ԸՆՏԱՆԵԿԱՆ ՅԱՐԳԱՆՔԸ

Պէտք է յստակ տարբերութիւն ըլլայ «յարգանք»ին եւ «հնազանդութեան» միջեւ, որովհետեւ հնազանդութիւնը միշտ չէ, որ ծնունդ կ՚առնէ յարգանքէն. այսօր ժողովուրդը շատ անգամ վախի ազդեցութենէն մղուած է, որ կը հնազանդի ղեկավարներուն: Հակառակ անոր, որ «հնազանդութիւն» բառը որպէս դրական արտայայտութիւն կը գործածուի, սակայն կրնայ իր մէջ ունենալ հակառակ պատկեր մը՝ որ հեռու է դրական հասկացողութենէ: 

Հնազանդութիւն եւ յարգանք բառերուն տարբերութիւնը հասկնալու համար առաջին հերթին կը դիմենք բառարանին։ Անդրանիկ Վրդ. Կռանեանի «Բառգիրք հայերէն լեզուի» աշխատութեան մէջ «հնազանդութիւն» բառին որպէս հոմանիշ կը տրուի «հպատակութիւն», «հլութիւն» բառերը. այս բառերը ակամայ «գերութիւն» բառը յիշեցնել կու տան։ Անշուշտ, գոյութիւն ունի հնազանդութեան տեսակ, որ գերութենէ զուրկ սիրոյ արտայայտութիւն լոյսին տակ կեանքի կը կոչուի, սակայն, այս մէկը պէտք չէ շփոթել յարգանքին հետ: Մանուկներ մինչեւ որոշ տարիք մը իրենց ծնողներուն կը հնազանդին, որովհետեւ փոքր ըլլալով՝ չեն ունենար զանազանելու եւ դատելու կարողութիւնը, հետեւաբար, մանկութեան ընթացքին ծնողքի ըսածները գործադրելը հնազանդութեան մէջ կարելի է ընդունիլ, սակայն, պատանեկութեան եւ երիտասարդութեան տարիքին է, որ երեւոյթները կը փոխուին. եթէ երեխան շարունակէ ընել այն բոլորը՝ զոր ծնողքը կը պահանջէ (որոշ տեղ մը կարելի է խնդրել եւս), այդ մէկը կ՚ունենայ երկու ելք. կա՛մ վախ եւ կամ յարգանք։ Եթէ զաւակը ծնողքի խօսքը մտիկ ընելու մղողը յարգանքը չէ, ապա այդ մէկը վախի ազդեցութիւն կրնայ ըլլալ եւ այստեղ կարելի է պարզապէս մեղադրել ծնողքը, որովհետեւ շատ մը ծնողներ կը կարծեն, որ իրենք ծնողք ըլլալով իրաւասութիւնը ունին իրենց զաւակը ցանկացած ձեւով առաջնորդելու՝ մոռնալով անոր ազատ ստեղծուած եւ բանականութիւն, սեփական կարծիք ունեցող մարդ ըլլալը: 

Այստեղ խօսինք երեք տարբեր տեսակ անհատականութեան մասին

Ա.- Զաւակը՝ որ հնազանդութեան մէջ կը մնայ.- Ծնողքը պէտք է զաւակը առաջնորդէ սեփական կարծիք ունենալու եւ իր անհատականութիւնը ձեւաւորելու. շատեր հպարտութեամբ կ՚արտայայտուին, որ իրենց զաւակները իրենց կը հնազանդին, սակայն, չեն նշմարեր, որ այդ մէկը ո՛չ թէ դրական, այլ բացասական ազդեցութիւն մը ունի մարդու կեանքին մէջ. անհատականութեան կորուստ: Այսօր կը տեսնենք, որ շատ մը չափահասներու փոխարէն կեանքը իրենց ծնողները կը փորձեն ձեւաւորել եւ ձեւով մը իրենց ուզածը պարտադրել: Այս մէկը զաւակին մօտ կը ստեղծէ ինքնավստահութեան պակաս եւ զաւակը ապագայի կեանքին մէջ՝ երբ այլեւս մայրն ու հայրը չեն ըլլար, ինքզինք կորսուած ու պակաս կը զգայ: Անդադար հնազանդութեան մէջ ապրող զաւակ մը կախուածութիւն կ՚ունենայ եւ ինքնուրոյն ոչ մէկ բան կը յաջողի ընել: Կը կորսնցնէ իր քննադատելու կարողութիւնը եւ սխալն ու ճիշդը համեմատելու եւ ճիշդ որոշում կայացնելու փոխարէն դուրսէն «հրահանգ»ի մը կը սպասէ՝ որպէսզի հնազանդի: 

Բ.- Զաւակը՝ որ կը յարգէ.- Այն զաւակը՝ որ իր մէջ ունի յարգանք՝ եւ ո՛չ վախ ծնողքի հանդէպ, ապա բախտաւոր է, որովհետեւ ծնողքը անոր մէջ յաջողած է ինքնուրոյն մարդ ըլլալու կարեւորագոյն արժէքը սերմանել: Նման զաւակներ չեն առաջնորդուիր «պէտք է»ով՝ նոյնիսկ եթէ ըսողը ծնողքը ըլլայ, որովհետեւ ունին բանականութիւն, ունին հասկացողութիւն եւ ինքնուրոյն կրնայ սխալը ճիշդէն զանազանելով սեփական որոշում ու կարծիք կազմել: Ծնողքը զաւակին մէջ պէտք է սերմանէ հաւասարակշռուած յարգանք եւ այդ մէկը սկիզբ կ՚առնէ, երբ ծնողքը ի՛նք կը սկսի յարգել իր զաւակը, որովհետեւ յարգանքը վերացական գաղափարէ աւելի գործնական գետնի վրայ է, որ արդիւնք կը տեսնէ: Այս խումբին պատկանող զաւակները իմաստուն կարելի է կոչել, որովհետեւ անոնք իրենց ծնողները յարգելով հանդերձ գիտեն զանազանել եւ որոշում կայացնել։ Անշուշտ, պէտք է յստակ ըլլայ, որ միշտ ծնողքի մը ըսածը կրնայ ճիշդ չըլլալ. անոնք ալ մարդ են եւ կրնան սխալներ ունենալ: 

Գ.- Զաւակը՝ որ ո՛չ կը հնազանդի եւ ո՛չ կը յարգէ.- Չհնազանդող եւ չյարգող զաւակը մեղադրելէ առաջ պէտք է մեղադրել ծնողքը, որովհետեւ այդ մէկը դաստիարակութեան մաս կը կազմէ եւ եթէ զաւակը չունի յարգանք, չունի հնազանդութիւն, ապա անոր դաստիարակութեան մէջ գոյութիւն ունի բացթողում մը: Յարգանքի եւ հնազանդութեան պակասի առաջին պատճառը սիրոյ եւ ջերմութեան պակասն է. երբ ծնողքը իր զաւակին հանդէպ սառնութիւն ու անտարբերութիւն կը ցուցաբերէ, զաւակը, բնականաբար, կը կորսնցնէ իր ծնողքին հանդէպ ունեցած բնական յարգանքի մղումը: Նման երեւոյթ կրնայ ստեղծուիլ խստութեան պատճառով. շատեր կը կարծեն, որ խստութիւնը լաւագոյն միջոցներէն մէկն է զաւակը կրթելու, առանց նկատելու որ այդ մէկը շատ անգամ կրնայ ունենալ ամբողջութեամբ հակառակ ազդեցութիւն: Զաւակ մը յարգանքի պակաս կը սկսի ունենալ, երբ անարդարութեան կը հանդիպի. զաւակ մը իր յարգանքը կը կորսնցնէ՝ երբ նկատէ, որ զինք լսող ծնողք մը չունի: 

Պէտք է յստակ ըլլայ, որ զաւակը այո՛, թէեւ որոշ բնաւորութեամբ լոյս աշխարհ կու գայ, սակայն անոր կեանքի ընթացքը կը ճշդէ իր դաստիարակութիւնը, իր ապրած կեանքը, իր դիմագրաւած դժուարութիւնները, անարդարութիւնները: 

Այս բոլորին լոյսին տակ պէտք է մտածենք. ծնողքը միշտ ճի՞շդ է. յարգանք ըսելով ի՞նչ պէտք է հասկնանք:

•շարունակելի…

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Ո՞ր մէկը առաջնահերթ է. ծնողքը յարգե՞լ, թէ անոր հնազանդիլ:

Պատասխան. Ծնողքը յարգելն ու անոր հնազանդիլը սերտ կապ ունին իրարու հետ, բայց առաջնահերթը յարգանքն է: Յարգանքը ներքին վերաբերմունք է, ներքին սէրը արժեւորելու գիտակցական դրսեւորում մը, մինչդեռ հնազանդութիւնը արտաքին արարք մըն է, ուր պէտք է հիմք ունենայ յարգանքը: Երբ զաւակը իր ծնողքը իրապէս կը յարգէ, բնականաբար, հնազանդութիւնը ծնունդ կ՚առնէ յարգանքէն եւ կը դառնայ սիրով ու գիտակցութեամբ կատարուած գործողութիւն եւ ո՛չ պարտադրանք: Առանց յարգանքի հնազանդութիւնը կրնայ դառնալ վախի կամ շահի արդիւնք, որ կայուն ու ճշմարիտ չէ: Հետեւաբար ծնողքը յարգելը արմատն է, իսկ հնազանդիլը՝ անոր արդիւնքը: 

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 10, 2025