ՍՐՏԲԱՑ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Փա­րի­զի մեր պաշ­տօ­նա­կից «Նոր Յա­ռաջ» եր­կօ­րեա­յի վեր­ջին թի­ւին մէջ լոյս տե­սած է Ֆրան­սա­յի Թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նորդ Տ. Վա­հան Եպսկ. Յով­հան­նէ­սեա­նի հետ հար­ցազ­րոյց մը, զոր կա­տա­րած է խմբա­գիր Ժի­րայր Չո­լա­քեան։ Հար­ցազ­րոյ­ցը ստո­րեւ կը ներ­կա­յաց­նենք մեր ըն­թեր­ցող­նե­րուն։

*

-Մենք ա­ռա­ջին ան­գամ ձե­զի հետ տե­սակ­ցե­ցանք մօ­տա­ւո­րա­պէս տա­րի մը ա­ռաջ, ձեր ա­ռաջ­նոր­դ ընտ­րու­թեան ա­ռի­թով։ Կը խնդրենք, որ ներ­կա­յաց­նէք ձեր միա­մեայ գոր­ծու­նէու­թեան հա­շուեկ­շի­ռը՝ Ա­րեւմտեան Եւ­րո­պա­յի կա­թո­ղի­կո­սա­կան պա­տուի­րա­կի եւ Ֆրան­սա­յի Թե­մի ա­ռաջ­նոր­դի ձեր հան­գա­մանք­նե­րով։

-Նախ ը­սեմ, թէ ես ինք­զինքս բախ­տա­ւոր կը նկա­տեմ այս պատ­կա­ռե­լի պաշ­տօ­նին հա­մար, նկա­տի ու­նե­նա­լով որ Ֆրան­սան պատ­մա­կան թեմ մըն է իր քսանեօթ ծու­խե­րով (քսաներեք ծուխ եւ քա­նի մը ան­հո­վիւ կամ ան­տա­ճար հա­մայնք­ներ, ինչ­պէս՝ Սթրազ­պուրկ, Թու­լուզ, Ռո­ման քա­ղաք­նե­րու հա­-ւա­տա­ցեալ­նե­րը)։ Բայց ու­րախ եմ, որ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տի օրհ­նու­թեամբ ժո­ղո­վուր­դը զիս ար­ժա­նի հա­մա­րեց ղե­կա­վա­րե­լու այս թե­մը, որ Մեծ ե­ղեռ­նէն վե­րապ­րող­նե­րու ա­ռու­մով ա­մե­նէն մեծ հա­մայնք­նե­րէն մէ­կը կը նկա­տուի։ Ու­րա­խու­թեամբ անդ­րա­դար­ձայ, թէ օ­րի­նակ՝ Ա­մե­րի­կա­յի Ա­րե­ւե­լեան Թե­մի բաղ­դատ­մամբ, հոս ա­ւե­լի հա­յու­թիւն կը բու­րէ, կրօ­նա­կան ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րը եւ քա­րո­զը հա­յե­րէ­նով կ՚ըլ­լան, ա­մէ­նօ­րեայ եօ­թ հայ­կա­կան դպրոց­ներ կը գոր­ծեն։ Ընդ­հան­րա­պէս այ­սօր ա­ւե­լի հան­գիստ կը զգամ, երբ ար­դէն տե­ղեակ եմ թե­մի հար­ցե­րուն եւ գրե­թէ սահ­մա­նած եմ իմ յա­ռա­ջի­կայ մար­տահրա­ւէր­նե­րը։ Յայտ­նեմ, թէ ընտ­րուե­լէս ան­մի­ջա­պէս վեր­ջ նա­մակ մը գրած էի Թե­մա­կան խոր­հուր­դին եւ խնդրած էի, որ առ­կայ խնդիր­նե­րը ու­սում­նա­սի­րուին, նախ­քան Անգ­լիա­յէն Ֆրան­սա փո­խադ­րուիլս, բայց դժբախ­տա­բար ցարդ ո՛չ մէկ հարց լու­ծուած է, ո­րոնք ըստ իս կա­րե­ւոր են մեր ե­կե­ղեց­ւոյ ա­ռա­քե­լու­թեան յա­ջո­ղու­թեան ճամ­բուն վրայ։

-Կրնա­յի՞ք պար­զա­բա­նել այդ խնդիր­նե­րը։

-Ա­ռա­ջին՝ Ֆրան­սան, որ հա­րիւր տա­րուան ան­ցեալ ու­նե­ցող թեմ մըն է եւ ուր մեր ժո­ղո­վուր­դին զա­ւակ­նե­րը բար­գա­ւաճ կեանք մը կ՚ապ­րին, հա­մայն­քը ա­ռաջ­նոր­դա­կան գրա­սե­նեակ եւ ա­ռաջ­նոր­դի քար­տու­ղար չու­նի։ Նիւ Եոր­քի, Լոս Ան­ճե­լը­սի, Գա­նա­տա­յի, Անգ­լիոյ կամ Մոս­կուա­յի թե­մե­րուն օ­րի­նա­կով չու­նինք պաշ­տօ­նէու­թիւն մը, որ կա­րե­նայ օ­ժան­դա­կել ա­ռաջ­նոր­դա­կան զա­նա­զան ա­ռա­քե­լու­թեանց՝ ե­րի­տա­սար­դաց հար­ցե­րու, հրա­տա­րա­կու­թեանց, ծու­խե­րու հետ յա­րա­բե­րու­թեանց տե­սա­կէ­տէն։ Հոս ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նը ու­նի միայն դի­ւա­նա­պետ մը, յան­ձինս Գրի­գոր Դա­ւի­թեա­նի, որ ի մի­ջի այ­լոց շատ նուի­րուած եւ հիա­նա­լի անձ մըն է։ Ըստ իս, 21-րդ դա­րուն Եւ­րո­պա­յի սիր­տին մէջ ապ­րող թե­մի մը հա­մար ա­մօ­թա­բեր է նման ի­րա­վի­ճակ մը։ Ա­ւե­լին՝ ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նը չու­նի լաւ ֆրան­սե­րէն գիտ­ցող մէ­կը, ինչ որ հար­ցե­րու ան­մի­ջա­կան լուծ­ման հա­մար ա­հա­ւոր դժուա­րու­թիւն կը ստեղ­ծէ։

