ՅԱՏԿԱՆՇԱԿԱՆ ՁԵՌՔԲԵՐՈՒՄ
Լոնտոնի մէջ, Ուեսթմինսթրեան աբբայութեան մօտ հայոց սրբադասեալ նահատակներուն ի յիշատակ կազմակերպուած արարողութեան տեղւոյն եպիսկոպոսին հետ հանդիսապետելէ վերջ, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը այսօր կ՚այցելէ Վրաստան։ Լոնտոնի մէջ տեղի ունեցած էքիւմենիք ոգեկոչման արձագանգները կը շարունակուին, մանաւանդ, որ Անգլիոյ արքունիքէն Ուելսի Արքայազն Չարլզ եւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանն ալ մասնակցութիւն բերած էին արարողութեան։ Իսկ Թիֆլիզի մէջ այս շաբաթավերջին նախատեսուած է իսկապէս պատմական ուրիշ հանդիսութիւն մը։ Այսպէս, Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Վիրահայոց Թեմի հրաւէրին ընդառաջ՝ Վեհափառ Հայրապետը կը նախագահէ Թիֆլիզի Ս. Գէորգ վերանորոգեալ պատմական եկեղեցւոյ վերաօծման ու պաշտամունքի վերաբացման հանդիսաւոր արարողութեան։ Այցելութեան ընթացքին Նորին Սրբութեան կ՚ընկերանան Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Դիւանապետ Տ. Արշակ Եպսկ. Խաչատրեան, լուսարարապետ Տ. Յովնան Եպսկ. Յակոբեան, Քրիստոնէական դաստիարակութեան կեդրոնի տնօրէն Տ. Վարդան Եպսկ. Նաւասարդեան, Միջեկեղեցական յարաբերութիւններու բաժնի տնօրէն Տ. Շահէ Վրդ. Անանեան, գաւազանակիր Տ. Աղան Աբեղայ Երնջակեան եւ Տեղեկատուութեան համակարգի տնօրէն Տ. Վահրամ Քհնյ. Մելիքեան։ Նորին Սրբութեան շքախումբին կը միանան նաեւ Վիրահայոց Թեմակալ Առաջնորդ Տ. Վազգէն Եպսկ. Միրզախանեան եւ թեմի հոգեւորականաց դասը։
Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, այս յատկանշական արարողութեան իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան, որ շաբաթավերջին աշխատանքային այցելութիւն մը պիտի տայ Թիֆլիզ։ Իր հետ պիտի ըլլայ նաեւ Առաջին տիկին Ռիթա Սարգսեան։ Նախատեսուած են իր հանդիպումները Վրաստանի Նախագահ Կէորկի Մարկվելաշվիլիի, Խորհրդարանի նախագահ Տավիտ Ուսուպաշվիլիի եւ Վարչապետ Իրակլի Ղարիպաշվիլիի հետ։ Հանդիպումներուն ընթացքին կը քննարկուին հայ-վրացական յարաբերութիւններուն եւ բազմաբնոյթ համագործակցութեան օրակարգին վերաբերեալ հարցեր ու կը նախանշուին նոր հեռանկարները։
Հաւանական է, որ Վրաստանի ղեկավարութեան եւ Վրաց Ուղղափառ Եկեղեցւոյ կողմէ եւս բարձրաստիճան ներկայացուցիչներ մասնակցին Թիֆլիզի Ս. Գէորգ առաջնորդանիստ պատմական եկեղեցւոյ օծման։
Վաղը վերաօծուելիք Ս. Գէորգի վերակառուցման ծրագրի ղեկավար Արթուր Ամիրխանեան այս առթիւ տեղեկացուցած է, որ 13-րդ դարու բացառիկ տաճարի վերանորոգման նախագծին իրագործումը սկսած է 2012 թուականին եւ թէ ան՝ «Հայաստանի զարգացման նախաձեռնութիւններ» (IDeA) հիմնադրամի կարեւորագոյն ծրագրերէն մէկն է, որ ստացած է Հայաստանի եւ Վրաստանի իշխանութիւններու աջակցութիւնը, Ամենայն Հայոց Տ.Տ Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութիւնը:
Եկեղեցւոյ վերականգնման նախաձեռնութիւնը կը պատկանի IDeA-ի համահիմնադիր Ռուբէն Վարդանեանին, տաճարը վերականգնուած է բարերարներու նուիրատւութիւններով, որոնց գլխաւորներն են՝ Ալպերթ Աւտոլեան, Սէրկէյ Սարգիսով եւ Ռուսուտան Մախաշուիլի, Դանիէլ Խաչատուրով, ինչպէս նաեւ Վարդանեան ընտանիքը:
Վիրահայութեան կեանքին մէջ մեծ դերակատարութիւն ունեցած Ս. Գէորգը Թիֆլիզի հնագոյն եկեղեցիներէն մին է. ժամանակին եղած է հայկական միջնադարեան հոգեւոր, մշակութային եւ լուսաւորչական կեդրոններէն մէկը: 14-րդ-15-րդ դարերուն եկեղեցւոյ գրատան մէջ բազմաթիւ ձեռագրեր ստեղծուած են, որոնք ներկայիս կը պահուին Մատենադարանին մէջ:
Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ բակին մէջ ամփոփուած են հայ մեծերու՝ աշուղ Սայաթ Նովայի, գեղանկարիչ Գէորգ Բաշինջաղեանի, նշանաւոր զօրավարներ Միքայէլ Լոռիս Մելիքովի, Արզաս Տէր-Ղուկասովի, Իւան Լազարեանի եւ Պորիս Շելկովնիկովի աճիւնները:
Եկեղեցական
- 12/02/2024
- 12/02/2024