ՏՕՆԱԿԱՆ ՓԱՅԼՈՒՆ ՇՐՋԱՆ

Ս. Ծննդեան եւ Աս­տուա­ծա­յայտ­նու­թեան տա­ղա­ւա­րին առ­թիւ Պատ­րիար­քա­րա­նի մէջ կազ­մա­կեր­պուած ըն­դու­նե­լու­թիւն­նե­րուն վեր­ջի­նը տե­ղի ու­նե­ցաւ ե­րէկ յետ­մի­ջօ­րէին՝ հեր­թա­կան ան­գամ ա­ռիթ հան­դի­սա­նա­լով մեծ ո­գե­ւո­րու­թեան։ Ե­րէկ, Գում­գա­բուն հան­դի­սա­ցաւ իս­թան­պու­լա­հայ տիկ­նանց յանձ­նա­խում­բե­րու եւ զա­նա­զան վար­ժա­րան­նե­րու ծնո­ղաց միու­թիւ­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն ժա­մադ­րա­վայ­րը։ Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան ջերմ մթնո­լոր­տի մը մէջ հիւ­րըն­կա­լեց ի­գա­կան սե­ռի մեր գոր­ծիչ­նե­րը, ո­րոնք փու­թա­ցած էին տօ­նա­կան օ­րե­րուն ու­րա­խա­կից ըլ­լալ Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռին։ Նո­րին Սրբազ­նու­թեան կող­քին էին Տ. Յա­րու­թիւն Ա­բե­ղայ Տա­մա­տեան, Տ. Մա­ղա­քիա Ա­բե­ղայ Պես­քի­սի­զեան եւ Տ. Գրի­գոր Ա. Քհնյ. Տա­մա­տեան։ Պատ­րիար­քա­րա­նի դահ­լի­ճի եր­դի­քին տակ հոծ բազ­մու­թիւն մը հա­մախմ­բուած էր տօ­նա­կան ըն­դու­նե­լու­թեան առ­թիւ։ Յա­նուն տիկ­նանց յանձ­նա­խում­բե­րուն Թա­գու­հի Կիւլ հան­դէս ե­կաւ ող­ջոյ­նի խօս­քով մը, ո­րու ըն­թաց­քին ջերմ շնոր­հա­ւո­րու­թիւն­ներ եւ բա­րե­մաղ­թու­թիւն­ներ յղեց Նո­րին Սրբազ­նու­թեան։

Կա­տա­րուած պա­տուա­սի­րու­թեան զու­գա­հեռ՝ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեանն ալ իր հայ­րա­կան պատ­գամն ու օրհ­նու­թիւն­նե­րը փո­խան­ցեց իս­թան­պու­լա­հայ տիկ­նանց կազ­մե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն։ Ան մտա­հո­գու­թեամբ անդ­րա­դար­ձաւ աշ­խար­հի այ­սօ­րուան կա­ցու­թեան ու շեշ­տեց, որ 2015 թուա­կա­նը դժբախ­տա­բար Թուր­քիոյ եւ աշ­խար­հի մէջ բնո­րո­շուած է ա­հա­բեկ­չու­թիւն­նե­րով ու զա­նա­զան ող­բեր­գա­կան դէպ­քե­րով։ Մեր­ձա­ւոր Ա­րե­ւել­քի ու մա­նա­ւանդ Սու­րիոյ եւ Ի­րա­քի մէջ, մար­դիկ շատ նեղ պայ­ման­նե­րու մէջ կը մղեն կեան­քի պայ­քար։ «Մենք Պոլ­սոյ մէջ փառք Աս­տու­ծոյ, որ մեծ, ան­տա­նե­լի հարց մը չու­նե­ցանք։ Ընդ­հա­նուր առ­մամբ լաւ տա­րի մը ան­ցու­ցինք», ը­սաւ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան, որ այս ամ­բող­ջին մէջ բարձր գնա­հա­տեց նաեւ պե­տա­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն դե­րա­կա­տա­րու­թիւ­նը։

Իր ե­լոյ­թին տե­ւո­ղու­թեան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նոր­դը անդ­րա­դար­ձաւ նաեւ գաղ­թա­կան­նե­րու վե­րա­բե­րեալ հար­ցե­րուն, ո­րոնց ա­ռանձ­նա­պէս անդ­րա­դար­ձած ենք յա­րա­կից սիւ­նակ­նե­րուն մէջ։