Երկ­րորդ՝  ֆի­նան­սա­կան դժուա­րու­թիւ­նը։ Թե­մի նո­րա­ծին հա­մա­կար­գը ստեղ­ծուած է շնոր­հիւ անդ­րա­նիկ ա­ռաջ­նորդ՝ Գե­րաշ­նորհ Նոր­վան Սրբա­զա­նի ջան­քե­րուն, երբ վեր­ջինս ի­րա­պէս ա­հա­ւոր հո­սան­քի մը դէմ պայ­քա­րե­ցաւ ներ­կա­յի կո­րի­զը հաս­տա­տե­լու հա­մար։ Բայց այդ կո­րի­զը տա­կա­ւին հա­սուն­նա­լու կա­րիք ու­նի եւ կազ­մա­կերպ­չա­կան աշ­խա­տանք­նե­րը հա­մադ­րե­լու հա­մար հար­կա­ւոր են նիւ­թա­կան լայն մի­ջոց­ներ, իսկ թե­մը այդ ա­ռու­մով աղ­քատ կա­ցու­թեան մէջ կը գտնուի (Սեպ­տեմ­բեր ամ­սուան տուեալ­նե­րով՝ թե­մը իր հա­շի­ւին մէջ 300 եւ­րօ ու­նէր)։ Հե­տե­ւա­բար այս ձե­ւով ան­կա­րե­լի է ո­րե­ւէ ծրա­գիր ի­րա­գոր­ծել։ Այս բա­ցը ո­րոշ չա­փով լրաց­նե­լու հա­մար յա­ռա­ջի­կայ օ­րե­րուն կը կազ­մա­կեր­պենք ճաշ մը, ո­րու ըն­թաց­քին բա­ցէ ի բաց պի­տի խօ­սինք ժո­ղո­վուր­դին եւ պի­տի ներ­կա­յաց­նենք ե­կե­ղեց­ւոյ ներ­կա­յի կա­ցու­թիւ­նը, մեր ե­րա­զանք ծրա­գիր­նե­րը։ Պէտք է գի­տակ­ցիլ, որ ե­կե­ղե­ցին ո՛չ ա­ռաջ­նոր­դին եւ ոչ ալ Թե­մա­կան խոր­հուր­դին կը պատ­կա­նի, ե­կե­ղե­ցին ժո­ղո­վուր­դինն է եւ ա՛ն է, որ ա­ռաջ­նոր­դը ընտ­րած է, որ­պէս­զի հո­գայ ե­կե­ղեց­ւոյ կա­րիք­նե­րը։ Շա­տեր թիւ­րի­մա­ցու­թեամբ կը կար­ծեն, թէ ե­կե­ղե­ցին բար­ւոք վի­ճակ մը եւ կազ­մա­կերպ­չա­կան լաւ հա­մա­կարգ մը ու­նի։ Հե­տե­ւա­բար մեր պարտքն է ժո­ղո­վուր­դը տե­ղեակ պա­հել ե­կե­ղեց­ւոյ ֆի­նան­սա­կան կա­ցու­թեան մա­սին եւ տե­ղե­կաց­նել, որ ե­թէ այս­պէս շա­րու­նա­կուի, ան պի­տի վե­րա­ծուի մի­միայն ծի­սա­կա­տա­րու­թիւն­ներ (պսակ, մկրտու­թիւն, թա­ղում) կա­տա­րող կա­ռոյ­ցի մը։ Բայց ե­կե­ղե­ցին մեր ինք­նու­թեան սիւնն է, ոչ թէ որ­պէս շէնք եւ գմբէթ, այլ՝ իբ­րեւ կեն­դա­նի ա­ռա­քե­լու­թիւն մը։

Ու­րեմն, թե­մի կող­մէն կազ­մա­կեր­պուած ճա­շին մենք (ա­ռաջ­նոր­դը եւ Թե­մա­կան խոր­հուր­դը) կ՚ու­զենք դրա­կան պատ­գամ մը տալ մեր ժո­ղո­վուր­դին, որ ե­թէ ֆի­նան­սա­ւո­րուին մեր ծրա­գիր­նե­րը, մենք պի­տի կա­րե­նանք յա­ջո­ղիլ մեր ա­ռա­քե­լու­թեան մէջ։

Բա­ցի այդ, նպա­տա­կադ­րած ենք հիմ­նադ­րամ մը ստեղ­ծել, որ­պէս­զի կա­րե­նանք ա­նոր տա­րե­կան ե­կա­մու­տէն օգ­տուիլ ո՛չ թէ ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րու, այլ ծրա­գիր­ներ ի­րա­գոր­ծե­լու հա­մար։ Ա­ռաջ­նոր­դին ղե­կա­վա­րու­թեամբ «գոր­ծո­ղ» այս հիմ­նադ­րա­մին կրնան ան­դա­մակ­ցիլ բա­րե­րար­նե­րը, իսկ Թե­մա­կան խոր­հուր­դը հոն պար­զա­պէս մէկ ձայն պի­տի ու­նե­նայ։

Միւս կող­մէ, հարկ է ի մի­ջի այ­լոց ընդգ­ծել, թէ մեր ծու­խերն ալ ո­րոշ չա­փով դժուա­րու­թեան մէջ են եւ ի վի­ճա­կի չեն օգ­նե­լու ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նին։

Եր­րորդ՝ առ­կայ է մար­դու­ժի պա­կա­սը եւ հո­գե­ւո­րա­կան­նե­րու բա­ցա­կա­յու­թեան հար­ցը։ Ա­ւե­լի՛ն, ե­թէ հո­գե­ւո­րա­կան մը ֆրան­սա­խօս չէ (իմ պա­րա­գան լա­ւա­գոյն օ­րի­նակն է), ա­նոր քա­րոզ­չու­թիւ­նը եւ ծա­ռա­յու­թիւ­նը կը սահ­մա­նա­փա­կուի միայն հա­յա­խօս հա­մայն­քով եւ ա­սի­կա մեծ դժուա­րու­թիւն կը ստեղ­ծէ, նկա­տի ու­նե­նա­լով, որ ժո­ղո­վուր­դի կէ­սէն ա­ւե­լին ֆրան­սա­խօս է։ Նաեւ պէտք է հո­գե­ւո­րա­կան­ներ պատ­րաս­տել, բայց չմոռ­նանք, որ իւ­րա­քան­չիւր հո­գե­ւո­րա­կա­նի կե­ցու­թեան ծախ­սը տա­րե­կան 50 հա­զար եւ­րօ է։ Կ՚են­թադ­րեմ, թէ կա­րե­ւոր է, որ ժո­ղո­վուր­դը գիտ­նայ, թէ թեմ մը կամ ե­կե­ղե­ցի մը պահ­պա­նե­լը չի սահ­մա­նա­փա­կուիր միայն շէնք մը ա­պա­հո­վե­լով…։

Այ­սօր մենք ա­ռաջ­նոր­դա­նին մէջ ու­նինք միայն մէկ քա­հա­նայ, որ միա­ժա­մա­նակ Մայր Տա­ճա­րի լու­սա­րա­րա­պետն է։

-Բայց կա­րե­լի՞ է ախ­տա­ճա­նա­չում մը ը­նել եւ հասկ­նալ, թէ ին­չո՞ւ ե­կե­ղե­ցին այս կա­ցու­թեան մէջ կը գտնուի։

-Ախ­տա­ճա­նա­չու­մը կա­տա­րե­լու հա­մար պէտք է բա­նալ պատ­մու­թեան է­ջե­րը, ու­սում­նա­սի­րել ե­րէ­կուան դէպ­քե­րը։ Ան­շուշտ ե­թէ պա­հան­ջը դրուի անձ­նա­պէս պատ­րաստ եմ այդ քայ­լը առ­նե­լու, բայց ե՛ս ալ դո՛ւք ալ գի­տենք, թէ խրթին ան­ցեալ մը ու­նե­ցեր է այս թե­մի ֆի­նան­սա-վար­չա­կան հա­մա­կար­գը։ Կա­րե­լի է ան­շուշտ ա­միս­ներ կամ տա­րի­ներ յատ­կաց­նել այդ հար­ցե­րու բուն ար­մա­տը յայտ­նա­բե­րե­լու գոր­ծին, սա­կայն ա­տոր հա­մար ալ պէտք են նիւ­թա­կան մի­ջոց­ներ, նաեւ՝ մար­դուժ։ Յա­մե­նայն­դէպս, ես կը նա­խընտ­րեմ ժա­մա­նակս եւ ջան­քերս կեդ­րո­նաց­նել այ­սօ­րուան վրայ, թէ ի՞նչ մի­ջոց­նե­րով կա­րե­լի է ներ­կա­յի վի­ճա­կը բա­րե­լա­ւել։

Միւս կող­մէ, ե­թէ որ­պէս դուր­սէն դի­տող ախ­տա­ճա­նա­չում ը­նենք, կ՚անդ­րա­դառ­նանք, թէ Ֆրան­սա­յի պե­տու­թեան եւ ժո­ղո­վուր­դի հա­կաե­կե­ղե­ցա­կան կե­ցուած­քը կա­րե­ւոր դեր ու­նե­ցած է այս հար­ցին մէջ։ Գի­տէք հոս հան­դի­պած եմ Լի­բա­նա­նէն կամ Հա­յաս­տա­նէն ե­կած հայ ըն­տա­նիք­նե­րու, ո­րոնք հոս գա­լէն վեց ա­միս ետք սկսած են ին­ծի խօ­սիլ աշ­խար­հա­կա­նու­թեան մա­սին, զգու­շաց­նե­լով, թէ այս­տեղ Հա­լէպ կամ Ե­րու­սա­ղէմ չէ եւ ե­կե­ղե­ցիին դե­րը սահ­մա­նա­փակ է։ Անգ­լիոյ մէջ, ուր տա­րի­ներ շա­րու­նակ պաշ­տօ­նա­վա­րած եմ, կրնամ ը­սել, թէ հոն հո­գե­ւո­րա­կա­նը յար­գուած է ժո­ղո­վուր­դին կող­մէ։ Հոս ընդ­հան­րա­պէս ե­կե­ղե­ցին ժխտա­կան ձե­ւով կը ներ­կա­յա­ցուի։ Կ՚են­թադ­րեմ, թէ մեր ժո­ղո­վուրդն ալ հե­տե­ւե­լով այս երկ­րի օ­րի­նա­կին ե­կե­ղե­ցիէն հե­ռու կը մնայ։

