ԳԻՒՏ ԽԱՉԻ ՏՕՆԸ
Խաչելութենէն եւ Յարութենէն յետոյ Քրիստոսի պարապ գերեզմանը եւ Խաչը՝ Քրիստոսէ մնացած տեսանելի առարկաներէն էին, եւ անոնց վրայ կեդրոնացաւ քրիստոնեաներու ուշադրութիւնը, յարգանքն ու հոգածութիւնը, քանի որ Աստուածութեան լրիւ ամբողջութիւնը անո՛ր մէջ հաճեցաւ բնակիլ եւ անո՛վ հաշտեցնել ամէն ինչ իր հետ՝ խաղաղութիւն ընելով խաչի վրայ թափած իր արիւնով ե՛ւ երկրի վրայ, ե՛ւ երկինքի մէջ եղածներու համար։ Այսպէս խաչը հանդիսացաւ անբաժանելի խորհրդանիշը փրկութեան, ամէն անոնց համար՝ որ հաւատացին անոր զօրութեան։
Ըստ աւանդութեան՝ Հռոմի Կլավդիոս կայսեր (41-54 թուականներ) կինը՝ Պատրոնիկէ, որ քրիստոսեայ մըն էր, Երուսաղէմ ուխտագնացութեանը ատեն կը հանդիպի այդ ժամանակի Երուսաղէմի առաջին եպիսկոպոս Տեառնեղբայր Յակոբոս առաքեալին։ Կայսրուհին կը փափաքի տեսնել Քրիստոսի գերեզմանը, խաչափայտը եւ Գողգոթան, սակայն Յակոբոս առաքեալէն կը տեղեկանայ, թէ հրեաները Քրիստոսի խաչը, Անոր հետ խաչ բարձրացուած երկու աւազակներու խաչերուն հետ, ծածկած էին հողով՝ հսկելով ու արգիլելով մօտենալ անոնց։ Պատրոնիկէ կայսրուհիի միջամտութեամբ սուրբ խաչերը կը հանուին հողի տակէն եւ որոշելու համար, թէ ո՛րն է Քրիստոսինը՝ անոնց կը մօտեցնեն մահացած աղջկան մը մարմինը։ Վերջինը, Քրիստոսի խաչին հպումով կը կենդանանայ։ Յակոբոս առաքեալ - Տեառնեղբայր, բոլորին ի տես եւ ի մխիթարութիւն, խաչը կը բարձրացնէ Երուսաղէմի տաճարին մէջ, եւ ըստ աւանդութեան, այդ առիթով կ՚երգէ. «Խաչի Քո, Քրիստոս, երկիրպագանեմք» (Շարականը)։
Եկեղեցական աւանդութեան մէջ սա առաջին դէպքն է, երբ խաչը հանդիսաւորապէս կը կանգնեցուի՝ փառաւորուելով հաւատաւոր զաւակներու կողմէ։ Անոնցմէ շատերը վկաները կ՚ըլլան նաեւ Խաչափայտի վրայ շողացող պայծառ լոյսի։ Պատրոնիկէ կայսրուհիի խնդրանքով Յակոբոս Տեառնեղբայր անոր կը նուիրէ խաչէն մաս մը, զոր կայսրուհին կը տանի Հռոմ։ Նուիրական խաչափայտի այս մասունքը հետագային կ՚անցնի անոր ազգականներուն՝ ազգականուհի Հռիփսիմէին, որ եւ իր հետ կը բերէ Հայաստան։
Կլավդիոս կայսեր եւ Պատրոնիկէի մահէն յետոյ հրեաները կը սպաննեն Յակոբոս Տեառնեղբայրը եւ Քրիստոսի խաչը միւս խաչերուն հետ կը թաղեն Գողգոթայի մօտ տեղ մը, վրան աղբ կը կուտակեն՝ այդ վայրը աղբանոցի վերածելով։
313 թուականին՝ Կոստանդիանոս Մեծ Կայսեր (305-337 թթ.) Միլանի հրովարտակով քրիստոնէութիւնը կը ստանայ ազատօրէն դաւանուելու հնարաւորութիւն։ Կայսեր մայրը՝ Հեղինէն 327 թուականին կու գայ Երուսաղէմ, եւ մեծ ջանքեր գործադրելով, կը ցանկայ գտնել Քրիստոսի խաչը։ Խաչափայտին տեղը յայտնի էր միայն Յուդա անունով հրեայի մը, որ իր նախնիներուն գրաւոր աւանդութիւններէն գիտէր խաչերու թաղման վայրը։
Նախ ընդդիմանալով, վեց օր ցամքած ջրհորի մը յատակը անօթի մնալէ յետոյ, ան, ի վերջոյ ցոյց կու տայ խաչերու թաղման տեղը։ Փորելով՝ անոնք կը հանեն աղբի տակէն՝ 20 թիզ խորութենէն, գտնուելով իսկ Պիղատոսի հրամանով Յիսուսի գլխուն վրայ ամրացուած եռալեզու տախտակը՝ որը սակայն պոկուած՝ անջատուած խաչէն։
Եւ դարձեալ Քրիստոսի խաչը կ՚որոշուի հրաշքի մը շնորհիւ։ Խաչափայտի հպումով կը վերակենդանանայ մեռած պատանի մը եւ հիւանդութենէն կը բժշկուի մահամերձ կին մը։
Այդ հրաշքներու ազդեցութեամբ շատեր Քրիստոնէութիւնը կ՚ընդունին, որոնց մէջ կը գտնուի նաեւ Յուդան, որ հետագային կը նահատակուի Քրիստոսի անուան համար։
Հեղինէ թագուհիի կողմէ 335 թուականին Գողգոթայի վրայ կը կառուցուի Սուրբ Յարութիւն տաճարը, ուր եւ կը կանգնեցնէ Քրիստոսի խաչը՝ զայն հանդիսաւորապէս փառաւորուելով արդէն երկրորդ անգամ։
Փրկչական խաչի գիւտի յիշատակը Հայոց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին կը տօնէ Հոկտեմբեր 26-ին մերձակայ Կիրակի օր։
Արդարեւ խաչը՝ որ անցեալի մէջ համարուած էր դատապարտութեան գործիք, պատճառ կը դառնայ փրկութեան, քանի որ Փրկիչը անոր վրայ բեւեռուելով մահացաւ։
Ուստի խաչը ամբողջ ամփոփումն է, խտացումը Քրիստոնէութեան, Աւետարանին, եւ մանաւանդ խորհրդանիշը անոր։
Թէ ինչո՞ւ։
Յիսուս, Ի՛նք ըսաւ, թէ՝ նեղութիւններ պիտի ըլլան այս աշխարհի վրայ, բայց պէտք է քա՛ջ ըլլալ, ինչպէս Ի՛նք յաղթեց աշխարհին։
Եւ իրապէս խաչը կը խորհրդանշէ կեանքի նեղութիւնները, ցաւը, վիշտը, տառապանքը, տանջանքն ու չարչարանքը, բայց նաեւ կը խոստանայ փրկութիւնը, յաղթութիւնը ամէն անոնց՝ որ քա՛ջ են, կը վստահին, կ՚ապաւինին խաչին զօրութեան։ Ան որ կը հաւատայ, որքան ալ չարչարանքի ենթարկուի, ի վերջոյ կը փրկուի, յաղթական դուրս կու գայ։
Ուրեմն խաչը մեզի ցոյց կու տայ Աւետարանի ուսուցման ամփոփումը։
Խաչը նաեւ երկինքի բեւեռներն է եւ երկրի հաստատութիւնը։ Խաչը ճշմարտութիւն է եւ ճշմարտութեան ճամբան եւ ուղեցոյցը, բացատրագիրը։ Խաչը քարոզութիւն է եւ դաւանութի՜ւն։
Ճշմարտութիւնը գիտնալու համար պէտք է բարձրանալ՝ վերէն դիտել իրողութիւն մը, ապա խորը թափանցել՝ ներգործել, խոր ըմբռնել, յետոյ տարածուիլ եւ ընդարձակ, երկու կողմերէն դիտել…։
Եւ բոլոր այս շարժումները՝ վերը, վարը, երկու կողմերը, մեզի կը ներկայացնեն խաչին ձեւը։ Ուրեմն խաչը մեզի ցոյց կու տայ ճշմարտութիւնը գտնելու ձեւը, ճամբա՛ն։
Խաչը, արդարեւ բո՛ւն իսկ կեանքն է՝ կեանքի ծառն է եւ անմահութեան պտուղը։
Խաչը Քրիստոսի փառքն է եւ քրիստոնեային պարծանքը։ Ան գերեզմաններու կնիքն է եւ կեանքի յարութիւնը՝ անմահութի՜ւնը։
Ուստի խաչը խորհուրդ մըն է, որուն պէտք է թափանցէ ամէն հաւատացեալ, որուն պէտք է գիտակցի ամէն հաւատաւոր։ Քանի որ ան ծերերու ամրութեան ցուպն է եւ երիտասարդներու իմաստութեան գաւազանը։
Խաչը հոգեւոր զէնք մըն է՝ զօրութիւն, ապաւէն, ապաստան եւ պատսպարան թշուառականներու, վշտաբեկներու, վիշտի հար-ւածին ենթարկուածներու։ Խաչը Քրիստոսի կարապետն է եւ յարութեան հրաւէ՛րը։
Խաչը անհաւատներու համար կուրութիւն է, իսկ հաւատացողներու համար՝ զօրութի՛ւն։
Մէկ խօսքով, սիրելինե՜ր, խաչը կեա՛նք է։
Խաչը՝ բազկատարած մեզ ողջագուրելու պատրաստ ազատարա՛րն է…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հոկտեմբեր 22, 2015, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/23/2024