ԳԱՂԱՓԱՐՆ Է ԿԱՐԵՒՈՐԸ՝ ԵՒ ՈՉ ԱՆՈՒՆԸ
Հայ գրականութեան մէջ կար ժամանակ, երբ հայ գրողը զինք քննադատողը թշնամի կամ հակառակորդ նկատելու փոխարէն, մտերիմ ու սրտակից կը նկատէր, որովհետեւ առանց քննադատին հայ գրականութիւնը չէր կրնար ունենալ իր փայլուն վիճակը, որովհետեւ ճշմարիտ քննադատին նպատակը գրողը վարկաբեկել չի կրնար ըլլալ. քննադատը ա՛ն է, որ լեզուի անարատութիւնը աւելի կը կարեւորէ՝ քան հեղինակին անձն ու արժէքը: Անցեալին քննադատը իր ուշադրութեան կեդրոնը կը դարձնէր հեղինակի լեզուն, ոճը, գրական արժէքը, իսկ այսօր քննադատութիւնը ուշադրութեան կեդրոնը կ՚առնէ անձը՝ անոր հանդէպ ունեցած համակրանքն ու սէրը. պատկանելիութիւնն ու գաղափարը: Վերջին յիսնամեակին է, որ մէջ ծնունդ առաւ «հնչակեան գրող», «դաշնակցական գրող» հասկացողութիւնը, որովհետեւ մարդիկ սկսան անձերը դատել իրենց գոյներու եւ ո՛չ թէ գրական արժէքով կամ անոնց ունեցած տեսութիւններով: Գրական քննադատը կողմ չի կրնար ունենալ. չի կրնար գրողները բաժնել գոյներու եւ անձի հիման վրայ դատելու, որովհետեւ քննադատը գործ ունի գրական աշխատանքին հետ՝ անկախ անձի անունէն։ Մենք այսօր քննադատ եւ մա՛նաւանդ գրաքննադատ չունինք. ունինք անձեր, որոնք գրող մը կը սիրեն եւ կամ կատեն եւ անոր հիման վրայ ծնունդ կու տան քննադատութեան, որ քննադատութենէ աւելի զրպարտութեան եւ ցեխարձակումի կը վերածուի:
Մեր ժողովուրդին մէջ քննադատի հասկացողութիւնը ամբողջութեամբ սխալ է.
ա. Մեր ժողովուրդը կը կարծէ, որ քննադատը այն անձն է, որ ինքզինք շատ աւելի բարձր ու «խելացի» կը նկատէ՝ քան ուրիշները. օրինակի համար, այսօր երիտասարդ մը կրնայ հարցականի տակ դնել Պարոյր Սեւակի մէկ բանաստեղծութիւնը. բոլոր անոնք, որոնք մեծ բանաստեղծին հանդէպ սէր ունին, կրնան նեղանալ ու մէկէն ի մէկ նոյն բանը ըսել. «Եթէ կրնաս աւելի լաւը գրէ»։ Քննադատութեան եւ գրաքննադատութեան նպատակը «աւելի լաւը գրել»ը չէ։ Քննադատ մը կրնայ աւելի լաւը չգրել, սակայն, այդ մէկը չի նշանակեր, որ զուրկ է գրութիւն մը քննելու իրաւունքէն։ Մենք գրողը իր անունով կը դատենք. օրինակի համար, կը հաւատանք, որ Պարոյր Սեւակ ոչ-լաւ գրութիւն մը գրած չի կրնար ըլլալ. ինչո՞ւ. որովհետեւ Պարոյր Սեւակը կը սիրենք, սակայն, մեծ բանաստեղծն ալ ինչպէս ուրիշներ, կրնայ նուազ յաջող գրութիւններ ունենալ եւ այդ մէկը բնական է։ Այնպէս, ինչպէս նկարիչ մը հարիւր նկար կ՚ունենայ, սակայն, անոնցմէ մի քանին շատ աւելի յաջող կ՚ըլլայ, նոյնն է գրողի պարագային։ Եղիշէ Չարենց, Պարոյր Սեւակ, Վահան Թէքէեան, Դանիէլ Վարուժան եւ բազմաթիւ ուրիշներ գրականութեան տիտաններն են, սակայն, չի նշանակեր, որ անոնց գրական գործունէութեան ամբողջականութիւնը գլուխ գործոցներ են. օրինակի համար, տարիներ առաջ անանուն գրող մը կը փորձէր քննադատել Եղիշէ Չարենցի «Լուսամփոփի պէս աղջիկ» բանաստեղծութիւնը՝ դիտել տալով, որ եթէ հեղինակը Չարենցն է՝ չի նշանակեր անպայմանօրէն լաւ ստեղծագործութիւն մըն է (ի դէպ, Չարենցի «Լուսամփոփի պէս աղջիկ»ը հրաշալի բանաստեղծութիւն մըն է՝ վերլուծութեան արժանի):
Քննադատին ու գրաքննադատին դերը գրականութեան մէջ շատ կարեւոր է։ Այնպէս, ինչպէս այսօր մարդիկ ոստիկանի ներկայութեան օրէնքը աւելիով կը պահեն, նոյնն է նաեւ գրականութեան մէջ. քննադատը այդտեղ է հսկելու, որպէսզի լեզուն մնայ անաղարտ։ Իւրաքանչիւր պետութիւն ընդդիմադիր կ՚ունենայ, որպէսզի անոնց ներկայութեամբ շատ աւելի գիտակցուած աշխատանք կատարէ՝ որպէսզի անոնց քննադատութեան չարժանանայ. այլ խօսքով՝ ընդդիմադիրը կը պարտադրէ, որպէսզի պետութիւնը իր գործը շատ աւելի լաւ կատարէ։ Եթէ ընդդիմադիր կողմը չըլլար, ապա պետութիւնը ինքնագլուխ ամէն որոշում, ամէն ցանկութիւն ազատութեամբ կը կատարէր, իսկ գրականութեան ընդդիմադիրը՝ քննադատն ու գրաքննադատն է։ Քննադատն էր, որ գրողները կը ստիպէր աւելի լուրջ, աւելի առողջ գրականութիւն մը ստեղծել:
Այսօր կը կարծենք, որ քննադատը թշնամին է գրողին, սակայն, իրականութեան մէջ, ո՛չ թէ թշնամին, այլ գործակիցն է, որովհետեւ գրողը գրականութեամբ կ՚ուզէ լեզուն զարգացնել, կ՚ուզէ գրականութիւնը իր լաւագոյն վիճակին հասցնել, իսկ քննադատը սխալը մատնանշելով կ՚օգնէ, որպէսզի գրողը բարձրանայ: Այս բոլորը նկատի ունենալով կարելի չէ չյիշել Միսաք Մեծարենցը, որ յօդուածով մը շնորհակալութիւն կը յայտնէր զինք քննադատողին։ Գրողը քննադատէն բարձր չէ եւ ո՛չ ալ քննադատը գրողէն բարձր. ամէն մէկը ունի իր տեղն ու դերը։ Քննադատը սխալներն ու բացթողումները կը մատնանշէ, որպէսզի գրողին ստեղծագործութիւնը իր կատարելութեան հասնի։ Անշուշտ, նոյնիսկ քննադատին եւ գրողին կարծիքներն ու տեսակէտները կրնան ամբողջութեամբ տարբեր ըլլալ: Գրողը գրած ժամանակ կ՚ունենայ զգացական վիճակ մը. իր միտքը տարուած կ՚ըլլայ գաղափարներով եւ շատ անգամ նուազագոյն սխալներն անգամ կրնայ չնկատել, մինչ քննադատը հեռու ամէն տեսակի ազդեցութիւններէ, զգացական վիճակէ՝ կրնայ յստակօրէն տեսնել սխալները:
Այն քննադատութիւնը, որ գրողը կը վարկաբեկէ՝ քննադատութիւն չէ, որովհետեւ քննադատութիւնը ո՛չ թէ անձը նուաստացնելու, այլ գրութիւնը, գրականութիւնն ու լեզուն կատարելութեան հասցնելու պարտի ծառայել։ Այսօր ամենէն պարզ ու հասարակ անձն անգամ կրնայ քննադատել մեծ գրողի մը այս կամ այն գրութիւնը՝ միայն այն ժամանակ երբ անոր քննադատութիւնը հիմնուած ըլլայ տրամաբանական սկզբունքներու վրայ եւ ո՛չ ատելութեան: Ինչքա՜ն երանելի պիտի ըլլար, որ աշխարհի բոլոր գիրքերը հեղինակներու անուններ չունենային, որպէսզի մարդ աշխատանքը դատէր ո՛չ թէ անունով՝ այլ գործերով: Այսօր ամբողջ գրականութեան մէջ յիշուած է Պետրոս Դուրեան անունը. արեւելահայ գրողն անգամ կը ճանչնայ զինք, սակայն, անդին կան բազմաթի՜ւ անուններ, որոնց մասին անտեղեակ է հասարակութիւնը. օրինակ՝ Մալէզեան, Մուշեղ Իշխան, Պէպօ Սիմոնեան եւ բազմաթիւ ուրիշներ: Այսօր անիմաստ երկու բառեր քով քովի դնենք ու գրենք Պարոյր Սեւակ… ժողովուրդը պիտի սիրէ, որովհետեւ անունը կը պաշտէ եւ ո՛չ թէ գրուածքը:
ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ
Գահավիժումի մը մէջ առաջին հանդիպած հարուածին ուժգնութիւնն է, որ վճռական է, եթէ մահացու չէ՝ կ՚անզգայացնէ ջիղերը, կը սպաննէ ամէն զգայութիւն եւ միսը ատակ կ՚ընէ ամէն ցաւի՝ որքան ալ ուժգին ու մկրատող ըլլայ անիկա, կաշին անկէ ետք ամէն բան կը տանի:
ՌՈՒԲԷՆ ԶԱՐԴԱՐԵԱՆ
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան