ՀԻՒԿՈՅԻ ԹՇՈՒԱՌՆԵՐԸ
Համաշխարհային գրականութեան ամենէն յայտնի դէմքերէն Վիքթոր Հիւկօ մեր թուականէն 163 տարիներ առաջ՝ 1862 թուականին հրատարակեց յայտնի «Թշուառները» (Les Misérables) աշխատութիւնը, որ անկասկած մարդկային գրականութեան գոհարներէն մին է. անշուշտ, Հիւկոյի այս աշխատութիւնը գրական վէպ մը ստեղծելէ շատ աւելին էր, որովհետեւ գիրքը ունէր յստակ նպատակ: Այդ նպատակն էր ընթերցողին աչքերը բանալ հասարակական անարդարութիւններու, աղքատութեան եւ խտրականութեան յոռի երեւոյթներուն դիմաց: Վէպ՝ որ փորձած է առանց աւելորդաբանութիւններու ներկայացնել ժողովուրդին կեանքի պատկերը:
Այս աշխատութիւնը ունի հիմնական մի քանի նրբութիւններ. իր այս վէպով Հիւկօ կը փորձէ ընթերցողը համոզել, որ թշուառութիւնը միշտ սեփական «ընտրութիւն» կամ անձնական թերութիւններու հետեւանք չէ. մարդկային կեանքին մէջ կան խեղդող ու ճնշող պայմաններ, որոնք մարդը կամայ թէ ակամայ կ՚առաջնորդեն թշուառութեան՝ հիմք ունենալով ընկերութեան մէջ տիրող անարդարութիւնը. Հիւկօ իր վէպին մէջ կը գրէ. «Թշուառները չե՛ն ընտրած իրենց թշուառութիւնը. անոնց մէջքը կտրողն ու հոգին ճնշողը ընկերային պայմաններն են, աղքատութիւնն ու անարդարութիւնը»։ Հիւկօ կը հաւատար, որ մարդկութեան մէջ չարիք սերմանողը աղքատութիւնն ու թշուառութիւնն է, ինչ որ մարդը չարանալու, անարդարութեան կ՚առաջնորդէ:
Հիւկօ իր այս աշխատութիւնը հրատարակութեան ղրկելու ժամանակ աշխատութեան կցած է նաեւ նամակ մը, որ համաշխարհային գրականութեան մէջ յիշուած է որպէս «Հիւկոյի նամակը հրատարակիչին» խորագրով. կը հաւատանք, որ այս նամակը նոյնքան կարեւոր է՝ ինչքան «Թշուառները» աշխատութիւնը:
«Ձեզի կը ղրկեմ իմ վերջին աշխատութիւնս, որ կոչած եմ «Թշուառները»: Այնտեղ դուք կը գտնէք վէպ մը, որ կը ներկայացնէ իմ ժամանակաշրջանիս Ֆրանսայի ընկերային պատկերը, ուր փորձած եմ ցոյց տալ դժբախտութիւններն ու բախտաւորութիւնները, ցաւերն ու յոյսերը, սխալներն ու ճիշդերը: Այս գիրքը ստեղծուած է որպէս հասարակական ուսումնասիրութիւն։ Միայն պատմութիւն չէ, այլ կանչ է, բողոք է, աղօթք է: Ես չեմ բաւարարուած նիւթ մը ստեղծելով, այլ ուզած եմ լսելի դարձնել աղքատներու, ճնշուածներու եւ մոռցուածներու ձայնը: Ուզած եմ ցոյց տալ աղքատութեան պատճառները, անարդարութեան գոյութիւնը՝ զոր մարդիկը կը խեղդէ»:
Հիւկօ յոյս ունէր, որ այս վէպը մարդոց մօտ զգաստութիւն յառաջացնէր՝ վերջ տալու համար անարդարութեան. աւելի լաւ ձեւով հասկնալու համար աղքատներն ու թշուառները, որոնք այդ կացութեան մէջ կը գտնուին յաճախ մարդկութեան պատճառով: Շատերու համար աղքատութիւնը, աշխարհի մէջ գոյութիւն ունեցող թշուառութիւնն ու անարդարութիւնը անլուծելի, յաւիտեան կը նկատեն, սակայն, Հիւկօ ունէր համոզում, որ աշխարհի մէջ գոյութիւն ունեցող բոլոր անարդարութիւնները, թշուառութիւնը, աղքատութիւնը կարելի է լուծել միայն ու միայն սիրով. ան իր վէպին մէջ կ՚ըսէ. «Սէրն ու արդարութիւնը կրնան վերջ տալ աշխարհի մէջ գոյութիւն ունեցող անարդարութեան»։ Հիւկօ կը հաւատար, որ ո՛չ միայն թշուառները, այլ ամբողջ մարդկութիւնն է մեղաւորը, որ այսօր աշխարհի վրայ գոյութիւն ունի աղքատութիւն ու թշուառութիւն. այսօր աշխարհի վրայ շա՜տ մարդիկ թշուառ են ո՛չ թէ սեփական ընտրութեամբ՝ այլ պարտաւորուած, որովհետեւ այս աշխարհին արդարութիւնը կը պակսի: Ան իր այս վէպին մէջ կ՚ըսէ. «Ազատութիւնը մարդոց պարգեւ է, սակայն արդարութիւնը՝ պարտականութիւն», որովհետեւ արդարութիւնը երկինքէն կամ օդէն չի՛ գար. կու գայ մարդոցմէ եւ այս թշուառութիւնը վերացնելու համար պէտք է նախ մարդը փոխել, մարդուն մէջ սէր ու արդարութիւն սերմանել, որովհետեւ այս աշխարհին մէջ գոյութիւն ունի թշուառութիւնը վերացնելու թէ՛ սնունդ եւ թէ նիւթական:
Հիւկօ թշուառներու նեղութիւնը կը նմանեցնէ Յիսուս Քրիստոսի խաչին, սակայն, այդ խաչը կը տեսնէ որպէս ազատութեան խորհրդանիշ, որով Քրիստոս ազատեց մարդկութիւնը մեղքէն. ան այդ նոյն թշուառութեան խաչը կ՚ուզէ թշուառներուն համար եւս դառնայ ազատութեան խորհրդանիշ եւ այդ մէկը լոկ մարդկութեան ջանքերով կրնայ ըլլալ:
Ֆրանսացի մեծ գրողը իր այս աշխատութեամբ հիմնականին մէջ կու գայ մարդոց մէջ սիրոյ կարեւորութիւնը շեշտելու, որովհետեւ սիրոյ ճամբով կարելի է լուծում տալ աշխարհի ամենէն մեծ հարցերուն, աշխարհի ամենէն դաժան պատերազմներուն եւ գրեթէ այն բոլորին, որ չար է: Մարդը մարդուն երբ սիրէ՝ արդէն իսկ չարութիւնը կը վերանայ. մարդը մարդուն երբ սիրէ՝ արդէն իսկ աղքատութիւնն ու թշուառութիւնը վերջ կը գտնեն, որովհետեւ ճշմարիտ սէրը չի՛ կրնար լուռ մնալ իր եղբօր, իր նմանին թշուառութեան դիմաց։ Հիւկոյի համոզումով՝ «սիրել կը նշանակէ ազատել եւ ո՛չ գերութեան մէջ պահել». եթէ այսօր մարդը մարդուն սիրէր, արդէն իսկ աղքատութիւն, սով, թշուառութիւն տեղի չէր ունենար:
Աւելի քան 160 տարիներ առաջ գրուած այս վէպը կը շարունակէ պահել իր այժմէականութիւնը, որովհետեւ մինչեւ օրս կան թշուառներ, մինչեւ օրս կան աղքատներ եւ մինչեւ օրս կայ անարդարութիւն եւ այնքան ժամանակ, երբ այս բոլորը գոյութիւն ունի, կենդանի պիտի մնայ Հիւկոյի այս աշխատութիւնը:
Այս գրութիւնը կ՚ուզենք աւարտել Հիւկոյի համոզումով՝ «Աշխարհի մէջ ամենէն ցաւալին տառապիլը չէ. ցաւալին այն է՝ որ մարդ մինակ է իր տառապանքին մէջ»:
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Աղքատութիւնը երբեւէ պիտի վերանա՞յ աշխարհէն:
Պատասխան. Աղքատութիւնը մարդկութեան պատմութեան ընթացքին գոյութիւն ունեցած է որպէս ընկերային եւ տնտեսական խնդիր եւ կը շարունակէ գոյութիւն ունենալ եւ դժուար թէ ամբողջութեամբ վերացուի: Աշխարհի տարբեր շրջաններու մէջ աղքատութեան պատճառները տարբեր են՝ ներառեալ ընկերային անհաւասարութիւն, կրթութեան եւ առողջապահութեան սահմանափակ հասանելիութիւն, քաղաքական կայունութեան բացակայութիւն: Աղքատութեան ամբողջական վերացումը բարդ խնդիր է եւ կը պահանջէ մեծ ջանքեր՝ հիմնուած համընդհանուր արդարութեան, հաւասար հնարաւորութիւններու վրայ: Այդ իսկ պատճառով այդ մէկը կը շարունակէ մնալ իտէալական նպատակ, որ իրականութիւն չէ դարձած տակաւին:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան