ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՕԾԵՑ ՄԱՍԻՍԻ ՆՈՐԱԿԱՌՈՅՑ Ս. ԹԱԴԷՈՍ ԵԿԵՂԵՑԻՆ

Նա­խա­գա­հու­թեամբ Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սին եւ Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի, կա­տա­րուե­ցաւ օծ­ման ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը Մա­սիս քա­ղա­քի նո­րա­կա­ռոյց ե­կե­ղե­ցւոյ:

Ե­կե­ղե­ցւոյ մուտ­քին Ա­մե­նայն Հա­յոց Կա­թո­ղի­կո­սը դի­մա­ւո­րե­ցին Ա­րա­րա­տեան Հայ­րա­պե­տա­կան Թե­մի Ա­ռաջ­նոր­դա­կան Փո­խա­նորդ Տ. Նա­ւա­սարդ Ար­ք. Կճո­յեա­ն, ե­կե­ղե­ցւոյ բա­րե­րար­ներ՝ Մի­քա­յէլ եւ Կա­րէն Վար­դա­նեան­նե­րը, թե­մի հո­գե­ւոր սպա­սա­ւոր­նե­րը եւ ե­րի­տա­սար­դա­կան միու­թեան ան­դամ­նե­րը:

Օծ­ման ա­րա­րո­ղու­թեան ըն­թաց­քին շա­րա­կան­նե­րու եւ սաղ­մոս­նե­րու ներ­քոյ ջու­րով եւ գի­նով լուա­ցուե­ցան ե­կե­ղե­ցւոյ Ս. Սե­ղա­նը, սիւ­նե­րը եւ մկրտու­թեան ա­ւա­զա­նը: Այ­նու­հե­տեւ «Հրա­շա­փառ» շա­րա­կա­նի եր­գե­ցո­ղու­թեամբ խո­րան բարձ­րա­ցուե­ցաւ Սրբա­լոյս Միւ­ռո­նը, ո­րով Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը կա­տա­րեց ե­կե­ղե­ցւոյ Ս. Սե­ղա­նի օ­ծու­մը:

Ձե­ռամբ Տ. Նա­ւա­սարդ Ար­ք. Կճո­յեա­նի, Ար­ցա­խի Թե­մի Ա­ռաջ­նորդ Տ. Պար­գեւ Ար­ք. Մար­տի­րո­սեա­նի, Մայր Ա­թո­ռի Վար­չատն­տե­սա­կան բաժ­նի տնօ­րէն Տ. Մու­շեղ Եպսկ. Պա­պա­յեա­նի, Մայր Ա­թո­ռի Լու­սա­րա­րա­պետ Տ. Յով­նան Եպսկ. Յա­կո­բեա­նի եւ Մայր Ա­թո­ռի Քրիս­տո­նէա­կան դաս­տիա­րա­կու­թեան կեդ­րո­նի տնօ­րէն Տ. Վար­դան Եպսկ. Նա­ւա­սար­դեա­նի օ­ծուե­ցին ե­կե­ղե­ցւոյ խո­րա­նի սիւ­նե­րը, մկրտու­թեան ա­ւա­զա­նը եւ խո­րա­նի շուր­թը:

Այ­նու­հե­տեւ Ա­մե­նայն Հա­յոց Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սի օրհ­նու­թեամբ նո­րա­կա­ռոյց ե­կե­ղե­ցին կո­չուե­ցաւ Ս. Թա­դէոս ա­ռա­քեա­լի ա­նու­նով:

Յա­ւարտ ե­կե­ղե­ցւոյ օծ­ման, Ա­մե­նայն Հա­յոց Հայ­րա­պե­տը իր պատ­գամն ու հայ­րա­պե­տա­կան օրհ­նու­թիւ­նը տուաւ ներ­կա­նե­րուն:

«Հո­գե­ւոր ու­րա­խու­թեան զգա­ցում­նե­րով այ­սօր հա­մա­կուած ենք ա­մէնքս: Առ Բարձ­րեալն Աս­տուած փա­ռա­բա­նու­թեամբ, ձե­զի հետ միաս­նա­կան ա­ղօ­թակ­ցու­թեամբ կա­տա­րե­ցինք օ­ծու­մը Մա­սիս քա­ղա­քի Սուրբ Թա­դէոս ե­կե­ղե­ցւոյ: 

