ԽԱՌՆ ԱՄՈՒՍՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐՑԸ

Խառն ամուսնութիւնը կամ օտար ամուսնութիւնը, ընդհանրապէս «հարց» մը կը ներկայացնէ կարգ մը շրջանակներու, մշակոյթներու մէջ։ Բայց իսկապէս «հա՞րց» մըն է «օտար ամուսնութիւն»ը, երբ ամուսիններ գիտակից են ամուսնութեան, ընտանիքի գաղափարին, քանի որ ընտանիքի հիմերը հասկացողութիւն, հանդուրժողութիւն, ուրախութիւն եւ համբերութիւն է, եւ եթէ անոնք ամրապնդուած են սիրոյ զգացումով, այլապէս «օտար» կամ «խառն» ամուսնութիւնը կրնա՞յ արգելք հանդիսանալ այդ ամուսիններուն երջանկութեան։ Եթէ երկու հոգի իրար հասկցած է, իրարու հանդէպ մտերիմ է եւ անկեղծ, հանդուրժող է եւ համբերատար, այլեւս ի՞նչ կարեւորութիւն ունի «օտար» անուանել մէկը, քանի որ ան օտար չէ, այլ՝ հարազա՛տ։

Արդարեւ, ո՞վ է «օտար»ը, ո՞ր ամուսնութիւնը «խառն» է, երբ ամուսիններ իրենց ազատ կամքով համաձայնած եւ հաւանած են։ Չկա՞ն մեր բոլորին շուրջը «օտար ամուսնութիւն» կոչուած ամուսնութիւններ՝ ուր ամուսիններ սիրով, երջանիկ կը շարունակեն իրենց ամուսնութիւնը եւ տիպար ընտանիքներու հանգամանքը կը ներկայացնեն։ Միւս կողմէ՝ «ընտանի» կամ ի՞նչ ըսենք, «հարազատ»ներու ամուսնութեան մէջ, կազմուած ընտանիքներու մէջ չի՞ տեսնուիր անհամաձայնութիւններ, բաժանումներ, անհաւատարմութիւններ, որոնք կը քայքայեն ընտանիքը։ Եւ եթէ ընտանիքի հիմերէն մին ալ փոխադարձ հաւատարմութիւն է, երբ «օտար»ներ հաւատարիմ են իրարու, իսկ «ընտանի-հարազատ»ներու մէջ ա՜յնքան անհաւատարմութիւններ՝ ի՞նչ դեր կը խաղայ «օտար» ըլլալը կողմերուն։ Անշուշտ, կարելի է օտար եւ խառն ամուսնութիւններու մէջ հարցեր ծագին, բայց կարեւորը ամուսիններուն հաստատամտութիւնն է, երբ ամուսիններ կարենան պահել իրենց ինքնութիւնը՝ առանց վիրաւորելու իրարու արժանապատուութիւնը, այլապէս հարցը կը լուծուի մեծ մասամբ։ Իսկապէս՝ ո՞վ է «օտար»ը, ի՞նչ է «խա՜ռն» կոչուածը։

Աստուծոյ ծրագրին մէջ «ամուսնութիւն»ը յատուկ տեղ մը կը գրաւէ, բայց հոն երբեք չկա՛յ «օտար»ի կամ «խառն»ի հարց մը։ Հոն կայ միայն «մա՛րդ»ը՝ այր-մարդը եւ կին-մարդը։ Ուրեմն, այս կը նշանակէ, որ «օտարութեան» հարցը աստուածային չէ, այլ մարդոց կողմէ ստեղծուած հա՛րց մը։

Ամուսնական ուխտով այր-մարդ եւ կին-մարդ իրարու միջեւ ամբողջ կեանքին համար հասարակութիւն մը կը հաստատեն, որ իր բնոյթով նպատակադրուած է ամուսիններուն՝ կողակիցներուն բարիքին եւ երջանկաբեր կեանքի մը հաստատման, գոյապահպանման եւ գոյատեւման, եւ այս ուխտը Քրիստոսի կողմէ բարձրացուեցաւ սուրբ խորհուրդի արժանապատուութեան։