-Երբ քիչ ա­ռաջ խօ­սե­ցանք ախ­տա­ճա­նա­չու­մի մա­սին, կ՚ու­զէինք մատ­նան­շել այն ան­ձե­րը, ո­րոնք ժա­մա­նա­կին ե­կե­ղե­ցիին շատ մօտ ե­ղած են եւ յե­տոյ զա­նա­զան պատ­ճառ­նե­րով ան­կէ հե­ռա­ցած։ Ա­նոնք կա՛մ հո­գե­ւոր սնունդ չեն ստա­ցած կամ ալ ա­նար­դա­րու­թիւն­նե­րու ա­կա­նա­տես ե­ղած են եւ տե­սած են ան­հան­դուր­ժե­լի խախ­տում­ներ…։ Հե­տե­ւա­բար բա­ցի ձեր նշած «աշ­խար­հա­կա­նու­թեա­ն» հե­տե­ւանք­նե­րու պա­րա­գան, ներ­քին խնդիր­ներն ու բա­խում­ներն ալ ի­րենց դե­րը ու­նե­ցած են։ Հար­ցին էու­թիւ­նը ներ­սէն հասկ­նա­լու է, որ­պէս­զի գո­նէ կա­րե­լի ըլ­լայ լե­զու գտնել այդ հե­ռա­ցած մար­դոց հետ, ո­րոնք նուի­րուած ան­ձեր են…։ Գո­յու­թիւն ու­նին նաեւ հո­գե­ւոր հո­վիւ­նե­րու եւ ժո­ղո­վուր­դի մի­ջեւ հա­ղոր­դակ­ցու­թեան ու լե­զուա­կան խնդիր­նե­րը։ Այլ խօս­քով՝ ե­րե­ւան կ՚ել­լէ հո­գե­ւոր պատ­րաս­տու­թեան հար­ցը։

- Ձեր կող­մէ մատ­նան­շուած հե­ռա­ցող­նե­րը ես անձ­նա­պէս չեմ ճանչ­նար, բայց կ՚ու­զեմ ա­ռի­թէն օգ­տուե­լով մեր այս զրոյ­ցի մի­ջո­ցաւ վե­րա­դար­ձի կոչ ը­նել ա­նոնց, որ­պէս­զի գան, ծա­նօ­թա­նանք եւ խօ­սինք ի­րա­րու հետ։ Ես պատ­րաստ եմ հարկ ե­ղած ժա­մա­նա­կը տրա­մադ­րե­լու այդ հար­ցին։ Իսկ ինչ կը վե­րա­բե­րի ներ­քին պայ­քար­նե­րուն, ես միա՛յն կրնամ ա­նոնց հե­տե­ւանք­նե­րը ար­խիւ­նե­րու մէջ գտնել եւ զա­նոնք քննար­կել։ Ինչ կը վե­րա­բե­րի հո­գե­ւո­րա­կա­նու­թեան պատ­րաս­տու­թեան հար­ցին, յայտ­նեմ, թէ մեր դպրե­վան­քնե­րը կը պատ­րաս­տեն Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ հո­գե­ւո­րա­կան­ներ, բայց կա­րի­քը ար­դէն այն­քա՜ն մեծ է, որ ան­կա­րե­լի է հա­յա­խօս հո­գե­ւո­րա­կան­նե­րու կող­քին պատ­րաս­տել նաեւ ֆրան­սա­խօս, ի­տա­լա­խօս, սպա­նա­խօս, եւ այլ լե­զու­նե­րով խօ­սող հո­գե­ւո­րա­կան­ներ։ Ինչ­պէս ար­դէն Թե­մա­կան խոր­հուր­դին ուղ­ղուած նա­մա­կիս մէջ ը­սած էի, կա­րե­լի է մտա­ծել ֆրան­սա­հա­յե­րու յա­տուկ ճե­մա­րան մը հիմ­նե­լու մա­սին, քա­նի որ հոս ու­նինք լե­զուա­բան­ներ, աս­տուա­ծա­բան­ներ, ու­նինք եր­կար տա­րի­ներ հոս ապ­րած հո­գե­ւո­րա­կան­ներ, ո­րոնք կրնան հո­վուա­կան դա­սա­ւան­դում­ներ կա­տա­րել։ Եւ այս ծրա­գի­րը դիւ­րու­թեամբ կա­րե­լի է ի­րա­գոր­ծել։

-Ինչ­պէ՞ս…։

-Կա­րե­լի է Փա­րի­զէն դուրս գիւ­ղի մը մէջ ա­ժան գի­նով շէնք մը գնել, զայն կա­հա­ւո­րել հա­մա­կար­գիչ­նե­րով։ Քա­հա­նայ կամ վար­դա­պետ մը տե­սուչ նշա­նա­կել։ Հոն կա­րե­լի է հա­ւա­քել ա­պա­գա­յի հո­գե­ւո­րա­կան­նե­րը, ո­րոնք հա­յե­րէ­նի կող­քին ո՛չ միայն ֆրան­սե­րէն կը սոր­վին, այլ կ՚ապ­րին ֆրան­սա­կան մթնո­լոր­տին մէջ, կ՚ըն­տե­լա­նան ֆրան­սա­կան հո­գե­բա­նու­թեան ու հո­վուա­կան մօ­տե­ցում­նե­րուն։

-Ձեր մատ­նան­շած դժուար պայ­ման­նե­րով հան­դերձ, ե­կե­ղե­ցա­կան կեան­քը ա­ռօ­րեայ ի՞նչ աշ­խա­տանք­նե­րով կ՚ըն­թա­նայ։ Ի՞նչ ծրա­գիր­ներ կ՚ի­րա­կա­նաց­նէք։