«Սուրբ Էջ­միած­նի տօ­նին նուի­րուած գե­ղե­ցիկ շա­րա­կա­նը կ՚ար­տա­յայ­տէ Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ հա­յոց ա­ռա­ջին հայ­րա­պե­տի կո­չը. «Ե­կայք շի­նես­ցուք սուրբ զխո­րանն լու­սոյ, քան­զի ի սմա ծա­գէաց մեզ լոյս»: Նոր ե­կե­ղե­ցի­նե­րու կա­ռու­ցու­մը ի­րա­գոր­ծումն է այս կո­չին՝ դառ­նա­լով ո­գե­ւո­րու­թիւն եւ խրա­խոյս մեր կեան­քին մէջ՝ վառ պա­հե­լու հա­ւատ­քի լոյ­սը, ապ­րե­լու բա­րե­պաշ­տու­թեամբ, գոր­ծե­լու Աստ­ու­ծոյ կամ­քի հա­մա­ձայն: Նո­րա­կա­ռոյց եւ գե­ղեց­կա­կերտ այս ե­կե­ղե­ցին կը կրէ Ս. Թա­դէոս ա­ռա­քեա­լի ա­նու­նը, զոր շա­րա­կա­նա­գի­րը կը կո­չէ «Հայ­րա­տունկ այ­գիի հրե­ղէն պա­րիսպ, ոս­կե­ղէն բա­ժակ, ժիր մատ­ռուակ եւ Հա­յաս­տա­նեայց հո­գե­ւոր հայր»: Թա­դէոս եւ Բար­թո­ղի­մէոս ա­ռա­քեալ­նե­րը քրիս­տո­նէու­թեան լոյ­սը բե­րին Հա­յաս­տան եւ Տի­րոջ կե­նա­րար շնորհ­նե­րուն ար­ժա­նի դարձ­ու­ցին մեր ժո­ղո­վուր­դը: Օ­րեր ա­ռաջ Սուրբ Միւ­ռո­նի օրհ­նու­թեան ա­րա­րո­ղու­թեա­ն Մենք յի­շա­տա­կե­ցինք, որ Թա­դէոս ա­ռա­քեա­լի ձե­ռամբ Հա­յաս­տան բե­րուած է Քրիս­տո­սի կող­մէ օրհ­նուած իւ­ղը, ո­րու զօ­րու­թիւ­նը կը հա­ղորդ­ուի մեր սրբա­լոյս միւ­ռո­նին եւ ո­րով այժմ կա­տա­րե­ցինք օ­ծու­մը այս ե­կե­ղե­ցւոյ: Թա­դէոս ա­ռա­քեա­լի՝ մեր ժո­ղո­վուր­դին մա­տու­ցած սպա­սա­ւո­րու­թեան յի­շա­տակ­նե­րը, յի­րա­ւի, մշտար­թուն կ՚ըլ­լան նաեւ Քրիս­տո­սի հա­ւա­տա­րիմ ա­շա­կեր­տի ա­նու­նը կրող ե­կե­ղե­ցւոյ մէջ եւ այս ե­կե­ղե­ցին այ­ցե­լող հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րու սրտե­րուն մէջ:

«Սի­րե­լի­ներ, հա­ւատ­քը կեն­դա­նի եւ զօ­րա­ւոր է Բարձ­րեալն Աս­տու­ծոյ հետ ա­ղօ­թա­կան հա­ղոր­դակ­ցու­թեամբ: Իր ա­մե­նա­կա­րո­ղու­թեամբ Աս­տուած ա­մէ­նուր է՝ երկն­քի մէջ եւ երկ­րի վրայ, եւ աս­տուա­ծա­յին հո­գե­պա­րար ներ­կա­յու­թիւ­նը զգա­լի է յատ­կա­պէս Տի­րո­ջ նուի­րուած սրբա­գոր­ծեալ տա­ճար­նե­րու մէջ: Այս ի­րո­ղու­թիւ­նը կ՚ու­սու­ցա­նէ Դա­ւիթ մար­գա­րէն սաղ­մո­սի մի­ջո­ցով՝ ը­սե­լով. «Տէր ի տա­ճար սու՛րբ իւ­րում. Տէր յեր­կինս յա­թոռ իւ­րում (Տէ­րը իր սուրբ տա­ճա­րին մէջ է, Տէ­րը երկն­քի մէջ է՝ իր գա­հուն վրայ)» (Սաղմ.  Ժ 5)։

«Ե­կե­ղե­ցին Աս­տու­ծոյ տունն է, պաշ­տա­մուն­քի սրբա­զան վայր, ուր կը հան­դի­պին եր­կինքն ու եր­կի­րը, ժա­մա­նա­կա­ւորն ու յա­ւի­տե­նա­կա­նը, եւ ուր մար­դ կը ներ­թա­փան­ցէ յա­ւեր­ժու­թեան խոր­հուր­դի մէջ, կը ստա­նայ նաեւ պար­գե­ւը յա­ւի­տե­նա­կան կեան­քի: Մեր Տի­րոջ եւ Փրկչի շնորհ­նե­րը կը հեղ­ուին հա­ւա­տա­ցե­լոց վրայ ե­կե­ղե­ցի­նե­րու օրհ­նեալ յար­կէն ներս Սուրբ եւ Ան­մահ Պա­տա­րա­գի, սրբա­զան ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րու մա­տուց­մամբ: Եւ ե­կե­ղե­ցւոյ Ս. Սե­ղա­նէն բաշ­խուող հո­գե­ւոր պար­գեւ­նե­րով զօ­րա­նա­լով՝ մեր ժո­ղո­վուր­դի զա­ւակ­նե­րը երկ­նա­յին ա­ջակ­ցու­թեամբ կ՚ար­դիւ­նա­զար­դեն ի­րենց կեան­քի ըն­թաց­քը աս­տուա­ծա­հա­ճոյ գոր­ծե­րով: Գո­վե­լի է, որ ե­կե­ղե­ցա­շէն բա­րե­րար­նե­րը, ըն­դա­ռաջ մեր ժո­ղո­վուր­դի հո­գե­ւոր պա­հան­ջի, կեան­քի կը կո­չեն նոր ա­ղօ­թա­վայ­րե­րու, օրհ­նու­թեան նուի­րա­կան յար­կե­րու, լու­սոյ սուրբ խո­րան­նե­րու կա­ռու­ցու­մը», ը­սաւ Նո­րին Սրբու­թիւ­նը:

Ս. Թա­դէոս ե­կե­ղե­ցւոյ օծ­ման ա­ռի­թով Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը իր բարձր գնա­հա­տան­քը բե­րաւ Վար­դա­նեան ըն­տա­նի­քի ան­դամ­նե­րուն, ո­րոնց շնոր­հիւ Մա­սիս քա­ղա­քին մէջ հո­յա­կերտ ե­կե­ղե­ցի կա­ռու­ցուե­ցաւ:

Վեր­յի­շե­լով ե­կե­ղե­ցւոյ հիմ­նար­կէ­քը, ո­րուն ներ­կայ էր նաեւ ե­կե­ղե­ցւոյ բա­րե­րա­րը՝ բա­րե­յի­շա­տակ Հրանդ Վար­դա­նեա­ն, Նո­րին Սրբու­թիւ­նը յա­ւե­լեց, որ հա­ւա­տա­ցեալ հա­յոր­դի­նե­րը ի­րենց ա­ղօթք­նե­րուն մէջ մշտա­պէս պի­տի յի­շեն զայն՝ Տի­րո­ջմէ խա­ղա­ղու­թիւն ու հանգս­տու­թիւն հայ­ցե­լով ա­նոր լոյս հո­գիին հա­մար:

Հա­յոց Հո­վուա­պե­տը գո­վե­լի սպա­սա­ւո­րու­թեան ի­րա­կա­նաց­ման, թե­մէն ներս հո­գե­ւոր-ե­կե­ղե­ցա­կան կեան­քը աշ­խոյժ պա­հե­լու եւ նման ե­կե­ղե­ցա­շէն ձեռ­նարկ­ներն ու բա­րե­րա­րու­թիւն­նե­րը խրա­խու­սե­լու հա­մար իր գնա­հա­տան­քը յայտ­նեց Ա­րա­րա­տեան Հայ­րա­պե­տա­կան Թե­մի հո­գե­ւոր դա­սուն՝ գլխա­ւո­րու­թեամբ Տ. Նա­ւա­սարդ Ար­ք. Կճո­յեա­նի:

