ԱՂՕԹԱԿՑՈՒԹԻ՜ՒՆ…
Պատրիարքական Աթոռին տնօրինութեամբ, Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տաղաւարին առթիւ այսօր տօնակատարութիւններ տեղի կ՚ունենան Կեսարիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ։ Այս առաւօտ արդէն սկսաւ պատմական եկեղեցւոյ մէջ Ս. Պատարագը, սուրբ եւ անմահ պատարագը, որ միեւնոյն ժամանակ կու գայ զօրակցութեան շարժում մը բնորոշել, նոյնիսկ հրահրել ներկայ պայմաններուն ներքեւ։
Պատրիարքարանը այս Ս. Պատարագի կարգադրութիւնը ըրած է՝ Մերձաւոր Արեւելքէն՝ հուրէն եւ սուրէն խոյս տալով Թուրքիոյ մէջ ապաստան գտած հայ գաղթականներուն համար։ Սա զօրակցութեան շարժում մըն է մեր համայնքին մէջ, որովհետեւ այդ զօրակցութեան ահա առաջին դրսեւորումը կը հանդիսանայ գաղթականներուն հետ մեր համայնքին աղօթակցութիւնը՝ Պատրիարքական Աթոռին կողմէ կազմակերպուած օժանդակութեան աշխատանքներուն զուգահեռ։ Կեսարիոյ մէջ գաղթականները թէեւ յուզումնախառն զգացումներով, սակայն տօնական աւետիսով աղօթք կը վերառաքեն առ Աստուած՝ համայն աշխարհի խաղաղութեան համար։ Իրաքէն, Սուրիայէն եւ այլ երկիրներէն փութալով Թուրքիոյ զանազան քաղաքները հաստատուած հայ գաղթականները Կեսարիոյ մէջ խոր երկիւղածութեամբ կը կատարեն իրենց ուխտը՝ որպէսզի Նախախնամութիւնը դիմադրութեան ուժ պարգեւէ իրենց եւ իրենց ընտանիքներուն եւ անոնք տոգորուին լաւատեսութեամբ ու կեանքի պայքարի ոգիով։ Պատմական Կեսարիոյ, անցեալի հայահոծ գաւառներէն մէկուն մէջ, այսօր վերստին կը հնչեն Հայոց Եկեղեցւոյ զանգերը։ Առաջին հայեացքով ահազանգներ են անոնք, սակայն քրիստոնէական լաւատեսութեամբ բոլորը այդ զանգերուն մէջ կ՚ողջունեն տօնական աւետիսը ու կը սպասեն, յուսադրուած կը սպասեն, որպէսզի ուրուա-գըծւի իսկական տօնին հեռանկարը՝ աշխարհի վրայ խաղաղութեան հաստատմամբ ու մարդոց միջեւ հաճութեամբ։
Թրքահայութեան տեսակէտէ այսօր յայտնի է, որ գաղթականներու պարագային միայն աղօթակցութիւնը բաւարար պիտի չըլլայ։ Այդ աղօթակցութիւնը պէտք է ունենայ իր տրամաբանական շարունակութիւնը, որովհետեւ հայ գաղթականներուն կացութիւնը անյետաձգելի կարիքներ կը բերէ իր հետ եւ այդ կարիքներու դիմագրաւումը թէ՛ ազգասիրական եւ թէ մարդասիրական անվիճելի պարտաւորութիւններ կը ստեղծէ թրքահայ համայնքին տեսակէտէ։
Կեսարիոյ այսօրուան Ս. Պատարագին ընդառաջ, երէկ, Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան հերթական անգամ արձագանգ հանդիսացաւ գաղթականներուն եւ անոնց առկայ խնդիրներուն։ Իսթանպուլահայ տիկնանց յանձնախումբերու եւ զանազան վարժարաններու ծնողաց միութիւններու ներկայացուցիչները Ս. Ծննդեան տօնին առթիւ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալելու ժամանակ ան կրկնեց իր հայրական կոչն ու յորդորները՝ զգայնութիւն արտայայտելով Թուրքիոյ մէջ ապաստած գտած հայ գաղթականներու խնդիրներուն առընչութեամբ։ Պատրիարքարանի երդիքին տակ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան կրկնեց իր դրական ու հայրական մօտեցումները, որոնք վերջին շրջանին ամէն գետնի վրայ արձագանգ կը գտնեն իր շուրթերէն։ Ընդհանուր Փոխանորդը յայտնեց, թէ գաղթական մեր ազգակիցները այսօր ապաստան գտած են Թուրքիոյ զանազան քաղաքներուն մէջ։ Երկրէն ներս կը գտնուին հայ գաղթականներ, որոնք արդէն ծանօթ են համայնքին, որոնց ներկայութեան կը գիտակցի Պատրիարքական Աթոռը։ Այժմու պայմաններուն ներքեւ, ենթադրելի է նաեւ, որ կան եւս հայ գաղթականներ, որոնց հետ տակաւին կապ չէ կրցած հաստատել Պատրիարքական Աթոռը։ Ընդհանուր Փոխանորդը ըսաւ. «Մեր գիտցած, հասած, չգիտցած ու տակաւին չհասած բոլոր գաղթական մեր քոյր եւ եղբայրներուն համար մեր համայնքը ընելիք շատ բան ունի։ Կը ջանանք առաւելագոյնը, լաւագոյնը ընել անոնց համար»։
Աւելի վերջ, Տ. Արամ Ար-քեպիսկոպոս Աթէշեան յիշեցուց, որ մեզի նման կացութեան մէջ կը գտնուին ասորի եւ քաղդէացի համայնքները եւս, որովհետեւ արտասահմանէն ասորիներ եւ քաղդէացիներ ալ ապաստան գտած են Թուրքիոյ մէջ։ Թէեւ ասորիներ եւ քաղդէացիները թիւով թրքահայութեան բաղդատմամբ շատ աւելի նուազ են, սակայն այդ համայնքները ծայր աստիճան արդիւնաւէտ ու գործնական զօրակցութեան շարժում մը ստեղծած են։ «Մենք՝ հայերս, թէեւ Թուրքիոյ ամենաբազմանդամ ոչ-իսլամ փոքրամասնական հաւաքականութիւնը կը կազմենք, սակայն մեր երկիրը ապաստանած մեր հարազատ գաղթական քոյր եւ եղբայրներուն համար հազիւ անոնց չափ միջոցներ կը գոյացնենք», ըսաւ Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան, որ յորդորեց համայնքի զոհողութիւնները բազմապատկել եւ այս ծիրին մէջ բարձր գնահատանքով ու դրուատիքով արտայայտուեցաւ՝ մեր բարերարներուն կողմէ դրսեւորուած իրերօգնութեան ոգիին կապակցութեամբ։ «Կարեւորը տալու առաքինութիւնն է», ըսաւ Ընդհանուր Փոխանորդը եւ աւելցուց, թէ մեր համայնքին զաւակները վստահաբար պատուով դուրս պիտի գան այսպիսի մարդասիրական պատասխանատուութեան մը քննութենէն։