ՀԱՆՐԱՅԻՆ ԿՐԹՈՒԹԻՒՆ
Յաճախ կրկնուած եւ շեշտուած է, թէ՝ երկրի մը մէջ հանրապետական դրութիւնը ապահով եւ տեւական մնալու համար, անհրաժե՛շտ է, որ ժողովուրդին անհատներուն մէջ մտքի զարգացում մշակուի, որպէսզի անոնք կարող ըլլան իրենց ազատութիւնը ուղղամտութեամբ եւ խոհականութեամբ գործածելու։ Եւ այս նպատակը ի մտի ունենալով՝ իրկրի մը կառավարութիւնը ամէն միջոց կը գործածէ, եւ զանազան առիթներ կը ստեղծէ, ժողովուրդին չափահաս դասակարգին մէջ կրթութիւն եւ մտային զարգացում տարածելու նպատակաւ։
Արդարեւ այս ուղղութեամբ թափուած ջանքերն ու տնօրինուած կարգադրութիւններ կը նպաստեն այս նպատակին իրականացման։ Զոր օրինակ, գիշերային դպրոցներէ զատ, ցերեկային դասաւանդութիւններ կը հաստատուին՝ որպէսզի թէ՛ տան տիկինները եւ թէ գործազուրկ այրեր պատեհութիւն ունենան ուսում եւ զարգացում ստանալու զանազան նիւթերու վրայ, եւ աւելի եւս զարգացնեն իրենց իմացական կարողութիւնները եւ տարողութիւնը։
Անշուշտ քաջալերական է տեսնել՝ այս ուղղութեամբ թափուած մասնաւոր ջանքեր եւ զանազան կրթական կազմակերպութիւններով ու կարգադրութիւններով եւ անոնց ձեռամբ դասախօսական ժողովներ, որոնցմէ կ՚օգտուին չափահաս անհատներ։ Բաղձալի է, որ աւելի եւս քաջալերուին ու գնահատուին կրթասէրներու կողմէն ձեռք առնուած նման աշխատանքները եւ աւելի մեծ թիւով անձեր օգտուին իրենց ներկայացուած այս թանկագին ու կենսական պատեհութիւններէն։
Եւ սակայն մոռնալու չէ,՛ թէ դպրոցէ, դասէ եւ դասախօսութիւններէ զատ գոյութիւն ունի ինքնազարգացման ուրիշ միջոց մը, որ ամէն մարդ պարտի գործածել եւ օգտագործուիլ, եւ ան «ընթերցանութիւն»ն է, իր ամենալայն առումով եւ ըմբռնումով։
Ո՜րքան շատեր կան՝ որ ո՛չ դպրոց գացած եւ ոչ ալ դասախօսութիւններու ներկայ գտնուած եւ ունկնդրած են, եւ սակայն ճոխ հմտութեան պաշար հաւաքած են ամէն կարգի նիւթերու մասին, զոր օրինակ, մեծ եւ երեւելի մարդոց կենսագրութիւններուն ծանօթացած են, եւ աշխարհի դէպքերուն եւ ընկերային շարժումներուն մասին անձնական-իւրայատուկ գաղափար կազմած են՝ սոսկ «գիրք» եւ «լրագիր» կարդալով։
Ուստի «կեանքը դպրոց մըն է», խօսքը իմաստ կը ստանայ, երբ մարդիկ կարենան օգտուիլ այդ «դպրոց»էն։ Արդարեւ կեանքէն դաս առնել՝ կեանքի դասերուն անդրադառնալ, իրապէ՛ս հմտութիւն կը պահանջէ, որ դժբախտաբար շա՜տերու կը պակսի…։
Մանկամիտ կը մնայ այն մարդը՝ որ ստամոքսը առատօրէն կը լեցնէ կերակուրով եւ միտքը դատարկ եւ անսնունդ կը թողու։ Այսպիսի մէկը խղճալի՜ վիճակ մը կը պարզէ, երբ խմբակի մը մէջ գտնուելու ատեն՝ ընթացիկ նիւթերու վրայ բառ մը անգամ խօսելու, եւ կամ պարզ գաղափար մը յայտնելու համարձակութիւն եւ քաջութիւն չունի, քանի որ, թերեւս գրպանը դրամ ունի, բայց մտքին մէջ գիտութիւն եւ գաղափար չունի։
Այս ուղղութեամբ, շատեր իրենք զիրենք կ՚արդարացնեն, ըսելով, թէ՝ ժամանակ չունին կարդալու։ Բայց անոնք որ «կարդալու ժամանակ չունիմ…», ըսելով, եւ կամ խնայողութիւն ընելու նպատակով փոխանակ հանդերձէն, կամ աթոռէն եւ կամ խմելիքէն ու ծխախոտէն զրկելու իրենք զիրենք՝ միտքը սնունդէ կը զրկեն՝ թերթ եւ գիրք կարդալէ դադրելով, թող գիտնան, թէ իրենց անձին դէմ կը մեղանչեն՝ մարմինով մեծ, իսկ միտքով պզտիկ մը մնան։ Ուստի «ընթերցասիրութեան» ոգին պէտք է մշակել ժողովուրդին մէջ՝ իւրաքանչիւր անհատի մէջ։ Ընթերցումէ դադրիլ՝ մտաւորապէս սնանկանալ կը նշանակէ։ Դիտել շուրջը, խորհիլ ու խորհրդածել, եւ տեւապէս կարդա՛լ, ահաւասիկ, ա՛յս է ճամբան ինքնազարգացման եւ ինքնավստահութեա՛ն։
Արդարեւ մարդկութիւնը ընդհանուր քաոսային վիճակէն ազատելու՝ յառաջդիմելու, լուսաւորուելու համար անհրաժե՛շտ է գործադրել գիտական մեթոտը, ո՛չ միայն զուտ գիտութեան կալուածին մէջ, այլ ընկերային, ազգային, պետական եւ ինչո՞ւ չէ՝ կրօնական-եկեղեցական խնդիրներու համար ալ։
Գիտական մեթոտին հիմնական սկզբունքն է՝ ճշմարտութիւնը հետապնդել եւ իրողութիւններու վրայ հիմնել եզրակացութիւնները։ Մեր առօրեայ կեանքին մէջ բազմաթիւ վրիպումներ, թիւրիմացութիւններ, բախումներ եւ անկարգութիւններ տեղի կ՚ունենան, պարզապէս այն պատճառով, որ այս մեթոտը չի կիրակուիր։
Մարդոց դատումները խիստ յաճախ հետեւանք են «նախապաշարում»ներու, նախասիրութիւններու, կանխակալ կարծիքներու, անորոշ համոզումներու, ենթադրութիւններու, ծանծաղ խորհողութեան, եւ չստուգուած վարկածներու կամ կիսատ ու միակողմանի, անձնական, ենթակայական իրողութիւններու։
Մինչդեռ «իրողութիւն»ը եւ «ճշմարտութիւն»ը տարբեր արժէքներ են՝ իրողութիւնը բազմաթիւ է, իսկ ճշմարտութիւնը միա՛յն մէկ եւ աննման։
Մարդուս վճիռները յախուռն են շատ անգամ եւ անվերադարձ, կիրքը, շահախնդրութիւնը եւ ուրիշ զգացումներ առաջնորդ կ՚ըլլան անոնց եւ ո՛չ ճշմարտութեան բացարձակ սէրը։ Մարդիկ, յաճախ հապճեպով կու գան այնպիսի եզրակացութիւններու եւ կ՚առնեն այնպիսի քայլեր՝ որոնք կը խանգարեն անհատական, ընտանեկան, եկեղեցական, ազգային եւ ընկերային, եւ վերջապէս միջազգային ընդհանուր կենցաղը եւ այս անպատասխանատու, անզգոյշ, անխոհեմ եւ ոչ-գիտական ընթացքին պատճառով՝ աշխարհ կ՚ենթարկուի անլուծելի հարցերու թնճուկներու…։
Գիտական մեթոտին ուրիշ մէկ արժանիքը՝ փորձարկութիւնն է ու փորձը։ Ուստի փորձարկութեամբ յառաջանալ՝ ճշմարտութեան տանող ամենէն ապահով ու վստահելի ճամբան է։ Ամենամեծ զգուշութեամբ, կրկին եւ կրկին, ամենակատարեալ գործիքներով եւ միջոցներով, եւ ամենաճշգրիտ չափերով ու կշիռներով կը քննուին ու կը փորձուին երեւոյթները, իրերն ու իրողութիւնները, վերջնական եզրակացութեան հասնելէ առաջ։ Այս ճամբան ամենէն ապահով ճամբա՛ն է։
Գիտական աշխատանոցի մեթոտներն ու ոգին ինչո՞ւ կարելի չըլլայ ընդհանրացնել եւ կիրարկել մեր անհատական խորհողութեան մարզին մէջ եւ ընկերային, հասարակական ու յարաբերական զանազան խնդիրները լուծելու ատեն։
Դիտել, ուսումնասիրել, խորհիլ, խորհրդածել, եւ անպայմա՛ն կարդալ. փորձել, չափել, կշռել, ճշդել, վերլուծել, տարրալուծել, կարելի բոլոր միջոցներով ու ամէն անկիւնէ դիտելով հասնելու բուն եւ միակ ճշմարտութեան, ճշմարտութեան, որ ո՛չ թէ ենթակայական հանգամանք ունենայ, եւ ըլլայ ասոր կամ անոր սեփականութիւնը, այլ ճշմարտութեա՛ն, որ առարկայական է, անժամանակ ու տիեզերական բոլոր գիտական ճշմարտութիւններու մէջ՝ իրապէ՛ս գիտական ճշմարտութեան պէս։
Վերջացնելով, յիշենք սա խօսքը. «Սորվելու ամենամեծ արգելքը գիտնալ կարծելն է»։ Եւ դարձեալ յիշենք, որ յառաջադիմութեան եւ մտային լուսաւորութեան ալ ամենամեծ արգելքը՝ նախապաշարում եւ կանխակալութի՛ւնն է։
Արգելքը՝ մարդկային մտքին եւ արժանապատուութեան բոլորովին հակառա՛կ է…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Դեկտեմբեր 3, 2015, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/27/2024
- 11/27/2024