ՀԻՄՆԱԿԱՆ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐԸ
Որո՞նք են Հայաստանի իրականութեան հիմնական պատումները։ Նախկին ռուսաստանցի, իսկ այժմ իսրայէլացի ընկերաբան Վիքթոր Վախշատայնը վերջին դասախօսութիւններէն մէկուն մէջ կը պատասխանէ այն հարցին, թէ պատումները (աշխարհայեացքով «լիցքաւորուած») ե՞րբ կը դառնան քիչ թէ շատ կայուն ու ազդեցիկ։ Ասոր համար անհրաժեշտ է, որպէսզի պատումը ունենայ չորս չափանիշ.
ա. Ինքնութիւն, որոշակի «խմբակային պատկանելիութիւն»։
բ. Չարի ու բարիի, մաքուրի եւ կեղտոտի տարբերակում՝ ներառեալ «ժամակները» բնութագրելու առումով՝ այս ժամանակահատուածը լաւն էր, արժանապատիւ կեանքի շրջան էր, իսկ այս մէկը՝ ճիշդ հակառակը։
գ. Երրորդ չափումը տարածական է՝ համաշխարհային չարիք, տեղական չարիք, նոյնը, ի հարկէ, բարիքը։
դ. Պատասխան «ուղղուածութեան» մասին՝ ո՞ւր կ՚երթան աշխարհը, իմ երկիրը, ո՞ւր կ՚երթամ ես։
Փորձենք ենթադրութիւններ ընել, թէ որո՞նք են այդ չափանիշներով Հայաստանի հիմնական պատումները։ Բայց, սկիզբէն վերապահում ընենք, որ պատումներու պարագային կարեւոր չէ՝ անոնք ճիշդ են, թէ սխալ, գնահատականները արդար են, թէ անարդար։ Կարեւորը այն է, թէ ինչին կը հաւատան մեծ մարդոց մեծ խումբերը։
Առաջին (ա.) չափանիշով մարդիկ ինքզինքնին կրնան նոյնացնել՝ որպէս «հայ ժողովուրդի ներկայացուցիչներ» եւ այդ պարագային անոնք պէտք է փնտռեն խումբեր, որոնք հակադիր են, թշնամի են իրենց ինքնութեան՝ թուրքեր, ռուսեր, սորոսականներ, նախկիններ, թալանչիներ, նիկոլականներ։ Այստեղ կարելի է առանձնացնել երկու պատում (ի հարկէ, բազմաթիւ ենթատարբերակներով).
1. «Մենք ժողովուրդ ենք, իսկ անոնք նախկիններ են, թալանչիներ են եւ ռուսաստրուկներ»,
2. «Մենք ժողովուրդ ենք, իսկ անոնք՝ թրքամէտներ են, սորոսականներ են եւ նիկոլականներ»։
Կրկնեմ՝ խօսքը հիմնական, այս պահուն քիչ թէ շատ կայուն երկու պատումներու մասին է։
Երկրորդ պարագային (բ.)՝ այն հարցին, թէ ո՞ր ժամանակներն էին աւելի պայծառ, իսկ որո՞նք էին աւելի մռայլ, մեր համաքաղաքացիները, հաւանաբար, տարբեր ձեւով կը պատասխանեն։ Անոնք, որոնք 60 տարեկանը անց են, ունին երկու պատում.
1. Մինչեւ 1990-ականները (երբեմն՝ մինչեւ Կորպաչովի գալը) ամէն ինչ՝ տնտեսութիւնը, առողջապահութիւնը, գիտութիւնը, կրթութիւնը, մշակոյթը կը ծաղկէին, իսկ յետոյ ամէն ինչ փճացաւ, քանդուեցաւ,
2. Մինչեւ 1990-ականները՝ համայնավարական մենիշխանութիւն էր, բռնաճնշումներ, այլախոհներու հետապնդում, լճացում, Փոլիթպիւրոյի մարազմ, իսկ 1990-էն յետոյ բացուեցաւ թէեւ դժուար, բայց ցանկալի ազատութեան ուղին։
Բայց այդ երկու պատումներու վրայ կարելի է առանձնապէս չսեւեռուիլ, որովհետեւ իմ սերնդակիցները աստիճանաբար կը հեռանան ասպարէզէն։ Ինչպէ՞ս 1991-էն յետոյ կը բաշխուին «սեւ» եւ «սպիտակ» ժամանակաշրջանները հանրային պատումներու մէջ։ Այստեղ տարբերակները քանի մը հատ են.