-Կ՚ը­նենք այն ինչ որ կա­րե­լի է եւ նիւ­թա­կան մի­ջոց­նե­րու չի կա­րօ­տիր։ Հա­յե­րէն եւ ֆրան­սե­րէն լե­զու­նե­րով ե­կե­ղեց­ւոյ տե­ղե­կա­տուն կը հրա­տա­րա­կենք։ Ֆրան­սե­րէ­նի պա­րա­գա­յին եր­բեմն լե­զուա­կան սխալ­ներ կ՚ըլ­լան, բայց, ինչ­պէս ը­սի, ֆրան­սե­րէն լե­զուին տի­րա­պե­տող մէ­կը պէտք է, որ­պէս­զի գրէ եւ սրբագ­րու­թիւն­ներ ը­նէ։ Սկսած ենք նաեւ Սուրբ Գիր­քին սեր­տո­ղու­թեան։ Իսկ տար­բեր շրջան­ներ այ­ցե­լու­թիւն­նե­րը կը կա­տա­րուին միայն այն ժա­մա­նակ, երբ ծու­խե­րը ի վի­ճա­կի կ՚ըլ­լան գնաց­քով եր­թու­դար­ձի տոմ­սա­կի գի­նը ա­պա­հո­վե­լու։ Գի­տէք այս գոր­ծե­լա­ձե­ւով ե­կե­ղե­ցին ծուն­կի վրայ պա­հած կ՚ըլ­լանք։ Բայց ե­կե­ղե­ցին թռիչ­քի պէտք ու­նի։ Ե­րե­ւա­կա­յե­ցէք, որ Ֆրան­սա­յի նման թե­մի ե­կե­ղե­ցին ե­պիս­կո­պո­սա­կան պա­տա­րա­գի զգեստ չու­նի։ Բա­րե­բախ­տա­բար ես զգեստ­ներս հետս բե­րած եմ, այ­լա­պէս կա­րե­լի պի­տի չըլ­լար հոս պա­տա­րագ մա­տու­ցա­նել։ Կը ցա­ւիմ, որ միշտ նիւ­թա­կա­նի մա­սին կը խօ­սիմ, բայց այս է կա­ցու­թիւ­նը։ Ար­դեօք շռայ­լու­թի՞ւն մըն է, երբ կ՚ու­զեմ քովս ֆրան­սա­խօս օգ­նա­կան մը ու­նե­նալ…։

-Ֆրան­սա­յի Թե­մի նիւ­թա­կան սնան­կու­թեան մա­սին ար­դէն ո­րոշ չա­փով տե­ղեակ էինք։ Բայց առ­կայ հար­ցե­րը թե­րեւս ալ հո­գե­ւոր սնան­կու­թեան ար­դիւնք են։ Պէտք է քննար­կել, թէ այ­սօր ինչ­պէ՞ս կա­րե­լի է Եւ­րո­պա­յի եւ յատ­կա­պէս Ֆրան­սա­յի մէջ հա­մա­կե­ցու­թիւն հաս­տա­տել աշ­խար­հա­կան պե­տու­թեան մը հա­մա­կար­գին մէջ։ Օ­րի­նակ՝ Հայ կա­թո­ղի­կէ եւ Ա­ւե­տա­րա­նա­կան ե­կե­ղե­ցի­նե­րը գտած են հա­մա­կե­ցու­թեան ե­ղա­նա­կը, քա­նի որ այն­տեղ ե­կե­ղե­ցա­կան կեանք կայ։ Այդ հա­մայնք­նե­րը լե­զու գտած են նման պայ­ման­նե­րու մէջ հա­մա­կեր­պե­լու՝ երկ­լե­զուու­թեան, ե­կե­ղե­ցա­կան կեան­քը աշ­խար­հիկ կեան­քին հաշ­տեց­նե­լու ա­ռու­մով։ Այս հար­ցե­րը ի­րենց ներ­քին լու­ծու­մը գտած են հոն, ո­րոնց­մէ Հայ­կա­կան Ե­կե­ղե­ցին մէկ դար հե­ռա­ւո­րու­թիւն ու­նի։ Դուք ինչ­պէ՞ս կը գնա­հա­տէք նշեալ խնդիր­նե­րը։

-Ար­դա­րեւ նիւ­թա­կան սնան­կու­թիւ­նը հո­գե­ւոր ա­ռա­քե­լու­թեան բա­ցա­կա­յու­թեան հե­տե­ւանքն է։ Հարկ է նշել, թէ մեր ժո­ղո­վուր­դը հա­ւա­տա­ցեալ է, բայց մենք այս կա­ցու­թեան մատ­նուած ենք, քա­նի որ հոս ե­կե­ղե­ցին հա­րիւր տա­րիէ ի վեր չէ կրցած յատ­կան­շա­կան գոր­ծօն ա­ռա­քե­լու­թիւն ա­պա­հո­վել։ Այ­սու­հան­դերձ, անց­նող ա­միս­նե­րու ըն­թաց­քին Սուրբ Գիր­քի սեր­տո­ղու­թեան ու­սուց­ման խմբակ­ներ կազ­մուած են։ Ա­նոնք Փա­րի­զէն բա­ցի, ար­դէն սկսած են գոր­ծել Մար­սէյ­լի եւ Վա­լան­սի մէջ եւ շու­տով ալ կը ստեղ­ծուի Լիո­նի խմբա­կը։ Ի մի­ջի այ­լոց իմ ղե­կա­վա­րած խմբա­կի դա­սըն­թացք­նե­րուն իւ­րա­քան­չիւր Չո­րեք­շաբ­թի օր շուրջ ինն­սուն հո­գի կը մաս­նակ­ցի։ Ատ­կէ զատ, կեան­քի կո­չած ենք ե­կե­ղե­ցա­սէր ե­րի­տա­սար­դա­կան միու­թիւն մըն ալ, որ շատ աշ­խոյժ աշ­խա­տանք կը տա­նի։ Հոս կա­րե­ւոր հարց մը կայ եւ կա­րե­լի չէ բո­լոր «յան­ցանք­նե­րը»  բար­դել ե­կե­ղե­ցա­կա­նի գլխուն, ո­րով­հե­տեւ գա­ղու­թին մէջ պէտք է փո­խել նաեւ ժո­ղո­վուր­դին մտայ­նու­թիւ­նը եւ ընդգ­ծել ե­կե­ղեց­ւոյ կա­րե­ւոր դե­րը հա­մայն­քա­յին կեան­քէն ներս։