Ի­գա­կան սե­ռէ գոր­ծիչ­նե­րու հետ հան­դիպ­ման տե­ւո­ղու­թեան տե­ղի ու­նե­ցաւ հար­ցում-պա­տաս­խա­նի բա­ժին մը։ Այս հանգ­րուա­նին մաս­նա­ւո­րա­պէս ար­ծար­ծո­ւե­ցան հա­յե­րէն լե­զուի, մեր դպրոց­նե­րու կա­ցու­թեան, հա­յա­խօ­սու­թեան եւ նոր սե­րուն­դէ կրթա­կան մշակ­նե­րու պատ­րաս­տու­թեան վե­րա­բե­րեալ հար­ցեր։ Հիւ­րե­րէն ո­մանք դի­տել տուին, որ մեր հա­մայն­քի մաս­նա­գի­տա­կան մար­դու­ժը դար­ձած է ծայր աս­տի­ճան սահ­մա­նա­փակ եւ այ­սօր նոյ­նիսկ կա­րե­լի չ՚ըլ­լար հա­մալ­սա­րա­նա­կան մի­ջա­վայ­րի մը մէջ ու­սու­ցիչ­ներ պատ­րաս­տե­լու հա­մար ա­ռա­ջար­կել ա­նուն­ներ։ Այս կէ­տին վրայ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան շեշ­տեց, թէ նոր սե­րուն­դէ կրթա­կան մշակ­նե­րու պատ­րաս­տու­թեան հար­ցը, ըստ էու­թեան, վե­րա­պա­հուած է Թրքա­հայ ու­սուց­չաց հիմ­նար­կին։ Այս խնդրին յաղ­թա­հա­րու­մը մաս կը կազ­մէ ա­նոր պար­տա­կա­նու­թիւն­նե­րու եւ պար­տա­ւո­րու­թիւն­նե­րու ծի­րին։ Նկա­տի ու­նե­նա­լով, որ ըն­դու­նե­լու­թեան ներ­կայ էր նաեւ Թրքա­հայ ու­սուց­չաց միու­թեան վար­չու­թեան ա­տե­նա­պե­տու­հի Թա­գու­հի Հա­լա­ճեան՝ կար­ծի­քի փո­խա­նա­կում­նե­րու մթնո­լոր­տին մէջ ան եւս իր դի­տար­կում­նե­րը բաժ­նեց ներ­կա­նե­րուն հետ։ Թա­գու­հի Հա­լա­ճեան մատ­նան­շեց, թէ Թրքա­հայ ու­սուց­չաց հիմ­նար­կը ձեռ­նա­մուխ կ՚ըլ­լայ դա­սըն­թացք­նե­րու՝ ե­րի­տա­սարդ կրթա­կան մշակ­նե­րու պատ­րաս­տու­թեան հա­մար, սա­կայն այդ դա­սըն­թացք­նե­րու ար­դիւն­քին ակն­կա­լուած յա­ջո­ղու­թիւ­նը չ՚ար­ձա­նագ­րուիր, իսկ այդ ան­յա­ջո­ղու­թեան հիմ­նա­կան պատ­ճառն է հե­տե­ւո­ղա­կա­նու­թեան պա­կա­սը։

Հա­սա­րա­կաց ցա­ւե­րը բաժ­նե­լու ուղ­ղեալ ան­մի­ջա­կան զրոյ­ցի ձե­ւա­չա­փին մէջ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան ընդգ­ծեց նաեւ, թէ այ­սօր մեր ե­րի­տա­սարդ­նե­րը իս­թան­պու­լա­հայ վար­ժա­րան­նե­րէն դուրս չեն գար որ­պէս հա­յա­խօս եւ այս պայ­ման­նե­րուն ներ­քեւ ինչ­պէ՞ս յե­տոյ հա­յե­րէ­նի ու­սուց­ման վե­րա­բե­րեալ աս­պա­րէզ մը պի­տի ընդգր­կեն։ Ան տե­ղին մատ­նան­շու­մով մը յայտ­նեց նաեւ, թէ այ­սօր նոյ­նիսկ մեր հա­յե­րէ­նի ու­սու­ցիչ-ու­սուց­չու­հի­նե­րուն լե­զուն տկար է։ Հայ­կա­կան լի­սէ­նե­րու շրջա­նա­ւարտ­նե­րը հա­յե­րէ­նով հա­զիւ եր­կու նա­խա­դա­սու­թիւն կազ­մե­լու ի վի­ճա­կի չեն։ Այս պայ­ման­նե­րուն ներ­քեւ, Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը յոր­դո­րեց բազ­մա­պատ­կել բո­լոր ջան­քե­րը՝ որ­պէս­զի մայ­րե­նիի ու­սուց­ման վե­րա­բե­րեալ խնդիր­նե­րը աս­տի­ճա­նա­բար լու­ծուին ու մեր լե­զուն ժա­ռան­գուի յա­ռա­ջի­կայ սե­րունդ­նե­րուն։

Հար­ցում-պա­տաս­խա­նի այս հանգ­րուա­նէն վերջ, Ս. Ծննդեան եւ Աս­տուա­ծա­յայտ­նու­թեան տա­ղա­ւա­րին առ­թիւ կազ­մա­կերպո­ւած ըն­դու­նե­լու­թիւ­նը ա­ւար­տին հա­սաւ «Խոր­հուրդ մեծ» շա­րա­կա­նի եր­գե­ցո­ղու­թեամբ։

Տի­կնանց յանձ­նա­խում­բե­րու եւ ծնո­ղաց միու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու ար­ձա­կու­մէն ա­ռաջ տե­ղի ու­նե­ցաւ ա­ջա­համ­բոյր եւ մեր ի­գա­կան սե­ռի գոր­ծիչ­նե­րը Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նի ձե­ռամբ ստա­ցան ա­ւան­դա­կան նու­ռեր՝ որ­պէս նուէր, ի­րենց ըն­տա­նե­կան յար­կե­րու եր­ջան­կու­թեան, բնա­կա­րան­նե­րու բեր­րիու­թեան մաղ­թան­քով։

Երեքշաբթի, Յունուար 12, 2016