ՀԻՆ ԿՏԱԿԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ԱՅԼԱԲԱՆԱԿԱՆ ԱՌՈՒՄՆԵՐ

Սուրբ Գիրքի մէջ իբրեւ նշանակութիւն կամ այլաբանութիւն գործածուած են զանազան բառեր։ «Առիւծ»ը յաճախ գործածուած է իր այլաբանական նշանակութեամբ։ Արդարեւ «առիւծ»ը անուանի է իր քաջութեան եւ ուժին կողմանէ։ Եթէ ստիպուի փախչիլ թշնամիին կամ վտանգաւոր երեւոյթի մը առջեւէն, չի դարձներ իր կռնակը, այլ ետ ետ կ՚երթայ աչքերը անոր վրայ տնկելով։ Առիւծը իր որսը սպաննելէ ետք՝ կտոր կտոր կ՚ընէ զայն եւ կ՚ուտէ անհնարին արագութեամբ։ Սուրբ Գիրքի մէջ կը հանդիպինք.

«Առիւծի պէս, որ կը փափաքի գիշատել, առիւծի կորիւնի պէս, որ դարանակալ կ՚ըլլայ». (ՍԱՂՄ. ԺԷ 12), եւ. «…Զանոնք առիւծի պէս պիտի ուտեմ…». (ՈՎՍ. ԺԳ 8)։

Առիւծի կորիւնը ըստ հին բնագէտներու՝ որսալով կ՚ապրի եւ քիչ անգամ կը հեռանայ ամայի անապատներէն. բայց մեծնալէն ետք մարդաբնակ տեղեր երթալով՝ աւելի վնաս կու տայ մարդոց։

Պատմութեան մէջ այս գազաններուն որջերէն մին էր Յորդանանի ցած եզերքը. երբ գետը ողողելով ջուրով կը ծածկէր շրջակայ անտառները, բոլոր գազաններ խոյս տալով դէպի բլուրներուն գլուխները՝ մեծամեծ վնասներ կը գործէին շատ անգամ. «Ահա անիկա առիւծի պէս ամուր բնակարանի վրայ պիտի ելլէ…». (ԵՐԵՄ. ԽԹ 19)։

Այսպէս, Հրէաստանի մէջ առակ եղած էր «առիւծի պէս… Յորդանանի ջուրերուն յորդելէն» խօսքը։ Առիւծի կատաղի բնաւորութիւնը ակնարկուած է Սուրբ Գիրքի մէջ եւ միշտ յոռի իմաստով։ Զոր օրինակ, Պետրոս առաքեալի առաջին ընդհանրական նամակին մէջ առիւծի նմանցուած է Սատանան. «Արթուն եւ պատրաստ եղէք, որովհետեւ ձեր թշնամին՝ Սատանան առիւծի պէս մռնչելով կը շրջի եւ կլլելու համար մէկը կը փնտռէ». (Ա ՊԵՏ. Ե 8)։

Նոյն անունով կը կոչուին նաեւ Եկեղեցւոյ թշնամիներ. «Անոնք առիւծի պէս կը մռնչեն, կորիւններու պէս կը գոռան…». (ԵՍ. Ե 29)։

Սուրբ Գիրքի մէջ «առիւծ» կը նշանակէ «իշխանութիւն» եւ «ազդեցութիւն» ունեցող։

Այս իմաստով Սուրբ Գիրքի մէջ կը հանդիպինք «առիւծ»ի այլաբանական նշանակութեան։

«Առիւծը մշնչեց, ո՞վ պիտի չվախնայ, Տէր Աստուած խօսեցաւ, ո՞վ պիտի չմարգարէանայ». (ԱՄՈՎՍԱՅ, Գ 8)։

«Առաջինը առիւծի պէս էր եւ արծիւի թեւեր ունէր։ Երբ կը նայէի՝ անոր թեւերը փրցուեցան եւ երկրէն վերցուեցաւ եւ մարդու պէս ոտքերու վրայ կայնեցաւ եւ անոր մարդու պէս սիրտ տրուեցաւ». (ԴԱՆ. Է 4)։

«Եւ երէցներէն մէկը ըսաւ ինծի.- Մի՛ լար, ահա Յուդային ցեղէն եղող Առիւծը, Դաւիթին Արմատը, յաղթեց եւ որ այն գիրքը պիտի բանայ եւ անոր եօթը կնիքները պիտի քակէ». (ՅԱՅՏ. Ե 5)։

Ուրիշ անասուն կենդանիներ եւս.

Ձի՝ նշանակ է պատերազմի եւ աշխարհակալութեան վերաբերեալ գործերու. (ԶԱՔ. Ժ 3), դարձեալ արժաւանքներու. (ՅՈՎԵԼ. Բ 4)։

Արջ՝ նշանակ է յիմար եւ գազանաբարոյ թշնամիներու. (ԱՌԱԿ. ԺԷ 12), (ԵՍ. ԺԱ 7), (ԴԱՆ. Է 5), (ՅԱՅՏ. ԺԳ 2)։

Ինձ՝ կը նշանակէ անգութ եւ նենգաւոր հակառակորդ. (ԵՍ. ԺԱ 6), (ԵՐԵՄ. Ե 6), (ԴԱՆ. Է 6), (ԱՄԲ. Ա 8), (ՅԱՅՏ. ԺԳ 2)։

Շուն՝ նշանակ է անմաքրութեան նաեւ ապստամբութեան հաւատքի մէջ. (ԱՌԱԿ. ԻԶ 11), (ՓԻԼԻՊ. Գ 2), (ՅԱՅՏ. ԻԲ 15)։ Երբեմն նաեւ արթնութեան. (ԵՍ. ԾԶ 10)։

Ցուլ՝ նշանակ է կատաղի թշնամիի. (ՍԱՂՄ. ԻԲ 12)։

Մարախ՝ կը նշանակէ թշնամի եւ աշխարհաւեր զօրքեր. (ՅՈՎԵԼ. Ա 4)։ Մարախներուն թագաւորը կոչուած է Աբադդոն կամ Աղբադոն, այսինքն կորուսիչ կամ աւերիչ. (ՅԱՅՏ. Թ 11)։

Սուրբ Գիրք կարդալու ատեն կարդացուածքը լա՛ւ հասկնալու եւ իմաստին թափանցելու համար, արդարեւ, պէտք է բառերուն այլաբանական նշանակութիւններուն գիտակցիլ եւ ահաւասիկ այն ատեն է, որ Սուրբ Գիրքի ընթերցումը պիտի ըլլայ կատարեալ եւ պիտի հասնի իր նպատակին…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Յուլիս 14, 2025, Իսթանպուլ

Երեքշաբթի, Յուլիս 15, 2025