ԵԹԷ ԿՐՆԱՍ ՍՈՐՎԵՑՈՒՐ…
Համամարդկային գրականութեան մէջ կան գոհարներ, որոնք հակառակ ժամանակի հնութեան՝ հրաշալի կերպով կը շարունակեն մնալ անժամանակավրէպ: Այդ գործերը ժամանակի ընթացքին չեն կորսնցներ իրենց ներքին պայծառութիւնն ու պատգամը եւ ժամանակի հոլովոյթին մէջ հիննալու փոխարէն նոր շունչ եւ արդիականութիւն կը ստանան: Նման գրութիւններ չե՛ն պատկանիր յատուկ ժամանակաշրջանի մը, այլ գաղափարապէս կը խօսին այնպիսի բաներու մասին, որոնք իմաստ կը ստանան ցանկացած դարաշրջանի մէջ հասակ առած սերունդներուն համար: Անոնք չե՛ն պատկանիր յատուկ մշակոյթի մը, որովհետեւ ժամանակի բոլոր սահմանները ճեղքելով գրականութենէն անդին կը յաջողին դառնալ կենդանի խօսք եւ իրականութեան մէջ թիւով շատ չեն այն գրողները, որոնք յաջողած են այս մէկը ընել:
Անկասկած, որ այդ գոհարներէն մէկն է Ամերիկայի 16-րդ նախագահ Ապրահամ Լինքընի գրած նամակը իր զաւակին՝ Ուիլիըմի ուսուցիչին: Անշուշտ յայտնենք, որ միշտ ալ մտաւորականներու կողմէ հարցականի տակ մնացած է անոր հեղինակութիւնը՝ որովհետեւ շատեր պնդած են, թէ այդ մէկը Ապրահամ Լինքընի հեղինակութիւնը չէ, սակայն, պատմութեան մէջ անցած է որպէս «Աբպրահամ Լինքընի նամակը ուղղուած զաւկին ուսուցիչին» անուան տակ: Անկախ այն հանգամանքէն, թէ գրողը Լինքըն ի՛նք է թէ ոչ, գրութիւնը կը շարունակէ մնալ համաշխարհային արժէք ներկայացնող գրութիւն մը՝ որ կը միտի զաւակը բարի, իմաստուն եւ դիմացկուն մեծահասակ դարձնելու:
Այսօր միասնաբար պիտի փորձենք կարդալ այդ նամակը եւ վերլուծել:
«Այսօր իմ որդին առաջին անգամ դպրոց կ՚երթայ: Անոր համար ամէն բան որոշ ժամանակ նոր ու անսովոր կ՚ըլլայ, բայց ես կ՚ուզէի, որ անոր հետ նրբութեամբ վարուիք»:
Այս առաջին պարզ ու համեստ նախադասութիւնը հետեւեալ մտածումները կու տայ. հայր մը կարեւորութիւն կու տայ իր զաւակին ուսումին եւ այս մէկը կարեւոր ու արժէքաւոր կը նկատենք: Մեր շուրջ կը տեսնենք, որ շատ մը ծնողներ իրենց զաւակին դպրոց երթալու ճշմարիտ իմաստն ու նպատակը չեն հասկնար եւ նոյնիսկ եթէ կը հասկնան, այդ հարցերով ընդհանրապէս կը զբաղի մայրը եւ հօրը համար այդ երեւոյթը կը դիտուի որպէս մարդկային կեանքին մէջ տեղ գտած «պարզ» ու «բնական» ընթացք մը:
Դպրոցը մանուկի մը համար միակ ու առաջին վայրն է, որ ան առաջին անգամ ըլլալով այդքան երկար ժամանակով «կտրուի» իր ծնողէն եւ ըլլայ իրեն հասակակիցներու հետ. այդ մէկը պէտք է դիտել, որպէս դէպի կեանք անոր առաջին քայլերը: Դպրոցը այդ առաջին վայրն է, ուր մանուկը կամաց կամաց աշխարհը պիտի սորվի. հո՛ն է, որ պիտի սորվի ինքզինք պաշտպանել՝ նոյնիսկ երբ ծնողները հոն չեն, հո՛ն է, որ պիտի սորվի իր տարեկիցներուն հետ շփուելու եւ բարեկամանալու արժէքը եւ այս բոլորին մէջ շատ կարեւոր է ուսուցիչի մը դերը, որովհետեւ ուսուցիչ մը իր խօսքով կրնայ գօտեպնդել երեխան եւ անդին իր մէկ խօսքով կրնայ ճեղք մը բանալ անոր նուրբ սիրտին մէջ եւ այս պարագային նամակագիրը շատ լաւ կը հասկնայ, որ անոր զաւկին ապագայի նկարագրին, ինչպէս նաեւ ապագայ յաջողութիւններուն մէջ կամայ թէ ակամայ իր բաժինը պիտի ունենայ նաեւ ուսուցիչը եւ հետեւաբար նամակագիրը կը խնդրէ իր՝ ինչպէս նաեւ ընդհանուր նրբութիւն մը:
Նրբութիւնը ուսուցիչի մը համար կարեւոր եւ անհրաժեշտ է՝ մանաւանդ երբ գործ ունի տակաւին նոր դպրոց սկսած մանուկներու հետ, որովհետեւ խստութիւնը միշտ մարդ չի կրթեր։ Խստութիւնը շատ անգամ պատճառ կը դառնայ, որ մանուկին մէջ սկսի տեղ գտնել բացասականը. ինչպէս օրինակ՝ սուտը, կռիւը, ջղայնութիւնը եւ այլն: Իր դասերը լաւ չպատրաստած աշակերտը եթէ կը վախնայ ուսուցիչէն՝ բնականաբար կը ստէ եւ այս պարագային մէջ սուտին համար պէտք է մեղադրել ո՛չ թէ մանուկը՝ այլ ուսուցիչը. նոյնն է պարագան ընտանեկան կեանքին մէջ. եթէ զաւակը վախնայ իր ծնողէն՝ բնականաբար կը դիմէ այդ բացասական երեւոյթներուն: Ծնողքին, ուսուցիչին եւ ընդհանրապէս մեծաւորներուն հանդէպ մանուկին ունեցածը պէտք է ըլլայ յարգանք եւ ո՛չ թէ վախ եւ յարգանքը երբեք վախով չի՛ պարտադրուիր:
Նրբութիւն խնդրելը այս պարագային զաւակին վրայ վախնալու երեւոյթ մը չէ. նրբութիւնը պարզապէս կամուրջ մըն է՝ նոր աշակերտին եւ ուսուցիչին միջեւ վստահութեան կամուրջ մը ստեղծելու. եթէ ուսուցիչը խիստ է, մանուկը կրնայ քաշուիլ ու չարտայայտուիլ, իսկ երբ ուսուցիչը ջերմ է՝ կրնայ իր մէջի գոհարներն ու արժէքները մշակել ու զարգացնել:
Այս մէկ տողը ամփոփումն է այն գաղափարին, որ քաջալերական մթնոլորտը սորվելու լաւագոյն պայմանն է: Մանուկի մը մէջ կրակ վառելու համար մեծ ջանքերու կարիք չի՛ կայ։ Քաջալերական խօսք մը կրնայ ամբողջ իր կեանքը ոգեշնչել զինք, իսկ անդին մեղադրական խօսք մը կամ բարկութիւն մը հակառակ ազդեցութիւնը ունենալ:
Հետեւաբար ուսուցիչ դառնալու որպէս առաջին նախապայման կը դիտենք «նրբութիւն»ը եւ նամակագիրը այս մէկը կը գրէր այն ժամանակ՝ երբ տակաւին ի գործ կը դրուէր Տէր Թոդիկեան դպրոցն ու անոր հասկացողութիւնը:
•շարունակելի…
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Ինչո՞ւ կարգ մը ուսուցիչներ կը հաւատան, որ պէտք է խիստ ըլլան դասարանէն ներս:
Պատասխան. Կարգ մը ուսուցիչներ կը հաւատան, որ դասարանէն ներս պէտք է խիստ ըլլան, որովհետեւ համոզուած են, որ խստութիւնը կարգապահութիւն կը պահէ եւ ուսանողներուն կը սորվեցնէ պատասխանատուութիւն: Անոնք կ՚ըսեն, թէ առանց յստակ կանոններու եւ հետեւողական վերահսկման՝ դասարանը կրնայ վերածուիլ անկարգ միջավայրի, ուր սորվիլը դժուար կ՚ըլլայ: Ըստ խստապահանջ ուսուցիչներու, խիստ մօտեցումը կ՚օգնէ, որպէսզի աշակերտը զսպէ իր վարքը եւ կեդրոնանայ ուսման վրայ: Սակայն կարեւոր է, որ անոնք խստութիւնը համադրեն սիրով, արդարութեամբ եւ փոխադարձ յարգանքով, որպէսզի դրական եւ ապահով միջավայր ստեղծեն:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան