ԱՆԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ
«Անգիտութիւն» կամ «տգիտութիւն»՝ կը նշանակէ պակաս կամ սխալ տեղեկութիւն ունենալ որեւէ իրողութեան նկատմամբ։ Անշուշտ, մա՛րդ ամէն բանի մասին կատարեալ, անթերի տեղեկութիւն չի կրնար ունենալ, քանի որ գիտութիւնը անսահման է, իսկ մարդկային միտքը՝ սահմանաւոր։ Գիտութիւնը կը նմանի երկրի հորիզոնին՝ ո՛րքան մօտենալ փորձէք, ա՜յնքան կը հեռանայ ձեզմէ եւ կարելի չ՚ըլլար երբեք հասնիլ անոր։ Ուրեմն, իր լայն առումով՝ անգիտութիւնը բնական վիճակ մըն է։
Տգիտութիւնը կամ անգիտութիւնը այն ատեն պատասխանատուութեան առարկայ կ՚ըլլայ երբ ծածկուի ան, կեղծուի եւ ներկայացուի որպէս գիտութի՛ւն։
Որեւէ արարքի մը հանդէպ պատասխանատուութիւնը կամ յանցապարտութիւնը կրնայ նուազիլ, նոյնիսկ ջնջուիլ անկեղծ տգիտութեան պատճառով։
Բայց երբ մարդ կը ծածկէ իր տգիտութիւնը՝ գիտունի հովե՜ր կ՚առնէ, այն ատեն պատասխանատո՛ւ է կրկնակիօրէն, քանի որ խաբած է իր շուրջինները ե՛ւ վնասի պատճառ դարձած է իր խաբէութեան, իր խարդախութեան պատճառով։ Ուստի ամէն կամովին ուզուած արարք վերագրելի է զայն կատարողին։
Մարդու մը արարքը կրնայ անուղղակիօրէն կամաւոր ըլլալ, երբ հետեւանքն է անտարբերութեան, անհոգութեան իրողութեան մը հանդէպ՝ ճշմարտութեան հանդէպ, զոր ան պարտաւոր էր ճանչնալ կամ կատարել, զոր օրինակ՝ արկածի մը պարագային՝ զոր կը գործեն ճամբուն օրինագիրքը չգիտնալուն պատճառով։ Ուրեմն, տգիտութիւնը արդիւնք է՝ անտարբերութեան, անհոգութեան։ Այս իսկ պատճառով է՝ որ իրաւունքի եւ պարտաւորութեան մարզին մէջ սկզբունք է՝ օրէնքի տրամադրութիւնները չգիտնալ չ՚արդարացներ օրէնքի դէմ որեւէ արարք, օրէնքի նկատմամբ անգիտութիւնը պատրուակ չի՛ կրնար ըլլալ։
Բայց հոգեւոր մարզի մէջ տարբեր է կացութիւնը։
Մահացու մեղքը կը պահանջէ ամբողջ գիտակցութիւն եւ ամբողջական հաւանութիւն։ Ան կ՚ենթադրէ արարքին մեղանչական հանգամանքին ճանաչումը, անոր հակառակութիւնը «Աստուծոյ Օրէնք»ին։ Կ՚ենթադրէ նաեւ ըստ բաւականի ինքնակամ հաւանութիւնը՝ որպէսզի դառնայ անձնական-իւրայատուկ ընտրանք մը։ Կեղծուած կամ քօղարկուած անգիտութիւնը եւ խստասրտութիւնը չեն նուազեցներ գործուած մեղքին կամաւոր հանգամանքը, այլ կ՚աւելցնեն զայն։
Արդարեւ մարդկային արարածը պէ՛տք է միշտ հնազանդի իր խղճմտանքին ստոյգ դատողութեան։
Եթէ ազատ կամքով անոր դէմ գործէ՝ մարդ ինքզինք պիտի դատապարտէ։ Բայց կը պատահի, որ բարոյական խղճմտանքը տգիտութեան մէջ կը գտնուի եւ կ՚արձակէ թիւր դատաստաններ՝ կատարելիք կամ արդէն կատարուած գործերուն, արարքներուն մասին։
Այս «տգիտութիւն»ը կրնայ յաճախ վերագրուիլ անձնական պատասխանատուութեան։ Այսպէս է պարագան, երբ մարդ քիչ հոգ կ՚ընէ «ճշմարիտ»ը եւ «բարի»ն որոնելու եւ երբ մեղքին ունակութիւնը տակաւ առ տակաւ գրեթէ կը կուրցնէ խղճմտանքը։ Այս պարագային, անձը յանցաւոր է եւ պատասխանատո՛ւ իր գործած գէշութեան համար։
Քրիստոսի եւ Անոր Աւետարանին շուրջ տգիտութիւնը, ուրիշին տուած մեր յոռի օրինակները, ստրկացումը կիրքերուն, յաւակնութիւնը՝ խղճմտանքին սխա՛լ հասկցուած ինքնավարութեան մը մերժումը Եկեղեցւոյ իշխանութեան եւ անոր ուսուցումին, հեղինակութեան, պակասը հոգեփոխութեան եւ սիրոյն՝ կրնան ծնունդ տալ դատողութեան շեղունմերուն մեր բարոյական վարքին մէջ։
Իսկ երբ մարդուս տգիտութիւնը անյաղթահարելի է կամ դատողութիւնը թիւր՝ առանց որ բարոյական ենթական պատասխանատու ըլլայ, այն ատեն անձին գործած չարութիւնը չի՛ վերագրուիր անոր։ Ասիկա սակայն չի՛ դադրիր ըլլալէ «բարոյական չարիք» մը, զրկում մը, անկարգութիւն մը։
Հարկ է ուրեմն աշխատիլ բարոյական խղճմտանքը սրբագրելու իր սխալէն։ Արդարեւ բարի եւ մաքուր խղճմտանքը լուսաւորուած է ճշմարիտ հաւատքով։ Արդարեւ սէրը կը բխի միաժամանակ. «սուրբ սրտէ, մաքուր խղճմտանքէ եւ անկեղծաւոր հաւատքէն» (Ա ՏԻՄ. Ա 5)։ Ուստի ո՛րքան ուղիղ խիղճը գերակշռէ, ա՛յնքան աւելի անձերը եւ խումբեր կը հեռանան կոյր որոշումէն եւ կը ձգտին համակերպ ապրելու բարոյականութեան առարկայական կանոններուն հետ։ Ուստի լաւ կազմուած եւ գիտութեամբ զօրացած խղճմտանքը ուղիղ է եւ ճշմարի՛տ։ Իւրաքանչիւր անհատ պէ՛տք է ձեռնարկէ իր խղճմտանքը կազմելու միջոցները։
Արդարեւ «ակամայ անգիտութիւն»ը կրնայ նուազեցնել կամ չքմեղել՝ ծանր յանցանքի մը վերաբերումը։
Ո՛չ ոք սակայն կ՚ենթադրէ ու կ՚ենթադրուի անգիտանալ բարոյական օրէնքին սկզբունքները՝ որոնք արձանագրուած են ամէն մարդու խղճմտանքին մէջ։
Զգայնականութեան մղումները, կիրքերը կրնան նմանապէս նուազեցնել յանցանքին կամովին եւ ազատ հանգամանքը, նոյնպէս նաեւ արտաքին ճնշումները կամ ախտաբանական խանգարումները։
Չարութեամբ եւ չարին ինքնակամ ընտրանքով, գիտակցաբար, ծրագրելով գործուած մեղքը ծանրագոյնն է. այս իմաստով, մահացու մեղքը մարդկային ազատութեան արմատական կարելիութիւն մըն է, ինչպէս նոյնի՛նքն սէրը։ Ան իր հետ կը բերէ կորուստը սիրոյն եւ զրկումը սրբարար շնորհքին, այսինքն շնորհքի վիճակին։ «Ամէն մեղք ու հայհոյութիւն պիտի ներուի մարդոց, սակայն հայհոյութիւնը ընդդէմ Սուրբ Հոգիին պիտի չներուի՛» (ՄԱՏԹ. ԺԲ 31)։
Աստուծոյ ողորմութիւնը սահման չունի, բայց ան, որ ինքնակամօրէն եւ գիտակցաբար կը մերժէ Աստուծոյ ողորմութիւնը զղջալով ընդունիլ, կը մերժէ ներումը իր մեղքերուն եւ Սուրբ Հոգիէն ընծայուած փրկութիւնը։ Ուստի անգիտութենէ աւելի՝ գիտութեամբ գործուած յանցանքը ծանրակշիռ է։
Ուրիշին ինչքը անարդարօէն առնելու եւ քովը պահելու որեւէ կերպ, նոյնիսկ եթէ չի հակառակիր քաղաքացիական օրէնքին եւ տնօրինումներուն, հակառա՛կ է եօթներորդ պատուիրանին՝ որ կ՚ըսէ. «Մի՛ գողնար» (ԵԼՔ. Ի 15) եւ (ՄԱՏԹ. ԺԹ 18)։
Արդարեւ, ընդհանուր իմաստով գիտութիւնը Սուրբ Հոգիին կողմէ տրուած պարգեւ մըն է՝ ի սպաս մարդուն, անոր օգտին։ Գիտական հիմնահետազօտութիւնը, ինչպէս նաեւ գործառնական հետազօտումը, յատկանշական արտայայտութիւն մը կը հանդիսանայ մարդուն ընդհանուր արարչագործութեան վրայ բանեցուցած տիրութեան։ Գիտութիւնը թանկագին ներդրում մըն է, երբ կը տրամադրուի մարդուն ծառայութեան եւ առաջ կը մղէ անոր ամբողջական բարգաւաճումը ի շահ բոլորին…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հոկտեմբեր 30, 2015, Իսթանպուլ