Սուրբ Գիրքը, իբր բացում, կը սկսի այր-մարդուն եւ կին-մարդուն ստեղծումով. (ԾՆՆԴ. Ա 26-27) ըստ Աստուծոյ պատկերին եւ նմանութեան. (ուրեմն՝ անոնք «օտար» չեն) եւ կը վերջանայ «Գառնուկին հարսանիքին» (ՅԱՅՏ. ԺԹ 9 եւ 7) տեսիլքով։ Մէկ ծայրէն միւսը՝ Աստուածաշունչը կը խօսի ամուսնութեան եւ անոր «խորհուրդ»ին մասին, անոր հաստատումին եւ Աստուծոյ անոր տուած իմաստին մասին, անոր հաստատումին եւ Աստուծոյ անոր ծագումին եւ վախճանին նկատմամբ ընծայած կարեւորութեան, փրկութեան պատմութեան ընթացքին անոր զանազան իրագործումներուն մասին, մեղքէն սերած դժուարութիւններուն մասին եւ անոր վերանորոգումին մասին «ի Տէր». (Ա ԿՈՐՆԹ. Է 39), Քրիստոսի եւ Եկեղեցւոյ «նոր Ուխտ»ին մէջ. (ԵՓՍ. ԺԹ 7)։ Եւ այս բոլոր հատուածներուն մէջ «օտար» եւ «խառն» ըմբռնումներուն հանդիպիլ կարելի չէ՛, երբ լուրջ ուսումնասիրութիւն մը կատարուի։

Արդարեւ, Աստուծոյ եւ Իր ժողովուրդին միջեւ կնքուած հարսանեկան ուխտը պատրաստութիւնն էր նոր եւ յաւիտենական միւս Ուխտին՝ որուն մէջ Աստուծոյ Որդին, մարմնանալով եւ Իր կեանքը զոհելով, Իրմով փրկուած ամբողջ մարդկութիւնը (եւ ահաւասիկ հոս ալ «օտար»ի կամ «խառն»ի հարց մը չկայ, քանի որ «ամբողջ մարդկութիւն» իրականութեան մէջ ո՛չ օտար կայ, ո՛չ խառն) կերպով մը Իրեն միացուց, «Գառնուկին հարսանիք»ը այսպէս պատրաստելով. (ՅԱՅՏ. ԺԹ 7, 9)։ Արդարեւ, Իր հրապարակային կեանքին սեմին՝ Յիսուս հարսանիքի մը տօնակատարութեան ժամանակ Իր առաջին նշանը՝ հրաշքը կը գործէ. Իր Մօր խնդրանքով. (ՅՈՎՀ. Բ 1-11)։ Այս կը նշանակէ, թէ ամուսնութիւնը Քրիստոսի ներկայութեան ազդու նշանը պիտի ըլլայ։ Եւ քանի որ Քրիստոս եկաւ համայն մարդկութեան, ապա ուրեմն հոն կարելի չէ՛ «օտար»է կամ «խառն»է խօսիլ։

Արդարեւ, մարդիկը «օտար» եւ «խառն» ըմբռնումներով զատել, բաժնել «ամբողջ մարդկութիւն» հասկացողութեան հակասութիւն մը կը ներկայացնէ։

Այլապէս, որքա՜ն սխալ է եւ հակամարդկային, եւ թէ հաւասարութեան եւ մարդկային հիմնական իրաւունքներուն հակառակ՝ մարդիկը իրարու նկատմամբ «օտար» եւ «տարբեր» նկատել ցեղի, հաւատքի, գոյնի եւ այլ զանազանութիւններուն պատճառով։

Եթէ կը հաւատանք, որ Աստուած մէ՛կ է եւ Ան ամբողջ մարդկութեան Արարիչը եւ Նախախնամն է, այլապէս ինչո՞ւ խտրութիւն դնել անոնց մէջ։ Աստուած Հա՛յր է եւ բոլոր մարդիկ Անոր հարազատ որդիներն են՝ հաւասար եւ նոյն իրաւունքներու տէ՛ր…

Պօղոս առաքեալ Գաղատացիներուն իր գրած նամակին մէջ կ՚ըսէ.

«Ալ ո՛չ հրեայի եւ հեթանոսի խտրութիւն կայ, ո՛չ ստրուկի եւ ազատ մարդու, ո՛չ ալ արուի եւ էգի, որովհետեւ Քրիստոսի միանալով՝ բոլորդ ալ մէ՛կ եղաք». (ԳԱՂ. Գ 28)։

Արդարեւ, աւանդական, ընկերային, մշակութային կարգ մը դժուարութիւններ կրնան ըլլալ, բայց մարդ իմաստութեամբ, բանականութեամբ եւ խոհականութեամբ պէ՛տք է յաղթահարէ եւ չզոհէ մարդկային հաւասարութիւնը եւ հիմնական իրաւունքները անոնց նկատմամբ։

Եւ մարդը ունի՛ այդ կարողութիւնը…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Նոյեմբեր 6, 2025, Իսթանպուլ

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 7, 2025