-Ժո­ղովր­դա­կան ա­ռա­ծը կ՚ը­սէ. «Չլա­ցող ե­րա­խա­յին կաթ չեն տա­ր»։ Հար­ցը այն է, որ այս լճա­ցած վի­ճա­կը դար մը շա­րու­նա­կուած է եւ ըստ ե­րե­ւոյ­թին ե­կե­ղե­ցա­կան­նե­րը չեն պա­հան­ջած, չեն գան­գա­տած, թե­րեւս ալ ու­րիշ գոր­ծե­րով զբա­ղած են…։ Յա­մե­նայն­դէպս, մեր հա­մայն­քի այս­պէս կո­չուած «աշ­խար­հի­կ» կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու օ­րի­նա­կը ա­ւե­լի փայ­լուն չէ, ինչ­պէս՝ CCAF-ի­նը…։

-Սա­կայն մի՛ մոռ­նաք, որ CCAF-ը վեր­ջին տա­րի­նե­րուն ստեղ­ծուած կազ­մա­կեր­պու­թիւն մըն է, իսկ մեր ե­կե­ղե­ցին եր­կու հա­զար տա­րուան կեանք ու­նի եւ կա­րե­լի չէ այս եր­կու­քին մի­ջեւ բաղ­դա­տու­թիւն կա­տա­րել։

-Ե­կե­ղե­ցին մին­չեւ 2000 թուա­կա­նը ու­նէր հա­մայն­քը ղե­կա­վա­րե­լու մե­նաշ­նոր­հը, բայց չկրցաւ զայն իր ձեռ­քը պա­հել։ Մինչ այդ, բո­լոր կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րը ե­կե­ղե­ցիէն կ՚անց­նէին՝ ի­րենց ներ­կա­յու­թիւ­նը ա­պա­հո­վե­լու հա­մար։ Բայց վեր­ջին­ներս նկա­տե­լով, որ ե­կե­ղե­ցին չի կրնար ա­պա­հո­վել զի­րենք ղե­կա­վա­րե­լու յար­մար պայ­ման­նե­րը, կա­մաց-կա­մաց քա­շուե­ցան…։ Հե­տե­ւա­բար պէտք է մի­ջոց­նե­րը գտնել այդ վստա­հու­թիւ­նը վե­րագտ­նե­լու հա­մար։ Գա­ղա­փա­րա­կան եւ հո­գե­ւոր ազ­դակ­նե­րը կա­րե­ւոր են դրա­կան մթնո­լորտ մը ստեղ­ծե­լու ա­ռու­մով։ Այ­սօր հայ հա­մայն­քէն ներս որ­դեգ­րուած գոր­ծե­լա­ձե­ւը կար­ծէք կը նոյ­նա­նայ հրէա­կա­նին՝ CRIF-ի եւ Consistoire-ի օ­րի­նա­կով։ Աշ­խար­հի­կը բաժ­նել հո­գե­ւո­րէն։

-Ըստ իս, աշ­խար­հի­կը պէտք է հո­գե­ւո­րին հետ զու­գա­հեռ ըն­թացք ու­նե­նայ։ Վե­րա­դառ­նա­լով մեր ե­կե­ղեց­ւոյ ներ­քին հար­ցե­րուն, իմ կար­ծի­քով՝ պէտք է թե­մա­կան հա­մա­կարգ մը ստեղ­ծուի, ուր ա­ռաջ­նոր­դը Թե­մա­կան խոր­հուր­դին հետ կը գոր­ծէ ու կը ղե­կա­վա­րէ հա­մայն­քը, լու­ծե­լով ա­նոր հո­գե­ւոր խնդիր­նե­րը։ Բո­լոր ծու­խե­րը պէտք է են­թար­կուին Ա­ռաջ­նոր­դա­նիստ Ա­թո­ռին։ Իսկ այ­սօր այդ­պէս չէ պա­րա­գան։

-Ի՞նչ կ՚ը­սէիք դպրո­ցա­կան հա­մա­կար­գին հետ ե­կե­ղեց­ւոյ գոր­ծակ­ցու­թեան մա­սին։

-Կ՚են­թադ­րեմ, թէ Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ գո­յու­թիւ­նը Սփիւռ­քի մէջ ա­նի­մաստ կը դառ­նայ, ե­թէ ա­նոր կից գո­յու­թիւն պի­տի չու­նե­նայ դպրոց մը, ո­րով­հե­տեւ այդ է պա­պե­նա­կան ա­ւան­դու­թեամբ մե­զի հա­սած քրիս­տո­նէա­կան քա­րոզ­չու­թիւ­նը։ Ե­թէ դադ­րինք հա­յե­րէն խօ­սե­լէ եւ հայ զգա­լէ, այն ա­տեն չենք կրնար ար­դա­րաց­նել Հայց. Ե­կե­ղեց­ւոյ գո­յու­թիւ­նը՝ այս պա­րա­գա­յին Փա­րի­զի մէջ։ Ին­ծի հա­մար դպրո­ցը եւ ե­կե­ղե­ցին նոյն­քան կա­րե­ւո­րու­թիւն ու­նին։ Բայց միա­ժա­մա­նակ չմոռ­նանք, որ նախ ե­կե­ղե­ցին պէտք է վե­րա­կանգ­նի, ո­րով­հե­տեւ ան, ինչ­պէս ը­սի, կեն­սա­կան ու կա­րե­ւոր դե­րա­կա­տա­րու­թիւն ու­նի հայ հա­մայն­քի կեան­քին մէջ, որ­մէ ետք ան­շուշտ պէտք է աշ­խու­ժաց­նել ա­նոր կից գոր­ծող հաս­տա­տու­թիւն­նե­րը։ Ես անձ­նա­պէս բո­լոր դպրոց­նե­րուն նա­մակ մը յղած եմ ը­սե­լով, թէ կը փա­փա­քիմ ա­մի­սը ան­գամ մը այ­ցե­լել իւ­րա­քան­չիւր դպրոց եւ զրու­ցել ա­շա­կերտ­նե­րուն կամ շրջա­նա­ւարտ­նե­րուն հետ։ Տա­կա­ւին պա­տաս­խա­նի կը սպա­սեմ։

-Ինչ­պէս գի­տենք, Նի­սի մէջ բա­ւա­կան բարդ խնդիր­ներ կան։ Ա­նոնք ի՞նչ ըն­թաց­քի մէջ կը գտնուին։

-Մենք որ­պէս Ա­ռաջ­նոր­դու­թիւն եւ Թե­մա­կան խոր­հուրդ յայ­տա­րա­րե­ցինք, թէ մե­զի հա­մար բո­լոր քրիս­տո­նեայ հայ զա­ւակ­նե­րը մեր զա­ւակ­ներն են եւ կ՚ու­զենք, որ միա­սին ըլ­լանք եւ հաշ­տուինք։ Այս նոյն մօ­տե­ցու­մէն մղուած դի­մե­ցինք այս­պէս կո­չուած «պա­ռակ­տեա­լ» խում­բին եւ ստա­ցանք հիա­նա­լի դրա­կան պա­տաս­խան մը, ո­րուն իբ­րեւ հե­տե­ւանք հինգ-վեց ան­գամ հան­դի­պում ու­նե­ցանք։ Ես դի­մե­ցի Թե­մա­կան խոր­հուր­դին, որ­պէս­զի նշա­նա­կուին եր­կու-ե­րեք ան­ձեր եւ միաս­նա­բար այս ան­գամ պաշ­տօ­նա­կան հան­գա­ման­քով երկ­խօ­սու­թեան սկսինք։ Ա­ռան­ձին-ա­ռան­ձին եր­կու ժո­ղով­ներ գու­մա­րե­ցինք, նախ մեր ծու­խին եւ յե­տոյ ալ «պա­ռակ­տեա­լ» խում­բին հետ։ Այ­նու­հե­տեւ յայ­տա­րա­րե­ցինք, որ թե­մի եւ այդ խում­բին մի­ջեւ ո­րոշ մեր­ձե­ցում մը կա­րե­լի ե­ղած է։ Նաեւ հա­մա­ձայ­նե­ցանք, որ պատ­րաս­տենք ու­ղե­գիծ մը՝ Թե­մա­կան խոր­հուր­դի ան­դամ­նե­րէն կազ­մուած հսկիչ յանձ­նա­խում­բի մը եւ ա­ռաջ­նոր­դին հո­վա­նիին տակ, զոր յա­ռա­ջի­կա­յին պի­տի ներ­կա­յաց­նենք եր­կու կող­մե­րուն։ Այժմ այդ ուղ­ղու­թեամբ կ՚աշ­խա­տինք։ Բայց չմոռ­նանք, որ Նի­սի խնդրով եօ­թ­-ութ տա­րուան ան­ցեալ ու­նե­ցող դա­տա­կան հար­ցեր ու­նինք, ֆի­զի­քա­պէս վի­րա­ւո­րուած մար­դիկ կան… ը­սել կ՚ու­զեմ, որ այն­քան ալ պար­զա­միտ չեմ, որ յայտ­նեմ՝ «ե­կէք հաշ­տուինք եւ ա­մէն բան կը վեր­ջա­նա­յ», այդ­պէս չէ եւ այն­քան ալ դիւ­րին չէ հար­ցին լու­ծու­մը, բայց մենք հի­մա ա՛յն ըն­թաց­քին կը մօ­տե­նանք, ուր մի­ջանձ­նա­կան հար­ցե­րով վի­րա­ւո­րուած մար­դիկ պէտք է խօ­սին ի­րենց դժուա­րու­թիւն­նե­րուն մա­սին, նե­րա­ռեալ՝ պէտք է քննար­կուին տեղ­ւոյն հո­գե­ւոր հո­վի­ւին ա­ռըն­չուող եօթ­նա­մեայ հար­ցե­րը։ Այդ խեղճ հո­վի­ւը չար­չա­րուած է անց­նող տա­րի­նե­րուն ըն­թաց­քին։ Արդ, իբ­րեւ հո­գե­ւոր հայր թէ՛ հո­վուա­կան, թէ վար­չա­կան եւ նոյ­նիսկ օ­րի­նա­կան գետ­նի վրայ չեմ ու­զեր հապ­ճեպ ո­րո­շում մը կա­յաց­նել, սա­կայն միաս­նա­բար պի­տի շա­րու­նա­կենք հա­մե­րաշ­խու­թեան ճա­նա­պար­հը։ Ա­ւելց­նեմ նաեւ, որ դի­մա­ցի կող­մը մե­զի գրա­ւոր խոս­տում տուած է, թէ կ՚ըն­դու­նի մեր թե­մա­կան տրա­մադ­րու­թիւ­նը, ըստ ո­րուն ի­րենք հա­մա­ձայն են, որ Նի­սի մէջ ե­կե­ղե­ցին պէտք է թե­մի եւ ա­ռաջ­նոր­դի իշ­խա­նու­թեան տակ ըլ­լայ, որ­պէս­զի երբ զի­րենք ծու­խին մէջ վե­րըն­դու­նինք, այն ա­տեն ի­րենք ի­րա­ւունք չու­նե­նան կար­գա­լոյծ քա­հա­նայ մը կամ հո­գե­ւո­րա­կան մը ա­ռա­ջադ­րե­լու ծի­սա­կա­տա­րու­թեանց հա­մար։ Այս ուղ­ղու­թեամբ կա­րե­ւոր յստա­կա­ցում մը պի­տի ը­նեմ, ը­սե­լով, թէ ե­կե­ղե­ցին պի­տի չձգէ, որ Ֆրան­սա­յի աշ­խար­հա­կա­նաց­ման հան­գա­ման­քը իր վրայ ճնշում բա­նեց­նէ եւ ե­կե­ղեց­ւոյ կա­նոն­նե­րը խնդրոյ ա­ռար­կայ դարձ­նէ՝ այդ գծով փո­փո­խու­թիւն­ներ թե­լադ­րե­լով, քա­նի որ ա­տի­կա մե­զի շատ վտան­գա­ւոր տե­ղեր կը տա­նի…։

-Այ­սօր Սուրբ Էջ­միա­ծի­նը նիւ­թա­պէս շատ բար­ւոք վի­ճակ մը ու­նի։ Ան որ­քա­նո՞վ կրնայ օգ­տա­կար ըլ­լալ Ֆրան­սա­յի Թե­մի զար­գաց­ման գոր­ծըն­թա­ցին։

-Ես ան­ձամբ հա­մո­զուած չեմ, որ Մայր Ա­թո­ռը պէտք է օ­ժան­դա­կէ Ֆրան­սա­յին, ո­րով­հե­տեւ այդ պա­րա­գա­յին բո­լոր թե­մե­րուն պէտք է օգ­նու­թիւն հասց­նէ։ Ընդ­հա­կա-ռակն, միշտ ալ թե­մե­րը օ­ժան­դա­կած են կեդ­րո­նին (ի­մա՝ Մայր Ա­թո­ռին), իսկ ա­սոր վառ օ­րի­նա­կը «Լու­սա­ւոր­չի լու­մա­ն» է։ Բա­րե­բախ­տա­բար Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը անց­նող տաս­նա­մեակ­նե­րուն յա­ջո­ղե­ցաւ բա­րե­րար­ներ հա­մախմ­բել իր շուր­ջը։ Թե­մե­րը պէտք է հո­գան ի­րենց գոր­ծու­նէու­թեան ծախ­սե­րը։ Մե՛նք է որ պէտք է օգ­նենք, որ­պէս­զի ա­ռա­ւել բար­գա­ւա­ճի Մայր Ա­թո­ռը։

-Անց­նող շուրջ քսան­հինգ տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին ֆրան­սա­հա­յու­թիւ­նը իր նիւ­թա­կան ամ­բողջ կա­րո­ղու­թիւ­նը նուի­րած է ու կը նուի­րէ Հա­յաս­տա­նին, իսկ այդ կը նշա­նա­կէ, որ տե­ղա­կան բո­լոր գոր­ծե­րը սա­ռած վի­ճա­կի մէջ կը գտնուին։ Ա­տի­կա կը վե­րա­բե­րի ո՛չ միայն ե­կե­ղե­ցիին, այ­լեւ բո­լոր կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րուն եւ ըն­կե­րակ­ցու­թիւն­նե­րուն։ Այ­սօր ո՛չ մէկ լու­մայ կը յատ­կա­ցուի հա­մայն­քի կրթա­կան կամ հո­գե­ւոր զար­գա­ցու­մին հա­մար։ Կրնանք Ալ­ֆոր­վի­լի «Ա­րա­պեա­ն» վար­ժա­րա­նին օ­րի­նա­կը բե­րել, որ լի­բա­նա­նա­հա­յու մը բա­րե­րա­րու­թեամբ կա­ռու­ցուե­ցաւ։

-Տէ­րը կ՚ը­սէ՝ «Ե­թէ եր­կու շա­պիկ ու­նիս մէ­կը տուր ա­նոր որ կա­րիք ու­նի»։ Ա­տի­կա կը նշա­նա­կէ, որ ե­թէ մէկ շա­պիկ ու­նիս, ա­տի­կա քե­զի պէտք է պա­հես։ Ճիշդ է, որ հայ­րե­նի­քը մե­զի հա­մար շատ կա­րե­ւոր նշա­նա­կու­թիւն ու­նի եւ մեր ջան­քե­րը պէտք է ուղ­ղենք ի նպաստ հայ­րե­նի­քի բար­գա­ւաճ­ման, բայց միեւ­նոյն ա­տեն պէտք չէ անձ­նաս­պան ըլ­լանք եւ մէկ­դի նե­տենք մեր ե­կե­ղե­ցի­նե­րը, մշա­կու­թա­յին եւ կրթա­կան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րը։ Բայց դժբախ­տա­բար կան մար­դիկ, որ հա­կա­ռա­կը կը մտա­ծեն, ը­սե­լով, թէ Սփիւռ­քը այ­լեւս ա­պա­գայ չու­նի եւ պէտք է միայն հայ­րե­նի­քին օգ­նել։ Իմ կար­ծի­քով՝ պէտք է գո­յա­տե­ւեն եւ զօ­րա­ւոր ըլ­լան թէ՛ Սփիւռ­քը եւ թէ հայ­րե­նի­քը։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 10, 2015