1. 1990-ականներու՝ ցուրտ ու մութ - 2000-ականներու՝ թալան եւ 2018-էն յետոյ՝ ինքնիշխանութեան եւ խաղաղութեան (առասպելի եւ ցուրտի պատումը մասամբ փոխարինուած է նախորդ սերունդի «Սովետի ծաղկման» պատումէն),
2. 1990-ականներու՝ ցուրտ ու մութ - 2000-ականներու՝ յաղթանակներ-պարտութիւն, 2018-էն յետոյ՝ տապալում, աղէտներ,
3. 1990-ականներ՝ յաղթանակներ - 2000-ականներ՝ յաղթանակներու ամրապնդում - 2018-էն յետոյ՝ տապալում,
4. 1990-ականներ՝ յաղթանակներ - 2000-ականներ՝ թալան - 2018-էն յետոյ՝ տապալում,
5. Ամէն ինչ սեւ է՝ 1990-ականներ՝ ցուրտ ու մութ - 2000-ականներ՝ թալան - 2018-էն յետոյ՝ տապալում։
Կրնան, ի հարկէ, ըլլալ որոշակի երանգներ, «գորշ» հատուածներ, բայց, հիմնական շեմաները յստակ են։
Երրորդ (գ.) չափանիշով ամէն ինչ պարզ է.
1. Լուսաւոր, յառաջադէմ, ժողովրդավարական Արեւմուտք (համաշխարհային բարիք) - ազգընտիր, մեզ ռուսի լուծէն ազատագրած իշխանութիւն (տեղական բարիք) - յետամնաց, կայսերապաշտ Ռուսաստան (համաշխարհային չարիք) - Հայաստանի «հինգերորդ շարասիւն», նոյնինքն իրենք՝ նախկիններ ու թալանչիներ (տեղական չարիք)։
2. Ուժեղ լիտերի կողմէ ղեկավարուող եւ ինքնուրոյնութեան ձգտող Ռուսաստան (համաշխարհային բարիք) - հայրենասէր, Ռուսաստանի դերը գիտակցող հայեր (տեղական բարիք) - այլասերուած, LGBT-ական Արեւմուտք (համաշխարհային չարիք) - սորոսականներ (տեղական չարիք)։
Չորրորդ տիպի պատումները անմիջականօրէն կը բխին առաջին երեքէն։ Օրինակ՝ եթէ դուք կը տեսնէք Հայաստանի մէջ լուսաւոր Արեւմուտքի յաղթանակը, ուրեմն, ամենայն հաւանականութեամբ կը կարծէք, թէ աշխարհը եւ անոր հետ Հայաստան վստահօրէն կ՚երթայ յառաջընթացի ուղիով։ Եւ հակառակը՝ եթէ կը գտնէք, որ Հայաստան տապալուած է կամ մեր երկրին մէջ կ՚իշխեն սորոսականները, ուրեմն, կը կարծէք, թէ մենք բոլորս կը գլորուինք անդունդը։
Վերջին նկատառումը։ Սխալ է մտածել, որ պատմուները ամբողջութեամբ կախուած են միայն անոնցմէ, թէ ով, ինչպէս եւ որքան արդիւնաւէտ կը կարողանայ քաղաքացիներուն բան մը «կերցնել»։ Սա, ի հարկէ, գործօններէն մէկն է, բայց՝ ոչ միակը։
ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Խմբագրական՝ Երեւանի «Առաւօտ» օրաթերթի