոր դերը, պատանիները այս փոփոխութիւններուն մէջ կը տեսնեն ազգային արժեհամակարգի խախտում։
Ասիկա կը ստեղծէ ընդհանուր անորոշութիւն եւ հարցադրում՝ թէ ի վերջոյ ի՞նչ է հայ ըլլալու գաղափարը։
Իշխանութեան եւ եկեղեցւոյ միջեւ հակադրութիւնները կրնան նաեւ երիտասարդներուն ստիպել զիջելու իրենց հիմնական ուսումնական կամ աշխատանքային նպատակները եւ ներգրաւուիլ հասարակական շարժումներու կամ քաղաքական պայքարի մէջ, ինչը ինքնին կը խանգարէ իրենց բնականոն զարգացումը։ Բայց կրնայ նաեւ հակառակը ըլլալ․ երբ երիտասարդները կը տեսնեն, թէ «մեծերը» չեն կրնար համաձայնութեան գալ, անոնք կրնան խորքին մէջ մտածել․ «Ոչ մէկուն կարելի է վստահիլ»։ Այս յուսահատական մտածումը կրնայ զրկել երիտասարդը պայքարելու ոգիէն։ Անոնք կը մտածեն․ «Ինձմէ ոչինչ կախուած է»։
Մասնագէտները կը հաստատեն, որ երկրին մէջ ստեղծուած այս աննախադէպ մթնոլորտը կը ծնի անորոշութեան եւ անապահովութեան զգացում երիտասարդներու մօտ։
Անորոշութեան եւ անապահովութեան զգացումն ալ կը բերէ վախ եւ անվստահութիւն ապագայի նկատմամբ։ Մարդը ապրելով այնպիսի երկրի մէջ, ուր ապագան խամրած ու անկարեւոր կը թուի, կրնայ մղուիլ տարբեր քայլերու, որոնցմէ մէկը արտագաղթը կամ այլ երկիրներու մէջ հաստատուելու մտադրութիւնն է։
Մասնագէտները նաեւ կը պնդեն, որ այս երկու կարեւոր կառոյցներուն միջեւ բաց բախումը վաղ թէ ուշ կը յանգեցնէ նոր սերունդի մօտ ինքնութեան ճգնաժամի։ Իսկ այդ ճգնաժամի առաջին նշանները արդէն տեսանելի են։
Ինքնութեան ճգնաժամը, որպէս հոգեբանական երեւոյթ, կը յառաջանայ այն ատեն, երբ մարդը կը սկսի կասկածի տակ առնել իր արժէքները, համոզումները, դերը եւ տեղը հասարակութեան մէջ։
Այս վիճակը կը յառաջացնէ ներքին անորոշութիւն, շփոթութիւն եւ նոյնիսկ անհանգստութիւն։ Երբ մարդը կը սկսի հարց տալ իրեն՝ «Ո՞վ եմ ես», «Ո՞ւր կ՚երթամ» կամ «Ինչո՞ւ այսպէս կը մտածեմ», այս հարցադրումները սովորաբար կապուած են այն գործօններուն հետ, որոնք կը փլուզեն անոր ստացած արժէքային համակարգը։
Այս բախումները երկրին մէջ կը բարձրացնեն յուզական լարուածութիւնը։ Մանաւանդ զգայուն եւ ներհայեցող երիտասարդներու մօտ բախումները, հրահրումները, հայհոյանքները, կոպիտ հակադարձումները եւ գռեհկութիւնը կրնան յառաջացնել ֆիզիքական ախտանիշներ՝ գլխացաւ, քունի խանգարումներ, ախորժակի կորուստ, ինչպէս նաեւ յուզական արձագանգներ՝ նեարդայնութիւն, լաց, վախ, զայրոյթ։
Այս զգացումները կը բերեն աշխուժութեան անկում, հասարակական կեանքէն հեռացում եւ անտարբերութիւն՝ ազգային հարցերու նկատմամբ։
ԿԱՆԽՈՒՄ
Իրավիճակը կանխելու կամ գոնէ մեղմելու համար այսօր շատ կարեւոր է հոգեբաններու ներգրաւումը դպրոցներու, համալսարաններու եւ երիտասարդական շրջանակներու մէջ։
Ընկերային բազմաթիւ ճգնաժամեր կը յաջորդեն իրարու, բայց պատանիներու եւ երիտասարդներու հետ գրեթէ ո՛չ մէկ հոգեբանական աշխատանք կը տարուի։
Մինչդեռ խիստ անհրաժեշտ են խմբային զրոյցները, որոնց ընթացքին պատանիները կարողանան անկաշկանդ արտայայտել իրենց ապրումները, միտքերը եւ զգացումները՝ վստահ ըլլալու, որ ոեւէ մէկը զանոնք չի դատապարտեր։
Նման ճգնաժամերու ժամանակ մեծ նշանակութիւն ունի նաեւ արուեստի միջոցով սփոփումը եւ հանգստացումը։ Արուեստի ուժը, որպէս ցաւը եւ լարուածութիւնը մեղմող միջոց, տակաւին ամբողջովին արժեւորուած չէ մեր հասարակութեան մէջ։
Եւս մէկ կարեւոր միջոց է ծնողքի եւ ուսուցիչներու վերապատրաստումը եւ մասնագէտներու կողմէ անոնց հետ տարուող աշխատանքը, որպէսզի անոնք կարենան ճանաչել երեխաներու, պատանիներու եւ երիտասարդներու հոգեբանական խնդիրները եւ օժանդակութիւն ցուցաբերել։ Երիտասարդներ աւելի կ՚օգտագործեն համացանցը եւ ընկերային հարթակները՝ տեղեկութիւններ ստանալու եւ իրենց դիրքորոշումները ձեւաւորելու համար։ Գաղտնիք չէ, որ իշխանութիւն-եկեղեցի հակադրութիւնը վառ կերպով արտացոլուած է նոյնինքն ընկերային հարթակներու վրայ։ Թուային միջավայրին մէջ երիտասարդները յաճախ կը հանդիպին տեղեկութիւններու, որոնք կրնան խեղաթիւրել իրականութիւնը կամ աւելի մեծ շփոթութիւն ստեղծել անոնց մօտ։ Շատ կարեւոր է նաեւ ընկերային ցանցերէն ճիշդ օգտուելու, կեղծը, գռեհիկը, անպատեհը պատշաճէն եւ բնականոնէն զատելու գրագիտութիւն տարածել երիտասարդներու մէջ։ Դպրոցները, բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւնները եւ երիտասարդական կազմակերպութիւնները մեծ դեր ունին այս գործընթացին մէջ։
Եթէ իշխանութիւնը եւ եկեղեցին կարողանան համատեղել իրենց ջանքերը կրթութեան եւ դաստիարակութեան ոլորտին մէջ, այդ կրնայ նպաստել աւելի մեծ սիրոյ, յարգանքի՝ ազգային արժէքներուն եւ պատմութեան հանդէպ։
Բայց, կրթական համակարգն ալ այս հակասութեան հետեւանքով լճացած ու բաժանուած է…
Երիտասարդներու հոգեբանութեան եւ ընկերային վիճակին վրայ ազդելու հարցով կարեւոր է, որ իշխանութիւնը, կրթական հաստատութիւնները եւ եկեղեցին գործեն միասին՝ ապահովելով բաց երկխօսութիւն եւ ստեղծելով այնպիսի միջավայր, ուր երիտասարդները կարողանան անկաշկանդ քննարկել իրենց համոզումները՝ առանց ճնշումներու կամ խոչընդոտներու։
Երիտասարդները պէտք է ունենան հնարաւորութիւն բաց երկխօսութիւն վարելու թէ՛ եկեղեցւոյ, թէ՛ իշխանական մարմիններու հետ։
Աւելի՛ն, պատմական, կրօնական եւ քաղաքացիական կրթութիւնը կրնայ օգնել անոնց գտնելու իրենց ուղին։
Անհրաժեշտ է երիտասարդներուն ցոյց տալ, որ կրօնական եւ ազգային արժէքները չեն հակասեր ժամանակակից աշխարհիկ մտածողութեան եւ անոնց համադրումը կրնայ ստեղծել նոր արժէքներու գաղափար թէ՛ համաշխարհային, թէ՛ տեղական մակարդակով։
Ընդհանուր առմամբ, եթէ իշխանութիւնը եւ հասարակութիւնը կարողանան համագործակցիլ այս խնդրի շուրջ, կարելի է զգալիօրէն նուազեցնել ինքնութեան ճգնաժամը եւ նպաստել այնպիսի հասարակութեան ձեւաւորման, ուր երիտասարդները կարողանան բացայայտել իրենց ներքին ուժերը, արժէքներն ու համոզումները՝ առանց խճճուելու։
Ներկայ իրավիճակը նոյնիսկ կարելի է դիտել որպէս հնարաւորութիւն՝ իշխանութիւններու եւ եկեղեցւոյ համար՝ նոր ուղիներ գտնելու փոխըմբռնման եւ համագործակցութեան՝ ի նպաստ ազգային միասնականութեան եւ հաւասարակշռութեան։
Այս ճգնաժամերը կրնան վերածնունդի առիթ դառնալ, եթէ իշխանութիւնը, եկեղեցին եւ հասարակութիւնը կարողանան գիտակցիլ իրենց պատասխանատուութիւնը եւ միասին կառուցել աւելի կայուն, հաւասարակշռուած եւ վստահելի արժէքային դաշտ մը երիտասարդներուն համար։
Անկեղծութիւնն ու փոխադարձ յարգանքը կրնան կամրջել ամենախոր հակասութիւններն իսկ…
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան