Շաբաթ 30, Նոյեմբեր 2024
ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԷՆ ՕԺԱՆԴԱԿՈՒԹԻՒՆ ՍՈՒՐԻԱՀԱՅ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան առթիւ հերթական անգամ զօրակցութեան առարկայ դարձուցած է սուրիահայութիւնը, որ կը դիմագրաւէ մեծ ողբերգութիւն մը։ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը 100 հազար ամերիկեան տոլար փոխանցած է Դամասկոսի Հայոց Թեմին՝ Սուրիոյ հայկական դպրոցներուն համար։
Ինչպէս ծանօթ է, Սուրիոյ ներքին պատերազմի մթնոլորտին մէջ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութիւնը վերջին տարիներուն կանոնաւոր պարբերականութեամբ նիւթական օժանդակութիւն կը հասցնէ սուրիահայութեան՝ Դամասկոսի Հայոց Թեմին միջոցաւ։
Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 30, 2015