ԱԶԱՏԱԳՐՈՒԱԾ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻՆ ԱՄԵՆԷՆ ՆՇԱՆԱՒՈՐ ՊԵՏԱԿԱՆ ՄԱՐԴԸ ՀԱՅՐԵՆԻՔԷՆ ԴՈՒՐՍ
Եթէ թերթատենք մեր ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի հին թիւերը, պիտի տեսնենք, թէ օրուան մամուլը ինչքան կարեւորութիւն տուած է Խատիսեանին Պոլիս կատարած այցելութեան եւ իրապէս ալ Խատիսեանի ամենէն կարեւոր առաքելութիւններէն մէկը թուրք մեծաւորներու կատարած իր այցելութիւններն էին:
Խատիսեանի Թուրքիա այցելութիւնը կը հետապնդէր հիմնական երեք նպատակ եւ ան իր գիրքին մէջ այդ երեք նպատակները կը յիշէ հետեւեալ ձեւով.
Ա.- Նպատակայարմար սահմաններ կենսունակ Հայաստանի մը ստեղծման համար:
Բ.- Պոլսոյ խորհրդաժողովը:
Գ.- Հայերու անտանելի վիճակը Կովկասի մէջ:
Խատիսեանի հիմնական հանդիպումները Թալէաթ եւ Էնվէր փաշաներու հետ էր: Անշուշտ, Պոլսոյ մէջ ան կը հանդիպէր նաեւ օտար դեսպաններու հետ: Նման վիճակի մէջ դիւանագէտ ըլլալը շատ կարեւոր էր, որովհետեւ իւրաքանչիւր պետութիւն այլ պետութեան շահերու հաշւոյն կ՚ուզէր իր խօսքը բանեցնել եւ իր շահերը հետապնդել, հետեւաբար, պէտք է առանց հակամարտութիւններու եւ միւս կողմէ առանց սեփական շահերը վնասելու յառաջ տանիլ Ազատ ու Անկախ Հայաստան մը ստեղծելու կարեւոր գործը: Խատիսեան այդ վտանգաւոր վիճակը կը նկարագրէ հետեւեալ ձեւով. «Թուրքերը շատ լաւ ծանօթ էին մեր ծրագիրներուն եւ ձգտումներուն, բայց չէին ուզեր, որ գոյութիւն ունենայ կենսունակ Հայաստան մը: … Մենք շարունակ կը վիճէինք իրարմէ ծածկելով ճշմարտութիւնը, խուսափելով բանալ մեր բոլոր քարտերը իրարու առջեւ: Երբ վերջապէս մեր քարտէսը գծուած սահմաններով ներկայացուցինք, տեսանք, որ Ատրպէյճան եւ Վրաստան ալ շարք մը հայկական հողամասեր մտցուցած են իրենց սահմաններուն մէջ»:
Այս մէկը ցոյց կու տայ, որ Խատիսեան եւ իր պատուիրակութիւնը կը պայքարէր ո՛չ թէ մէկ պետութեան, այլ երեք տարբեր պետութիւններու դէմ՝ պաշտպանելու համար Ազատ ու Անկախ Հայաստան մը ստեղծելու սրբազան գաղափարը: Անշուշտ, Խատիսեան իր գրութեան մէջ կը յիշէ, որ դիւանագիտական մօտեցումներով այդ բոլորը կը մեղմանար, սակայն, իրենք եւս գիտէին, որ օր մը այդ բոլորը մեծ հարցեր պիտի ստեղծէ թէ՛ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի եւ թէ Հայաստանի եւ Վրաստանի միջեւ:
Անշուշտ, այս բոլորով հանդերձ, Խատիսեան կը տեսակցէր նաեւ հայոց ցեղասպանութիւնը ծրագրելու մէջ մեղադրուող մեծաւորներու հետ եւս, սակայն, ամէն ջանք ի գործ կը դնէր անցեալի մասին չխօսելու, որովհետեւ անցեալի Հայաստանը այդ օրերուն ունէր շատ աւելի հրատապ խնդիրներ եւ անցեալի հարցերուն մասին խօսիլը պարզապէս պիտի հրահրէր վիճակը: Վէճէ խուսափելու եւ ներկայի հարցերը լուծելու համար Խատիսեան կ՚ըսէ. «Պապաջանեանն ու ես աշխատեցանք մեր խօսակցութեան նիւթը անցեալէն փոխադրելու ներկայի հրատապ հարցերուն վրայ»:
Անշուշտ, այս ընթացքին Խատիսեանի եւ իր պատուիրակութեան համար ամենէն դաժանը այն էր, որ բոլոր դեսպանները, բոլոր պետութիւնները երեւութապէս «պատրաստ» էին օգնելու, սակայն, գործնական գետնի վրայ ո՛չ մէկ արդիւնք կար. ամէն մարդ կը խոստանար. շատերու մօտ անոնք կը նկատէին կեղծ բարեկամութիւն, կեղծ ժպիտ ու «հաւանութիւն», սակայն, հակառակ այդ բոլորին, կը շարունակէին իրենց դիւանագիտական աշխատանքները՝ վստահ ըլլալով, որ անոնք այդտեղ են ո՛չ թէ իրենց կամ իրենց հիմնած կառավարութեան, այլ ամբողջ ազգի մը ճակատագիրը փրկելու:
Այս բոլոր տեսակցութիւններու մէջ ի յայտ կու գար, որ երկու կողմերն ալ՝ թէ՛ թուրքերը եւ թէ հայերը, համաձայն էին հաշտութեան, սակայն, բոլորի մօտ տարածուած էր հետեւեալ կարծիքը, զոր կը մէջբերենք Խատիսեանի գիրքէն. «Բոլորն ալ իրենց խօսակցութիւններուն մէջ շարունակ կը շեշտէին այն միտքը, թէ հայերն ու թուրքերը բաժնողը Անգլիան եւ Ռուսիան են, որոնք երկու հարեւան ժողովուրդները իրարու հետ կռուեցնելով պղտոր ջուրի մէջ ձուկ կ՚որսան»: Խորհրդաժողովը, որ ըստ Հայաստանի պատուիրակութեան, կրնայ դրական արդիւնք մը տալ, կը յետաձգուէր, սակայն Խատիսեան կ՚ըսէ. «Կը ջանայինք գրաւել մեր կողմը Թուրքիոյ հանրային կարծիքը, աշխատելով ցոյց տալ թուրք հասարակական գործիչներուն, որ համաձայնութիւնը հայերու հետ թուրքերու համար ալ օգտակար է»:
Արդար ըլլալու համար պէտք է ընդունիլ, որ թուրքերը եւս (կարելի է մի քանի բացառութիւններով) համաձայն էին հայերու հետ հաշտութիւն կնքելու. Օսմանեան երկրորդ բանակի հրամանատար Վէհիպ փաշա Խատիսեանի հետ ունեցած իր հանդիպման ժամանակ կ՚ըսէ.- «Հայ-թրքական բարեկամութեան նոր դարաշրջան սկսած է»: Խատիսեան այս բոլորը կ՚որակէ այսպէս. «Բնորոշ է, որ անկեղծ թէ կեղծ՝ մեր տեսած բոլոր թուրքերն ալ կը շեշտէին հայ-թրքական բարեկամութեան անհրաժեշտութիւնը Թուրքիոյ համար»:
•շարունակելի…
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. 1918 թուականին, հայ-թրքական յարաբերութեան մէջ Գերմանիոյ դերը դրակա՞ն էր թէ բացասական:
Պատասխան. 1918 թուականին, հայ-թրքական յարաբերութիւններուն մէջ Գերմանիոյ դերը հիմնականին բացասական էր: Որպէս Օսմանեան կայսրութեան հիմնական դաշնակիցը Գերմանիա չտեսնելու կու գար հայ ժողովուրդի տառապանքները: Թէեւ գերմանացի որոշ դիւանագէտներ իրենց անհանգստութիւնը կը յայտնէին եւ կը դատապարտէին տեղի ունեցած անարդարութիւնները: Այս մթնոլորտը բնականաբար կը սրէր հայ-թրքական յարաբերութիւնները:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան