ԶԱՒԱԿ-ԽՈՀԱՆՈՑ-ԵԿԵՂԵՑԻ
Անշուշտ, պատմութեան մէջ գոյութիւն ունին Անգլիոյ «Coverture»էն շատ աւելի վատ ու սարսափելի օրէնքներ. օրինակ՝ Հռոմէական հայրիշխանական օրէնքները, որոնք ո՛չ միայն կնոջ, այլ ընդհանուր մարդկային տեսակէտէն ունի շատ խոր ու վտանգաւոր բաժիններ, որոնք բարեբախտաբար ամբողջութեամբ գործադրութեան չեն դրուած:
Օրինակի համար, հայրը տան մէջ իրաւունք ունէր ո՛չ միայն որոշելու, թէ զաւակներն ու կինը ինչ պիտի ընեն, այլ նոյնիսկ իրաւունք ունէր անոնց ապրիլն ու չապրիլը որոշելու։ Հայրը իրաւունք ունէր պատժելու՝ մինչեւ անգամ սպաննելու իր սեփական տան անդամները: Այս օրէնքը կը կոչուէր «Կեանքի եւ մահուան իրաւունք»: Այս օրէնքին պատճառը հետեւեալն էր. ընտանիքի մէջ կինն ու զաւակները որպէս անհատ չէին ներկայանար. անոնք կը գտնուէին իրենց հօր իշխանութեան տակ եւ հետեւաբար անկախ արարածներ չէին. հայրը ինք ամէն տեսակ լիազօրութիւն ունէր անոնց սխալները պատժելու եւ դատարանի փոխարէն տարբեր որոշումներ կայացնելու՝ ներառեալ մահապատիժը: Հայրը իրաւունք ունէր իր զաւակներն ու կինը մահապատիժի ենթարկելու, եթէ գործած են դաւաճանութիւն, փորձած են հայրիշխանութեան դէմ պայքարիլ, գործած են յանցանքներ՝ որոնք ամօթ կը բերեն տոհմին, դրսեւորած են անբարոյական վարք եւ կամ հօր դէմ կեղծ մեղադրանք կամ ամբաստանութիւն ըրած են:
Ի դէպ, այս բոլորը լոկ օրէնքներ չէին. շատ մը տեղեր նոյնիսկ դրուած են գործադրութեան. օրինակ՝ պատմութիւնը կը յիշէ, թէ Արրիոս Պալպուս անունով ազնուական ու հարուստ մարդ մը կը սպաննէ իր սեփական որդին՝ լրտեսութեան մէջ կասկածելուն համար. պետութիւնը չի միջամտեր, որովհետեւ այդ մէկը «հայրիշխանական» իրաւունք է: Հայրը իրաւունք ունէր նոյնիսկ կեանքէն զրկել այն նոր ծնած զաւակը՝ որ իր սրտովը չէր. այլ խօսքով՝ մարդու եւ մա՛նաւանդ կնոջ կեանքը կախեալ: Արու զաւակը տեղ մը մեծնալով, ամուսնանալով ու ընտանիք կազ-մելով կրնար «հայրիշխան» դառնալ, սակայն կինը մի՛շտ ալ պիտի ապրէր այդ ընկճուած վիճակին մէջ. պապենական տան մէջ հօր իշխանութեան ներքոյ, իսկ ամուսնական կեանքին մէջ ամուսնոյն:
Եթէ պատմութիւնը պեղենք, մեր դէմ դուրս պիտի գայ Լուսիոս Եունիոսի պարագան, որ իր սեփական որդիները մահ-ւան դատապարտեց հայրիշխանութեան դէմ պայքարելու եւ դաւաճանելու համար. ո՛չ միայն մահուան դատապարտեց, այլեւ զանոնք գլխատել տուաւ եւ ինք սառնասրտութեամբ դիտեց այդ մէկը, կատարելով Հայրիշխանութեան օրէնքները. ո՛չ ոք դատապարտեց զինք. պետութիւնը միջամուխ չեղաւ, որովհետեւ այդ մէկը «արդար» իրաւունք էր:
Այլ պատմութիւն մըն է Տիտոս Մանլիոսի պարագան. կառավարիչ՝ որ օրէնքով արգիլեց զինուորներու միջեւ ներքին կռիւներն ու պայքարը։ Զինուորները կրնային կռուիլ միայն ու միայն պատերազմի ժամանակ: Սակայն կառավարիչին հարազատ որդին կռիւ մղեց լատին հրամանատարի մը հետ եւ յաղթեց: Որդին սպասեց, որ հայրը գովասանքներով դիմաւորէ զինք՝ յաղթանակած դուրս գալու համար, սակայն կառավարիչը իր զինուորները հաւաքելով մահուան դատապարտեց իր որդին՝ իր սեփական հօր հրահանգներն ու օրէնքները անտեսած ըլլալու համար: Հօր համար իր օրէնքներու գործադրումը շատ աւելի առաջնահերթ ու կարեւոր էր՝ քան որդիի յաղթականը. եւ այսպէս հօր իսկ հրամանով գլխատուեցաւ կառավարիչի որդին:
Հաւատացէ՛ք, որ տակաւին կարելի է պատմութեան մէջէն դուրս բերել բազմաթիւ օրինակներ, սակայն, այդ մէկը դուրս կը մնայ մեր նպատակէն:
Անշուշտ, տարբեր մշակոյթներու մէջ կինը երբեք ազատ չէ եղած. օրինակի համար, չինական «երեք հնազանդութիւն» օրէնքը կ՚ըսէ.
Ա.- Աղջիկը հնազանդ է իր հօրը:
Բ.- Կինը հնազանդ է ամուսնոյն:
Գ.- Այրի կինը հնազանդ է որդիին:
Որպէս վերջին օրինակ գրենք ամենէն տարօրինակներէն մէկուն մասին. հին Հնդկաստանի մէջ գոյութիւն ունէր «Սաթի» օրէնքը, որուն համաձայն՝ կինը ինքզինք կը հրկիզէր իր ամուսնոյն դիակին վրայ եւ տեղւոյն վրայ կը մահանար՝ որպէս նշան հնազանդութեան եւ «սիրոյ»: Անշուշտ, այս մէկը պարտադիր չէր, սակայն, ընկերութեան կողմէ կը դիտուէր որպէս «զոհաբերութիւն»: Պարտադիր չէր՝ սակայն ակնկալութիւն էր: Ինքնահրկիզումով կինը մաքուր կը պահէր իր ընտանեկան պատիւը. ինքնահրկիզումէն հրաժարիլը քննադատութեան լուրջ խնդիր կը դառնար. նոյնիսկ կրօնական գետնի վրայ կը խրախուսուէր «Սաթի» օրէնքը: Ի դէպ, «Սաթի» օրէնքը ի զօրու էր մինչեւ 18-րդ դարու վերջաւորութեան եւ 19-րդ դարու սկիզբը. 1813 թուականին պաշտօնապէս արգիլուեցաւ «Սաթի» օրէնքի գործադրութիւնը:
Այս բոլորին քանի՞ կիներ զոհ գացած են՝ մարդ չի գիտեր, սակայն պարզ է, որ կեանքը այնքան արդար չէ եղած կին արարածին համար:
•շարունակելի…
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Համաշխարհային պատմութեան մէջ կա՞յ կին մը, որ իր կարծիքը բարձրաձայնելու համար հալածուած է կամ տուժած:
Պատասխան. Այո, համաշխարհային պատմութեան մէջ բազմաթիւ կիներ տուժած են իրենց կարծիքը բարձրաձայնելու կամ իրենց իրաւունքներուն համար պայքարելու համար: Օրինակի համար, Մալալա Եուսֆզայ զոհ դարձաւ աղջիկներու կրթութեան համար պայքարելու համար: Նման դէպքեր տեղի ունեցած են Չինաստանի, Իրանի, Ռուսաստանի եւ այլ երկիրներու մէջ, ուր կիներ փորձած են իրենց իրաւունքները պաշտպանել եւ արդարութիւն պահանջել: Կանանց ազատ խօսքի եւ իրաւունքի պահանջը յաճախ հասարակութեան զոհ դարձած են:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան