ՄԵԿՆԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ՓՈՐՁ ՄԸ…
Նախապէս ներկայացուցինք երկու գրութիւններ՝ «Երկակներու հոգեւորական դառնալու կանոնական արգելքը» եւ «Օրէնքը մեկնաբանե՛լ եւ ո՛չ զայն խախտել» վերնագրերով։ Այս նիւթերուն համանման հարցեր շօշափեցինք նաեւ «Քահանայի յատկութիւնները» խորագրով երկու յաջորդական գրութիւններու մէջ։ Այս գրութիւններով ցոյց տալ փորձեցինք՝ օրէնքի կամ կանոնի մը հնազանդելու կամ հպատակելու, ենթարկուելու կարեւորութիւնն ու անհրաժեշտութիւնը ամբողջ ընկերային կեանքին մէջ ե՛ւ օրէնքը լա՛ւ հասկնալու, անոր իմաստն ու նպատակը լա՛ւ ըմբռնելու եւ ըստ այնմ գործադրելու հարկաւորութիւնը, հակառակ պարագային՝ սխալ կամ նպատակէն շեղած ընկալումի մը՝ ո՛րքան վնասակար հետեւանքներ ստեղծելու առիթ հանդիսանալու վտանգը։ Ուստի մատնանշած էինք յատկապէ՛ս «մեկնաբանութեան» կարեւորութիւնը։
Արդարեւ սխալ եւ թիւր մեկնաբանուած օրէնք մը ո՛չ թէ օգուտ, այլ մանաւանդ վնաս կը պատճառէ թէ՛ անհատին եւ թէ հասարակութեան։
Այս իրողութեան լոյսին տակ «մեկնաբանութեան փորձ» մը կատարենք։ Պարզապէս մտային մարզանք մը, անդրադարձում մը՝ օրէնքի մեկնաբանութեան կարեւորութեան եւ անհրաժեշտութեան արժէքը տեսնելու համար։ Եւ աւելցնենք, որ մեր մեկնաբանութիւնը երբեք «վճիռ»ի հանգամանք չունի, այլ պարզապէս «մեկնաբանութեան կարեւորութիւն»ը ցոյց տալու համեստ փորձ մը։
Զոր օրինակ, «Բ առաքելական 17 կանոն»ի սա տնօրինութիւնը, թէ՝ «Ո՛վ որ մկրտութենէն յետոյ երկու անգամ պսակով կապուած ըլլայ, կամ հարճ ունենայ, ան կարող չէ՛ եպիսկոպոս, երէց, սարկաւագ եւ քահանայական կարգի անդամ ըլլալ»։ Այս տնօրինութեան մէջ «երկու անգամ պսակով կապուած ըլլալ» խօսքէն ի՞նչ կարելի է հասկնալ. «պսակուած, եւ յետոյ պսակը լուծուած, դարձեալ պսակուա՞ծ, թէ՝ նոյն ատեն երկու պսակ ունեցած»։
Անշուշտ երկրորդ հաւանակութիւնը այսօրուան պայմաններուն մէջ օրինաւորապէս կարելի չէ, քանի որ երբ պսակ մը գոյութիւն ունի, առանց զայն «օրինաւորապէ՛ս» լուծելու երկրորդը հաստատել անհնարին է։ Ուրեմն պարզ տրամաբանութեամբ ասիկա կարելի է մեկնաբանել՝ «ամուսնալուծուած եւ յետոյ երկրորդ անգամ ամուսնացած՝ պսակուած» ձեւով։ Արդարեւ առաջին ակնարկով ա՛յդպէս կ՚երեւի, այդպէս կը հասկցուի։ Բայց «մեկնաբանութիւն»ը այդքան պարզ չէ՛։ Առողջ մեկնաբանութեան մը համար պէ՛տք է պատմական եւ ընկերային պայմաններն ալ նկատի առնել։ Ուստի մեկնաբանութիւնը պէտք է բազմակողմանի ուսումնասիրութեան մը արդիւնք ըլլայ։ Միակողմանի եւ պարզ մեկնաբանութիւնը միշտ կը սխալեցնէ եւ ապարդիւն կը մնայ։
Վերոյիշեալ տրամադրութեան «առաքելական» շրջանի յատուկ կարգադրութիւն մը ըլլալը նկատի առնելով, կարելի է խորհիլ, թէ այդ շրջանին պսակներու գրանցումը, այսինքն պաշտօնական արձանագրութիւնը, գոնէ առողջ կերպով մը չէր կատարուեր։ Եւ վատախորհուրդ, չարամիտ մարդիկ կրնային առաջին պսակը գաղտնելով՝ երկրորդ մը հաստատել։ Մնաց որ հին շրջաններուն այդպիսի իրադարձութիւններ կրնար «բնական» կամ «ներելի» համարուիլ ընդհանրապէս, հասարակաց խղճին առջեւ։
Արդէն, նոյն հատուածին մէջ կայ նաեւ՝ «հարճ» բառը, որ կը նշանակէ՝ «երկրորդական՝ ոչ-օրինաւոր կին»։ Ուրեմն, մարդիկ կրնային «իբր թէ օրինաւոր» երկրորդ կին մը առնել եւ «ո՛չ-օրինաւոր կին» մը ունենալ։ Ուրեմն, վերոյիշեալ կանոնական տրամադրութեան մէջ «երկակներ»ու պարագան պէտք է հասկնալ «օրինաւոր ձեւացնել»ով կազմուած համաժամանակ պսակներով «երկու կին» ունեցողները, ինչպէս բոլորովին ապօրինի կերպով հարճ ունեցողները։
Ըսենք, որ «երկակներու պարագայ»ին՝ երկու յաջորդաբար պսակներով կին ունեցողներ մատնանշուած ըլլային։ Այսինքն, առաջին ամուսնութիւնը լուծելով երկրորդ ամուսնութիւն կատարողները։ Նախ, քանի որ թէ՛ աւետարանական, եւ թէ առաքելական օրէնքով, բացառիկ պարագաներէ դուրս, ամուսնալուծումը չէ՛ արտօնուած, եւ ուրեմն ամուսնալուծում կարելի չէ՛ կատարել, որ երկրորդ կին մը ունենայ մարդ։
Իսկ այդ «բացառիկ» պարագային ալ արդէն ամուսնալուծումը օրինաւոր է, արտօնուած է, եւ ուրեմն պէտք չէ հարց մը ըլլայ…։
Արդարեւ, արտօնուած արարք մը, գործ մը կատարող մէկը որեւէ կերպով «դատապարտել» թէ՛ օրինաւոր չէ, եւ թէ բանաւոր չէ՛։
Ուրեմն, «երկու անգամ պսակով կապուած ըլլալ» խօսքը պէտք է հասկնալ՝ «որեւիցէ կերպով եւ ապօրինի ճամբով նոյն ատեն, կրկին պսակ ունեցող» ձեւով, եւ ո՛չ թէ «օրինաւոր կերպով ամուսնալուծուած եւ դարձեալ ամուսնացած» անձերու պարագան։ Եւ ինչպէս ըսինք, նոյն նախադասութեան մէջ «կամ հարճ» արտայայտութեան մէջ «կամ» յօդը յստակ եւ հաստատ ապացոյց մըն է «երկու անգամ պսակով կապուած» արտայայտութեան ապօրինի եւ նոյնժամանակ «երկու կին» ունենալու ձեւով մեկնաբանութեան։ Նախադասութեան «կամ» յօդը համիմաստ կ՚ընէ՝ «հարճ»ը եւ «երկու անգամ պսակով կապուած ըլլալ»ը՝ որ երկուքն ալ ապօրինի՛ են, ինչպէս անցեալի պայմաններուն, այսօրուան պայմաններու մէջ ա՛լ։
Հոս, որպէս զի թիւրիմացութեան պատճառ չդառնանք, յիշեցնենք, որ ամուսնալուծումն ալ օրինաւոր պէ՛տք է նկատել միա՛յն օրինաւորապէս արտօնուած «բացառիկ» պարագաներու մէջ։ Եւ նաեւ պէտք է նոյն հիման վրայ եկեղեցական օրէնքով լուծուի նաեւ առաջին պսակը, եւ այդ պարագային կազմուած ըլլայ երկրորդ օրինաւոր պսակը։
Ուրեմն, սիրելի՜ներ, կը տեսնուի, որ օրէնք մը, կանոն մը՝ երբե՛ք պէտք չէ միայն տառացի կերպով ըմբռնել կամ մեկնաբանել եւ այդպէս գործադրել։ Եւ պէտք չէ՛ դարձեալ, մոռնալ աւետարանական պատգամը, թէ՝ օրէնքը մարդո՛ւն համար է եւ ո՛չ թէ մարդը օրէնքին համար։ Եւ այս սկզբունքին հիման վրայ՝ օրէնքի որեւէ տրամադրութիւն պէ՛տք է մեկնաբանուի մի՛շտ ի նպաստ մարդուն, քանի որ օրէնքը մարդուն օգտին, բարի՛քին համար է։
Մեկնաբանութիւնը, ինչպէս ըսինք, բազմակողմանի ուսումնասիրութեան արդիւնք ըլլալու է, առաձգական եւ թափանցիկ։ Օրէնքը պէտք է հասկնալ իր ամբողջութեանը մէջ եւ նպատակայարմար կերպով՝ բարձր, խոր եւ ընդարձակ եւ ծաւալուն։
Եւ այն ատեն է, որ օրէնքը կը գտնէ իր արժէքը եւ կը հասնի իր իսկական նպատակին…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հոկտեմբեր 10, 2015, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/23/2024