Գա­րե­գին Բ. Վե­հա­փա­ռ Հայ­րա­պե­տը ող­ջու­նեց Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգսեա­նի եւ պե­տա­կան այ­րե­րու ներ­կա­յու­թիւ­նը սրբա­զան ա­րա­րո­ղու­թեա­ն՝ հայ­ցե­լով Աս­տու­ծոյ զօ­րակ­ցու­թիւ­նը ա­նոնց հայ­րե­նա­նուէր ա­ռա­քե­լու­թեան մէջ:

Նո­րին Սրբու­թիւ­նը իր օրհ­նու­թիւ­նը բե­րաւ նաեւ ե­կե­ղե­ցւոյ ճար­տա­րա­պետ Ա­նա­հիտ Թար­խա­նեա­նին եւ շի­նա­րար­նե­րուն:

Գնա­հա­տե­լով Վար­դա­նեան ըն­տա­նի­քի ե­կե­ղե­ցա­նուէր նպաս­տը՝ ի շի­նու­թիւն եւ ի պայ­ծա­ռու­թիւն հո­գե­ւոր-ե­կե­ղե­ցա­կան կեան­քի, Ա­մե­նայն Հա­յոց Կա­թո­ղի­կո­սը Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Սուրբ Ե­կե­ղե­ցւոյ «Սուրբ Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ» պա­տուոյ բարձ­րա­գոյն շքան­շան շնոր­հեց Մի­քա­յէլ եւ Կա­րէն Վար­դա­նեան­նե­րուն: Հա­յոց Հայ­րա­պե­տը մաղ­թեց, որ Տէ­րը յա­ջո­ղու­թիւն­ներ շնոր­հէ բա­րե­պաշտ Վար­դա­նեան ըն­տա­նի­քի ազ­գօ­գուտ, հայ­րե­նա­սէր գոր­ծե­րուն:

Վեր­ջա­ւո­րու­թեան Ա­մե­նայն Հա­յոց Կա­թո­ղի­կո­սը ա­ղօ­թեց, որ Աս­տուած խա­ղա­ղու­թեան մէջ նոր յա­ռա­ջըն­թաց ու շի­նու­թիւն պար­գե­ւի Հայ­րե­նի­քին, պա­հէ ու պահ­պա­նէ հայ ժո­ղո­վուր­դը՝ ա­ռաջ­նոր­դե­լով դէ­պի նոր ձեռք­բե­րում­ներ:

Նո­րին Սրբու­թիւ­նը նաեւ մաղ­թեց, որ Տէ­րը Ս. Թա­դէոս ա­ռա­քեա­լի բա­րե­խօ­սու­թեամբ Իր օրհ­նու­թեան ներ­քոյ պա­հէ Մա­սի­սի նո­րա­կա­ռոյց ե­կե­ղե­ցին եւ Ա­ռա­քե­լա­կան Սուրբ Ե­կե­ղե­ցւոյ զա­ւակ­նե­րը՝ նո­րա­նոր յա­ջո­ղու­թիւն­ներ շնոր­հե­լով բո­լոր ազ­գա­նուէր ու ե­կե­ղե­ցա­նուէր գոր­ծե­րուն ու նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րուն:

Այս ա­ռի­թով Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը տա­ճա­րին նուի­րեց Տէր Յի­սուս Քրիս­տո­սի խա­չե­լու­թեան սրբա­պատ­կեր:

Ս. Թա­դէոս ե­կե­ղե­ցւոյ օծ­ման ա­րա­րո­ղու­թեա­ն ներ­կայ էին նաեւ Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի նա­խա­գահ Գա­լուստ Սա­հա­կեա­ն, Ա­րա­րա­տի մարզ­պետ Ռու­բիկ Աբ­րա­հա­մեա­ն, Մա­սի­սի քա­ղա­քա­պետ Սա­շա Յա­կո­բեա­ն եւ բա­զում բա­րե­պաշտ հա­յոր­դի­ներ։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 10, 2015