ՀԱՅ ԹԵՐԹ ԿԱՐԴԱԼ…
Մի քանի օրէ ի վեր մեր հայ թերթերուն մէջ ծանուցում մը կը տեսնուի՝ կղզեբնակ ընթերցողներու ուղեալ։ Հոն կը ծանուցուի, որ հայ թերթ կարելի է գտնել որոշ կրպակներու մօտ։
Առաջին ակնարկով տարօինակ չէ, մանաւանդ բնական եւ օգտակար է այս երեւոյթը, քանի որ ընթերցասէր հասարակութիւնը կը լուսաբանուի՝ թէ ուրկէ՞ պիտի կարենայ հայթայթել հայ թերթը։ Այս կարեւոր է մանաւանդ այն աւանդապահ հայ ընթերցողին համար՝ որուն համար անհրաժե՛շտ է հայ թերթը՝ օրուայ հացին եւ ջուրին չափ։ Այս՝ երեւոյթին ուրախալի կողմը…
Բայց, միւս կողմէ մտահոգիչ եւ տրտմեցուցիչ հանգամանք մը կարելի է տեսնել հոս։
Շատ հին չէ, շատեր գիտեն, որ ամառնային եղանակին, արձակուրդի մէջ տղաք եւ երիտասարդներ կը ստանձնէին հայ թերթ ցրուելու պաշտօնը, եւ տուն-տուն կը ցրուէին օրուայ հայ թերթերը։
Ո՞ւր մնացին այդ տղաքը եւ երիտասարդները։ Անշուշտ, եթէ կը պակսին անոնք, ցաւ կը պատճառէ մեզի, քանի որ տղոց եւ երիտասարդներու այդ արարքը կերպով մը կ՚ապահովէր հայ թերթի ճանաչումը, հայ թերթի գիտակցութիւնը եւ կը հաստատէր հայ թերթի յիշողութիւնը եւ կ՚ապահովէր նաեւ կապը անցեալի հետ։ Արդարեւ, հիներ կ՚ըսէին. «Մեր տունէն չի պակսիր հայ թերթը, ամէն օր անխափան Հայ թերթ կը կարդանք»։
Այսօր, եւ մանաւանդ ապագային, եւ մօտ ապագային արդեօք քանի՞ հայ պիտի յիշէ եւ պիտի կրկնէ այս իմաստալից խօսքը…
Երկրորդ հարց մը. կը գտնուի՞ն հայ թերթ ցրուելիք տղաք եւ երիտասարդներ, բայց որովհետեւ հայ թերթ կարդացող տուն, ընտանիք չէ մնացած, այդ պատճառով անոնք չեն գործեր…
Ասիկա շատ աւելի ցաւալի է. հայ թերթի պահանջքի նուազացումը եւ նոյնիսկ վերացումը։ Հայ տունը, հայ ընտանիքը կանգուն պահող անհրաժեշտ ազդակներէն մին եւ կարեւորն է՝ հայ թերթը։ Ոմանք հայ թերթին մէջ կրնան կարդալու արժէք ունեցող բան մը չգտնել, բայց պէտք չէ մոռնան, որ հոն կայ հայ յիշողութիւնը, հայ մշակոյթը, հայ գիրը, հայ ոգին եւ հայ հոգին։
Ահաւասիկ, հայ թերթին հանդէպ անտարբերութիւնը՝ մերժումը եւ ուրացումն է վերոյիշեալ արժէքներուն, ինքնութեան եւ ճշմարտութեան։
Տարիներ առաջ, Գնալը կղզի, ամառը, Գրիգորը եւ Արարատը՝ հազիւ 10-12 տարեկան, տուներ հայ թերթ կը ցրուէին։ Օր մը երբ բաժանորդագրելու համար տուն մը կ՚երթան, դուռը կը բանայ տարիքաւոր կին մը՝ մեծ մայրիկ մը։ Անոնք կը հարցնեն, թէ կ՚ուզէ՞ որ իրեն Հայ թերթ բերեն ամէն օր։
Մեծ մայրիկը, ժպտուն կը պատասխանէ.- Տղաք, ես հայերէն կարդալ եւ գրել չեմ գիտեր, բայց բերէք հայ թերթը, թող հայ թերթ մտնէ տունս։ Շաբաթավերջին թոռնիկներս կու գան այցելել ինծի, անոնք հայ վարժարան կ՚ուսանին՝ գիտեն հայերէն, իրենք կը կարդան ինծի, այսպէս թէ՛ անոնք հայ թերթ կարդացած կ՚ըլլան եւ թէ ես հայ թերթ կարդալէ չեմ զրկուիր…։
Այսօր, թերեւս կը գտնուին հայ թերթ ցրուող տղաք եւ երիտասարդներ, եւ անպայմա՛ն կը գտնուին, բայց արդեօք «Ես հայերէն չեմ գիտեր, բայց թող տունս հայերէն թերթ մտնէ, հայերէն գիտցող մը կ՚ըլլայ որ կարդայ եւ ինծի օգնէ…», ըսող քանի՞ հայ մեծ մայրիկ կարելի է գտնել. ահաւասի՛կ կենսականը, կարեւորագոյն հարցը ա՛յս է։
Դարձեալ, տարիներ առաջ, շոգենաւին մէջ երիտասարդ մը ձեռքիս հայ թերթը ուզած էր կարդալու համար, ըսելով, որ շոգենաւին հազիւ հասած էր եւ չէր կրցած հայ թերթ գնել… այդ երեւոյթը զարմանք պատճառած էր ինծի… Հապա այսօ՞ր, քովը հայ թերթ կրող կարելի՞ է գտնել, որ գուցէ կարդալ փափաքող երիտասարդի մը տայ…
Հին հայ ընտանիքը հացը եւ ջուրը անպակաս չէր ըներ տունէն, բայց անոնց անպայման կը միանար հայ թերթը. հացի եւ ջուրի չափ անհրաժեշտ հայ թերթը։ Բայց այսօր միայն ցաւը մնաց անոր բացակայութեան…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յուլիս 10, 2025, Իսթանպուլ